Երեւան, 1976, Աշուն
Սիրելի ընթերցող
Նոր ընդունուած էի Գեղարուեստաթատերական բարձրագոյն հիմնարկը իբրեւ արուեստաբանութեան դոկտորայի (Phd-ի) թեկնածու, երբ իմ լաւ ընկերներէն՝ «Երքաղնորոգնախագիծ» Բարձրագոյն հիմնարկի գլխաւոր ճարտարապետ Պետրոս Աբաջեանը այդ օր եկաւ եւ տեղեկացուց որ շաբաթ օր երեկոյան հրաւիրուած ենք Բագրատի մօտ, ուր անակնկալ մը կը սպասէր մեզի…:
Գացինք: Բացի Յարութիւն Թորոսեանէն, ներկայ էին նաև Բագրատի քոյրերէն Կիման, որ Թորոսեանի կինն էր եւ Էմման, որ նոյնպէս օժտուած գեղանկարչուհի էր: Թէեւ մինչ այդ Թորոսեանին անունը լսած էի, սակայն առաջին անգամն էր, որ անձամբ կը հանդիպէի անոր: Պարզուեցաւ, որ ուզած էր հետս ծանօթանալ պարզապէս որովհետեւ արուեստաբանութիւնը ընտրած էի իբրեւ կեանքի ասպարեզ: Առաջին հարցը եղաւ հետեւեալը.
-Ինչպէ՞ս և ինչո՞ւ որոշած ես արուեստաբան դառնալ:
Պատմեցի, թէ ինչպէս օր մը Գրականութեան տեսութեան ամպիոնի վարիչ՝ փրօֆ. Էդվարդ Ջրբաշեանը հրաւիրեց զիս իր գրասենեակը եւառաջարկեց, որ գրականագիտութեան փոխարէն «թէկնածուական»ս պաշտպանեմ կերպարուեստի գծով, նախ անոր համար որ իմ նախընտրած թեման՝ «Համաստեղը», մերժուած էր Գրականագիտութեան ամպիոնին կողմէ (հասկնալի պատճառներով) եւ երկրորդ՝ ԳԱԱ Արուեստի բարձրագոյն հիմնարկէն ներս առաջարկութիւն եղած էր արուեստաբաններ պատրաստել նաեւ Սփիւռքի համար: Եւ որովհետեւ Ջրբաշեանը գիտէր թէ ես կերպարուեստի հակումներ ունիմ ու երբեմն կը նկարեմ նաև, խօսած էր իմ մասին: Այն ատէն թէեւ առանց տատամսելու ընդունեցի անոր առաջարկ-թելադրանքը, սակայն տակաւին որոշ կասկած մը կար մտքիս մէջ, թէ արդեօ՞ք ճիշդ կ’ընեմ: Յարութիւն Թորոսեանի անմիջական քաջալերանքը այդ կասկածը փարատեց իմ մէջ ու այդ օրէն, կեանքիս ընթացքը սկսաւ փոխուիլ: Անխանդավառութեամբ ընդունելէ ետք որոշումս աւելցուց.
-Հայաստանի մէջ արուեստաբաններ ունինք, որոնք բաւական շօշափելի ճանապարհ կտրած են արդէն, իսկ Սփիւռքի մէջ գրեթէ չունինք, այնպէս որ դուն շատ ընելիք ունիս: Սփիւռքի կերպարուեստի պատմութիւնը տակաւին չէ գրուած: Պատրաստ եմ օգտակար ըլլալ քեզի… յատկապէս լիբանանահայ ու ֆրանսահայ արուստագէտներու պարագային, որոնք թէ քանակով պատկառելի թիւ մը կը կազմեն եւ թէ որակով բարձր են ու մրցունակ…:
Իմ արուեստասէր ընթերցող
Նոյն օրն իսկ, ահագին տեղեկութիւններ ստացայ իրմէ հայ արուեստագէտներու մասին, որոնցմէ ոմանց անունները նոր կը լսէի: Հակառակ անոր, որ Ջրբաշեանը բացատրած էր ինծի արուեստաբանութեան կարեւոր դերը, Թորոսեանի խօսքերը առաւել եւս խանդավառեցին ու սրտապնդեցին զիս: Ընթացքին հարազատութիւն մը զգացի իր հետ, այնպէս ինչպէս պատահած էր Բագրատի եւ Պէտրոսի պարագային, որոնց մասին նոյնպէս թուղթին յանձնելիք կարեւոր յուշեր ունիմ… : Եւ այսպէս, առաջին հանդիպմանն իսկ, երբ տակաւին ոչ իր արուեստին ծանօթ էի եւ ոչ ալ իր կենսագրութեան, իմ վրաս ձգեց արուեստի նուիրեալի մը տպաւորութիւնը: Եւ մենք դարձանք ընկերներ, իսկ հետագային կրնամ ըսել նոյնի’սկ գործընկերներ… ի մասնաւորի հնագիտութեան բնագաւառէն ներս:
Այնճար, 1983, Գարուն
Թուականը յստակ չեմ յիշեր, սակայն որովհետեւ գիւղը լեցուն էր Հայ գաղթականներով, ենթադրաբար պէտք է որ 1982-ի իսրայէլեան յարձակումներէն ետք ըլլար: Գարնանային ջերմ ու հաճելի օր մըն էր, եւ ըստ այնճարցիներու աւանդութեան, նմանօրինակ օրերուն «Կրկուտակ» (Թապուլէի մուսալեռցիներու տարբերակը) կը պատրաստէին, կազդուրիչ արեւու տակ ըմբոշխնելու համար…: Այդ օր մեր տնամերձ պարտէզին մէջ, մօրս շուրջ հաւաքուած էին նաեւ կարգ մը դրացիներ եւ հիւրեր:
Մենք՝ եղբօրս և քանի մը ընկերներու հետ առանձին նստած էինք պարտէզին հարաւային անկիւնը, երբ Թորոսեանը ետեւի դուռէն ներս մտաւ պարտեզ պարմանուհիի մը՝ Շողիկի ընկերակցութեամբ: Պարզուեցաւ, որ իր մեծ քրոջ աղջիկն է, որոնք այլ գաղթականներու նման ընտանեօք ապաստանած էին գիւղ: Ան լսած էր, որ այդ օրերուն ես հնահաւաքութեամբ կը զբաղիմ եւ եկած էր թէ իմ հավաքածոն տեսնելու (որ այն ատեն տակաւին համեստ էր թէ որակով եւ թէ քանակով) եւ թէ իր հերթին որոշ նմոյշներ ձեռք բերելու ակնկալութեամբ: Այդ օր մեծ ուրախութիւն պարգեւեց ինծի Յարութը: Ի զարմանս ինծի իմ հին դրամներու հաւաքածոյին մէջ յայտնաբերեց երկու կարեւոր արժէքներ: Առաջինը պղինձէ փոքրիկ դրամ մըն էր, որուն վրայ կարդաց «Վասիլէօ Տիգրանոս» ու բացատրեց, որ «Արքայ Տիգրան» կը նշանակէ եւ որովհետեւ «Արքայից»ը կը բացակայէր, Մեծն Տիգրանի գահակալութեան առաջին տարիներուն պէտք է որ հատուած ըլլար: Իսկ երկրորդը՝ որ շատ աւելի զարմանալի եւ նորութիւն էր ինծի համար. բաւականին լաւ պահպանուած մետաղեայ դրամի մը վրայ արաբերէնով գրուած էր. «Սալահէտտին Էյեուպի, Շահ ալ Արման», որ ըստ իրեն այս մակագրութեամբ Սալահէտտինը ինքզինք կը համարէր նաեւ «Արմէններու» շահը: Իսկ իր ունեցած տեղեկութիւններուն համաձայն, Սալահէտտինին հայրը քիւրտ էր եւ այդ պատճառով ալ ճանչցուած էր իբրեւ քիւրտ, բայց մայրը հայ էր, Դուին քաղաքէն:
Որովհետեւ պատերազմը կ’երկարէր, ինք երկար ատեն մնաց գիւղ եւ մենք առիթ ունեցանք միասին հարեւան գիւղերը այցելելու, հնութիւններ հաւաքելու եւ միաժամանակ իրարմէ… սորուելու: Թորոսեանը ստացած էր ֆրանսական կրթութիւն, այդ պատճառով ալ ծարաւը ունէր հայ մշակոյթի մասին առաւելագոյնը իմանալու…: Երբ հնագիտական նմոյշ մը ձեռք անցընէինք, ան անվերապահօրէն ամէն ինչ կը բացատրէր եւ երբեմն նաեւ կը վերծանէր, որոնք ապագայի առումով շատ օգտակար եղան ինծի: Իսկ երբ համեմատական խաղաղութիւն տիրեց Լիբանանի տարածքին, եւ քաղաք իջանք, ան ծանօթացուց զիս փրոֆ. Էպէեանին, որու գլխաւորութեամբ կազմուած հնագէտներու խմբակին մաս կազմեցի, եւ մենք բոլորս հնագիտութեան առումով շատ բան սորվեցանք իրարմէ եւ յատկապէս՝ Էպէեանէն: Յարութի հնագիտական հետաքրքրութիւնը առաւելաբար կեդրոնացած էր դրամագիտութեան վրայ, որուն պսակը հանդիսացաւ տարիներ առաջ, Բագօ Սահակեանի նախագահութեան օրերուն, իր մետաղեայ հին դրամներու հաւաքածոյի իշխանական նուէրը Արցախի Պատմական թանգարանին: Վերջերս, փորձեցի մօտէն հետաքրքրուիլ Յարութի նուիրած հին դրամներու ճակատագրով: Հաւաստի աղբիւրներէ տեղեկացայ, որ Շուշիի թանգարաններու մէջ պահ տրուած հնութիւններէն քիչեր (ինչպէս Գորգարուեստը) միայն փրկուած են, սակայն Ստեփանակերտի թանգարաններու արժեքաւոր ցուցանմուշները տեղափոխուած են Երեւան: Յուսանք որ Թորոսեանի մետաղադրամներու հաւաքածոն եւս փոխադրուած ու պահ տրուած ըլլայ Երեւան… ապահով վայր մը:
Զալքա, 2001, Յունիս, Noah’s Ark ցուցասրահ
Իմ արուեստասէր ընթերցող
1996-ի մեր ցուցասրահի բացման օրէն իսկ խոստացած էինք, որ Noah’s Ark-ը պիտի չըլլայ լոկ արուեստի վաճառատուն: Որովհետեւ արուեստի վաճառքը առաքելութիւն է… առեւտուր ըլլալէ առաջ, ցուցասրահն ալ պէտք է որ ըլլայ արուեստի տաճար… վաճառատուն ըլլալէ առաջ: Մեկնելով այս սկզբունքէն, ուսուցողական եւ բարեսիրական այլ ձեռնարկներու զուգահեռ, խրախուսելու համար նորեկներն ու սկսնակները, Noah’s Ark-ը որդեգրուած էր նաեւ ամենամեայ երիտասարդական խմբային ցուցահանդէսի մը կազմակերպումը:
Այդ տարուայ երիտասարդական խմբային ցուցահանդեսի բացումէն քանի մը օր ետք այցելութեան եկան քանդակագործ՝ Զաւէն Խտըշեանը, բեմադրիչ՝ Պէրճ Ֆազլեանն ու տիկինը՝ գեղանկարիչ՝ Սիրվարդը, որոնք իբրեւ երէց արուեստագէտներ նոյնպէս հետաքրքրուած էին երիտասարդներով ու հակամէտ էին նորեկները քաջալերելու…: Զրոյցը կ’ընթանար քանի մը օժտուած սկսնակներու շուրջ, որոնց մէջ էր նաեւ Թորոսեանի փոքր քրոջ՝ Կիւլէնի դուստրը՝ Մարալը: Երբ Զաւէնը առիթէն օգտուելով սկսաւ գովել Մարալի մօրը, իր արժանաւոր աշակերտներէն ՝ Կիւլէնին, յանկարծ Յարութը ներս մտաւ: Առաջինը Սիրվարդը եղաւ որ շնորհաւորեց նաեւ Յարութին, այն ենթադրութեամբ, որ ինք մղած ըլլալու էր իր քրոջն ու աղջկան դէպի արուեստ: Յարութը ոչ միայն չհերքեց Սիրվարդի կարծիքը, այլեւ տեղեկացուց նաեւ որ իր կինը՝ Կիման եւս վարպէտ դիմանկարիչ է, տղան՝ Ստեփանը նոյնպէս օժտուած է գծելու բացառիկ ձիրքով, իսկ Կիւլէնի ամուսինը եւս սկսած է երփնագրել… հետեւելով իր խորհուրդներուն: Իր համոզումը այն էր, որ Թորոսեանները ստեղծագործողներու գերդաստան են, որուն համար հպարտ էր: Տրուած ըլլալով որ իր տուած տեղեկութիւնները նորութիւն էին, մենք շնորհաւորեցինք զինք ու յաջողութիւն մաղթեցինք բոլոր Թորոսեաններուն: Իսկ ինք շարունակեց.
-Ցուհանդէսի բացմանը ես ներկայ էի, սակայն այսօր եկած եմ յատուկ շնորհաւորելու եւ շնորհակալութիւն յայտնելու Մովսէսին ու իր ընտանիքին, անոր համար որ ամէն տարի նմանօրինակ խմբային ցուցահանդէսներ կը կազմակերպեն:
Մինչեւ որ ես խօսիմ Պէրճը միջամտեց.
-Յարութ շնորհաւորելը հասկցանք, «շնորհակալութիւնը» ո՞րն է:
Ես աւելցուցի.
-Յարութ ջան, Պերճը ճիշդ կ’ըսէ: Նախ ցուցահանդէսը բոլորի համար է, երկրորդ մենք Մարալին ընդունած ենք, ոչ թէ որովհետեւ քրոջդ աղջիկն է, այլ որովհետեւ իսկապէս օժտուած է եւ շարունակելու պարագային լաւ ապագայ կը խոստանայ:
Յարութը չյանձնուեցաւ ու բացատրեց.
-Հակառակ անոր, որ մեր սերունդէն շատեր եւրոպական կրթութիւն ստացան ու վերադարձան Լիբանան (Զաւէնը կրնայ վկայել), գաղութին կողմէ գրեթէ չքաջալերուեցանք: Նախ կը տիրէր այն կարծիքը, որ «արուեստը հաց չի կերցներ», երկրորդ մաստնագէտ արուեստաբան չունէինք: Լիբանանցին շատ աւելի առաջ ճանչցաւ ու գնահատեց մեր արուեստը, քան մեր գաղութը: Մենք բոլորս պէտք որ քաջալերենք մեր երիտասարդ բոլոր տեսակի արուստագէտները, որովհետեւ «Մեր Հայրենիքը մեր մշակոյթն է»: Մովսէսը Այնճարէն կուգայ: Այդ փոքրիկ գիւղէն ելած են Ժան Գազանճեանի, Յարութիւն Պզտիկեանի եւ կամ Գեղամ Թազեանի նման կայացած նկարիչներ: Այսօր եւս կան սկսնակներ, ինչպէս քոյր եւ եղբայր Մարալ եւ Ժիրայր Փանոսեանները, Աղասին, Գր. Սգայանը եւ ուրիշներ: Պէյրութի մէջ շատ աւելին ունինք անշուշտ, որոնց արուեստը գնահատող գրեթէ չկայ: «Noah’s Ark»ը կենսական բաց մը կը գոցէ…:
Յարութը միան խօսող չէր, ան իսկապէս ոչ միայն խօսքով կը խրախուսէր ու շինիչ խորհուրդներ կուտար նորեկներուն, այլեւ երբեմն յօդուածներ եւս կը գրէր անոնց մասին: Ու ամենակարեւորը ուսուցչութիւնը կ’ընդունէր իբրեւ կոչում ու ազգային պարտականութիւն: Իր ակադեմիական կրթութենէն ու երկարատեւ փորձառութենէն ամբարած գիտելիքները, անմնացորդ կերպով կը բաշխէր աշակերտներուն ու նաեւ իր շրջապատի արուեստասէրներուն: Այսպէս էր Յարութը: Ան ստեղծագործ արուեստագէտ ըլլալու կողքին է՛ր նաեւ արուեստի նուիրեալ, եւ բնաւ պատահական չէր, որ ան բացի արուեստաբանական յօդուածներէն, կը զբաղէր նաեւ գրականութեամբ ու հնահաւաքութեամբ:
Մովսէս Ծիրանի
Երեւան, 2022, Մարտ
No Comments