ԳիտաՆյութ Մովսէս Ծիրանի

Ռաֆայել Իշխանեան․«Խորհրդային օրէնքներով՝ պայքարիլ իրենց դէմ»…

13.10.2022

Երեւանի պետ. համասարան, 1971, Սեպտ.

Սիրելի ընթերցող

Առաջին հանդիպումն էր հայոց լեզուի դասախօսին հետ: Ներս մտաւ, կարիք չեղաւ զգաստութեան հրաւիրել շաղակրատող ուսանողները, որովհետեւ իր կեցուածքով ու հեղինակութեամբ ինքզինք պարտադրեց ու րոպէ չանցած լռութիւն տիրեց դասարանէն ներս: Իշխանեանը զննական հայեացք մը նետելէ ետք ներկաներուն վրայ, առանց նախաբանի սկսաւ.

-Հարիւրից աւելի ուսանողներ եք: Ձեր կէսը ընդունուած կը լինի ծանօթի միջոցով, կէսից կէսը՝ փողով, մնում է քառորդը, որոնցից ութը սփիւռքահայեր են: Ես քառորդի համար եմ դասախօսելու… մնացածների մէջ եթէ լինեն հետեւորդներ՝ շահ եմ համարում…: 

Այն ժամանակներուն նմանօրինակ բացայայտ յայտարարութիւն մը բացառիկ խիզախութիւն կ’ենթադրէր, որովհետեւ խիստ վտանգաւոր էր: Ի հեճուկս Իշխանեանի «յոռետեսութեան», իր ուսանողներու բացարձակ մեծամասնութիւնը ոչ միայն կը հետեւէր իր դասընթացներուն, այլեւ ապագային եղան ազգային ոգեղէն արժէքներու եւ հայոց լեզուի մոլեռանդ պաշտպաններ… ըլլան անոնք լեզուաբաններ, խմբագիրներ, լրագրողներ, դասախօսներ, թէ ուսուցիչներ: Այս օրերուն Իշխանեանի ծննդեան հարիւր ամեակի առիթով  իր ուսանողներէն շատեր հպարտութեամբ կ’արտայայտուին ու բարձր կը գնահատեն իրենց սիրելի դասախօսի վաստակը:

Այսպէս էր Իշխանեանը: Ըլլայ իր մասնագիտական խոր պատրաստուածութեամբ, իրաւութեամբ, թէ անհատական բացառիկ հմայքով, բնազդաբար կը տիրապետէր ուսանողները իրեն կապելու «արուեստին»:

Մենք՝ սկսեալ Ալիշանէն, Խրիմեան Հայրիկէն ու Աբովեանէն մինչեւ Շահան Պերպէրեանը, Յակոբ Օշականն ու Լեւոն Շանթը, ունեցած ենք վաստակաշատ դաստիարակներ, որոնք իրենց աշակերտներով հետք ձգած են մեր ազգային զարթօնքի ու մշակոյթի զարգացման անդաստանէն ներս: Իր ունեցած արժանաւոր հետեւորդներու հսկայ փաղանգով, Ռաֆայէլ Իշխանեանը եւս արժանի է դասուելու յիշեալ երախտաւորներու շարքին: 

Երեւանի պետ. համալսարան, 1974, Յունիս

Միջին հայերէնի ամավերջի քննութիւնն էր: Որովհետեւ փրոֆ. Յովհաննէս Բարսեղեանը (որուն կը համակրէի ու կը յարգէի), անհանգստութեան հետեւանքով կը բացակայէր, զինք փոխարինելու եկած էր Պաւել Շարաբխանեանը (որուն ոչ համակրելու եւ ոչ ալ  յարգելու պատճառ ունէի): Քննութիւն յանձնող ամենավերջին ուսանողն էի: Երբ ներս մտայ ինձմէ առաջ երկու հոգի կային հոն: Առաջինը մեր ականաւոր դասախօսներէն մէկուն ուստրն էր՝ մօտիկ ընկերս, որ առանց պատասխանելու «գերազանց» ստացաւ, իսկ երկրորդը՝ կիսաբաց կուրծքերով համարձակ ուսանողուհի մը, թերի պատասխանելով հանդերձ՝ դարձեալ «գերազանց» ստացաւ ու դուրս ելաւ…  գոհունակ սրտով: Սահմանուած հարցումներուն իմ լրիւ պատասխանները ոչ միայն չգոհացուցին զինք, այլեւ սկսաւ դժուար հարցումներ տալ ինծի… մինչեւ որ մէկուն չկրցայ պատասխանել: Բացատրեցի, թէ այդ հարցի համապատասխան բաժինը կը բացակայէր «դասագիրքերէն»: (Միջանկեալ պէտք է տեղեկացնեմ, որ խորհրդային տարիներուն ուսանողներէն ոմանք երբեմն Էջեր կը փրցնէին համալսարանի գրադարանին պատկանող գիրքերէն, ու հետերնին տուն կը տանէին, հոն շարունակելու համար իրենց սերտողութիւնը: Պատճառը այն էր, որ այն ատեն պատճենահանելու հնարաւորութիւնը բացառուած էր…): Կ’ենթադրէի, թէ որովհետեւ երկու «հինգ» նշանակած էր արդէն, ըստ երեւոյթին կը դժուարանար երրորդը նշանակելու: Ես առարկեցի եւ դիտել տուի նաեւ, թէ ինք, բացի երեք գրաւոր հարցումներէն, իրաւունք չունի երկուքէն աւելի յաւելեալ  հարցեր տալու: Իմ տուած բացատրութիւնն ու արդար առարկութիւնը ոչ միայն չմեղմացուցին իր կեցուածքը, այլեւ դէմքը մռայլեցաւ ու գնահատականը նշանակելէ ետք, ցինիկ ժպիտի մը ներքոյ եւ ուղիղ աչքերուս նայելով՝ ստուգման գրքոյկը երկարեց ինծի… պաշտօնապէս: Վստահ էի, որ հինգի արժանի եմ, սակայն իր վերաբերմունքէն կ’ենթադրէի, որ չորս պիտի նշանակէ, որմէ խիստ դժգոհ էի անշուշտ…: Երբ նշմարեցի, որ նոյնիսկ չորսի չեմ արժանացած, այլ  երեք նշանակած է, յանկարծ դատողութիւնս կորսնցուցի: Բնազդաբար գրասեղանը վրան շրջեցի (կարճահասակ մարդ մըն էր) ու սկսայ հարուածել… քիթին, բերնին, մինչեւ որ ընկերներս՝  Համոն և Լաւրենտին, ներս մտան եւ ազատեցին զինք… ձեռքէս: Կը կարծեմ, թէ կարիք չկայ պատմութիւնը շարունակելու, որովհետեւ այսքանը կը բաւէ հասկնալու համար, որ լուրջ խնդրի մը առջեւ էի: Հակառակ անոր, որ դասընկերներուս եւ Հենրիկ Էդոյեանին (որ այն ատեն «Գեղագիտութիւն» կը դասաւանդէր մեզի), «հարցաքննած» էին իբրեւ ականատես վկաներ, տակաւին զիս չէին կանչած…: Ես թէեւ արդար եւ տեղին կը գտնէի ըրածս, սակայն միւս կողմէ ալ զղջացած էի, որովհետեւ կրնային զիս վտարել եւ կամ նոյնիսկ որոշ ժամանակ մը բանտարկել: Տագնապահար ու շուարած վիճակ մը ունէի: Դէպքէն քանի մը օր ետք, դասապահի ընդմիջմանը միջանցքին մէջ Իշխանեանին հանդիպեցայ: Փորձեցի խուսափիլ, սակայն ան յատուկ առջեւս կտրեց, կեցուց ու, մօտենալով, ձեռքս սեղմեց նշանակալիօրէն ու ըսաւ.

Իհարկե, նա արժանի է նման վերաբերմունքի, բայց պիտի փորձէիր քեզ զսպել: 

Ի զարմանս ինծի, երկրորդ անգամն էր, որ Իշխանեանը կռիւի հետեւանքով կը գնահատէր ըրածս…:  Հոս հարկաւոր է նկատի ունենալ նաեւ, որ ինք եւ Շարբխանեանը ընդդիմադիրներ էին իբրեւ լեզուաբան, որովհետեւ մէկը «հինգհոլովական» էր, իսկ միւսը՝«եօթհոլովական»: Ան շարունակեց.

Մ. Հերկելեան եւ Ռ. Իշխանեան

-Քո հարցը «վերերից» ուղարկել էին ամբիոն: Ոմանք պնդում էին, որ հարկաւոր է պատժել քեզ ըստ օրենքի, որովհետեւ դու ոչ միան հայհոյել ու անպատուել ես մի դասախօսի, այլեւ ֆիզիքական վնաս ես հասցրել նրան ճակատը ուռած էր եւ մի աչքը կապտած: Բայց որովհետեւ նա անարդար է վարուել քեզ հետ, ոմանք քեզ էին պաշտպանում: Ես պայման եմ դրել,  որ եթէ ուսանողը պիտի պատժուի, ապա համապատասխան պատիժ պէտք է ստանայ նաեւ դասախօսը: Հիմի տես քեզ ինչ եմ ասում: Ինչքան որ հարցը մեծացնես, այնքան աւելի քո օգտին կը լինի: Ինչքան որ «սոցիալիզմի» սկզբունքների հիման վրայ դու քեզ  պաշտպանես, այնքան աւելի ուժեղ դիրքերի վրայ կը լինես: Իսկ երրորդ, որ ամէնակարեւորն է, իմացիր, որ այս երկրում ինչքան որ ինքնավստահ ու համարձակ խօսես, այնքան աւելի կը զգուշանան քեզանից…: Իսկ իբրեւ ինքնապաշտպանութեան ամենաազդու միջոց կանես հետեւեալը. կը պահանջես, որ վերջին երկու ուսանողներն ու դու կրկին քննութիւն յանձնէք յատուկ յանձնաժողովի մը դիմաց, ուր Բարսեղեանի ու Շարաբխանեանի կողքին ներկայ պէտք է լինեն նաեւ այլ դասախօսներ:

Այդպէս ալ ըրի ու առանց խնդիրը բարդացնելու նախ՝ յետաձգեցին եւ յետոյ լռելեայն փակեցին հարցը: Այդ դէպքէն ետք, որեւէ նմանօրինակ խնդիրներու պարագային, ես կ’օգտագործէի Իշխանեանի ինքնապաշտպանութեան «սովետական սկզբունքները»:

Այդպէս էր Իշխանեանը, հակառակ անոր, որ ան ճանչցուած էր իբրեւ մնայուն եւ անուղղայ այլախոհ (որուն կը գումարուէր նաեւ իր կողակիցի՝ տիկ. Բիւրակի, Վահան Չերազի դուստրը ըլլալու «անպատեհութիւն»ն ու մրցակիցներու նախանձը) ու կը հալածուէր, ան միշտ ձեւը կը գտնէր խուսափելու եւ կամ շրջանցելու իր դէմ ուղղուած «մեղադրանքները»: Նոյնի՛սկ երբ իր «դոկտորականը» փորձեցին մերժել Երեւանի մէջ, հետագային զրպարտություններ գրելով Մոսկվա՝ Բարձրագույն Որակավորման Յանձնաժողով (ԲՈՀ) անարդարօրէն, ան գնաց ինքզինք պաշտպանեց Մոսկուայի մէջ, ուրկէ վերադարձաւ… յաղթականօրէն:

Ձախէն աջ՝ Աւետիք, Բիւրակն Չերազ, Վահան եւ Ռաֆայել Իշխանեաններ

Երբ նոր վերադարձած էր Մոսկուայէն, քովը փութացի զինք շնորհաւորելու համար: Բացի իր դուստրէն՝ Վարդուհիէն, ընտանիքի միւս անդամները (տիկ. Բիւրակը, Աւետիքն ու Վահանը) ներկայ էին: Բնականաբար, սեղան նստանք ու խօսք բացուեցաւ Խորհրդային Միութեան ու ռուսներու փոխյարաբերութեան ու տարբերութիւններու մասին: Հարց տուի.

-Ո՞նց եղաւ, որ մերոնք, այսինքն՝ Երեւանը, փորձեցին մերժել եւ տապալել աւարտաճառդ, իսկ Մոսկուան ընդունեց ու գնահատեց:

-Ճիշդ է, բայց մերոնք յաջողության չհասան։ Երեք դեմ ձայներով անցավ։ Դրանից հետո  նույն մարդիկ, ովքեր փորձել էին տապալել ատենախոսությունը, բազմաթիվ բանսարկություններ գրեցին Մոսկվա (ԲՈՀ), որտեղ պետք է հաստատվեր ատենախոսությունը։ ԲՈՀ-ի հատուկ հաստատման հանձնաժողովը ինձ հրավիրեց Մոսկվա, ուր բազմաթիվ հարցեր տուեցին ինձ… բանսարկություններում եղած խնդիրների վերաբերյալ։ Ես պատասխանեցի բոլոր հարցերին։ Հանդիպում-քննարկումը տևեց  շուրջ երկու ժամ։ Քննարկման ավարտին հանձնաժողովի բոլոր անդամները մօտեցան ինձ, ձեռքս սեղմեցին, շնորհաւորեցին: Շատերը զարմանում էին, թե «այդ ի՜նչ չարության մթնոլորտ է տիրում Հայաստանում»։ Նույնիսկ ոմանք առաջարկում էին ինձ տեղափոխվել Մոսկվա… աշխատանքի։

Ռաֆայել-Իշխանյանը իբրեւ «Հայրենական Պատերազմի» զինուոր

-Իսկ դու՞ք….

— Իմ հայրենիքում ես անելիք ունեմ… հակառակ նրան՝ Մոսկուայում ես չունեմ թշնամիներ։ Իմ տեղս այստեղ է: Նրանք ազգային գետնի վրայ էլ աւելի թոյլատու են, քան մերոնք: Ռուսները իրենց եկեղեցիները գրեթէ չքանդեցին նոյնիսկ Ստալինի ժամանակ: Իսկ մերոնք դուր գալու համար խորհրդայիններին ուղղակի աւերեցին յատկապէս Երեւանի լաւագոյն եկեղեցիները:

Ապա իբրեւ եզրակացութիւն ըսաւ.

-Ճիշդ ենք անում, որ մենք ձգտում ենք անկախութեան, որովհետեւ եթէ անկախ լինենք՝ մենք կը կարողանանք բանակցել ռուսների հետ հաւասարը հաւասարի պես, իբրեւ՝ ինքնիշխան պետութիւն: Սակայն ներկայ պայմանների տակ մենք խորհրդայիններին եւ նրանց հայ մանկլաւիկներին ենթակայ ժողովուրդ ենք: Կարողանալ գոյատեւելու համար հարկաւոր է խուսանաւել  ու գործել՝ իրենց օրենքներով իրենց դէմ: Մովսէսը իր դասը լաւ է սովորել, դուք էլ (խօսքը ուղղելով Ավետիքին ու Վահանին) լաւ ուսումնասիրէք խորհրդային օրենքները ու իմացէք՝ ու՞ր, ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պիտի օգտագործէք նրանք… որոնք ազգային գետնի վրայ դրական կողմեր ունեն, զոր մենք կամ չգիտենք եւ կամ ալ գիտնալով հանդերձ՝  չենք օգտագործում: 

Իշխանեանի յօդուածները միտուած էին պաշտպանելու հայոց լեզուն (որ սրբութիւն էր իրեն համար), ճիգ կ’ընէր վերականգնելու դասական ուղղագրութիւնը, հայ երեխաներուն ռուսական դպրոցները ուղարկելուն խստիւ դէմ էր: Պայքար կը տանէր, որպէսզի պետական ժողովներն ու պաշտօնական միջոցառումները հայերէնով տեղի ունենային, եւ պարբերաբար յօդուածներ կը գրէր նաեւ, ապացուցելու համար, որ հնդեւրոպական ժողովուրդներու նախահայրենիքը Հայկական բարձրաւանդակն է, իսկ հայերը բնիկ են եւ ոչ թէ եկուոր: Մէկ խօսքով, ամէն գնով կը պայքարէր յանուն ազգային արժէքներու գնահատման ու պահպանման… յաճախ վկայակոչելով խորհրդային օրէնքները, որոնք առնուազն չէին հակասեր իր պաշտպանած տեսակէտներուն:

Սակայն կային կենսական «նիւթեր», որոնք կարելի չէր հրատարակել Հայաստանի մէջ: Այդ պատճառով ալ, իր կողմէ արծարծուած ու մեր մէջ քննարկուած նմանօրինակ «նիւթերը» կը փոխանցէի Ս. Զէյթլեանին, որ իր հերթին գրական-մշակութային բաժինը կը փոխանցէր Սնապեանին: Յաճախ իբրեւ հարցերուն իրազեկ անձ, ես կը շարադրէի յօդուածները, սակայն Զէյթլեանն ու Սնապեանը կը խմբագրէին, կ’ամբողջացնէին ու կը հրատարակէին զանոնք, կամ անորոշ անունի մը տակ, եւ կամ ալ անստորագիր: Երկուքն ալ կը նախընտրէին անստորագիր հրատարակէլ զանոնք, վտանգի չենթարկելու համար իմ եւ կամ Իշխանեանի անունները: Այս բոլորը տեղի կ’ունենային խիստ գաղտնի պայմաններու տակ: Նոյնիսկ Սնապեանը լուր չէր ունենար «Ազդակ- Շաբաթօրեակի» մէջ հրատարակուած յօդուածներէն: Օրինակի համար Իշխանեանը առիթով մը կրցած էր ստուգել, թէ Երեւանի եօթը շրջաններուն (թաղերուն) իւրաքանչիւրին մէջ քանի՞ դպրոց կայ, անոցնմէ քանի՞ հատը ռուսական դպրոցներ են եւ քանի հատը հայկական: Իւրաքանչիւր դպրոցի մէջ ինչքա՞ն աշակերտներ  կային: Այսպիսով ան կրցած էր հաշուել, թէ Երեւանի աշակերտներուն ո՞ր մէկ տոկոսը ռուսական դպրոց կը յաճախէ, որ ենթակայ է ռուսականացման: Ստորեւ կը հրատարակենք այդ փաստաթուղթը:

Երեւանի Ռուասական եւ Հայկական դպրոցներու եւ աշակերտներու ընդհանուր պատկերը 1978-ին

Իշխանեանը դասախօսներես միակը չէր, որոնց հետ մտերմութիւն հաստատած էի եւ արտադասարանային հանդիպումներ կ’ունենայի (Լեւոն Ներսիսեան, Եդուարդ Ջրբաշեան, Հենրիկ էդոյեան, Վահան Յարութիւնեան… եւ այլք), սակայն միակն էր, որուն լրիւ կը վստահէի եւ այդ վստահութիւնը փոխադարձ էր… անշուշտ:

Այս տարի անոր ծննդեան հարիւր ամեակն է: Թէեւ հայ մամուլը անդրադարձաւ անոր վաստակին, սակայն ոչ իր եւ ոչ ալ իր նման այլ արժանաւորներու յոբելեանները չնշուեցան ըստ արժանւոյն… բացայայտ պատճառներով: Տակաւին ուշ չէ … 

Ռ. Իշխանեանի անուան դպրոց Երեւանի մէջ

Մովսէս Ծիրանի
(Երեւան, 2022, Հոկտ․)

No Comments

Leave a Reply