ԳրաԴաշտ Մարիանա Պէրթիզլեան Ղազարեան

Քանի որ այլեւս ժամանակ չունէին իրենց կօշիկները հագուելու (ՀալԷպ)

17.09.2019

Ու ես ամանորեայ սեղան պատրաստած, պայծառ արեւին տակ նստած` կը սպասեմ, որ գան հարազատներ` անվերադարձ մեկնած մեր տեսադաշտէն եւ հարազատներ` հեռացած հեռու, հորիզոններէն անդին: Կը կանչեմ զանոնք իրենց անուններով, որ գան, ձայն կու տամ, որ հաւաքուինք մեր օրհներգութիւնը սկսելու…

Ո՛չ եկող կայ, ո՛չ շշուկ. սեղանը ամայի կը մնայ մինչեւ այն պահը, երբ կը նկատեմ, որ անոր վրայ անկէզ ողջակէզ կայ եւ խարոյկ անտես աչքերէ: Ձայն մը կ՛ըսէ` այս սեղանը տակաւին պէտք է յարդարուի եւ ամբողջանայ, ողջակէզը մատուցուի միայն այն օրը, երբ գայ որոշուած ժամանակը: Յստակ կը դառնայ, որ սեղանին վրայ այլեւս ցորենով պատրաստուած հաց չեն ուտեր, հապա միայն` լոյսով ու լոյսով պատրաստուած բարիքներ, որոնք ամբարուած էին սեղանին վրայ երկար ժամանակ, եւ քանի որ լոյսը թափանցիկ է, չէինք նկատած այդ բարիքները, որոնք գանձերու պէս շարուած էին կողք կողքի. նոյնիսկ կիսաւեր տաճարներու սեղաններուն վրայ կուտակուած բարիքներ կային…

Բոլոր գաւառներու դատարկ ու կիսաւեր խորաններէն կը լսուին ձայները անոնց, որոնք հոն էին երկար ժամանակ, այն շարականասացներուն կամ դպիրներուն, որոնք անհետ չէին կորսուած, անոնք իրենց կօշիկները հանած` ննջած էին այս պահուն, մինչեւ որ մեծ հարսանիքի լոյսէ ողջակէզը պատրաստուէր: Ու դատարկ սեղան չէր մնացած. հիմա բոլորը իրենց տեղերը գրաւած` կը սպասէին փեսային ժամանումին, որ թէեւ կ՛ուշանար բայց իրեն հետ պիտի բերէր ուրախութեամբ լի սրուակներ, հայելապատ հանդերձներ ու փետրաւոր անմաշ կօշիկներ, որոնք ո՛չ կը փտին, ո՛չ ալ կ՛աղտոտին: Փեսան իրեն հետ պիտի բերէ սպիտակաթոյր շղարշներ` հարսնեւորներուն լուսաշող դէմքերը անարատ պահելու փոշիէն, տօնելու համար լուսաւոր Ամանորը: Գիշերուան 12-ը ըլլալով հանդերձ, արեգակնային լոյս պիտի սփռէ հորիզոնին վրայ: Փեսան նոյնինք անկէզ մորենին է, որ սեղանին կեդրոնը արդէն իսկ բազմած է հիմա, ճարճատելով լոյս կու տայ յարակից մութ ու դատարկ սեղաններուն, որ` առանց ոչ մէկ ճիգի կը լուսաւորէ ամէն անկիւն: Լոյսը չսիրողներուն մասին ալ մտածած էր, որ անոնց վրայ եւս սրսկէր իր ափերու առկայծումէն ու զանոնք ալ հրաւիրէր իր նոր տունը, չէր ուզեր, որ ոչ ոք մնար տխուր ու անպաշտպան: Ծառին ճարճատիւնը պիտի վերածուէր լոյսի, մինչեւ կատարեալ օր ըլլար, մինչեւ բոլորը սկսէին նմանիլ լոյսին, այսինքն` փեսային, ու իրարու ձեռք բռնած` քալէին լոյսերուն մէջէն, իրարու հետ հաղորդակցելով` դառնային միատարր ու իրարու հարազատ, այնքան նման, որ ալ ոչ մէկը միւսը մերժելու պատճառ ունենար:


Հալէպ, 16. 09. 2019
Լուսանկարը՝ Մարիանա Պէրթիզլեան Ղազարեանի

Հուրհրատող ու չհատնող ծառը սկսէր խօսիլ ու երգել, մինչեւ որ այլափոխուէին բոլորը լոյսի ու մեղեդիի: Հանէին իրենց հին հագուստները, փոխակերպուէին ծառի լուսաթոյր փայլուն ու պսպղուն ճիւղերուն, աստեղազարդ պտուղներուն, ու ծառը մէկիկ մէկիկ անոնց յայտնէր բոլոր այն գաղտնիքները, զորս չէին լսած երբեք, իր լոյսով ցոյց տար այնպիսի բաներ, զորս բնաւ չէին տեսած: Ուրախանային բոլորը` մինչեւ «անսահման ու անհուն», խինդով լեցուէին ու ցնծային մինչեւ արեւ ու տիեզերք: Լոյսը պտտցնէր զիրենք անկոխ մոլորակներուն վրայ ու անցնէին տիեզերքը, դէպի նոր տիեզերքներ: Լոյսը սափսահուն ու ամրակուռ իր ուսերուն վրայ շալկէր զիրենք ու սահէին անոր վրայ իբրեւ ձիւնի, իբրեւ գորգի հիւսուած արեւաթելերով, անցնէին մոլորակներէն բոլոր ու բարեւէին բոլորին մէկիկ մէկիկ: Լոյսը ըլլար իրենց համար ջուր ու սնունդ` վարդի ու մեղրի համով, սիրոյ ու համբոյրի: Լոյսը ըլլար իրենց համար տուն ապակեպատ, ադամանդեայ վերարկուներ, մարգարտաշար կանաչ դաշտեր: Լոյսը մեղեդիին միանար, բառերու պէս ու հմայէր իր հմայքով բարի, երբ հպէր կնճիռներուն, թարմանային, շրթները թոթով բացուէին` արտասանելով եւ ըսելով. «Կը սիրեմ քեզ, Տէ՛ր` զօրութիւնս. Տէ՛ր, իմ վէմս, ամրութիւնս ու փրկիչս»:

Մարիանա Պէրթիզլեան Ղազարեան
Հալէպ

No Comments

Leave a Reply