maltepe escortbostancı escortanadolu yakası escortankara escortataşehir escortjeux de pouletMebbisbetmatikistanbul escort bayancasibom girişescort bayan ankaragrandpashabetgrandpashabetJojobet JojobetJojobet girişgaziantep escortgaziantep escorthacklinkcasibomjojobetjojobet girişgrandpashabet girisgrandpashabetgrandpashabetmarsbahisgüvenilir bahis siteleriasyabahis girişjojobet girişsahabetcasibom girişmatbetbetpark girişonwinmatbet girişholiganbet girişjojobet girişcasibomcasibomcasibomcasibomcasibomcasibommeritkingcasibomholiganbetcasibommeritkingdeneme bonusujojobetjojobetextrabet giriş216casibomimajbetcasibomcasibomjojobetjojobet girişcasibomcasibomholiganbetmarsbahismarsbahis girişjojobetgrandpashabet girişcasibomOnwinMaltepe otelkartal otelataşehir otelKadıköy günlük kiralık daireÜsküdar otelleriağva günlük kiralık daireMaltepe günlük kiralık dairependik günlük kiralık daireağva otelleripusulabetjojobetjojobetjojobetjojobetelitcasinodeneme bonusu veren sitelercasibommeritkingcasibomcasibomjojobetjojobet girişmilanobetcasibom girişmaltepe anal escortbetcioseocasibommarsbahis girişcasibomcasibomcasibommarsbahismarsbahiscasibomcasibomCanlı maç izlecasibomcasibomcasibommarsbahiscasibomholiganbetcasibomcasibommeritkingjojobetcasibomcasibommeritkingsahabetjojobet girişbahsegeljojobet girişholiganbetnakitbahissahabetmatbetholiganbetholiganbetjojobet güncel
ԳրաԴաշտ Մովսէս Ծիրանի

Խիզախ Լրագրողը․ Սոնիա Նիկոլեան

15.01.2022

Պէյրութ, 1982, Աշուն:

Այդ օր եռուզեռի մէջ էին Զաւէն ու Սեդա Խտըշեանները, որոնք սովորութիւն ունէին տարին քանի մը անգամ լիբանանահայ արուեստագէտներ ու մտաւորականներ հրաւիրելու իրենց Պէլվիուի առանձնատունը, որ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին համեմատաբար աւելի ապահով վայր կը համարուէր: 

Վարուժան Խտըշեանի հետ ուշ հասանք: Ան նկատել տուաւ Զաւէնին, թէ.

Այսքան մարդ ո՞ւր պիտի տեղաւորես «եավրում»:

-Մի մտահոգուիր, Սեդան գիտէ իր գործը: Տակաւին Սոնիան ու Էտկարն ալ պիտի գան, ճամբան են, քիչ յետոյ կը հասնին:

Անմիջապէս հարց տուի.

-Էտկարին կը ճանչնամ, ընկերս է, յայտնի արուեստաբան՝  Տաւիթեանը, որ L’orient Le Jour-ի մէջ կը գրէ…: Իսկ Սոնիան ո՞վ է…

Զաւէնի փոխարէն Վարուժանը պատասխանեց.

— Սոնիան ալ արուեստաբան է եւ Ֆրանսերէնով կը գրէ, սակայն  La Revue du Liban շաբաթերթի մէջ: Ինքն ալ Էտկարի նման յարգուած ու գնահատուած մտաւորական է եւ հրաշալի ֆրանսերէն գիտէ:

-Գեղեցի՞կ է: 

-Օ՜-հօ՜, նորէն սկսար: Ես ի՜նչ կ’ըսեմ, դուն ի՞նչ կը պատասխանես: Այո’, ոչ միայն գեղեցիկ է այլեւ, ազատամիտ ու ֆրանսական կրթութիւն ստացած մէկն է: Սակայն զգոյշ եղիր, շատ առաջ չերթաս ու «կաֆ» մը չընես…: Նկատի առ որ ամուսինը՝ Մարտիրոսը հետը կ’ըլլայ, յայտնի ատամնաբոյժ, ազնուական մարդ մը, որ նոյնպէս արուեստ կը սիրէ ու կը գնահատէ:

-Հասկցայ, բայց դուն ինչո՞ւ կը կարծես թէ յանկարծ սխալ մը կ’ընեմ: Այսքան տարի է որ զիրար կը ճանչնանք, տակաւին վստահութիւն չունի՞ս վրաս:

-Ի՞նչ գիտնամ «պապամ», Այնճարցի ես… կ’ընես-կ’ընես…:

Էտկարի ու տիկնոջ՝ Ռէժինէն ետք, Սոնիան ու Մարտիրոսը եւս ժամանեցին: Վարուժանն ու Զաւէնը փոխն ի փոխ ծանօթացուցին զիս, այն տարբերութեամբ, որ Վարուժանը շեշտէց Այնճարցի ըլլալս, իսկ Զաւէնը՝ ներկայացուց զիս իբրեւ «Ազդակ» օրաթերթի արուեստի բաժնի պատասխանատու: Յաւուր պատշաճի կարճատեւ զրոյցէ մը ետք, ըսի.

Վարուժանը կ’ըսէր թէ La Revue du Liban-ի մէջ կը գրէք… Ֆրանսերէնով գրել ու հեղինակութիւն ձեռք բերելը այնքան ալ դիւրին չէ… Լիբանանի մէջ:

-Այո’ բայց նկատի առէք որ մեծ հայրս՝ Մանուկ Ասլանեանն ալ «ժուրնալիսթ» էր: Առաջ «Ազդակ»ին մէջ կը գրէր, յետոյ հիմնեց իր թերթը՝ «Ազդարարը», որուն կ’աշխատակցէին Նիկոլ Աղբալեանի եւ Նշան Պէշիկթաշլեանի նման դէմքեր: Ինչքան գիտեմ «Ազդակ»ը շատ ընթերցող ունի, լաւ է որ «Ազդակ»ին մէջ կը գրէք: Զաւէնը կ’ըսէր, թէ արուեստի մասին գրող քիչ կայ: 

Յանկարծ Զաւէնը միջամտեց… զարմացած.

-Սպասէ Սոնա: Ես գիտէի որ դուն Արշաւիր Շիրակեանի քրոջը թոռնիկն ես, բայց չէի գիտեր, որ մեծ հայրդ ալ «ժուրնալիսթ» եղած է… թերթ ունեցած է:

Այս անգամ հերթը իմս էր զարմանալու.

-Ի՞նչ… իսկապէ՞ս… դո’ւն  Արշաւիր Շիրակեանի քրոջը… թոռնի՞կը…:

Լռեցի…: Մարտիրոսը մեղմութեամբ գրկեց զիս, որ նոյնպէս զգացուած ու միաժամանակ հպարտ կը թուէր ըլլալ… կողակիցով: Վարուժանը առիթը գտաւ իմ մուսալեռցիական «ինքնագովութիւնները» զսպելու.

-Հապա՞, ի՞նչ կը կարծես, դո՞ւք միայն կռուիլ գիտէք: Ի՞նչ է… միայն մուսալեռցիները հերոսներ տուած են…

Սոնիան շարունակեց.

-Այո’, այո’…: Պոլիս, մեր տունը յեղափոխականներու կեդրոն եղած է, ուր յաճախ ժողովներ կ’ընէին: Մեծ մամաս քանի մը անգամ դուրս վռնտած է թուրք ոստիկաններուն… կիսաբաց կուրծքերով…:

Այսպէս էր Սոնիան: Արժանի ժառանգորդն էր իր յեղափոխական տոհմի…: Եւ բնաւ պատահական չէր, որ Հայաստանի անկախացումէն անմիջապէս ետք, երկու անգամ մեկնեցաւ Հայրենիք, հասաւ մինչեւ Արցախի առաջին դիրքերը եւ բացի ընթացիկ յօդուածներէ, La Revue du Liban-ի գունատիպ ու ամբողջական երկու առանձին բացառիկներ նուիրեց Հայաստանին ու Արցախին: Ան Ապրիլ 24-ի առիթով եւս լայն էջեր կը տրամադրէր Ցեղասպանութեան թեմային, ու կը գրէր այնքան համարձակ ու խիստ, որ ոչ միայն իր դէմ կը գրէին ու կը բողոքէին Լիբանանի թրքական դեսպանատունէն, այլեւ երբեմն սպառնալիքներ կը ստանար, որոնց համար… միայն ու միայն հպարտ էր… պարզապէս:

Այո’, թէեւ այսպէս էր Սոնիան ու աւելին, սակայն անոր աշխարհը արուեստն էր: Այդ պատճառով ալ տկարութիւն ունէր  արուեստագէտներու, ու նոյնիսկ որոշ արուեստասէրներու հանդէպ: Ոչ միայն ան կրցաւ ինքզինք պարտադրել իբրեւ արուեստաբան, այլ  նաեւ օժանդակեց բազմաթիւ օժտուած արուեստագէտներու…: 

………………………………………………………………………………………………………………..

Շատ չանցած, Սոնիան ծանօթացաւ նաեւ Էլոյին ու մենք չորսով այնքան մտերմացանք, որ ի վերջոյ մեր կնքամայրը դարձաւ… այսպէս.

Երբ որոշեցինք ամուսնանալ, նախապատրաստական ոչ մէկ ընելիք ունէինք: Երկու օր ետք՝ երեկոյեան պիտի բարձրանայինք Էշրեֆիէյի Ս. Յակոբ եկեղեցին, ուր պիտի պսակուէինք… միայն ընտանեկան պարագաներու ներկայութեան… եւ… այսքան: 

Որովհետեւ, ի սկզբանէ յաջորդ օրը հրաւիրուած էինք լողալու Նիկոլեաններուն քով՝ «Սոլեմար»… հոն գացինք: Սոնիան լողազգեստով նստած էր ծովահայեաց պատշգամը, ու La Revue du Liban-ի համար յօդուած կը պատրաստէր: Մենք եւս լողազգեստներով տեղաւորուեցանք Սոնիայի մօտ, իսկ ամուսինը՝ խոհանոց մտաւ որոշ թելադրութիւններ կատարելու աղախինին: Զրոյցի ընթացքին, Սոնիայի «Ի՞նչ նորութիւն » հարցին պատասխանեցի.

-Վաղը պիտի պսակուինք:

-Ի՞նչ… վա՞ղը… կատա՞կ կ’ընես… Կիրակի՞ ըսել կ’ուզես…

-Ո’չ, վաղը… այդպէս որոշեցինք:

-Բայց մենք լուր չունինք…

-Ոեւէ մէկը լուր չունի, քանի մը հոգիով պիտի ելլենք եկեղեցի, աղօթք մը ընենք ու… վերջ:

— Օ՜ , ուրախալի է, պրաւօ, լաւ բան մը կ’ընէք, իսկ կնքահայրը ո՞վ է…

-Կնքահա՞յր, անկեղծօրէն չենք խօսած… հաւանաբար մայրս եղբօրս պիտի բերէ…

— Իսկ կնքամա՞յրը…

— Կնքամայրը ո՞րն է, առանց կնքամօր չ’ըլլա՞ր…

— Չէ, չ’ըլլար, ամօթ է… Առանց կնքամօր պսակ կ’ըլլա՞յ… Ի՞նչ կը խօսիս…

Մինչ այդ, իմ աւանդապահ ընթերցող՝ ես իսկապէս չէի գիտեր, որ կնքամայրը անհրաժեշտութիւն է…: Տեղուոյն վրայ որոշեցինք ու իրեն առաջարկեցինք կնքամայրութիւնը: Ան սիրով ընդունեց ու Մարտիրոսին կանչելով ըսաւ.

-Մարիօ՜, եկուր նայիր Մովսէսն ու էլոն վաղը կ’ամուսնանան եղեր, կնքամայրն ալ ես եմ… եղեր…

Մատիրոսը եկաւ ու փորձեց սրամտել. 

-Ինչու մինչեւ հիմա ի՞նչ կ’ընէին… չէի՞ն ամուսնացած…: 

Սոնիան շարունակեց.

Այո’, դուք իրարու յարմար էք, երկուքդ ալ գրող, բանաստեղծ եւ արուեստաբան… հրաշալի է: Մի վախնաք կեանքէն: Ես հաճոյքով  կնքամայրութիւն կ’ընեմ ձեզի…:

Եւ ըրաւ…: Ան ոչ միայն խրախուսեց մեզ, այլ նաեւ օգնեց որպէս զի կարողանանք տուն տեղ ունենալ ու ընտանիք կազմել: 

Այդպէս էր Սոնիան: Ծառայասէր, բայց երբեք՝ ծառայամիտ: Ընդհակառակը՝ ըմբոստ էր ու յանդուգն, բայց ոչ քմայքոտ: Ան սկզբունքային գետնի վրայ թէեւ միշտ հարցեր կ’ունենար խմբագրապետի՝ Մըլհեմ Քարամի հետ, այնուամենայնիւ, ի հիճուկս շարք մը «մրցակիցներու», ան մինչեւ վերջ մնաց Revue du Liban-ի վաւերական աշխատակիցը…: Ան չշեղեցաւ իր լրագրական ու արուեստաբանական սկզբունքներէն: Գրեց նաեւ գիրքեր, որոնք անկասկած որ ապագային կը գնահատուին ըստ արժանուոյն: Այս խիզախ լրագրողը, ինչքան որ Մարդ էր, նոյնքան ալ մնաց Հայ եւ Լիբանանցի… հաւասարապէս:

………………………………………………………………………………………………………………..

Սիրելի Սոնիա: 

Որովհետեւ տխրութիւնը յարիր չէր նկարագրիդ, ես դիտմամբ սկիզբէն չյայտարարեցի որ դուն չկաս արդէն… ու ցաւէն ջրդեղուած մելանով է որ կը գրեմ…: Վերջին տարիներուն կապը կտրելէ ետք աշխարհի հետ, շուրջ քառասուն օր առաջ, լուր ու անժամանակ… լքեցիր այս ցինիկ կեանքը… առյաւէտ…: 

Ի նկատի ունենալով  Լիբանանի, Հայաստանի եւ առհասարակ աշխարհի անփառունակ վիճակն ու ապագայի անորոշութիւնը, այո’, դժուար է… նոյնիսկ Հո՜ն… Վերը եւս հանգիստ ննջելը…, սակայն դուն Արդարահատոյց Բազուկի մը արժանաւոր ժառանգորդն ես… կը դիմանաս ու կրնաս հանգի՜ստ սրտով ննջել, յոյսը դնելով Շիրակեաններու աւանդներով սնած ու ամրապնդուած, մեր նոր սերունդի՝ Նոր Պայքարին վրայ, հիմք ունենալով հետզհետէ ուռճացող ազգային այն ներ-ՈՒԺը, որ հնարաւորութիւն կ’ունենայ յարգանք պարտադրելու եւ արդարութիւն պահանջելու… առ որ անկ է…: 

-Իմ «աղուո՜ր»  կնքամայր:

Գրեցի նուազագոյնը: Չկրցայ գրել աւելին…: Այնուամենայնիւ, վստահ եմ որ պիտի այպանես զիս թէ ինչո՞ւ լաւ օրերու մեր հանդիպումներու, արուեստի քննարկումներու եւ կամ զուարթ ու երգիծական բնոյթի մեր յուշերու մասին չեմ գրեր: Ատոնց հերթն ալ կու գայ… ու ես տակաւին առիթ կ’ունենամ անդրադառնալու Մարտիրոսի, ինչպէս նաեւ շնորհալի ու բարեհամբոյր դստերդ՝ Սիլվիային մարդկային արժանիքներուն…:

Այո՜, Իմ խիզախ գրչակից… այո’… կրնաս վստահի’լ մեր Նոր Սերունդի Ազգային Ներուժին ու երանութեամբ մտնել յաւիտենութեան սահմաններէն ներս… 

Մովսէս Ծիրանի
Երեւան, 2022, Յունուար 

                                                                                     

No Comments

Leave a Reply