Ardi.am-ի զրուցակիցը սիրիահայ գրող Մարիանա Պէրթիզլեան-Ղազարեանն է։ Զրույցի առանցքը գրողի՝ «Այգ» մատենաշարով (Հալէպ) լույս ընծայված «Փոխակերպում» պատմվածքների և էսսեների ժողովածուն է, ինչպես նաև պատերազմն ու հետպատերազմական իրավիճակը Սիրիայում և Հայաստանում։
— Մարիանա, Ձեր գիրքը լույս է տեսել 2018-ին։ Հայաստանյան ընթերցողին հասանելի՞ էր, թե՞ հեղափոխությունը, քովիդը, հետո արդեն պատերազմը հետաձգեցին «հանդիպումը»։
— Սփիւռքի մէջ տպուող որեւէ գիրք, ժամանակի կը կարօտի, մինչեւ որ անիկա հասնի հայրենիք եւ մատչելի դառնայ, գոնէ որոշ մարդոց։ Փոխակերպում գիրքիս պարագային՝ յեղափոխութիւնը, համաճարակն ու պատերազմը վրայ հասան եւ անոր հայրենիք հասնիլը, բաւական ուշացաւ։ Մտածեցի՝ կ՛երթամ եւ հետս կը տանիմ։ Յետաձգուեցաւ երթալս, չկրցանք հասնիլ հայրենիք,ոչ ես, ոչ ալ գիրս, մինչեւ այս Սեպտեմբեր։
— «Այգ» մատենաշարի մասին մի փոքր կարո՞ղ եք պատմել։
— «Այգ» Մատենաշարը ծնունդ առաւ 2005 թուականին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Շահան Արք․Սրբազան Սարգիսեանի ջանքերով եւ խմբագրութեամբ, որ անխափանօրէն, յաջողութեամբ լոյս ընծայուեցաւ եւ շարունակուեցաւ մինչեւ 2019 թուական։ «Այգ» Մատենաշարը գրական հայագիտական մատենաշար է, ցարդ ունեցած է 25 թիւեր,որոնք իրենց մէջ կ՛ընդգրկեն՝ արձակագիրներու, բանաստեղծներու, ոսումնասիրողներու եւ թարգմանողներու, գրական հյագիտական գործերը, նաեւ՝ պատմական արժէքաւոր գիրքերու վերատպութիւններ։
— Գրքի վերնագիրը Սիրիայի՞ն է վերաբերում, թե՞ ավելի ներանձնային է։
— Գիրքիս վերնագիրը՝ «Փոխակերպում»-ը, այո ներանձնական է, քանի որ անիկա իր մէջ կ՛ընդգրկէ, ոչ միայ Սուրիոյ պատերազմին վերաբերող, այլ նաեւ անձնական նիւթեր։
— Մեր նախորդ զրույցների ժամանակ խոսում էինք Սիրիայի ռմբակոծությունների մասին։ Սիրիայում, կարելի՞ է ասել, որ կյանքը բնականոն հունին է վերադառնում։ Եվ, ի՞նչ բնութագիր կտաք այն ամենին, ինչ ապրեց ու ապրում է Հայաստանը։
— Սուրիոյ մէջ, կեանքը կամաց-կամաց իր նախկին բնականոն ընթացքին կը վերադառնայ։
Ինչ որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ, բոլորս ալ ծանր տարինք եւ տակաւին կը դժուարանանք ընդունիլ․․․ Երիտասարդ լաւագոյն տղոց կորուստն ու նահատակութիւնը եւ հողի կորուստը այնքան ծանր էր, վերջին հարիւրամեայ մեր պատմութեան ամենադաժան պատահարն էր, որ անբուժելի մեծ տրտմութիւն եւ ցաւ պատճատեց բոլորիս համար։ Հալէպահայ մեր կամաւորները եւս մասնակցեցան՝ նահատակուեցան, իրենց արիւնը նուիրելով Արցախի, Շուշիի պայքարին։ Գրաւեալ հողերու արդար վերադարձով միայն, մեր հազարաւոր նահատակներու հոգիները կրնան հանգստանալ։ Արցախը հայրենի մարմնին մէկ մասն է, անոր ցաւով, վիրաւորումով, կ՛անդամալուծուի եւ կը ցաւի ամբողջ մարմինը․ընդունիք կամ ոչ, այս է իրականութիւնը։
— Դժվարությունները, որ ապրում է մարդ արարածը, նրան ոչ միայն անհավատ չեն դարձնում, այլ ավելի՞ են մոտեցնում Արարչին։ Ինչպե՞ս է հաջողվում չկորցնել հույսը, բարությունը, հավատն առ Աստված։
— Նախքան Սուրիոյ պատերազմը, մենք՝ այնտեղ ապրողներս, թէեւ ունէինք զանազան դժուարութիւններ, բայց պատերազմին պատճառած տագնապն ու դառնութիւնը, մեզ ալաւելի կոփեց, դարձուց իրար հասնող, կարեկից, իրարու ցաւ ամոքող։ Բոլորս ալ ընդունեցինք՝ արարիչէն մեր կախուած ըլլալն ու անոր հովանիին տակ աւելի ապահով եւ պաշտպանուած զգացինք։ Այս բոլորը մեզի համար դարձաւ առօրեայ փորձառութիւն։
— Ինչպիսի՞ն էր Սիրիան մինչ պատերազմը։ Ինչպիսի՞ն է այսօր։
— Նախքան պատերազմը Սուրիան բաւական մեծ յառաջընթաց արձանագրած էր,տնտեսութիւնն ու շինարարութիւնը մեծ թափով կը զարգանային։ Պատերազմէն ետք, վերջին հիսուն տարուան զարգացումն ու յաջողութիւնները դժբաղդաբար հիմնայատակ աւերուեցան։
— Վերադարձողներ կան, թե՞ արտագաղթը շարունակվում է։ Գրում եք, որ լույս, ջուր, համացանց չունենալը հոգ չէ, կարևորը «հռթիռ» չկա։ Մարիանա, ռմբակոծություն տեսած քաղաքի համար կենցաղային դժվարությունները առ ոչի՞նչ են։ Ի՞նչ դժվարություններ կան, առհասարակ։ Եվ ի՞նչ տագնապներ ունեն սիրիահայերն այսօր։
-Վերադարձողներ ալ կան, արտագաղթողներ ալ։
Ներկայիս թէեւ մեր կեանքերուն սպառնացող վտանգ չկայ, բայց տնտեսական տագնապն ու բնական ելեկտրականութեան գրեթէ բացակայութիւնը, բաւական կը խլէ մեր ներուժէն եւ ջանքերէն։ Կենսամակարդակի անկումը օրըստօրէ ալաւելի կը շեշտուի, Սուրիոյ վրայ մեծ պետութիւններու սահմանած պատիժներուն պատճառով, նոյնիսկ եթէ, շինարարութիւնն ու ժողովուրդի ներքին անհատական եւ հաւաքական ամէնօրեայ ճիգերը բազմապատկուին։
— «Խուճապ» պատմվածքում քուրդ ազատամարտիկը Նանեին ասում է ՝ դուք անհայրենիք չեք, ի՞նչ գործ ունեք այս վայրերի մեջ, գնացեք, ձեր երկիրը շենացրեք։ Դուք նաև գրում եք, որ Հալեպը Եղեռնից փրկված մեր հարազատների համար եղել է հոգևոր հայրենիք։ Ունե՞ք զգացում, որ Հալեպն էլ պաշտպանության կարիք ունի, ինչպես հայրենիքը։
— Հալէպը եղեռնէն վերապրած արեւմտահայութեան երկրորդ հայրենիքը եղաւ․ յաջորդաբար նոր սերունդներ ծնունդ առին Հալէպի մէջ։ Թէեւ ծննդավայր է ան, բայց այնտեղ՝ իր աչքերը կեանքին բացողին համար, փոքրիկ հոգեւոր հայրենիք մըն է, ուր նոյն լեզուով խօսող, նոյն տարածքին մէջ ապաստանած իրարանման մարդիկ կրնան իրենց կորուսեալ հայրենիքին շունչը զգալ։ Աշխարհագրական դիրքով ալ, Հալէպը շատ մօտ է մեր կորսնցուցած պատմական տարածքներուն․ այնպէս, որ անհերքելի է, հոգեկան կապը որ իրարու հետ կրնան ունենալ, Հալէպի մէջ ծնած մարդիկ։ Իսկ մենք Հալէպահայերս թէեւ մեր նայուածքները միշտ ուղղած ենք դէպի Հայրենիք, բայց միշտ ալ, ատենը մէյ մը կը շրջինք դէպի ետեւ, կը նայինք մեր պատմական հողերուն, չեմ գիտեր թերեւս ալ ուժ կը ստանանք այդ նայուածքէն, կուզենք ըսել մեր բռնագրաւեալ տարածքներուն, որ ձեզ չենք մոռցած․․․։ Ամէն բան իր օրն ու ժամանակը ունի։ Երբ հնչէ ժամը, անպայման իրարու ձեռք բռնելով պիտի հաւաքուինք՝ Մասիսներուն եւ մեր պատմական հայրենիքին շուրջբոլորը․․․ ։
Իսկ հիմա այնքան ատեն որ Հալէպն ու Հալէպի մեր հարազատներուն մնացորդացը մեր կարիքն ունին, ամէն գինով պէտք է պահպանենք եւ պաշտպանենք զանոնք։
Սուրիան ալ, Հայաստանն ալ, պարտաւոր են ամուր բռնել, պահպանել, արեան գինով իրենց ձեռք բերած անկախութիւնը, թոյլ չտալով նոր կորուստներու։
— Քառօրյա պատերազմին արձագանքել եք՝ ապրիլի 5-ին գրելով «Արցախին» բանաստեղծությունը»: 44-օրյա պատերազմից հետո կարծես առհասարակ դժվար է գրելը, ապրելը․․․ Որևէ կերպ արձագանքելո՞ւ եք՝ իբրև գրող։
— Այո, քառօրեայ պատերազմի ընթացքին ես ալ հոգեպէս մասնակից եղայ հայրենի հողի տագնապին, ցաւին, արտայայտուեցայ այդ օրերուն գրած բանաստեղծութիւններուս ընդմէջէն, որ առայսօր, հինգ տարիներ ետք կրկին այժմէական են։ 44 օրեայ պատերազմը ահաւոր էր, այդ օրերուն անկարելի էր արտայայտուիլ, միայն կողբայինք, կ՛աղօթէինք եւ համացանցով կը փորձէինք մխիթարել զիրար, բայց ցաւը այնքան ահաւոր էր՝ ֆիզիքական կորուստներուն եւ հայրենի հողի կորուստին, որ մխիթարելը կը դառնար անհնարին, նոյնիսկ անիմաստ։ Ցարդ այդ ցաւը տակաւին նստած է իւրաքանչիւր գիտակից հայու հոգիէն ներս։
Պատերազմը տակաւին կը շարունակուի, եւ հայրենի մեր սահմաններուն վրայ եւ մեր ներսիդին։
Վերջին անցնող տարուան ընթացքին գրածներս, ամբողջութեամբ նուիրուած են մեր վերջին ցաւին։ Տայ Աստուած որ վերջինը ըլլայ։ Անտիպ գիրքիս կէսէն աւելին այդ մասին է, թէեւ ոչ նկարագրական, քանի որ այնտեղ չեմ եղած, բայց մտովի փոխադրուած եմ այնտեղ, խոհերովս ապրած եւ վերապրած՝ այդ ամէնը, նոյնիսկ առնչութիւններ գտած, Սուրիոյ պատերազմին եւ մեր հայրենի պատերազմին միջեւ։
— «Կանչ արարչական», «Լոյսի ճամբորդներ», «Բողբոջող անմոռուկներ», «Ձա՛յն տուր, ծա՛ռ», «Փոխակերպում»․․․ Ժողովածուից- ժողովածու ի՞նչն է փոխվում, տրամադրություննե՞րը, շեշտադրո՞ւմը, թեմա՞ն, նպատակակետե՞րը։
— Կը կարծեմ, որ կեանքի գոյներն են որ կը փոխուին,մինչեւ հասնին իրենց հասունութեան․գարնան եւ ամրան գոյները կամաց-կամաց կը մեղմանան եւ աւելի կը մօտենան իրականութեան․ աշնանային գունագեղութիւնը ինքնստինքեան չի գար, բոլոր տերեւները, ճիւղերը, պտուղները, կ՛անցնին յատուկ հոգեվիճակներէ, կը պայքարին մնալու եւ գոյատեւելու համար, մինչեւ որ հասնին իրենց վերջին հանգրուանին։
Ձեր թուարկածները բոլորն ալ կ՛երնթարկուին փոփոխութիւններու եւ փորձութիւններու, թէեւ նպատակները կը կազմեն ընդհանուր երանգապնակին հիմքը, տրամադրութիւններու, շեշտադրումներու եւ թեմաներու փոփոխութեամբ եւ գունախառնութեամբ կը ստեղծուին նոր կտաւներ, որոնց գոյները կը ներկայացնեն իրականութիւնը։
Զրուցեց Արմինե Սարգսյանը
Լուսանկարները՝ Մարիանա Պէրթիզլեան-Ղազարեանի
Հ․Գ․ Մարիանա Պէրթիզլեան-Ղազարեանի «Փոխակերպում» և նախորդ գրքերը առկա են «Keerk & Co» սրճարան-գրադարանում (Բաղրամյան 3 ա):
No Comments