bodrum escort bayangaziantep escortgaziantep escortmaltepe escortbostancı escortanadolu yakası escortizmir escortankara escortataşehir escortjeux de pouletMebbismatbetholiganbettipobettrendyol indirim kodutipobetCasibomvevobahisslot siteleri https://en-iyi-10-slot-siteleri.comstarzbet adamsah.netbetmatik
ԳրաԴաշտ Մովսէս Ծիրանի

…Ուղղելու Ծուռը…

12.11.2021

Այն ինչ որ այսօր թուղթին պիտի յանձնեմ, ոեւէ մեկուն չեմ պատմած, որովհետեւ եղածը պատանիներու  յատուկ, շատ անձնական «որոշում» մըն էր… : Սակայն ի նկատի առած մեր ազգի ու առհասարակ մարդկութեան ոգեղէն արժէքներու հետեւողական նսեմացումն ու նաեւ անոր անտեսումն ու նոյնիսկ կորուստը, կը կարծեմ թէ, ճի’շդ ժամանակն է այն պատմելու, ցոյց տալու համար թէ ինչպէ՞ս և ինչո’ւ իմ սերունդը ջրդեղուած էր ազգային ու մարդկային ոգեղէն արժէքներով ու հետամուտ էր այն պահել ու պաշտպանել ամէն գնով… :

Սիրելի ընթերցող՝ անձնապէս կը ճանչնայի Եդուարդ Պոյաճեանը, նախ իբրեւ գրող եւ ապա իբրեւ հօրս՝ Որսորդ Սդդանին ընկերը: Անոնք նոյն տարին, 1915-ին ծնած էին Մուսա Լերան նոյն գիւղը՝ Խտըրպէկ ու դեռեւս նորածին միասին բարձրացած էին լեռ ու անցած՝ արտագաղթի նոյն Ճանապարհներէն, ի վերջոյ հանգրուանելու համար Այնճար:

Իր Հայրը «Պույաճէն»՝ Մարտիրոս Պոյաճեանը Գիւղի երեւելի ղեկավարներէն էր, յարգուած ու մեծարուած անձնաւորութիւն մը, որուն կարծիքը կշիռ ունէր հանրութեան մօտ: Երեխաները՝ Հրայրն ու Սիլվան մանկապատանեկան ընկերներս էին: Իսկ տիկինը՝ Արաքսին յաճախ առիթ կ’ունենար այցելելու մօրս, որովհետեւ իր քոյրը Տք. Ալթունեանի կողակիցը՝ տիկին Շուշանը մեր հարեւանուհին էր: Սակայն այս բոլորին մէջ ամենակարեւորը այն էր, որ Պոյաճեանը երբ քաղաքէն գիւղ գար, պարբերաբար կ’այցելէր նաեւհօրս: Ես երբեմն հաճոյքով ներկայ կ’ըլլայի անոնց  զրոյցներուն, որոնք աւելի անցեալին կը պատկանէին քան՝ ներկային:

Հակառակ անոր որ այն օրերուն, երբ տակաւին Պոյաճեանը չէր գնահատուած ու մեծարուածիբրեւ կայացած գրող, հայրս շատ մեծ կարծիք ու յարգանք կը տածէր անոր հանդէպ, ու… չէր սխալած: Եւ հակառակ անոր որ յետագային, (յատկապէս Հայաստանի անկախացումէն ետք) շնորհիւ Հայրենի Մուսա Լերան Հայրենակցական Միութեան երէց սերունդի մտաւորականներուն,Պոյաճեան սկսաւ հրատարակուիլ ու գնահատուիլ նաեւ Հայրենիքի մէջ (նոյնիսկ Երևանի միջնակարգ դպրոցներէն մէկը մկրտուած է իր անունով), այնուամենայնիւ տակաւին ան իր արժանաւոր պատուանդանը չէ գտած Հայ գրականութեան ոսկէ ֆոնտէն ներս:

…………………….

Հայրենի Հողի կարօտէն տաղուած ու ծննդավայրի յիշատակներով ջրդեղուած այս տաղանդաշատ լեռնցին, հաճոյքով կը լսէր հօրսպատմածները, որոնք մեծամասամբ վերարտադրութիւններն էին անցեալի մէջ անթեղուած ոգեղէն արձագանքներու: Պոյաճեանը, այլոց շարքին գրեց ու դրսեւորեց նաեւհօրս կերպարը, իբրեւ «Այնճարի ՄէկՏղան»՝ Սեդրակը, որուն համար հպարտ էր հայրս, որի տարբերութիւն իր եղբայներունդպրոց չէր տեսած: Գրել կարդալ չէր գիտեր, բայց երբեմն,  ընթերցել կուտար մեզի հատուածներ Պոյաճեանի գիրքերէն: Ինչպէս. «Հողը», «Թուղթ Զաւակներուս», «Տոմար Տարագրի», «Պայքարողներ, Պայքարողներ Դուք Գազազած» եւայլն…:

Մենք՝ Այնճարի պատանիներս հայ գիւղագիրներէն (Համաստեղ, Բակունց, Օշական…) ամենէն շատ կը սիրէինք ընթերցելՊոյաճեանը իբրեւ մեր հայրենակիցը, որուն համար մենք եւս հպարտ էինք… : Իր վաղաժամ մահէն ետք ան աւելի մեծցաւ մեր աչքին ու աւելի սկսանք հասկնալ ու ըմբռնել իր գրականութիւնը. այնքան որ երբ կը կարդայի «Թուղթ Զաւակներուս»ը, կը կածէի թէ հայրս յատուկ ինծի համար գրած է զայն: Իսկ իր բանաստեղծութիւններէն ոմանք, յատկապէս «Գինով Ալեքսանը» գոց սորված էինք ու կ’արտասան էինք մեր հաւաքոյթներու եւ կամ խնճոյքներու ընթացքին: Ահաւասիկ թէ ինչո’ւ, պատահական չէր որ հայրենիք մեկնելես առաջ որոշեցի այցի երթալ իր աճիւններուն:

1971, Սեպտեմբեր, Այնճար:

Ամէն ինչ որոշուած էր ու իմ մեկնումս մօտեցած: Պարոյր Սեւակի մահուան «խորհրդաւոր» գոյժըցաւ ու տագնապյարուցեց մեր՝ պատանիներուս մէջ: Հոգեպէս հանգիստ չէի… : Պէտք ունէի արտայայտուելու ու ամրապնդելու կուսակցական երդումս, որ տեղի ունեցաւ «Բաբգէն Սիւնի» ակումբի ամենափոքր սենեակին մէջ, Կարօ Սասունիի կնքահայրութեամբ ու ներկայութեամբ՝ միայն երկու պատասխանատու ընկերներու՝ Խաչիկ Պագալեանի և կրտսեր Սարգիս Զէյթլեանի… :

Այդ օրերուն մեր սերունդի տղոցմէ խումբ մը, զոր գիւղի «չարերը» կը համարուէինք, կ’ատէինք եկեղեցին ու յատկապէս Տէր Նարեկը, որ հայրենասիրութիւնը կը շփոթէր կրօնամոլութեան հետ, իսկ ինքզինք՝…բռնակալի: Ան անընդհատ աղօթել կուտար մեզի, որմէ ուղղակի զզուած էինք… : Իր մանկավարժական սխալ վարուելակերպին հետեւանքով, ընկերներես շատեր դպրոցը լքեցին: Գտած էինք իր թոյլ կողմը. շատ կը զայրանար երբ իրմէ կը խնդրէինք որ աղօթքները, (որոնք գրաբար էին) թարգմանէ ու բացատրէմեզի… : Իր տգիտութիւնը քողարկելու համար անգթօրէն կը ծեծէր մեզ, նոյնի’սկ մարմնական վնասներ պատճառելով աշակերտներուն: Այս պատճառով մենք աւելիակումբներուն կապուած էինք քան՝ դպրոցին ու եկեղեցիին: Թէեւ ժամանակի ընթացքին սկսանք հետաքրքրուիլ նաև «հիփիական» եւ ընկերային այլ շարժումներով, սակայն միաժամանակ տոգորուեցանք համամարդկային ու ազգային գաղափարներով, որոնցմով պայմանաւորուած էր նաեւ մեր ազգային ինքնութիւնը: Կէս լուջ կէս կատակով «Եապանճի»-ներուն (Պէյրութահայերուն) կ’ըսէինք. «Մենք տակաւին Մուսա Լեռցի ենք, երբ ձուլուինք՝ նոր Հայ պիտի ըլլանք»: Այդպէս դաստիարակուած էինք…:

Տիրող այս մթնոլորտին մէջ, ներքին ձայն մը անընդհատ կը յուշէր ինծի, եկեղեցիի փոխարէն պէտք որ երթամ Պոյաճեանի գերեզմանին, աղօթեմ, աւելի ճիշդը, զրուցեմ հետը ու խօսք տամ որ ես կը մնամ այն ինչ որ եմ ու լի ու լիկը կատարեմ իմ ազգային պարտաւորութիններս հայրենիքէն ներս… : Պատճառը այս ընտրութեան անոր Գլխագիր Մարդու ու ջինջ հայրենասէրի կերպարն էր որ տարերայնօրէն կազմաւորուած էր մէջս… : Ան ոեւէ մէկը չէր: Բացի իր լեռնցիի առհաւական պինդ նկարագրէն նկատի առէք նաեւոր ան իր ուսումը ստացած էր Պէյրութի Նշամ Փալանճեան ճեմարանէն ներս, ուր աշակերտած էր Լեւոն Շանթի եւ կամ Նիկոլ Աղբալեանի նման ականաւոր դէմքերու:

……

Սիրելի ընթերցող: Բացայայտ է, որ մեր սերունդը յետագային ապացուցեց որ տէրն է ազգային ու համամարդկային ոգեղէն արժէքներու գնահատման ու պաշտպանութեան…:

Իսկ այսօրերու՞ն…

Այն ինչ որ տեղի ունեցաւ…, տեսանք: Հարկադրաբար  կը շարունակենք տեսնել, թէ ինչպէս մեր ազգային՝ ու յատկապէս համամարդկային ոգեղէն արժէքները, դաժանօրէնկը շարունակեն ոտնահարուիլ ու բռնբարուիլ…՝ մարդկային խղճի ու համամարդկային «հովանաւորութեան» ներքոյ…

Բոլոր պարագաներուն սակայն,…  ոգեղէն արժէքները գնահատողներն ու անոնց համարիրենց կեանքը զոհաբող  երիտասարդները չեն պակսած պատմութեան ընթացքին, այսօր ալ չեն պակսիր…վկայ՝ մօտիկ անցեալի դէպքերն ու բամահազար զոհերը… :

………………

Յաջորդ օրը ծնողներս Զահլէ պիտի մեկնէին: Առիթէն օգտուելով որոշեցի առանձինս որսի երթալ:

Արեւածագէն առաջ արթնցայ, որսորդական յարմարանքներու հետ առի նաեւ սկաուտական դաշոյնս, ու երբ անոր բարցին տակէն հօրս ատրճակը պիտի վերցնէի, ան արթնցաւ ու ըսաւ.«Որսորդը դաշոյնի պէտք ունի ոչ թէ ատրճանակի»: Ես ցոյց տուի թէ կը համակերպիմ, սակայն երբ ան անկողնէն իջաւ եւ ուղղուցաւ դէպի բաղնիք,  ատրճանակը առի ու դուրս ելայ… : Օդը մեղմ էր ու թեթեւզեփիւռ մը կը փչէր: Կը քալէի առանձինն, մտամոլոր… կ’աճապարէիու չեմ գիտէր ինչո’ւ կ’ուզէի հասնիլ արեւածագէն առաջ… :

Արդէն գերեզմանատունն եմ: Չորս կողմս նայեցայ ամայութիւն էր…: Մօտեցայ Պոյաճեանի Դամբանին: Աւետարանի փոխարէն պայուսակէս հանեցի «Թուղթ Զաւակներուս» հատորեակը ու դաշոյնի ու ատրճանակի կողքին դրի շիրմաքարին, ճի’շդ այնպէս ինչպէս դրուած էին երդման արարողութեան ատեն… : Փոխանակ աղօթելու, երդում ընելու և կամ զրուցելու Պոյաճեանի հետ, բնազդաբար սկսայ արտասանել անոր «Գինով Ալեքսան» բանաստեղծութիւնը … բարձրաձայն… : Երբ հասայ հոն ուր կ’ըսուի.

 «Ինկած է ափին սրտագոյն ջուրին’
Եւ կ’ուղղէ խօսքեր զինք այրող հուրին,
Ու կ’ըսէ… կ’ըսէ.
Խմել այս Ջուրը,
Մեծ ճշմարտութեան մեծագոյն հուրը,

……………………..

Խմել այս Ջուրը,
Ու կեանքին դիմացմիշտ քաշել Սուրը,Ուղղելու ծուռը….»

Ու տարերայնօրէն Մուսալերան առասպելական Սօսիի խորոջներէն Պոյաճեանի ձայնը (ոգեղինացած արձագանքի նման) սկսաւ հնչել ականչիս…ՈՒՂՂԵԼՈՒ ԾՈՒ’ՌԸ…ՈՒՂՂԵԼՈ՜՜Ւ ԾՈՒՌԸ…ՈՒՂՂԵԼՈՒ ԾՈՒ՜՜՜՜ՌԸ… :

Լռեցի…. Անդրադարձայ որ Պոյաճեան իր գրականութեամբ թուրը քաշած կեանքին դիմաց կը պայքարի… ՈՒՂՂԵԼՈՒ ԾՈՒՌԸ:

Ես հասկցայ որ հայրենիք կ’երթայի պարզապէս ՈՒՂՂԵԼՈՒ ԾՈՒՐԸ…

Արեւու առաջին ճառագայթները սկսան «համբուրել» Պոյաճեանի նուիրագործուած դամբանաքարը: Մինչ շուարած կը համենայի Պոյաճեանի շիրիմին դիմաց…,  յանկարծ հօրս հաւատարիմ շունը՝ Joli-ին դիմացս տնկուեցաւ ու պոչը շարժելով, սկսաւ վրաս հաջել: Հաւանաբար ըսել կ’ուզէր «Ի՞նչ կ’ընես հոս… առանձինն…»:

Ետ դարձայ…իմ հաւատարիմ ընթերցող, հայրս էր…գերեզմանոցի դրան առջեւ, հրացանը ուսին… կազմ ու պատրաստ… կը սպասէր…

ՈՒՂՂԵԼՈՒ ԾՈՒՌԸ…

Խանգարուեցայ… : Հակառակ անոր որ հնարաւոր չէր բանաստեղծութիւնը աւարտել, այնուամենայնիւ վերջաբանը կրկնեցի միտքէս եւ ապա դիմեցի դէպի հայրս…

Այսօր աւելի լաւ կը հասկնամ ու կ’ըմբռնեմ սոյն բանաստեղծութեան վերջին  տողերը.

Տարագրութեան գոյժն էր հասեր.
Յաջորդ գիշեր՝
Փիլիսոփայմարդն ու օղին,
Դրին ծոցը Հայրենական մաքուր հողին:
Սօսին Հայուն, հսկա՜յ, անգին,
Լացաւ Լաց մը, հի՜ն,շատ հին…

Հայրենական Մաքուր Հողն ու Խտըրպէկի Սօսին հոն են տակաւին… ու կը սպասեն… ՈՒՂՂԵԼՈՒ ԾՈՒՌԸ…

Մովսէս Ծիրանի
Երեւան, 2021, hոկտեմբեր

No Comments

Leave a Reply