maltepe escortbostancı escortanadolu yakası escortankara escortataşehir escortjeux de pouletMebbisbetmatikistanbul escort bayancasibom girişescort bayan ankaragrandpashabetgrandpashabetJojobet JojobetJojobet girişgaziantep escortgaziantep escorthacklinkcasibomjojobetjojobet girişgrandpashabet girisgrandpashabetgrandpashabetmarsbahisgüvenilir bahis siteleriasyabahis girişjojobet girişsahabetcasibom girişmatbetbetpark girişonwinmatbet girişholiganbet girişjojobet girişcasibomcasibomcasibomcasibomcasibomcasibommeritkingcasibomholiganbetcasibommeritkingdeneme bonusujojobetjojobetextrabet giriş216casibomimajbetcasibomcasibomjojobetjojobet girişcasibomcasibomholiganbetmarsbahismarsbahis girişjojobetgrandpashabet girişcasibomOnwinMaltepe otelkartal otelataşehir otelKadıköy günlük kiralık daireÜsküdar otelleriağva günlük kiralık daireMaltepe günlük kiralık dairependik günlük kiralık daireağva otelleripusulabetjojobetjojobetjojobetjojobetelitcasinodeneme bonusu veren sitelercasibommeritkingcasibomcasibomjojobetjojobet girişmilanobetcasibom girişmaltepe anal escortbetcioseocasibommarsbahis girişcasibomcasibomcasibommarsbahismarsbahiscasibomcasibomCanlı maç izlecasibomcasibomcasibommarsbahiscasibomholiganbetcasibomcasibommeritkingjojobetcasibomcasibommeritkingsahabetjojobet girişbahsegeljojobet girişholiganbetnakitbahissahabetmatbetholiganbetholiganbetjojobet güncel
ԳրաԴաշտ Մովսէս Ծիրանի

Այվազովսկին՝ Լոյսի Երգիչը. Ծովը, Քրտուհին Եւ Ես

03.11.2023

Օտեսայէն Պոլիս նաւուն վրայ, 1977, Յունիս

Երբ արդէն Սեւ ծովու բացերն էինք, սկսայ անհամբեր դառնալ, որովհետեւ յոյս ունէի, որ պիտի կարողանամ վերապրիլ այն «պահերը», որոնցմով կլանուած կը թուէի ըլլալ նախնադարեան բնոյթի երազներուս ընթացքին, ուր կը լողայի, կը թռչէի ու  նոյնիսկ կը սաւառնէի անծայրածիր ջուրերուն վրայ, ուր հակառակ անոր որ երբեմն կը հանդիպէի նաեւ ալեկոծ փոթորիկներու, սակայն կ’արթննայի փրկուած, հոգեպէս լիացած, ու …երջանիկ: Ընկերոջս՝ Նուրիճան Տեմիրճեանի հետ կը ճամբոrդէինք ռուսական զբօսանաւով մը, Օտեսայէն դէպի Պոլիս, ուր Այվազովսկիէն քանի մը տասնեակ բնօրինակներ կային, որոնց տեսնելու բուռն ցանկութիւնը անձկութեան մէջ կը պահէր զիս:

Կարենալ թափանցելու համար Այվազովսկիի լուսածին արուեստի խորիմաստ ալքերէն ներս, պէտք ունէի առանձնանալու ծովուն հետ ու յանձնուելու… երեւակայութեանս քմայքին…: Գիշերը՝ ո՜ւշ ատեն, երբ արդէն կանգնած մնացի նաւու ցռուկին… առանձինս, մտապէս անջատուած կը թուէի ըլլալ:  Վարէն՝ կշռութաւոր ու թեթեւ ճողփիւններ մեղմօրէն կ’իմաստաւորէին «ունայնութեան» պահը… ծովածաւալ անհունութեան ու համատարած լռութեան մէջ: Վերէն՝ Զեփիւռոսը նազանքով պար կը բռնէր միջոցին մէջ, իբրեւ առհաւատչեայ գգուանք «երազներուս»: Իսկ ես վերացած ու վեհացած կը զգայի կոյս բնութեան տարերային ուժի աստիճանական ներթափանցումը էութենէս ներս…: Այս հոգեպարար տարերքի մէջ, երբ թեւերս պարզեցի դէպի աստղածորան երկնակամարը ու կը պատրաստուէի մայրական մաքուր սիրով համակուած, մեր Մուսալերան գրաբարեան«սուրբ» բարբառով, մեծարանքի հայհոյանք մը «շնորհել» Մեծն Պոսէյթոնի հասցէին…  յանկարծ մէկը թեթեւ մը մխտեց զիս ու ըսաւ.

Գիտես, գազինօ ալ կայ նաւուն մէջ…

Ա՜յ քեզ բան… ցնցուած՝ շուռ եկայ… քրտուհին էր… քիչ մնաց կոկորդէն պիտի բռնէի… սակայն անդրադարձայ որ կրնամ ոճիր գործելու, յանկարծ ետ քաշուեցայ… սարսափահար ինք եւս օձի հանդիպած ճագարի պէս, ետ քաշուեցաւ ու ճչաց. 

-Ի՞նչ կուզես… սխալ բա՞ն մը ըսի:

-Ո՛չ, մեծ սխալ մը ըրիր:

-Բայց իսկապէ՛ս «գազինօ»…..

— Հո՛ս նայիր, «Շարմութա»,  քու ալ… մայրդ ալ…. «գազինօ»-ին ալ մայրը… խաղցողին ալ…. ես ո՜ւր եմ, դուն ո՛ւր…

Խիստ դժգոհանքի ու զայրոյթի իբրեւ արտայայտութիւն, հայհոյանքի նման բաներ մը քրթմնջաց քիթին տակէն ու արագօրէն հեռացաւ…:

Հակառակ անոր որ Նուրիճանը հետաքրքրուած չէր քրտուհիով, յաջորդ առաւօտեան, նախաճաշի ժամուն եղածը պատմեցի իրեն: Ըսաւ.

-Կարեւորութիւն մի տար, Մովսէս, դուն լուրջ մարդ ես, չե՞ս տեսներ որ «գազինոյի» մակարդակի կին է…

Յաջորդ գիշեր, երբ ընկերս գիշեր բարի ըսաւ ու մտաւ իր «քուփէն», ես բարձրացայ տախտակամած եւ ուղղուեցայ դէպի նաւուն ցռուկը: Քրտուհին հոն էր, մօտեցայ,  հին մտերիմի նման թեւս մտաւ ու ըսաւ.

— Կը ներես որ երեկ գիշեր վշտացուցի քեզ:

-Ընդհակառակը ես պէտք է ներողութիւն խնդրեմ, աւելի ճիշդը պէտք է բացատրեմ քեզի թէ ինչո’ւ կոպիտ վարուեցայ հետդ:

— Հոգ չէ կ’անցնի, լա՞ւ ես:

— Ոչ, ասիկա չ’անցնիր, ընդհակառակը աւելի կը զարգանայ…:

-Չեմ հասկնար:

-Այո, դժուար թէ հասկնաս, բայց փորձեմ հասկցնել: Գիտե՞ս ով է Այվազովսկին:

-Ը՜՜՜՜ը՜՜՜, չէ… չեմ գիտեր: Ռուս գրո՞ղ  է….

-Ոչ ռուս է եւ ոչ ալ գրող…. Հայ է եւ ծովանկարիչ: Անիկա փոքր տարիքէն մասնակցած է գիշերային ձկնորսական վտանգաւոր արշաւներու, յետագային նոյնիսկ՝ ծովամարտերու: Սիրահարուեցաւ ծովուն, ամբողջ կեանքին ընթացքին ապրեցաւ անոր հետ ու անոր պէս եւ անընդհատ նկարեց զայն:

— Դո՞ւն ալ նկարիչ ես:

— Օ՜, ոչ, սպասէ. բացատրեմ թէ  ինչու Այվազովսկիին պէս ես ալ ծովը կը սիրեմ: Մանկութենէս ի վեր, ամէն օր երազ կը տեսնեմ, որոնց  մէջ յաճախ կ’ապրիմ նախնադարեան ժամանակներու ու միջավայրի մէջ, ուր կ’ունենամ ընկեր-ընկերուհիներ, որոնց հետ  կը պտտիմ բնութեան մէջ, որսորդութիւն կ’ընեմ, յաճախ կը լողամ, մէկ կողմէ կը խաղամ ծովու լուսերանգներու վետվետումներուն հետ եւ միւս կողմէ, յաճախ կը թռչիմ նաեւ ու կը սաւառնիմ ծովուն վրայ ու նոյնիսկ կը սուրամ միջոցին մէջ, դեպի լուսածին խորքերը անհունութեան…: Այս բոլորը այնքան իրական ու բնական կը թուին ինծի, որ կարծէք թէ ես կ’ապրիմ զուգահեռ ուրիշ տարածականութեան մը մէջ եւս, ուր սակայն ամէն ինչ միշտ չէ որ խաղաղ ու հաճելի է: Երբեմն կ’ունենամ նաեւ մղձաւանջային տեսիլքներ, ուր կը պատահի որ երկրաշարժներու, հրաբուխներու եւ ջրհեղեղներու մէջ եւս յայտնուիմ, որոնք թէեւ կը համակեն զիս ֆիզիքապէս խիստ վտանգուած ըլլալու զգացողութեամբ, սակայն հոգեպէս պաշտպանուած ու ինքնավստահ կը թուիմ ըլլալ: Հակառակ անոր որ մինչ այդ տակաւին ոչ իրական ծով տեսած էի եւ ոչ ալ անոր ի՞նչ ըլլալուն ծանօթ էի, ես ալ մանկութենէս սիրահարուած էի ծովուն: Այս պատճառով շատ լաւ կը հասկնամ Այվազովսկիին երբ կ’ըսէ թէ. «Ծովը կեանքս է»: Ինծի համար եթէ նոյնիսկ ծովը կեանքս չէ, ապա առնուազն Ծովը կեանք է, որ կայ, գոյութիւն ունի, կ’ապրի ու կը շնչէ, իբրեւ անձնաւորուած, սակայն խորհրդաւոր ու տարերային ուժականութիւն: 

«Սեւ Ծովը», Գործ՝ Այվազովսկիի

-Օ,՜ ինչե՜ր կը խօսիս…

-Հիմա կը հասկնա՞ս թէ ինչքա՜ն բուռն վերացման ու վեհացման մէջ էի այդ պահուն…:

Իմ գիտակից ընթերցող՝ այնպէս մը շշմած ու շուարած խէթ-խէթ  կը նայէր ինծի, որ կարծես թէ դիմացինը խելագար մը ըլլար: Այնուամենայնիւ ես շարունակեցի.

-Այվազովսկին այն միակ արուեստագէտն է, որ պատկերած է Ծովը օրուայ ու գիշերուայ բոլոր պահերուն ու տարբեր վիճակներու մէջ, սկսեալ ամենախաղաղ ու հանդարտ պահերէն մինչեւ ամենակատաղի, ամենափոթորկոտ ու ծայր աստիճան վտանգալից պահերը: Չէ եղած պատմութեան մէջ մէկը, որ իրեն չափ կարողացած ըլլայ թափանցել ծովու էութենէն ներս, ու դրսեւորած ըլլայ անոր կենսատու ջուրի եւ տիեզերական լուսերանգներու ցոլացումներէն յառաջացած աստուածային գեղեցկութիւնը… տիեզերական լոյսը: Աւելցուցի նաեւ՝ որ քանի մը օր ետք երբ Պոլիս հասնինք հնարաւորութիւն պիտի ունենանք տեսնելու, թէ Ոսկեղջուրի արեւածագն ու արեւամուտը եւ թէ զանոնք երփնագրած Այվազովսկիի ստեղծագործութիւնները, որոնք իրենց գեղեցկութեամբ ոչ միայն չեն զիջիր բնութեան, այլեւ զայն «սրբագրած» ըլլալու տպաւորութիւն կը ձգեն: Ատոր համար ալ անհամբեր եմ ու դիւրագրգիռ: 

-Օ՜, այո, հիմա… կը հասկանամ…, այո, այո, Ստամպուլը շատ գեղեցիկ քաղաք է կ’ըսեն…

— Ի՞նչ կըսե՜ս, իսկապէ՞ս կը հասկնաս… ու կ’ըմբռնե՞ս կացութիւնս…

— Ը՜ըը՜ը…Այո’, այո… կը հասկնամ թէ ինչու կիրքով կը խօսիս ու ծովը այսքան կը սիրես:

Անշուշտ վստահ չէի թէ կը  հասկնար ու կ’ըմբռնէր ըսածներս, սակայն վստահ էի որ կը փորձէր  բարեկամանալ հետս, թէկուզ՝ իբրեւ անհաւասարակշիռ ու տարօրինակ անձ մը…:

«Ոսգեղջիւրի Արեւածագը», գործ՝ Այվազովսկիի

Իմ հետաքրքրասէր ընթերցող 

Կարծեմ տեղին է այլեւս, որ բացատեմ քեզի թէ ո՞վ էր քրտուհին: Օտեսայի նաւահանգիստի մուտքին շարքի կեցած էինք Նուրիճանի հետ: Մեծ ու ծանր տասէ աւելի  պայուսակներ ունէր, որոնք  քաշկռտելով ու սահեցնելով առաջ կը մղէր: Ան այնպիսի աղու ժպիտով մը  դիմեց մեզի, որ նախ Նուրիճանը եւ ապա ես եւս  սկսանք օգնել իրեն: Պարզուեցաւ որ անունը Լէյլի է, նոր աւարտած էր Մոսկուայի Բժշկական Բարձրագոյն Հիմնարկը, Պէյրութ կ’երթար օգտակար ըլլալու համար իր համայնքին: Իմ պատկերացուցած քրտուհիներուն նման չէր, թէեւ արտաքին տեսքով քրտուհիի տպաւորութիւն կը ձգէր, սակայն  հագուածքով ու վարուելակերպով ազատամիտ ու կենսասէր աղջկայ տպաւորութիւն կը ձգէր, ու բնաւորութեամբ համակրելի ու մարդամօտ կը թուէր ըլլալ: Առաջին գիշերը երբ տախտակամածին վրայ ելած էինք, եկաւ գտաւ մեզ ու սկսաւ զրուցել Ժանոյին (Նուրիճան) հետ: Երկուքն ալ բժիշկ էին եւ մինչեւ Պէյրութ միասին պիտի ճամբորդէին, իսկ ես Աթէնք պիտի իջնէի եղբօրս՝ Պետիկին քով (որ այդ օրերուն «Ազատ Օր»ը կը խմբագրէր): Սակայն երբ տեսաւ որ ընկերս այնքան ալ հետաքրքրուած չէ իրմով, սկսաւ իմ հետս զրուցել: Նախ համակրելի թուեցաւ ինծի, երկրորդ՝ գէշ չէր ըլլար եթէ մինչեւ Աթէնք ընկերակցութիւն ընէինք, մանաւանդ անոր համար որ Ժանոն, համեմատաբար կանուխ կը քնանար, իսկ ես ուշ ատեն արթուն պիտի մնայի… առանձինս:

Քանի որ հիմա գիտցար թէ ո՞վ է քրտուհին, եկուր վերադառնանք նաւու ցռուկին: Շատ չանցած յայտարարեցին որ քիչ ետք փոթորիկ պիտի սկսի եւ ուղեւորները պէտք է որ ներս մտնեն: Մինչ այդ հովը արդէն սկսած էր զգալ տալ իր ներկայութիւնը, ու վայրկեաններ ետք տախտակամածին վրայ գրեթէ մարդ չմնաց: Իսկ ես, հակառակ անոր որ, քրտնած ըլլալուս հետեւանքով, պէտք է որ ներս մտնէի, ձեռքս բռնած բաճկոնակս հագայ ու քրտուհիին թեւը սեղմելով ըսի.

— Նայէ, Լէյլի, ես կ’ուզեմ հոս մնալ, ծովուն տարերքը զգալու ու անոր ներկայութիւնը ըմբոշխնելու համար… Այվազովսկիին պէս: Դուն պարտաւոր չես մնալու…

— Հոգ չէ, ես ալ կը մնամ, միայն թէ երբ վտանգը մօտենայ պէտք է ներս մտնենք:

Առիթէն օգտուելով սկսայ պատմել.

-Երբ Այվազովսկին կնոջը հետ կը վերադառնար ԱՄՆ-էն (1892)  ու նաւը կը հասնի օվկիանոսի բացերը, փոթորիկ կ’ելլէ, բոլորը խոհեմաբար ներս կը մտնեն, սակայն Այվազովսկին կամովին դուրս կը մնայ, որպէսզի վայելէ ծովուն հմայքն ու ուսումնասիրէ անոր տարերքը: Այվազովսկին յատկապէս հետաքրքրուած էր իմանալու թէ «ինչո՞վ կը  տարբերուին իրարմէ օվկիանոսային եւ ծովային ալիքները»: Կինը՝ Աննան, որ իրմէ քառասուն տարի փոքր էր, իմանալով հանդերձ որ ամուսինին ըրածը խիստ վտանգաւոր է, չի լքեր զինք ու քովը կը մնայ…: Բարերախտաբար ժամեր ետք փոթորիկը կը սկսի  մեղմանալ ու իրենք կը փրկուին: Յաջորդ օրը, երբ ծովը հանդարտած էր արդէն, Այվազովսկին նոյն տեղը կու գայ կը տեղավորէ նկարակալը ու կը պատկերէ այնքան գրաւիչ ծովանկար մը…, որ այսօր իր արուեստի գլուխ-գործոցներէն մէկը կը համարուի: 

Երբ նշմարեցի որ Լէյլին անհամբերութեան ու մրսածութեան շարժումներ կ’ընէր, բաճկոնակս առաջարկեցի…

-Չէ, թող մնայ… երթամ ես իմս բերեմ: 

Մինչեւ որ քրտուհին վերադառնայ, փոթորիկը որոշ չափով սաստկացած էր արդէն:  Նաւաստի մը ուշացած վերջին զոյգը ներս առաջնորդելէ ետք, մօտեցաւ ինծի ու ազդարարեց որ անպայման ներս մտնեմ, շեշտելով որ դուրս մնալը խոհեմութիւն չէ: Քրտուհին վերադարձաւ տագնապած, նախ խնդրեց եւ ապա փորձեց ստիպել որ ներս մտնեմ: Ըսի.

— Չպէտք է այս առիթը փախցնեմ: Դուն գնա, երբ իրապէս վտանգը մօտենայ ներս կու գամ… այդքան ալ ապուշ չեմ:

— Կը մնայի, սակայն ես արուեստագէտի կին չեմ, որ կեանքս վտանգեմ: Մի ուշանար, նաւաստիները բան մը գիտեն, ըրածդ իսկապէս վտանգաւոր է…

Ոսկեղջիւրի արեւամուտը», գործ՝ Այվազովսկիի

Իմ ուշիմ ու զգաստ ընթերցող

Ես անխոհեմաբար մնացի…: Մրրիկը սաստկացաւ… այդ հսկայ նաւը սկսաւ տատանիլ…  ալիքները հետզհետէ սկսան ուժեղանալ, բարձրանալ ու ջրել տախտակամածը: Երբ ոտքերս սկսան թրջուիլ, այն այն ատէն միայն վտանգը զգացի…: Շտապեցի դէպի դուռը… Օ՜… գոց էր… մինչ այդ հսկայ ալիք մը ուժգին ու շռնդալից փշրուեցաւ նաւախելին… սկսայ բռունցքով խփել դրան, սակայն իզուր: Կլոր ու փոքր լուսամուտը կրկնակի ու հաստ ապակիներով պաշտպանուած էր, իսկ դուռը ամրօրէն կողպուած: Յաջորդ ալիքը արդէն այնքան ուժեղ էր որ նաւը ուղղակի դղրդաց…: Ոտքս սահեցաւ… ինկայ, վերէն վար թրջուեցայ ու հարկադրաբար ծունկի եկայ դռան դիմաց: Նաւու տատանումներէն ու ցնցումներէն գլուխս կը դառնար… չէի կրնար տեղէս շարժիլ ու միւս մուտքերը փորձել: Կացութիւնս յուսահատական էր… անճրկած սկսայ պոռալ… կանչել… չորս կողմս նայեցայ… քար մը, երկաթ մը, բան մը կը փնտռէի ապակին ջարդելու համար… իզո՜ւր..․ եւ իզուր… լուրջ վտանգուած էի… բռունցքով ու ուսով սկսայ հնարաւորին չափ զօրաւոր խփել դռան ու ապակիներուն… իզո՜ւր… ու երբ արդէն սկսած էի մահը դիմագրաւել ու պէտք է աղօթէի… պատուհանին դիմացէն ստուեր մը նշմարեցի ու յանկարծ դուռը բացուեցաւ…: Նաւաստի մըն էր, կողքին քրտուհին կանգնած: Քամին այնքան զօրաւոր էր, որ դուռը երեքով հազիւ կրցանք փակել: Ես, շուարած, կեանքի ու մահուան խառն զգացողութիւններու միջեւ, մէկ  կողմէ ներողութիւն կը խնդրէի, իսկ միւս կողմէ շնորհակալութիւն կը յայտնէի նաւաստիին, որ իր հերթին ռուսերէնով լուտանք կը թափէր գլխուս, իսկ Լէյլին կը փորձէր հանդարտեցնել մեզ: Ես փրկուած էի, սակայն պարտուած ու ընկճուած: Կեանքին վերադառնալու այդ պահը անկարելի է որ ջնջուի մտքիս մէջէն…:  Նաւաստին «Փառք տուր կնոջդ» ըսաւ. ու յանձնեց զիս իրեն: Յանցաւորի զգացողութեամբ կամովին ենթարկուեցայ քրտուհիի քմայքին: Տարաւ զիս իմ «քուփէն» ու «բուժքոյրի», աւելի ճիշդը «հոգեբուժի» մը պէս սկսաւ խնամել…: Թէյը խմելէ ու որոշ չափով կազդուրուելէ ետք բացատրեց, թէ երբ կ’ուշանամ կ’անհանգստանայ, կը փնտռէ զիս ամէն տեղ ու երբ չի գտներ, կը ստիպէ նաւաստիին որ գայ եւ դուռը բանայ…: Իսկ ես շնորհակալութիւն յայտնելէ  եւ իբրեւ երախտագիտութեան նշան թուշը պաչելէ ետք, ըսի.

— Հոս նայիր, ըլլալիքը եղաւ, սակայն չըլլայ որ ուրիշին՝ յատկապէս Ժանոյին պատմես այս յիմարութիւնս…:

-Ինչո՞ւ, ի՞նչ կայ որ, կը վախնա՞ս իրմէ:

-Ոչ, կ’ամչնամ եւ կը քաշուիմ իրմէ:

-Բայց ինչո՞ւ, կրնա՞մ հասկնալ..

— Որովհետեւ ան ինծի պէս արկածախնդիր մը չէ, այլ կիրթ է, վեհանձն, բարի ու խիստ մարդկային…: Ան ալ քեզի պէս պիտի կարծէ թէ  խէնթի մը հետ է գործը:

-Ինչո՞ւ, կը կասկածի՞ս որ ըրածդ  խէնթութիւն չէ:

-Խէնթութենէ աւելի, ապուշութիւն է, յիմարութիւն է, ի՞նչ կուզես ըսէ, բայց պէտք չէ պատմենք ասոր անոր:

-Դուն Պուրճ Համուտէ՞ն ես։

-Ոչ, Այնճարցի եմ, բայց ի՞նչ կապ ունի ատիկա…

-Օ՜, «տա..տա», հասկցայ, Այնճարի մասին ալ լսած եմ, լաւ… չեմ պատմեր, սակայն վստահ եղիր որ նաւաստին մինչեւ հիմա ոչ միայն պատմեց շատերու, այլ հնարաւոր է որ «շէֆ»ին ալ զեկուցած ըլլայ, ու չեմ զարմանար որ եթէ նոյնիսկ կանչեն ու հարցաքննեն քեզ: Մի մոռնար որ ասիկա Սովետի նաւ է…:

-Այդ պարագային կ’ըսենք թէ նաւաստին կը չափազանցէ: Դուն պէտք է վկայես հետս. իսկ Ժանոյին ես ինքս կը պատմեմ… իմ տարբերակով:

Երեկոյան, ճիշդ արեւամուտին հասանք Վոսփորի նեղուցը, ուր ըմբոշխնեցինք Ոսկեղջիւրի արեւամուտը: Իսկ առտուն կանուխ արթնցուցին մեզ, այս անգամ արեւածագը դիտելու համար: Ի՞նչ խօսք, ըլլա՛յ առաւօտեան թէ՛ երեկոյեան, Ոսկեղջիւրը փառահեղ էր ու հմայիչ: Այվազովսկիի ծովանկարները տեսնելու կիրքը աւելի բորբոքեցաւ մէջս: Խորհրդակցաբար ընկերոջս հետ որոշեցինք այդ օր երթալ եւ այցելել «Տոլմա Պախչէ» պալատ-թանգարանն ու «Այա Սոֆիա» եկեղեցի-մզկիթը, հայկական գաղութի բաժինը վերապահելով վերադարձին:

Պոլիս, 1977, Մովսէս Հերկելեան, «Այա Սոֆիա» եկեղեցի-մզկիթին հանդիպակած հրապարակին վրայ

Այս բոլորէն վեր, կ’ուզէի Լէյլիին հետս տանիլ ու ցոյց տալ անոր «Տոլմա Պախչէ» թանգարանը, որ իր ժամանակի աշխարհի ամենաշքեղ ու ամենագեղեցիկ քանի մը պալատներէն մէկը կը համարուէր: Անոր գլխաւոր ճարտարապետները հայեր էին՝ Կարապետ Պալեանը սկսած է ու Սարգիսը շարունակած, իսկ  պալատի ներքին ձեւաւորման մէջ, ոչ միան Յովհաննես Ումէտ Պէյզատի, Նիկողայոս Պալեանի եւ կամ Մկրտիչ Ջիվանեանի նման հայ գեղանկարիչներ եղած են, այլեւ աշխարհի նրբագոյն՝ «Հարաքէ» գորգերը, որոնցմով զարդարուած են «Տոլմա Պախչէ»-ի սրահներն ու սենեակները, հայերու ստեղծագործութիւններն են: Գլխաւոր վարպետը եղած է Ռուբէն Բենիամինը, որուն քով աշխատած են հայ գորգագործ ընտանիքներ: Ինչպէս. Թոսունեան, Յակոբեան եւ յատկապէս Շիրինեան ընտանիքներ, որոնք մինչեւ անցնող դարավերջին երբեմն կը ստորագրէին նաեւ հայերէնով: Որոշած էի նաեւ տանիլ ու ցոյց տալ անոր Այա Սոֆիայի փառահեղ տաճարը (զոր մզկիթի վերածած են թուրքերը), ու բացատրել թէ ի՞նչպէս չեն համարձակած վերականգնել ԺԲ. դարուն երկրաշարժէն քանդուած անոր գմբեթը ու հարկադրաբար դիմած են Հայոց Տրդատ ճարտարապետին: Եւ կամ ցոյց տալ այն երկու մինարէթները, զորս հետագային կառուցած է հայազգի Միմար Սինան Փաշան: Աւելցնելով թէ, որմնանկարներու մէջ պատկերուած է նաեւ Հայոց Ս. Գրիգոր Լուասաւորիչը իբրեւ քրիստոնէական գլխաւոր սուրբերէն մէկը: Նոյնիսկ վարկած կայ որ Կիլիկիոյ Հայոց Լեւոն Երկրորդ թագաւորը թաղուած է Այա Սոֆիայի շրջափակէն ներս, քանի մը բիւզանդացի դուքսերու, թուրք սուլթաններու եւ այլ մեծամեծներու շարքին, թէեւ այս վերջին տեղեկութիւնը տակաւին չեմ կրցած ստուգել:

Սակայն, երբ առաջարկեցի Լէյլիին, որ ընկերանայ մեզի, ան բնաւ հետաքրքրութիւն ցոյց չտալէ ետք, ըսաւ.

Ընկերուհիիս հետ մուշտակի գնումի պիտի իջնենք… հին շուկայ:

Ես ու՞ր էի, ինքը ու՜ր:

Իմ հետաքրքրասէր ընթերցող, քրտուհիին պատմութիւնը հոս չի վերջանար: Սակայն, որովհետեւ մնացեալը կապ չունի Այվազովսկիի հետ, եւ հակառակ անոր որ նոյնպէս հետաքրքրական է եւ ուսանելի պահեր կը պարունակէ իր մէջ, կը վերապահեմ զայն այլ առիթի: 

Իսկ երբ Նուրիճանի հետ այցելեցինք Այա Սոֆիա տաճարն ու Տոլմա Պախչէ պալատ-թանգարանը, ու ես առիթ ունեցայ մօտէն դիտելու եւ հաղորդուելու Այվազովսկիի ստեղծագործութիւններուն, Վոսփորի Արեւածագն ու Արեւամուտը տեսնելէ ու ըմբոշխնելէ ետք, համոզուեցայ որ Այվազովսկին ծովանկարիչ ըլլալէ առաջ լոյսի երգիչ է
Ծովը միջոց է պարզապէս:

Մովսէս Ծիրանի
Այնճար, Հոկտ. 2023

No Comments

Leave a Reply