maltepe escortbostancı escortanadolu yakası escortataşehir escortjeux de pouletbetmatikistanbul escort bayanescort bayan ankarahacklinkdeneme bonusujojobet girişankara bayan escortmatbetholiganbetistanbul escortdeneme bonusukingroyalcasibomjojobet giriştrendbetgaziantep escortgaziantep escortporno izleultrabetCASİBOMasyabahis girişgrandpashabetbizbet girişlevant casinoBetriyal girişCasibomCasibomcasibom girişbetciojojobetcasibommatbetCasinoplustipobet girişmarsbahis girişbetpassupertotobetlunabetcasibom girişjojobet güncel girişjojobet güncel girişmarsbahismeritking güncel girişcasinomaxi güncel girişmatadorbet güncel girişonwin güncel girişmatbet girişonwin güncel girişjojobet girişholiganbet girişcasibom güncel girişholiganbet girişcasibommarsbahisMarsbahisMarsbahisMarsbahismariobetbetkomnakitbahisjojobet güncel girişcasibomsekabetonwinjojobetnakitbahiscasibomasyabahis girişcasibomBetebet Girişcasibomimajbetcasibom güncel girişşişli escortbeylikdüzü escortMarsbahiscasibomtipobetholiganbetcasibom girişsavoybettingsavoybettingasyabahissavoybettingsupertotobetpusulabetasyabahisparibahis girişnakitbahis girişonwinmarsbahismarsbahis güncel girişmobilbahis güncel girişcasinomaxi güncel girişbetebet güncel girişbahsegel güncel girişbetkanyon girişbetkanyon girişsahabet güncel girişbetkanyon girişmatadorbetmatbetsekabetmarsbahis girişbetebetasyabahisasyabahisbetebet güncel girişmobilbahis girişbetebet girişonwin güncel girişonwin güncel girişbahsegel girişbahsegel girişmeritking girişgrandpashabetonwin girişbetkanyon girişholiganbet güncel girişmatadorbet giriştempobetodeonbethiltonbetbahsegelcratosslot girişDeneme Bonusu Veren SitelerDeneme Bonusu Veren Sitelercasibom girişDeneme Bonusu Veren Sitelerextrabet girişSahabet girişholiganbet güncel girişcratosslot girişparibahisparibahisparibahisparibahistipobetbetwoonbetwoonbetwoonbetsmovebets10 girişMarsbahisTümbetbetebet giriş mariobetmarsbahis girişMarsbahisjojobetcasibom girişultrabetulturabet girişmatadorbet girişmatadorbet girişmatadorbetbetcio girişbetcio günceltümbetmatbetcasibomtipobetjojobetbahsegel girişPusulabetmatadorbet resmiMatbetzbahisholiganbet girişbahsegel güncel girişiptvmatadorbet girişmariobetcasibom girişCasiBomimajbetCasibom Giriştipobet güncel girişMarsbahisultrabetjojobetjojobet girişjojobetjojobetGrandpashabet Güncel GirişGrandpashabetGrandpashabetdeneme bonususupertotobetklasbahis padişahbet onwinmatadorbetgalabetjojobet girişholiganbet girişimajbetmatbetmarsbahisholiganbetsekabetsekabetonwinsahabetcasibomjojobetbetebetcasibomjojobetcasibom girişCasibom Girişjojobetkartal escortdinamobetdinamobet girişholiganbet girişcasibomcasibomcasibom girişsetrabetqueenbetbaywinmarsbahis girişEscortgoldenbahisgoldenbahis girişmeritkingcasibom girişgrandpashabetgrandpashabetBEYLİKDÜZÜ ESCORTBahis sitelericasibomonwinonwincasibom girişspinco
ԳիտաՆյութ Մովսէս Ծիրանի

Արարատ Աղասեան․ «Արուեստագիտութեան հանդէս» եւ մասամբ նորին

01.09.2022

Երեւան, 1995, Սեպտեմբեր

Սիրելի իմ ուսումնատենչ ընթերցող՝

Յոյսս կտրելէ ետք Երեւանի պետ. համալսարանէն (ուրկէ շրջանաւարտ էի) եւ Երեւանի գեղարուեստաթատերական բարձր. հիմնարկէն (ուր ուսումս չէի կրցած շարունակել… քաղաքական պատճառաբանութիւններու հետեւանքով), ներկայացայ ՀՀ ԳԱԱ-ի արուեստի բարձր. հիմնարկի տնօրէն Լեւոն Հախվերտեանին: Մինչ այդ ան զիս կը ճանչնար իբրեւ ընկերը իր ուստրին՝ Ռուբէն Հախվերտեանին, որուն մասին եւս ունիմ թուղթին յանձնելու արժանի հետաքրքրական ու շահեկան յուշեր…: Երբ Հախվերտեանն իրազէկ եղաւ ուսումս շարունակելու իմ բուռն ցանկութեանը եւ իմ դէմս ցցուած անհեթեթ արգելքներուն, ըսաւ.

Մովսէս ջան, դու մեր «փնտռած» մարդն ես:

Անմիջապէս ներս հրաւիրեց իր տեղակալին՝ Արարատ Աղասեանին ու պատուիրեց, որ դիմումիս համապատասխան ձեւակերպումները պատրաստէ… : Շաբաթ մը ետք երբ ներկայացայ Աղասեանին, ան նախ՝ շնորհաւորեց զիս անոր համար, որ միաձայնութեամբ ընդունուած եմ եւ ապա տեղեկացուց, որ ինծի համար զինք նշանակած են իբրեւ խորհրդատու ղեկավար: Քիչ մը վերապահութեամբ լսեցի այս լուրը, նախ անոր համար, որ տարիքով բաւականին փոքր էր ինձմէ եւ ապա երկար տարիներ կտրուած ըլլալով հայրենական մշակութային կեանքէն, անոր անունը բան մը չէր ըսեր ինծի: Սակայն երբ հետաքրքրուեցայ իրմով՝ տրամադրութիւնս փոխուեցաւ: Յատկապէս Հախվերտեանը բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ իր եւ իր կատարած արուեստագիտական աշխատանքներուն, ուշիմութեան եւ յատուկ շեշտեց, որ ան լրջօրէն հետաքրքրուած է նաեւ Սփիւռքի կերպարուեստով: Յետագային ամէն ինչ գործնապէս ապացուցուեցաւ… :

Աղասեանը երբ ծանօթացաւ խորհրդային տարիներուն իմ գրած աւարտաճառի բովանդակութեան, զոր խորագրած էի «Ամերիկահայ կերպարուեստի պատմութիւն», շատ հանդիսաւոր ձեւով ըսաւ.

— Որովհետեւ խորհրդային շրջանին, սփիւռքահայ ուսանողների հանդէպ որոշ բարի տրամադրութիւններ կային, գուցէ այն ատեն սա ընդունուէր: Սակայն այսօր դա հնարաւոր չէ, մանաւանդ որ ՀՀ ԳԱԱ արուեստի բարձրագոյն հիմնարկի գիտական աստիճանաշնորհման նախագահը ակադեմիայի թղթակից անդամ Հենրիկ Յովհաննիսեանն է, ականաւոր մեծ գիտնական, որ յայտնի է  իր բծախնդրութեամբ ու անզիջող կեցուածքով…:

Յետագային պարզուեցաւ, որ իբրեւ «խորհրդատու ղեկավար», ինք եւս Հենրիկ Յովհաննիսեանէն պակաս խիստ չէ, իր բծախնդրութեամբ ու անզիջող կեցուածքով…:  Յաջորդ հանդիպման ան արդէն կարդացած էր այսպէս կոչուած «աւարտաճառս», ու մանրամասնօրէն նշելէ ետք թերութիւնները, կատարեց համապատասխան թելադրանքներ: Աղասեանը կը մղէր զիս նոր որոնումներու… ակադեմիական բարձրագոյն չափանիշներով: Այս մէկը կ’ենթադրէր տարիներու լուրջ եւ յարատեւ աշխատանք: Ոչ միայն ամէն ինչ նոր պիտի գրէի, այլեւ նախկին «մինիմումներս» (թեկնածուականի մասնագիտական քննութիւնները), որոնք խորհրդային շրջանին յաջողութեամբ տուած էի, նորէն պիտի յանձնէի: Կամ ձեռնոցը պիտի վերցնէի ու հասուն տարիքիս ինքզինքս դնէի ուսանողի կարգավիճակի տակ (որ այնքան ալ դիւրին չէր). կամ ալ պիտի հրաժարէի վկայականէն: Նախ վերստին ընթերցեցի նախկին «աւարտաճառս» ու ոչ միայն իրաւունք տուի Աղասեանին, այլեւ ես ինձմէ ամչցայ: Ամչցայ, որովհետեւ մինչ այդ (անցնող տասնհինգ տարիներու ընթացքին), ստորագրած էի շուրջ հազար արուեստաբանական բնոյթի յօդուածներ, աւելի խորացած էի արուեստի պատմութեան ու գեղագիտութեան մէջ ու  գնահատման չափանիշներս փոխուած էին…: Աղասեանը բազմիցս վերախմբագրել ու անհրաժեշտ լրացումներ կատարել տուաւ ինծի: Հինգ տարիներ ետք միայն, պատրաստ էի աւարտաճառս ճակատաբաց ներկայացնելու… : Ի վերջոյ պաշտպանեցի ու արժանացայ «Արուեստագիտութեան դոկտորայի գիտական աստիճան»ի (Ph.D): Եթէ ինծի ծանօթ արուեստաբաններէն (Անթոնիօ Զկարպի, Անթոնիօ Քարթա, Վահան Յարութիւնեան, Հենրիկ Յովհաննիսեան, Հուրիկ Սուրուզեան…) իւրաքանչիւրէն ինչ-որ բան սորված եմ ու դրական հետք ձգած են վրաս, ապա անկասկած որ ատոնցմէ մէկը Արարատ Աղասեանն է:

Այս բոլորէն ետք մենք եղանք լաւ ընկերներ, իսկ մշակոյթի գծով նաեւ՝ գործընկերներ: Անոր միջոցով բախտն ունեցայ ծանօթանալու այլ վաստակաշատ արուեստաբանի մը՝ Աննա Ասատրեանին, որոնք կրցան իրագործել այն, ինչ որ ես չէի կրցած իրագործել տալ ոչ հայրենի եւ ոչ ալ Սփիւռքի համապատասխան ղեկավարներուն ու մշակոյթի կառոյցներուն:

Նստած՝ Ձախէն աջ՝ Ար. Աղասեան, տիկ. Ս. Ֆազլեան եւ Մուրատ Հասրաթեա, ոտքի՝ Մովսէս ՀԵրկելեան

Խօսքը կը վերաբերի «Արուեստագիտական հանդէս»ի հրատարակման, որուն յաջող ընթացքը կենսական նուաճում պիտի ըլլայ Հայ մշակոյթի համար, որ արդարօրէն մաս պէտք է կազմէ Հայաստանի պետական մշակութային քաղաքականութեան, որ իր լայն ու մասնագիտական հասկացողութեամբ տակաւին չէ մշակուած ու ձեւաւորուած… Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր: Գործնական գետնի վրայ այս մէկը քայլ մըն է նաեւ դէպի ազգային ոգեղէն արժէքներու գնահատման ու մեծարման: Նկատի առէք, որ «Արուեստագիտական հանդէս»ը 1919-էն ի վեր կը հրատարակուի երեք լեզուներով (հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն), ուր իրաւունք ունին ստորագրելու միայն վկայեալ արուեստաբաններ ու մասնագէտներ: Պատահականութիւն չէ նաեւ, որ այս բարձրորակ հանդէսի խմբագրական կազմը (որոնց մէջ ներառնուած են նաեւ օտարներ), բաղկացած է արուեստագիտութեան գծով դոկտորայի գիտական աստիճան (Ph.D) ունեցող մասնագէտներէ: Յիշեալ երկու վաստակաշատ դէմքերու համագործակցութիւնը զուգադիպութիւն չէ: Անոնք համահեղինակ են նաեւ «Հայ- ռուսական գեղարուետական առնչութիւնները» գիրքի (208 էջ), որ հրատարակուեցաւ երկու լեզուներով, Սանկտ Պեթերպուրկի եւ Երեւանի մէջ, 1915-ին:
Յաճախ համատեղ ջանքերով այս երկու նուիրեալները, նուազագոյն միջոցներով եւ երբեմն նոյնի՛սկ աննպաստ պայմաններու տակ, կ’իրագործեն խիստ անհրաժեշտ ձեռնարկներ` նպաստելու համար Հայ մշակոյթի զարգացման եւ տարածման խիստ անհրաժեշտ գործընթացին:
Նախքան զանոնք ներկայացնելը ձեզի՝ բացատրեմ թէ ինչո՞ւ… եւ ի՞նչպէս… : 

Աւելի քան դար մը առաջ Թիֆլիսի մէջ լոյս տեսնող «Գեղարուեստ» ու Մխիթարեաններու հրատարակած «Գեղունի» պարբերականները թէեւ արուեստի մասնագիտական հրատարակութիւններ էին, սակայն մենք չենք ունեցած պարբերական մը, ուր հայ արուեստի տարբեր երեսները քննարկուին հանգամանօրէն ու ներկայացուին նաեւ ոչ հայ մասնագէտ ընթերցողներու:

Խոհրդային շրջանին կար «Սովետական արուեստ» ամսաթերթը, նախախորհրդային շրջանին հրատարակուող արուեստի պարբերականներու նման, կը հրատարակուէր ներազգային սպառման համար եւ աւելի տեղեկատուական ու ժողովրդային բնոյթ ունէր, քան  ակադեմիական- վերլուծական:

Ըլլայ հայրենի թէ Սփիւռքի մէջ ներկայիս հրատարակուող ամսաթերթերէն գրեթէ բոլորը ունեցած են եւ այսօր ալ ունին արուեստի բաժիններ, որոնք, սակայն, կը հրատարակուին ներազգային սպառման համար: Նոյնն է պարագան վերջին երեսուն եւ աւելի տարիներու ընթացքին Հայաստանի մէջ եղած փորձերուն…:

Որովհետեւ Հայ մշակոյթի որակի եւ քանակի համապատասխան արուեստաբաններ, հետեւաբար նաեւ՝ արուեստաբանութիւն չենք ունեցած, աւելի ճի՛շդը չենք կրցած ունենալ, տակաւին Հայ մշակոյթը ոչ միայն միջազգայնօրէն կը մնայ լուսանցքի վրայ, այլեւ մշակութային կողոպուտն ու յաճախ նաեւ իւրացումը կը շարունակուի մեր «բարեխիղճ» հարեւաններու կողմէ…:

Այնուամենայնիւ, այն մասնակի նուաճումներն ու յաջողութիւնները, որոնք արձանագրած ենք  միջազգային գետնի վրայ (յատկապէս ռուսերու մօտ), այդ մէկը կը պարտինք խորհրդային շրջանին հրատարակուող «Պատմաբանասիրական հանդէս»ի եւ «Բանբեր համալսարանի»ի նման որոշ հրատարակութիւններու եւ անհատ արուեստաբաններու: Իսկ արդար ըլլալու համար հարկաւոր է նշել նաեւ, որ կարգ մը սփիւռքահայ օտարալեզու հրատարակութիւններ, մշակութային միութիւններ, արուեստի կազմակերպութիւններ ու արուեստաբաններ եւս շօշափելի ներդրում ունեցած են այս բնագաւառէն ներս: Այս բոլորով հանդերձ,  դեռեւս  չենք կրցած միջազգայնօրէն մրցունակ մեր մշակոյթը  ըստ արժանւոյն ներկայացնել միջազգային հարթակներու վրայ:

Այսօր, մէկ տարուայ ընդհատումէ մը ետք, պետական հովանաւորութեամբ եւ աջակցութեամբ կը շարունակէ հրատարակուիլ «Արուեստաբանական հանդես»ը, շնորհիւ դոկտոր փրոֆեսոր Աննա Ասատրեանի եւ դոգտոր փրոֆեսոր Արարատ Աղասեանի:


Ովքե՞ր են այս երկու նուիրեալները.

Արարատ Աղասեան

Ծնած է 1956-ին, Սիսիան: 1978-ին կ’աւարտէ Մոսկուայի պետ. համալսարանի արուեստաբանութեան բաժինը, 1981-ին կը պաշտպանէ արուեստագիտութեան թեկնածուականը, իսկ 2007-ին կ’արժանանայ արուեստագիտութեան դոկտ. գիտական աստիճանի (Ph.D), վերոյիշեալ նոյն համալսարանէն ներս:

Ցարդ  հրապարակած է 150-է աւելի գիտական յօդուածներ եւ 14 գիրքեր, որոնց շարքին «Հայ արուեստի զարգացման ուղիները ԺԹ. եւ Ի. դարերում», «Հայ կերպարուեստի ամբողջական պատմութիւն»,«Արուեստի պատմութիւն» հատորները: Այս վերջինի Ա. հատորը սեղանի վրայ է արդէն իբրեւ դասագիրք, որուն մասին արժէ անդրադառնալ առանձին: Ան թարգմանական գրականութեան մէջ եւս ունի շօշափելի աւանդ, որոնց մէջ գուցէ ամենայատկանշական գործը «Հայոց ցեղասպանութեան արձագանքները ռուսական պոեզիայում» հաւաքածոն է: Տարբեր լեզուներով հրատարակուած անոր գիրքերն ու յօդուածները լոյս տեսած են տարբեր երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Ռուսաստան, ԱՄՆ, Գերմանիա, Անգլիա, Վրաստան, Լիբանան, Լեհաստան եւ այլն:
Աղասեանն ունեցած է հարուստ եւ բեղուն ստեղծագործական, մանկավարժական եւ հասարակական կեանք: 2003-էն մինչեւ 2020 կը վարէ ՀՀ ԳԱԱ արուեստի բարձրագոյն հիմնարկի տնօրէնութեան պաշտօնը:

2013-ին կը նշանակուի Գիտական խորհուրդի նախագահ, 2014-ին ՀՀ ԳԱԱ թղթակից անդամ, 2016-ին Սփիւռքահայ արուեստի եւ Միջազգային կապերու բաժնի վարիչ, եւ այլն…: Իր տուած բազմաթիւ միջազգային եւ հայաստանեան գիտական զեկուցումներու եւ դասախօսութիւններու շարքին ան «Ազդակ»ի հրաւէրով դոկտ. Մուրատ Հասրաթեանի հետ եղած է նաեւ Պէյրութ, ուր հանդես եկած են քանի մը դասախօսութիւններով:

Աղասեան արժանացած է նաեւ շարք մը պարգեւներու եւ պատուոգրերու, որոնց շարքին՝ 2009-ին Գարեգին Նժդեհի Ոսկէ մետալ եւ  2012-ին ՀՀ Պետական մրցանակ «Հայ Աարուեստի պատմութիւն» աշխատութեան համար:

Այժմ ան յարատեւօրէն կը շարունակէ իր ստեղծագործական կեանքը, յաճախ գործակցելով Աննա Ասատրեանի հետ:

Աննա Ասատրեան

Չափազանց աշխոյժ եւ արդիւնաւէտ կեանք ունեցած է Աննա Ասատրեանը եւս: Ըլլայ ուսումնասիրական, հրատարակչական, մանկավարժական թէ հանրային բնագաւառներէն ներս, ծաւալելով բեղուն եւ արդիւնաւետ գործունէութիւն:

Ծնած է 1968-ին Երեւան: Մասնագիտական կրթութիւնը  ստացած է նախ՝ Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանէն եւ ապա Կոմիտասի անուան պետ. երաժշտանոցէն ներս: 2001 թուին ՀՀ ԳԱԱ արուեստի բարձրագոյն հիմնարկէն ներս կը պաշտպանէ թեկնածուականը (ասպիրանտուրան), իսկ 2008-ին կ’արժանանայ արուեստագիտութեան դոկտորայի (Ph.D) վկայականի:

Ան գիտական  զեկուցումներով մասնակցած է, ըլլայ միջազգային թէ Հայաստանեան բազմաթիւ գիտաժողովներու եւ հրատարակած՝ շուրջ հարիւր յօդուածներ ու տասնեակ մը գիրքեր, որոնց շարքին՝ «Սփիւռքահայ արուեստ» (Արդի վիճակը եւ զարգացման հեռանկարները), «Լիբանանահայ երաժշտութիւն» (Արուսեակ Այնթապլեան), «Լիբանանահայ թատրոն», «Ոսկան Երեւանցի»  եւ այլն:

Բացի շարք մը երեւանեան մշակոյթի տարբեր տեսակի հիմնարկներէ, վարած է նաեւ պատասխանատու պաշտօններ ՀՀ ԳԱԱ արուեստի բարձրագոյն հիմնարկէն ներս: Ինչպէս. գիտաշխատողի գիտական քարտուղար, տնօրէնի տեղակալ, սփիւռքահայ արուեստի եւ միջազգային կապերու բաժնի վարիչ, երաժշտութեան բաժնի վարիչ եւ այլն: Ստացած է նաեւ շարք մը յատկանշական պատուոգրեր, յուշամետալներ եւ մրցանակներ, որոնց շարքին արժանացած է 1914-ի «Արդիւնաւէտ աշխատող» պետ. Առաջին մրցանակին:
Ներկայիս թէեւ կը վարէ արուեստի բարձրագոյն հիմնարկի տնօրէնի եւ «Կանթեղ» պարբերականի գլխաւոր խմբագրի պատասխանատու պաշտօնները, միաժամանակ դոկտ. Արարատ Աղասեանի հետ կը շարունակեն խմբագրել ու հրատարակել նաեւ «Արուեստագիտութեան հանդէսը», որուն  զարգացումն ու տարածումը մեծապէս պիտի նպաստէ նաեւ  մեր ազգային ինքնութեան գնահատմանն ու ազգի վարկի բարձրացմանը… վստահաբար:

Իմ մշակութասէր ընթերցող՝

Մենք բոլորս ալ կը զգանք, կը տեսնենք եւ գիտենք, որ լրջօրէն վտանգուած է մեր ազգային ինքնութիւնն ու մեզմէ խլուած կը թուին  մեր մարդկային ու ազգային տարրական իրաւունքներն իսկ…: Համաշխարհային այս աննպաստ կացութեան ու մերօրեայ բազմատեսակ ազգային տագնապներուն առընթեր, «Արուեստագիտութեան հանդէսն» ու նմանօրինակ այլ հրատարակութիւններ առաւել եւս իմաստալից ու կենսական կը դառնան մեզի համար:

Ուրեմն (յատկապէս անփառունակ ու անհեթեթ պարտութենէն ետք), հարկաւոր է նիւթաբարոյական յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրել այս եւ նմանօրինակ այլ ձեռնարկներու, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ աւելցնել անոնց տպաքանակն ու տարածել զանոնք համապատասխան միջազգային կառոյցներէ ներս…: 

Մովսէս Ծիրանի
Այնճար, Օգոստոս, 2022

                                                                                                 

No Comments

Leave a Reply