Տիգրան ջան,
Ես այն մարդը չեմ եւ ոչ ալ դուն այն ընկերն ես, որուն մահուան առիթով տխուր եւ յուզիչ խօսքեր արձանագրեմ…: Հետեւաբար թոյլ տուր որ մեր ուսանողական կեանքէն որոշ դրուագներ պատմեմ, որոնց ընթացքին կը բացայայտուի նաեւ քու Պոլսահայ ազնիւ մարդու, ջինջ հայու եւ հաւատարիմ ընկերոջ ուսանելի կերպարը…:
Ուրեմն.
Երեւանի պետհամալսարան, 1971, Հոկտ.
Սիրելի ընթերցող,
Ընկերներով՝ Սարգիսի (Խաչատուրեան), Մինասի (Գոճայեան), Յակոբի (Չոլաքեան), Լեւոնի (Չուքասզեան), Վահանի (Սեթեան), Կարպիսի (Գույումճեան) եւ ուրիշներու հետ նստած էինք համալսարանի հին շէնքի ուսանողական ճաշարանը ու կը սրճէինք: Յանկարծ Տիգրանը, որ տարի մը առաջ Ամերիկայէն եկած էր Հայաստան՝ համալսարանի հայագիտական բաժինը ուսանելու, անակնկալօրէն ներս մտաւ եւ տեղեկացուց, որ ռուս ուսուցչուհին մեզ կը սպասէ…: Սարգիսը ըսաւ.
-Տիգրան, որոշած ենք այսօր ռուսերէնի դասին չմտնել, ներս եկուր:
-Չ’ըլլար Շիշկօ, ես դասի պէտք է երթամ, ուսուցչուհին կը սպասէ, ամօ՜թ է…:
Սկսան վիճիլ, Տիգրանը կ’ուզէր երթալ, իսկ Սարգիսը կը պնդէր որ մնայ, որուն հետ միւսները եւս համաձայն կը թուէին ըլլալ: Ես միջամտեցի.
-Սարգի՛ս, ձգէ որ երթայ, ինչո՞ւ կը պարտադրես…:
— Դուն դեռ նոր ես, չես ճանչնար զինք, այս «խիարը» հիմա պիտի երթայ եւ ռուս կնոջը պիտի ըսէ որ տղաքը «Պիւֆէն» նստած սուրճ կը խմեն:
Տիգրանը թէեւ տակաւին «խիարը»ի իմաստը չէր հասկնար, այնուամենայնիւ վրդովուած՝պատասխանեց.
— Հապա ի՜նչ պիտի ընեմ, սո՞ւտ պիտի խօսիմ…:
Եւ իսկապէս Տիգրանը ոչ սուտ խօսիլ գիտէր եւ ոչ ալ կեղծել, ազնիւ ու վեհանձն մարդու մարմնաւորումն էր…
Հիւրանոց «Երեւան», 1972, Յունուար
Տիգրանին հօրեղբայրը՝ արմատներով պոլսահայ, Միհրան Թումաճան, տարիներ առաջ ԱՄՆ-էն ներգաղթած էր հայրենիք ու կը շարունակէր իր հաւաքած ու գրի առած երգերը դասակարգել ու նօթագրել, պատրաստելու համար ակադեմական հրատարակման: Իրեն տրամադրուած էր «Երեւան» հիւրանոցի Չարենցին ապրած սենեակը, որուն համար հպարտ էր: Գերազանցապէս զարգացած մարդ էր Միհրան Թումաճանը, որուն քով պարբերաբար կը հանդիպէինք…: Ան Կոմիտասի նշանաւոր հինգ աշակերտներէն մէկն էր, մօտիկ ընկերը Բարսեղ Կանաչեանի եւ միւսներուն: Մեզի համար մշակութային գետնի վրայ «գանձ» մըն էր ինք, տեղեկութիւններու շտեմարան մը, որովհետեւ անձամբ տեսած ու ճանչցած էր պոլսահայ բազմաթիւ գրողներ եւ մշակոյթի կերտիչներ, ինչպէս՝ Արմենակ Շահմուրատեան, էտ. Յովհաննիսեան, Վահրամ Փափազեան, Հրաչեայ Նէրսիսեան, Հրաչեայ Աճառեանի նման այլ բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, որոնց մասին հետաքրքրական զրոյցներ կ’ունենայինք իր հետ: Մենք՝ Տիգրանի ուսանող ընկերներս, կը յարգէինք զինք ու պարբերաբար կը հանդիպէինք իր քով: Այդ օր վերոյիշեալ նոյն ընկերներով գացած էինք անոր Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը շնորհաւորելու: Ընթացքին Թումաճանի թելադրանքով Տիգրանը Պոլսէն ղրկուած մեծղի կողով մը անուշեղէն մէջտեղ հանեց ու սկսաւ հիւրասիրել մեզ: Երբ Սարգիսին հասաւ հերթը, ան բողոքեց.
—Ի՞նչ է աշակերտի պէս մէկ-մէկ կը բաժնես, սեղանին դիր, որ շնորհքով ուտենք:
Տիգրանը անուշեղէնի տուփը Սարգիսին դիմաց դնելէ ետք, դարձաւ դէպի հօրեղբայրը եւ ըսաւ.
-«Հափափըր», Շիշկոն որկրամոլ է, եթէ իրեն ըսես շատ մի ճաշակեր, կը սրդողի…:
Կանխելու համար Սարգիսին զայրոյթը, ես ըսի.
-Տիգրան, «փաքլաւային» հայերէնով ի՞նչ կ’ըսեն… գիտե՞ս:
-Նայիր, Մոզըս, «փաքլաւային» թերթանուշ կ’ըսեն, իսկ եթէ կ’ուզես գիտնալ «գատայէֆին» ի՞նչ կ’ըսեն, անոր ալ թելանուշ կ’ըսեն:
Այսպէս էր Տիգրանը, հայերէնը բառարանէն կը սորվէր: Ան «որկրամոլ»ի եւ «սրդողիլ»ի նման բազմաթիւ բառեր կը գործածէր: Օրինակի համար հօրեղբօրը ձեռքի գաւազանին անթացուպ կ’ըսէր, եւ կամ թոյլ ու հիւանդկախ ուսանողին դիւրաբեկ ածականը կու տար…:
Երեւանի «Լենինի անուան հանրակացարան»ի Բ. յարկ, 1974, Գարուն
Տիգրանը եթէ յատուկ ժամադրութեամբ մէկուն քով երթար, կը նշանակէր թէ հարցը լուրջ է…: Մտաւ ներս, դիմացս նստաւ, իբրեւ նախազգուշացման նշան թեթեւ մը հազաց ու ըսաւ.
-Նայիր, Մոզըս, Անահիտը եւ ես պէտք է որ ամուսնանանք, սակայն ես չեմ գիտեր ինչպէ՞ս կամ ի՞նչ պէտք է ընեմ հիմա…:
Ինծի համար շատ անսպասելի ու տարօրինակ էր հարցը: Առանց մտածելու կատակի տուի ու ըսի.
-Տիգրան ջան, հայրս կ’ըսէր, երբ ձի մը կամ զէնք մը առնես պէտք է որ լաւ մը փորձես եւ ապա որոշես…:
Տիգրանի պատասխանը բարկութենէ աւելի յանդիմանութիւն կը պարունակէր.
-Մոզըս, դուն անկի’րթ ես: Կը կարծէի, որ մուսալեռցի աւանդապահ մարդու հետ կը խօսիմ, որ խորհուրդ կու տայ ինծի, թէ ի՞նչպէս, ու՞ր եւ ո՞րմէ Անոյին ձեռքը պիտի խնդրեմ… գիւղը՝ իր ծնողներէ՞ն, թէ՞ հօրեղբօրմէն, որ հոս՝ Երեւան կ’ապրի:
Տիգրանը թէեւ նրբանկատ էր եւ խիստ մարդկային, սակայն մեկնելով իր իրաւութենէն, չէր վարաներ ճշմարտութիւնը ի հարկին յանցաւոր մարդոց ուղղակի ճակատին ըսելու…:
Նոյն հանրակացարանի նոյն յարկը, 1975, Աշուն
Ընկերներով Տիգրանին քով եկած էինք շնորհաւորելու նորածինը, զոր մկրտած էր իր հօրեղբօր՝«Հափափըրի» պատուին՝ Միհրան: Առաջինը ես արտայայտուեցայ.
-Պրաւօ՛ Տիգրան, մէկ անգամէն տղայ մը բերիր, կը շնորհաւորենք…
-Օ՜… Մոզըս, իմ դերս շատ չնչին էր այս գործին մէջ: Պէտք է Անահիտին գնահատել ու շնորհաւորել: Խեղճը ինքն է որ ամիսներ չարչարուեցաւ… յատկապէս ծննդաբերութեան ժամանակ… տառապեցաւ… նոյնի՛նսկ առանց իմ օգնութեան երեխան աշխարհ բերաւ…:
Իմ սրամիտ ընթերցող, Տիգրանը այս պարագային չէր սրախօսէր: Մէկ կողմէն կ’ուզէր գնահատել Անահիտի եւ առհասարակ կիներու դերն ու տառապանքը կեանք արարելու գործընթացին մէջ… միւս կողմէն կը փորձէր նաեւ դաստիարակել ինծի պէս «անտաշ» գաւառացիները:
Նոյն տեղը, 1978, Ձմեռ
Միհրանիկը կը մեծնար մեր աչքի առաջ, աշխոյժ, ուշիմ եւ համարձակ երեխայ մըն էր: Մենք՝ ես եւ Մարտիկը (Պոյաճեան) կը խաղայինք հետը եւ ընթացքին կը սորվեցնէինք նաեւ՝ կռուիլ: Շատ չանցած Տիգրանը երեխային ձեռքէն բռնած եկաւ սենեակ: Միհրանիկը երբ մեզ տեսաւ նախ փաթաթուեցաւ ինծի եւ ապա Մարտիկին անցաւ ու անոր ծունկերուն նստաւ: Տիգրանը առանց նախաբանի սկսաւ.
—Տղաք, Միհրանիկը ձեզ շատ կը սիրէ, մենք ալ կը սիրենք, սակայն իրեն կռուիլ սորվեցնելով դուք սխալ կը դաստիարակէք զինք: Անահիտը եւ ես որոշած ենք, որ մեր զաւակը խաղաղութեան մարտիկ պիտի ըլլայ եւ ոչ թէ՝ կռուազան: Շատ կը խնդրեմ, որ ասկէ ետք ոչ զէնքի խաղալիք բերէք իրեն եւ ոչ ալ կռուիլ սորվեցնէք:
Մարտիկը հարցուց.
-Իսկ խաղալիքները ու՞ր են հիմա…
-Պահած եմ ապահով տեղ, հանդերձարանին ետեւը:
Ես զարմացած էի ու զայրացած: Միհրանիկին իսկապէս կը սիրէինք այնքան, որ մեր առօրեային մաս կը կազմէր, ու յաճախ կը փնտռէինք անոր ներկայութիւնը: Խնդիրը լրջացուցի եւ խստօրէն ըսի.
—Ի՞նչ է, ըսել կ’ուզես, որ Միհրանիկը մեր քով պիտի չգայ այլեւս…
-Ոչ, Մոզըս, սխալ մի հասկնար, երբ կ’ուզէք թող գայ, պայմանաւ որ ասկէ ետք ոչ զէնքի խաղալիք ցոյց տուէք իրեն եւ ոչ ալ կռուիլ սորվեցուցէք: Մենք՝ այդպէս որոշեցինք:
-Չ’ըլլար, Տիգրան, դուն եւ Անահիտը ի՞նչ իրաւունք ունիք այդպէս որոշելու…
-Ինչպէ՞ս թէ, մարդկային իրաւունքներ կան: Մեր զաւակն է եւ մենք մեր ուզածին պէս պիտի դաստիարակենք…չէ՞…
-Միայն ձեր զաւակը չէ, Միհրանիկը Հայ է, կը նշանակէ թէ նախ ազգին կը պատկանի եւ ապա միայն ձեզի…: Հայկոյին ծնողները՝ Արփին եւ Շահէն կը վստահին մեզի, դուք ինչո՞ւ չէք վստահիր…
-Չեմ հասկնար, այդ ի՞նչ տեսակ տրամաբանութիւն է, Մոզըս, առաջին անգամն է, որ կը լսեմ, չեմ հասկնար, քու ուզածդ ի՞նչ է:
-Նայիր, Տիգրան, մեր ազգային պարտականութիւնն է Հայ երեխաներուն դաստիարակել ու ինքնապաշտպանութիւն սորվեցնել, մենք մարտունակ ու կիրթ պատանիներ կը պատրաստենք, եւ ոչ թէ կռուազան ու վայրագ փողոցային լակոտներ…: Ասոնք տարբեր բաներ են, եղա՞ւ…:
-Ձեզի ո՞վ իրաւունք տուած է ուրիշին երեխաները դաստիարակել… ձեր ուզածին պէս…
-Նախ՝այս տեսակ իրաւունքը չի տրուիր, այլ կ’առնուի…: Մենք՝ մուսալեռցիներս, ատիկա վաստակած ենք մեր հազարամեայ փորձառութեամբ: Մենք ալ Խաղաղութեան Մարտիկներ կը պատրաստենք…: Kung Fu-ն ինքնապաշտպանական մարտարուեստ է եւ ոչ թէ յարձակողական: Եւ նկատի առ, որ Խաղաղութիւնը «Անկախութեան» նման նուէր չի տրուիր, այլ ուժով կը նուաճուի ու կը պաշտպանուի…: Հոս նայիր, չըլլայ որ Միհրանիկին արգիլես մեր քով գալը…
-Ի՞նչ է, կը սպառնա՞ս: Մեր տղան մե՛նք պիտի դաստիարակենք… մեր ուզածին պէս: Դուք իրաւունք չունիք մեր ընտանեկան ներքին գործերուն խառնուելու…
Հակառակ իր մեղմ ու մարդկային բնաւորութեան, Տիգրանը երեխային ձեռքէն բռնեց ու ըսաւ.
-Եկուր տղաս, եկուր, ասոնք Այնճարցի են, խօսք չեն հասկնար…:
Միհրանիկը դժկամութեամբ հետեւեցաւ հօրը…: Քանի մը օր անցաւ ու մենք զրկուած մնացինք այդ աշխոյժ, ուշիմ ու համակրելի երեխայէն. տխուր էինք ու մտահոգ: Մարտիկը ամենայն լրջութեամբ ըսաւ.
—Այսպէս չ’ըլլար, պէտք է որ ճար մը գտնենք ու Միհրանիկը ետ բերենք…
—Քեզի բան մը ըսեմ, Հայկոյին դրդէ որ քանի մը հատ փակցնէ իրեն: Միայն հսկէ, որ վտանգաւոր բան մը չընէ…
Յաջորդ օրերուն քանի մը անգամ Միհրանիկը լալով գնաց ծնողներուն քով, սակայն ոչ մէկ արձագանք իրենց կողմէ: Երբ Մարտիկը յուսահատութեան նշաններ սկսաւ ցոյց տալ, ես թելադրեցի որ շարունակէ…
Քանի մը օր ետք, անգամ եւս յատուկ ժամադրութեամբ, Տիգրանը Միհրանիկին ձեռքէն բռնած, մեր քով բերաւ ու ըսաւ.
-Մոզըս, Միհրանիկը ինքնապաշտպանութեան պէտք ունի… այս աշխարհին մէջ: Անահիտը եւ ես ձեր խնամքին կը յանձնենք…
-Ինչո՞ւ, ի՞նչ պատահած է …:
— Դուն իրաւունք ունիս, ընկերները կը ծեծեն զինք ու ինք չի կրնար դիմադրել անոնց: Անահիտը մտահոգ է…:
-Նայիր, Տիգրան, եթէ չես վստահիր, դո’ւն դաստիարակէ…
-Օ՜, Մոզըս… ես պէտք է որ ձեզի պէս դաստիարակուած ըլլայի, որպէսզի կարողանայի դաստիարակել… տղուս:
-Շատ լաւ: Անահիտին ըսէ որ ասկէ ետք իր տղան ամուր ձեռքերու մէջ է… թող չմտահոգուի…
Ի վերջոյ Տիգրանը համոզուեցաւ որ «Խաղաղութիւնը նուէր չի տրուիր, այլ ուժով կը շահուի ու կը պաշտպանուի…»: Ընդամէնը շաբաթներ ետք Միհրանիկը ընկերացաւ Հայկոյին հետ եւ… այս անգամ կռուազան երեխաները սկսան լալով տուն երթալ:
Տիդրոյիթ,1979, Ամառ
Հոն էի, հանդիպելու եւ ուսումնասիրելու համար ամերիկահայ չորս կերպարուեստագէտներու (Սարգիս Սարգիսեանի, Զուպէլ Խաչատուրեանի, Գեղամ Թազեանի եւ Նորա Իփէկեանի) ստեղծագործական կեանքը: Տիգրանը եւ Անահիտը (յղի ըլլալով հանդերձ) շաբաթէ մը աւելի ինձմով զբաղուեցան..:
Գեղամ Թազեանէն ետք, Տիգրանը տարաւ ու ծանօթացուց Նորա Իփէկեանին, որուն ամուսինը՝ Էտ. Ազատեանը գործնական գետնի վրայ զիս ներկայացուց Պր. Ալեք Մանուկեանին, որուն մասին յատուկ երախտագիտական յուշեր պէտք է որ գրեմ: Ապա Տիգրանը Զ. Խաչատուրեանի եւ Ս. Սարգիսեանի ստեղծագործութիւնները ուսումնասիրելու համար ծանօթացուց զիս Տք. Կարապետ Պէլեանին, որ երաժշտութեամբ ու կերպարուեստով աւելի հետաքրքրուած կը թուէր ըլլալ, քան ատամնաբուժութեամբ: Իր տիկնոջ՝ Զապէլի հետ անոնք կրցած էին գոյացնել այնպիսի հաւաքածոյ մը, որ իրենց բնակարանը (ըլլայ որակով թէ քանակով) ժամանակակից արուեստի թանգարանի մը տպաւորութիւնը կը ձգէր…: Արուեստի հանդէպ մասնագիտական մօտեցում ցուցաբերող այս զոյգի մասին եւս հարկաւոր է առանձին անդրադառնալ:
Իմ համբերատար ընթերցող,
Ամիսներ ետք երբ ես արդէն իսկ վերադարձած էի Պէյրութ, այդ թեժ ու խիստ վտանգաւոր օրերուն, նամակ մը ստացայ Տիդրոյիթէն: Նորածինի լուսանկար մը կար մէջը, որուն ետեւի կողմը Անահիտի եւ Տիգրանի ստորագրութեամբ գրուած էր՝ «Արմէն անունով նոր ֆէտայի մը ծնաւ Տիդրոյիթի մէջ, քու խնամքին կը յանձնենք. եկուր եւ տէր եղիր անոր»: Չեմ կարծեր որ այս մէկը մեկնաբանութեան կը կարօտի…:
Քառասուն տարի ետք, դարձեալ Տիդրոյիթ, 2019, Օգոստոսին
Հոն էինք տիկնոջս՝ Էլոյին հետ, այս անգամ յատուկ գործով: Տիգրանն ու Անահիտը թոյլ չտուին որ հիւրանոց իջեւանենք: Մեր հասած երրորդ օրն իսկ կազմակերպեցին ճաշկերոյթ մը ու հրաւիրեցին իմ ծանօթներէս ու ընկերներէս շատեր, ինչպէս. կերպարուեստագէտ՝ Գեղամ Թազեանը, գեղանկարիչ՝ Նորա Իփէկեանը, յայտնի մտաւորական ու լրագրող՝ Էտ. Ազատեանը, ժամանակակից արուեստի ցուցասրահի տէր եւ հաւաքորդ՝ տիկ. Զապէլ Պէլեանը (դժբախտաբար Տք. Կարապետը անդարձ մեկնած էր) ու Ճիմի եւ Ժենիա Տէրեանները:
Սեղանի շուրջը բնականաբար յիշեցինք ուսանողական մեր կեանքը ու սկսանք որոշ դրուագներ պատմել իրարու: Երբ Միհրանիկի բաժինը կը պատմէի, յանկարծ ինք հեռաձայնեց Լոս Անճելեսէն. Միհրանն էր (ԱՄՆ-ի Հայկական համագումարի արեւմտեան շրջանի տնօրէնը): Տիգրանը տեղեկացուց անոր որ ես իր մանկութեանը վերաբերող պատմութիւն մը կը պատմեմ: Ուզեց լսել ու լսելէ ետք հարց տուի.
— Միհրան ջան, կը յիշե՞ս զիս եւ Մարտիկը, որ կռիւ-կռիւ կը խաղայինք հետդ…:
Ան պատասխանեց.
—Թէեւ ձեզ կը յիշեմ, սակայն կռիվի պարագան շատ յստակ չէ ինծի համար:
-Իսկ հիմա՞…
-Ես հանդարտաբարոյ եւ խաղաղասէր մարդ եմ, սակայն եթէ պոչիս կոխեն կամ վիրաւորեն զիս, յատկապէս ազգային գետնի վրայ, հարցը կը փոխուի…
Իմ խիզախ ընթերցող, չե՞ս կարծեր որ այս մէկն ալ մեկնաբանութեան չի կարօտիր:
1977-ին կայացած հարցազրոյցի մը ընթացքին Տիգրանը կ’ըսէ. «Ամերիկայում այժմ գոյացել է մեծագոյն Հայ գաղթօճախ, որը տառապում է Հայոց լեզուի չիմացութեամբ եւ հայրենաբաղձութեամբ: Իմ եւ հայածին տիկնոջս՝ Անահիտի կոչումը կը լինի հնարաւորին չափով ամոքել հեռաւորութեան ցաւը եւ մերձեցնել Սփիւռքի հայութեան հոգիները Մայր հողի հետ»:
Այդպէս ալ ըրին ինք եւ Անահիտը:
Տիգրանը մինչեւ մահ հայերէն եւ հայագիտական դասեր կը դասաւանդէր Տիդրոյիթի Ալեք Մանուկեանի անուան դպրոցէն, ու Ուէյն համալսարանի արեւելագիտական բաժնի հայագիտականի ամպիոնէն ներս: Իսկ Անահիտը՝ մինչեւ օրս կը շարունակէ հայերէն ուսուցանել եւ հայեցի դաստիարակութիւն տալ աշակերտներուն, նոյն դպրոցէն ներս: Անոնց երեխաները՝ Միհրանը, Արմէնն ու Անին կատարեալ հայերէն կը խօսին, կը կարդան ու կը գրեն…:
Իմ արդարամիտ ընթերցող՝ աւարտելէ առաջ չեմ կրնար հոս փակագիծ մը չբանալմեւ երկու խօսք չըսել նաեւ իմ լաւագոյն ընկերներէն՝ քեսապցի Ճիմիին մասին: Ան ծնած եւ մեծցած էր ԱՄՆ-ի մէջ: Երբ տակաւին իբրեւ իրաւագիտութեան ուսանող կը յաճախէր Միշեկընի Ուէյն համալսարանը, ընդմիջելու ուսումը, Հայաստան եկած էր հայերէն սորվելու… մէկ տարուայ ծրագրով միայն: Հայրենիքէն վերադարձէն ետք, իր նախաձեռնութեամբ եւ Ալեք Մանուկեանի նիւթաբարոյական աջակցութեամբ, Ուէյն համալսարանի մէջ ստեղծուեցաւ Հայագիտական ամպիոն: Հետագային ինքնաշխատութեամբ այնքան կատարելագործեց իր մայրենի լեզուն, որ ան շրջան մը հայերէն դասաւանդեց Ուէյն համալսարանի Գերմանո-սլաւոնական բաժնի, Հայագիտութեան ամպիոնէն ներս: Անոր երկու երեխաները՝ Վանը եւ Լորիկը, նոյնպէս կատարեալ հայերէն կը խօսին, կը կարդան ու կը գրեն, որուն մէջ մեծ դեր ունի նաեւ իր տիկինը՝ Ժենիան:
Իսկ Տիգրանը, հակառակ անոր որ ծնած եւ մեծցած էր ԱՄՆ-ի մէջ, չկրցաւ ըլլալ Ամերիկահայ: Շուրջ տասը տարի ուսանելով ու ապրելով հանդերձ Հայաստանի մէջ չկրցաւ ըլլալ նաեւ Արեւելահայ: Ան Սփիւռքահայ ալ չեղաւ, այլ մնաց իր արմատներուն հաւատարիմ, իբրեւ մաքուր Պոլսահայ, որոնց մասին մեր արդարահատոյց հերոսներէն՝ Արշաւիր Շիրակեան բառացիօրէն կ’ըսէ. «Ի պատիւ իրենց… թուրք կառավարութեան գործակից հայանուն մատնիչներուն մէջ մէկ հատիկ պոլսահայ չկար»:
Մովսէս Ծիրանի
(Մոնթրէալ, 2022, Դեկ.)
Գլխավոր լուսանկարում՝ Միհրանիկը, Տիգրանը եւ Մովսէսը Տիդրյիթի Ս. Յովհաննէս եկեղեցուոյ դիմաց, 1979-ին
No Comments