maltepe escortbostancı escortanadolu yakası escortankara escortataşehir escortjeux de pouletMebbisbetmatikistanbul escort bayancasibom girişescort bayan ankaragrandpashabetgrandpashabetJojobet JojobetJojobet girişgaziantep escortgaziantep escorthacklinkcasibomjojobetjojobet girişgrandpashabet girisgrandpashabetgrandpashabetmarsbahisgüvenilir bahis siteleriasyabahis girişjojobet girişsahabetcasibom girişmatbetbetpark girişonwinmatbet girişholiganbet girişjojobetcasibomcasibomdumanbetcasibomcasibomcasibomcasibombahsegelpiabellacasinobahsegelcasibomdeneme bonusujojobet günceljojobetextrabet giriş216casibomimajbetmeritkingmeritkingjojobetjojobet girişmeritkingjojobetcasibommarsbahismarsbahis girişjojobetgrandpashabet girişcasibomOnwinMaltepe otelkartal otelataşehir otelKadıköy günlük kiralık daireÜsküdar otelleriağva günlük kiralık daireMaltepe günlük kiralık dairependik günlük kiralık daireağva otelleripusulabetcasibomjojobet girişjojobetjojobetelitcasinodeneme bonusu veren sitelercasibomcasibomcasibomcasibomjojobetjojobet girişmilanobetcasibom girişmaltepe anal escortklasbahisseocasibommarsbahis girişcasibomcasibomcasibommarsbahismarsbahiscasibomcasibomcasibomcasibomcasibomcasibommarsbahiscasibomholiganbetcasibomcasibombahsegeljojobetjojobetonwincasibomsahabetbetpark girişdumanbetbetparkholiganbetmeritkingsahabetmatbetholiganbetholiganbetjojobet güncel
Մովսէս Ծիրանի

Վեհանոյշ Թեքեան. Ի վերուստ Անիծուածը՝ Պատնէշի վրայ

13.04.2023

Երեւան, 1975, Մայիս

Այդ օրերուն Օփերայի մօտ, Շարա Տալեանի բնակարանը կ’ապրէի… վարձով: Այրիացած տիկ. Ժասմենան ներսէն կանչեց.

-Արի, Մովսէս ջան, էլի էդ «նակլի» մարդն է զանգում:

Այդ «նակլի» մարդը Հրանդ Մաթեւոսեանն էր:

-Ասա, Հրանդ ջան, լսում եմ:

-Վեր կաց արի, քեզ համար լաւ անակնկալ կայ:

-Հենց հիմի՞, ժամը ութը անց է արդէն:

-Այո, հենց հիմի:

-Լաւ, Հրանդ ջան, բայց կարող է մի քիչ ուշանամ, ընկեր-ընկերուհիներ կան մօտս, ճանապարհեմ… կը գամ: 

-Մի ուշացի, որովհետեւ այստեղ Պէյրութից մի տաղանդաւոր գեղեցկուհի է քեզ սպասում:

-Ո՞վ է, ես ճանաչու՞մ եմ…

— Յայտնութիւն է…, արի կ’իմանաս…

Նման պարագաներու Հրանդը կատակելու սովորութիւն չունէր: Ընդհակառակը՝թէ ժլատ էր եւ թէ զուսպ իր արտայայտութիւններուն մէջ: Զգացի, որ այդ պահուն Հրանդը խանդավառուած է «գեղեցկուհի»ով եւ անմիջապէս գացի: Վեհանոյշ Թեքեանն էր, անձամբ չէի ճանչնար, սակայն իր քանի մը բանաստեղծութիւնները կարդացած էի ու տպաւորուած:  Պարզուեցաւ, որ ծանօթ էր եղբօրս՝ Պէտիկին (Պետրոս Հերեանին) եւ անոր գրականութեան: Հազիւ սկսանք զրոյցը, ժամանեց նաեւ գրականագիտութեան դոկտ. Սուրէն Աղաբաբեանը տիկնոջ հետ: Հակառակ անոր, որ Հրանդը բարձր գնահատականով ու լաւ կերպով ներկայացուց Վեհանոյշին, Աղաբաբեանի ներկայութիւնն ու անոր չոր կեցուածքը, որոշ պաշտօնականութիւն մը կը հաղորդէին մեր  զրոյցին, որուն թեման բնականաբար գրականութիւնն էր, իսկ առանցքը՝ Վեհանոյշը: Համենայն դէպս, Հրանդի բարձր տրամադրութիւնն ու տիկնոջ՝ Վերժինէի սրտբաց վերաբերմունքը, որոշ չափով ջերմացուցին մթնոլորտը եւ վերջաւորութեան ես համարձակութիւն ունեցայ Վեհանոյշին ըսելու.














Վեհանուշ Թեքեան

-Եթէ որեւէ բանի պէտք ունենաս, խնդրեմ հեռաձայնէ եւ ես պատրաստ եմ օգնելու։

-Բարեբախտաբար օգնողներ շատ ունիմ, սակայն անհրաժեշտութեան պարագային կը հեռաձայնեմ…

Շաբաթ մը ետք Ռազմիկ Դաւոյեանը կանխելով Վեհանոյշին, զանգեց.

-Մովսէս ջան, վաղը երեկոյեան գործ ունե՞ս:

-Ունեմ, թատրոն եմ գնալու:

-Մի գնա, էստեղ արի, աւելի լաւ թատրոն է լինելու:

— Ի՞նչ կայ, ասա, Ռազմիկ ջան, արժի՞ որ գամ, ուրիշ ո՞վքեր են լինելու:

-Մերոնք են, օտար մարդ չկայ, Վեհանոյշն է գալու, դուք արդէն ծանօթացել էք Հրանդի մօտ:

Ես կատակով ըսի.

-Որ այդպէս է, անպայման կը գամ, բայց ոչ թէ քո, այլ Վեհանոյշի «խաթեր»:

Ռազմիկը իրեն յատուկ «լկտի» առոգանութեամբ ըսաւ.

-Արի, յետոյ կիմանաս ո՞վ, ու՞մ «խաթեր» համար է գալիս…

Յաջորդ օրը գացի, հոն էին նաեւ Մ. Գուշաքճեանը եւ Յակոբ Յակոբեանը տիկնոջ՝ Մարիին եւ դստեր՝ Նորային հետ: Շնորհիւ Ռազմիկի յախուռն ու սրամիտ բնաւորութեան եւ տիկնոջը՝ Յասմիկի ասպնջական ընդունելութեան, երեկոն մտերմիկ ու զուարթ մթնոլորտի մէջ անցաւ:











Ռազմիկ Դաւոյեանի կողակիցը՝ Յասմիկ, ոստրը եւ Վ.Թեքեան

Պէյրութ, 1978, Ամառ

Շատ լաւ կը յիշեմ, Վեհանոյշենց բնակարանը «Զալքա» թաղամասի «Լը Լա Լէ» վաճառատան վրան էր: Յատուկ առիթով մը Վեհանոյշը հրաւիրած էր նաեւ զիս: Հակառակ անոր, որ Պօղոս Սնապեանը խորհուրդ չտուաւ որ երթամ… բայց ես գացի եւ ճիշդ ըրի: Ընդունելութիւնը փառաւոր էր: Այդ օրերուն դիւրին չէր այդքան մարդ հաւաքել եւ այն ալ բոլոր քաղաքական հոսանքներէն, յարանուանութիւններէն  յայտնի դէմքեր: Շատ չանցած հաւաքոյթը կիսապաշտօնական բնոյթ ստացաւ…: Երբ ներկաներուն տրամադրութիւնները բարձրացան ու խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ, եղան բաժակաճառեր, արտասանութիւններ եւ նաեւ երգեր: Վեհանոյշը, զսպուած յուզումով յանդուգն «ճառ» մը արտասանեց, աւելի ճիշդը ինքնաբուխ ու «ցաւատանջ» պոռթկում մը ունեցաւ, շեշտը դնելով Սփիւռքի ճգնաժամային խիստ կացութեան ու մեր ազգային անմիաբանութեան մտահոգիչ հարցի վրայ: Իրաւութեամբ համակուած անոր խօսքը, ուղղակիօրէն մեր սերունդի սրտէն կը բխէր, եւ միաժամանակ կ’արտայատէր բռնի ուժով սփիւռքացած հայու տագնապներն ու տուայտանքները: Ես չափազանց ազդուած էի եւ այնքան յուզուած՝ որ ուրիշներու նման չկրցայ անմիջապէս մօտենալ ու շնորհաւորել զինք: Սակայն մեկնելէ առաջ ոչ միայն շնորհաւորեցի, այլ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցի իրեն, ոչ այնքան ջերմ ընդունելութեան, որքան քաջաբար արտայայտած իր մտքերուն համար:

Յաջորդ օրերուն, երբ դարձեալ Սնապեանին հանդիպեցայ, ըսաւ.

— Է՜, ինչպէ՞ս էր, ձեր «կերուխում»ը լաւ անցա՞ւ:

-Հաւաքոյթը «կերուխում»է աւելի, ազգային գրական երեկոյի բնոյթ ստացաւ, որ հոյակապ էր:

-Շա՞տ մարդ կար:

-Այո, հակառակ անոր որ  համեմատած այլ բնակարաններու, հիւրասրահը բաւականին ընդարձակ էր… լեցուն: Սխալած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ մեր սերունդի մտաւորականներէն քիչեր միայն կը բացակայէին, իսկ երէցներէն Եր. Փամպուքեանն ու Գր. Շահինեանը միայն ներկայ էին։

-Իսկ Վեհանո՞յշը…

-Բացառիկ ելոյթ մը ունեցաւ, թէ տաղանդաւոր է եւ թէ ազգային ցաւերով տագնապող բանաստեղծուհի մը: Այս առումով Վեհանոյշը մեր սերունդի իրաւութեան մարմնացումը կը թուի ըլլալ: Ես հիացած եմ…

-Շատ մի հաւատար, այդ տեսակները կամ մինչեւ ամուսնութիւն կը գրեն, եւ կամ ալ եթէ չամուսնանան, թէեւ կը շարունակեն, սակայն կը խուսանաւեն ծանծաղ ջուրերու մէջ:

— Կը կարծեմ թէ Նազ Տէր Սարգսեանն ու մանաւանդ Վեհանոյշ Թեքեանը փայլուն ապագայ կը խոստանան: Հարկաւոր է գուրգուրալ ու քաջալերել զիրենք:

-Նայիր, Մովսէս, դուն օտար չես, «Բագին»ի խմբակի պարագային իմ ըրածս ի՞նչ է: Ամէն ինչ կ’ընեմ, որ տեղ հասնին, բայց ի զուր…: Կին գրողներու վրայ շատ յոյս մի դներ…:

-Ես այս գաղութին մէջ նորեկ եմ, բոլորը չեմ ճանչնար, եւ ոչ ալ քու փորձառութիւնդ ունիմ, չեմ կրնար հակաճառել, սակայն ինծի համար Վեհանոյշն ու Նազը արդէն իսկ կայացած գրողներ են: Եւ նկատի առ, որ Հրանդ Մաթեւոսեանի եւ Ռազմիկ Դաւոյանի նման դէմքեր եւս,Վեհանոյշի գրականութեան մասին շատ բարձր կարծիք ունին:

-Այնուամենայնիւ  ապագան ցոյց կուտայ, որ չեմ սխալած…


















Մովսէս Հերկելեան եւ Վեհանուշ Թեքեան

Սնապեանը բոլովին չէր սխալած․ Լիբանանահայ կին գրողներէն շատեր մնացին միջակ հարթակներու վրայ (նոյնիսկ անոնք, որոնք ինք «յատուկ» կը շարունակէր քաջալերել), իսկ տաղանդաւորներէն ոմանք պարագաներու բերումով դադրեցան գրելէ: Սակայն եղան նաեւ Մարուշի, Շուշիկ Տասնապետեանի եւ կամ Սեդա Գրիգորեանի նման կիներ, որոնք թէ տաղանդ ունին եւ թէ կը շարունակեն գրել, հակառակ տիրող խիստ աննպաստ պայմաններուն: Իսկ Վեհանոյշի պարագային պարզ է, որ կը սխալէր… անոր բարձրորակ եւ պատկառելի վաստակը վկայ, որ ան «Արեւուն Գնդակահարելու» յանդգնութեամբ օժտուած ու ի վերուստ «անիծուած» գրելու մոլուցքով, կը  շարունակէ տակաւին պատնեշի վրայ մնալ ու «Ապրիլ Անմահութեան Թոյնով»…

Պէյրութ, «Ազդակ»

Վեհանոյշ ջան

Քիչ կը պատահի, որ կարեւոր հանդիպումներու վայրը կամ թուականը մոռնամ…: Գուցէ դուն յիշես, թէ ե՞րբ էր եւ ու՞ր պատահաբար հանդիպեցանք, «Ազդակ»ի խմբագրատան մուտքին, թէ ուրիշ վայր մը…: Ես ներս պիտի մտնէի, դուն դուրս կ’ելլէիր ընկերուհիի մը ընկերակցութեամբ: Թէեւ ես տրամադրուեցայ ողջագուրուելու, սակայն կածես թէ մէկը զսպեց զիս ու միայն ձեռնուեցանք… իրարու նայեցանք… դուն ըսիր.

-Վեհանոյշն եմ…. Վեհանոյշ Թեքեանը…

Չպատասխանեցի… աւելի ճիշդը չ’կրցայ պատասխանել: Դուն անգամ մը եւս շեշտեցիր.

-Վեհանոյշն եմ, չե՞ս ճանչնար…

Մինչեւ որ ինքզինքս հաւաքեմ ու պատասխանեմ, դուն՝ քեզ ընկերացող տիկնոջը դառնալով ըսիր.

— Քալէ, քալէ, չճանչցաւ…

Հազիւ ինքզինքս գտած, պիտի պատասխանէի… արդէն հեռացաք…:

Սիրելի Վեհանոյշ, 

Չկրցայ պատասխանել, որովհետեւ կայծակի նման ուղեղիս մէջ արձագանգեց այն օրուայ խիզախ ելոյթդ…: Այո, այդ պահուն յուզուեցայ, ոչ թէ անոր համար որ կը հանդիպէի մտերիմի մը, կամ նախկին ընկերուհիի մը, այլ անոր համար, որ այդ օրերուն ինչքան համահունչ էին քու ցաւատանջ մտահոգութիւններդ..․

 (Ի դէպ, իմ յանպատրաստից «յուզումս» տարօրինակ ու անբնական չթուի քեզի: Շատեր կը կարծեն, թէ ըրածս դերասանութիւն է, բայց այդպէս չէ: Նոյնիսկ դասախօսութիւններու եւ կամ հարցազրոյցներու ընթացքին յաճախ կը յուզուիմ…: Այս մէկը ընտանեկան «թուլութիւն» մըն է, որուն վարժուած են բոլոր ընկերներս, ծանօթներս ու նոյնիսկ ուսանողներս…: Հայրս՝ Որսորդ Սըդդանը, երբ «Կրունկ»ի եւ կամ «Ծիրանի Ծառ»ի նման որեւէ եղանակ լսէր, ոչ միայն կը յուզուէր, այլեւ երբեմն նոյնիսկ կը հեծկլտար: Երբ մայրս կը բարկանար իր վրայ, «Իմ ձեռքս չէ» կ’ըսէր: Իմ պարագային ալ… աղուոր աղջիկ, վստահ եղիր, որ այդ օրը«Իմ ձեռքս չէր»…):

Երեւան, Անտառային թաղամաս, 2018, Յունիս

Էլոյին հետ hրաւիրուած էինք Տք. Փրոֆ. Յարութիւն Արմէնեանի բնակարանը, ուր ներկայ էին նաեւ նախկին ծանօթներէս Ճարտարապետ՝ Վազգէն Բրուտեանն ու Պէյրութի հին ընկերներես՝ Յարութիւն Մատէնեանը: Քիչ անց ներս մտաւ նաեւ միջահասակ, սակայն թիկնեղ անձնաւորութիւն մը: Տր. Արմէնեանը ծանօթացուց. 

-Տր. Փրոֆ. Արա Թեքեանը, թէեւ ինք եւս նշանաւոր է իբրեւ մանկավարժ բժիշկ, սակայն յաճախ կը ճանչցուի իբրեւՎեհանոյշ Թէքեանի եղբայրը: 

Ես անմիջապէս պատմեցի Վեհանոյշի հետ հանդիպման «ձախորդ» պատմութիւնը եւ աւելցուցի.

-Աստուած գիտէ, թէ Վեհանոյշը այդ պահուն ի՞նչ մտածեց իմ մասին…

-Հոգ մի ըներ, ես ալ հինգ քոյրերուս մէջ միակ տղամարդն եմ, եւ յաճախ կը շփոթեմ զիրենք… ու չեն հասկանար զիս: Սակայն վստահ եղիր, որ Վեհանոյշը եթէ լսէ բացատրութիւնդ, ճիշդ պիտի հասկանայ քեզ: Ես կը խօսիմ իրեն…

Այդ օր մենք շատ հաճելի եւ շահեկան զրոյց ունեցանք: Բժշկութենէն անցանք գրականութեան, ես յիշեցի նաեւ Վեհանոյշի «Ցաւատանջ» ելոյթը, որ դժբախտաբար կը շարունակէր «թարմ» մնալ այդ օրերուն իսկ…: Յետոյ անցանք գեղանկարչութեան, եւ ամենակարեւորը, առիթ ունեցանք դիտելու նաեւ Տք. Արմենեանի ջրանկարչական աշխատանքներէն շարք մը, որոնք տաղանդաւոր ու կայացած արուեստագէտի մը արգասիքը կ’ենթադրեն:

Վերջաւորութեան՝ Արան հեղինակին կողմէ նուիրեց մեզի (Էլոյին եւ ինծի) Վեհանոյշին նոր հրատարակուած երկու պատկառելի եւ գեղատիպ հատորները, «Սփիւռքապատում» եւ «Սփիւռքագիր», զորս տարի եւ փոխանակ գրադարանիս մէջ զետեղելու եւ մոռնալու, ինչպէս յաճախ կ’ընեմ, դրի գրասեղանիս: Հակառակ անոր, որ երկար տարիներէ ի վեր արուեստով կը զբաղիմ, եւ գրեթէ գրականութիւն չեմ ընթերցեր, օրեր ետք չկրցայ դիմանալ գայթակղութեան ու սկսայ թերթատել զանոնք ու… բռնուեցայ: Բանաստեղծութիւններէն ոմանք կարծես թէ այսօր գրուած ըլլային:

Վեհանոյշ ջան,

Եթէ ըսեմ, որ երկու հատորներն ալ լրիւ կարդացի, մի հաւատար, սակայն եթէ ըսեմ, որ շարք մը պատմուածքներ ու բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ ընթերցեցի… հաւատա: Այնուամենայնիւ, սակայն ես չէ, որ պիտի գնահատեմ գրական վաստակդ, այլ սկսեալ Շահան Շահնուրէն, Գուրգէն Մահարիէն մինչեւ Ալեքսանդր Թոփչեանի ու Հէնրիկ Էդոյեանի նման դժուարահաճ դէմքեր արժեւորած են ու բարձր գնահատանքներ արձանագրած են քու հասցէին…:

Անոնք չեն սխալած…

Մովսէս Ծիրանի
(Երեւան, 2023, Մարտ)

No Comments

Leave a Reply