Պոսթըն, 1979, Յունիսի վերջը:
Ուսանողական տարիներուս, Պոսթընի մէջ հանդիպած էի մեր ընկերուհիներէն մէկուն՝ Մարալի հօրը, որ մասնագիտութեամբ հոգեբան էր (Ph.D), եւ որուն բնակարանը ամիսէ մը աւելի մնալու պատեհութիւնը ունեցանք: Ան եղած էր որբանոցային դասընկերը Այնճարի Յառաջ վարժարանի իմ մարմնակրթանքի ուսուցչիս՝ Անդրանիկ Քէնտիրճեանին (Ընկըլըզմանին): Այս հանգամանքը պատճառ մը աւելի եղաւ որ ընտանեօք մեզ (զիս եւ ընկերս՝ Մարտիկ Պոյաճեանը) ընդունին հարազատի նման… ջերմօրէն: Սակայն առաջին օրէն իսկ սկսանք զրուցել, աւելի ճիշդը՝ «վիճիլ» ազգային, մարդկային ու յատկապէս կրօնական հարցերու շուրջը: Օրեր ետք իբրեւ եզրակացութիւն, ան ըսաւ.
— Կատարելապաշտութիւնը (perfectionism) հոգեկան լուրջ հիւանդութիւն է, դուն «կատարելապաշտ» մըն ես եւ պէտք է որ բուժուիս…:
Նման յայտարարութիւն մը հասցէիս ոչ միայն ցանկալի չէր, այլ նաեւ նոյնիսկ… վիրաւորական: Նման կարծիք մը իրմէ չէի սպասեր, մանաւանդ որ հաւատացեալ, հեզ ու վեհանձն անձնաւորութիւն մըն էր: Անշո’ւշտ ես մերժեցի զիս «բուժելու» իր առաջարկ-թելադրանքը ու փորձեցի ապացուցել, որ ինք աւելի պէտք ունի «բուժուելու», քան ես, որովհետեւ ամէն մարդ հոգեկան հիւանդ էր իրեն համար: Նո՛յնիսկ իր երեխաներուն (հինգ աղջիկ եւ երկու տղայ ունէր) մէջ կը փորձէր հոգեկան հիւանդութիւն գտնել ու… ի հարկին նաև՝ բուժել:
Իրականութեան մէջ ես իսկապէս «կատարելապաշտ» էի ու թէեւ մինչեւ հիմա տեսականօրէն նոյնն եմ, սակայն գործնապէս փոխուած եմ: Փոխուած եմ, որովհետեւ կեանքի կենսափորձը զիս «դաստիարակեց» ու սկսայ նախ ինքնութիւնս հաշտեցնել ու ներդաշնակել ԵՍ-իս հետ, եւ ապա ըստ այնմ կեցուածք ճշդել ու ի հարկին… լռել: Նախ՝ հասկցայ, որ «Մեծն ճշմարտութիւնը» ի հեճուկս բոլոր տեսակի մարդասիրական գեղեցիկ գաղափարախօսութիւններուն ու աստուածահաճոյ վարդապետութիւններուն, իր «անտառային» դաժան ու անգիր օրէնքներով հանդերձ, յարաբերական բնոյթ ունի, ու զայն շրջանցելը այնքան ալ դիւրին չէ, չըսելու համար գրեթէ անհնարին է, մանաւանդ մեր ներկայ այլասերուած ժամանակներու ու այլանդակուած կեանքի յորձանուտին մէջ: Ու հասկցայ նաեւ, որ նման խնդրայարոյց հարցերը բարձրաձայնելը միշտ չէ որ արդիւնաւէտ են, չըսելու համար՝ որ երբեմն նո՛յնիսկ վնասաբեր են ու… անիմաստ:
Սիրելի Վահան,
Այո’, կեանքը զիս դաստիարակեց, իսկ դուն մնացիր նոյն ծայրայեղ «կատարելապաշտ»ը մինչեւ կեանքիդ վերջը… : Եւ ինչքան որ շուտ խանդավառուեցար ազգային ու համամարդկային յաջողութիւններով ու նուաճումներով, նոյն ուժգնութեամբ ալ արագօրէն հիասթափուեցար, ու թէեւ ազգային ու մարդկային բազում «սրբութիւններէ» յուսախաբ եղար, բայց առանց յուսահատուելու մնացիր յաւիտենական ընդդիմադիր ու պայքարեցար (բանիւ եւ գործով) հայրենի բոլոր իշխանութիւններու գործած սխալներուն դէմ: Այս մէկը ոչ միայն կայծակնամաքուր Իրաւութիւն, այլ նաեւ գիտակցական Խիզախութիւն կ’ենթադրէ…:
Երեւան, 1980, Փետրուար:
Հաւաքուած էինք Նարինէ Թուխիկեանի (Աննա Պետրոսեանի եւ Լեւոն Թուխիկեանի դստեր) ծնունդին առիթով, իրենց բնակարանը: Այս անգամ մեր հաւաքը ընկերային բնոյթ ունէր եւ ոչ թէ «խորհրդակցական»:
Ի դէպ, ճիշդ հասկցուելու համար պէտք է տեղեկացնեմ, որ ինչպէս Ռազմիկ Դաւոյեանի եւ կամ Ռաֆայել Իշխանեանի բնակարանները, այնպէս ալ Աննա Պետրոսեանի մօտ ազգային կրթական եւ առհասարակ քաղաքական ու մշակութային հարցերու շուրջ «խոհրդակցական» հանդիպումներ կ’ունենայինք, ուր Նարինէի եւ իր քրոջ՝ Արմինէի կողքին ներկայ կ’ըլլային նաև Ռազմիկի տղան՝ Մհերն ու Իշխանեանի փոքր ուստրը՝ Վահանը, որոնք տարեկից ու «գաղափարակից» պատանի ընկերներ էին: Անոնք ոչ միայն առիթ ունէին շփուելու «մեր» հետ, այլեւ երբեմն կը սիրէին առանձնանալ հետս ու հարցումներ կ’ուղղէին ինծի, յատկապէս Հ. Յ. դաշնակցութեան բնոյթի, ինչպէս նաեւ՝ անցեալի ու ներկայի մասին:
Այդ օր Նարինէն իր սենեակը հրաւիրեց զիս ու տեղեկացուց, որ իրենք որոշած են «ռուսական դպրոց մը հրդեհել, սակայն գործելակերպի մասին վէճ ունին»: Երբ հարց տուի թէ «Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս», ան պատասխանեց.
— Դուք յաճախ խօսում էք ու պայքարում ռուսական դպրոցներ փակելու եւ դրա փոխարէն հայկական դպրոցներ բանալու մասին… նոյնիսկ Արցախում: Մենք որոշել ենք Պուշկինի անուան ռուսական դպրոցը հրկիզել, սակայն ես պայման եմ դնում, որ կամ աշակերտները դուրս հանենք եւ կամ ալ գիշերով գործենք..․:
-Լա’ւ, յետո՞յ:
-Մհերը դժուարութեամբ համաձայնուեց, սակայն Վահանը ասում է, որ «Գոգթէլ Մոլոթովը» հարկաւոր է նետել աշակերտների ներկայութեան, բայց նրանցից հեռու, առանց վնասելու որեւէ մէկին: Միայն վախեցնելու համար նրանց, որպէսզի միւսների համար էլ դաս լինի…:
-Ի՞նչ, «Գոգթէլ Մոլոթո՞վ», էդ ո՞րտեղից գիտես:
-Պօղոսն է սովորացրել…
— Ինչպէ՞ս թէ Պօղոսն է սովորացրել: Դա ի՞նչ է նշանակում:
-Այո, մենք հարցրել ենք, ինքն էլ բացատրել է մեզ, թէ ո՞նց են պատրաստում «Գոգթէլ Մոլոթով»ը:
-Նարինէ ջան, «աղուոր աղջիկ», մեր նպատակը ոչ ռուսական դպրոցները ոչնչացնելն է եւ ոչ ալ հայ աշակերտին ստիպել հայկական դպրոց յաճախել: Ընդհակառակը՝ մենք պայքարում ենք որպէսզի հայկական դպրոցների ուսուցման ու ռուսերէնի դասաւանդման մակարդակները լինեն այնքան բարձր ու որակեալ, որ հայ աշակերտը ինք կամովին ուզենայ յաճախել հայկական դպրոց ու ռուսականի կարիքը չզգացուի: Այսպիսով ինքնաբերաբար ռուսական դպրոցների մի մասը կը փակուի ու կը վերածուի հայկականի…
Նարինէն ճիշդ հասկցաւ զիս: Աւելի ուշ խօսեցայ նաեւ Մհերի ու յատկապէս Վահանի հետ ու անոնք եւս հրաժարեցան «Գոգթէլ Մոլոթով»ի ծրագրեն…:
Վահան ջան,
Այսպէս ծայրայեղ էիր դուն եւ մինչեւ վերջն ալ մնացիր ծայրայեղ ու անհաշտ կատարելապաշտ մը, որ չկրցաւ մերուիլ ոչ ազգային եւ ոչ ալ համամարդկային կեանքին…:
Կը յիշե՞ս չէ: Այն ատեն դուք երեքդ կը հաւատայիք «Ազատութիւն կամ մահ» եւ կամ «Միայն զէնքով կայ Հայոց փրկութիւն» կարգախօսներուն: Սակայն հետագային Նարինէի մայրը՝ Աննա Պէտրոսեանը, ձեզ կը սովորեցնէր «Մեռնելու փոխարէն հակաւոր է ապրիլ յանուն ազգի», որ թէեւ շատ աւելի դժուար է, սակայն շատ աւելի արդիւնաւէտ է, քան «ազգի համար մեռնիլը»: Իսկ ես կը բացատրէի, թէ պէտք է ըլլայ «Միայն ՈՒԺով կայ հայոց փրկութիւն», որովհետեւ մշակոյթը իր հերթին ինքնին պայքարի զէնք է ու երբեմն շատ աւելի ազդու ու շինիչ, քան աւերիչ իսկական զէնքերը… այնպէս, ինչպէս կը հաւատային ու կը «կրուէին» նաեւ արուեստագէտներ Փապլօ Փիքասսոն ու Խորէն Տէր Յարութեանը։
Այո’, իմ գաղափարակից ընկեր, անհաւատալի է, սակայն փաստօրէն դուն չկաս արդէն, չկայ նաեւ Մհերը, սակայն այս չի նշանակեր․ որ Հայը հայացնելու, մարդը մարդկայնացնելու, աւելի ճիշդը՝ Հայը մարդկայնացնելու պայքարը աւարտած ու կասեցուած է արդէն: Ոչ, բնաւ երբեք: Կայ Նարինէն ու բազում Նարինէներ, Մհերներ ու Վահաններ, որոնք կը շարունակեն Հայկ Նահապետով սկսած ազգային առաքելութիւնը, աւելի խելամիտ ու հաւասարակշռուած կերպով, առանց՝… ծայրայեղ կատարելապաշտութեան…:
Մովսէս Ծիրանի
No Comments