Պարսելոնա, 2001, Հոկտեմբեր 1
Հրաւիրուած էինք մասնակցելու Պարսէլոնայի Euro Art միջազգային ցուցահանդէսին, որ տեղի կ’ունենար «Ռամպլա» նշանաւոր պողոտայի վերջաւորութեան, ծովափնեայ հնատիպ շէնքի մը մէջ:
Երբ կը պատրաստուէին պաշտօնական բացումը կատարել, յանկարծ ամբոխ մը ներս խուժեց գոռում գոչումներով… նախ փորձեցին ներկաները դուրս հրաւիրել ցոյցի, եւ ապա երբ անատարբեր վերաբերմունքի հանդիպեցան, սկսան տաղաւարներն ու ու նոյնիսկ արուեստի գործերըջարդուփշուր ընել: Յայտնի չէր թէ ի՞նչ կը կատարուի եւ ոչ ալ յստակ էր թէ իրենց ուզածը ի՞նչ է: Ես բնազդաբար ջարդուած շրջանակի մը մէկ փայտը ձեռքս առի, եւ ուրիշներու հետ դիմադրեցինք ու սկսանք դուրս վռնտել զանոնք: Քաշկռտուք ու ծեծկռտուք սկսաւ մեր եւ ցուցարարներու միջեւ: Մինչ այդ, ոստիկանները հասան ու ցուցարարներէն քանի մը հոգի ձերբակալեցին,ու մնացած բոլորը դուրս հանեցին: Պարզուեցաւ որ նոյն օրը Աֆղանիստանի վրայ Ամերիկեան յարձակումը սկսած է, ու քաղաքական կարգ մը կազմակերպութիւններ ցոյցի ելած են ԱՄՆ.ի դէմ: Լրատուամիջոցները ուրիշներու շարքին զիս եւս «հարցաքննեցին» ու լայնօրէն անդրադարձան դէպքին… :
Սիրելի ընթերցող խնդիրը այս չէ, այլ այն որ այս միջադէպին պատճառով, յաջորդ օրը անձնաւորութիւն մը ուղիղ քովս եկաւ, ու հաստատելէ ետք որ դէպքին մասնակցած Հայը ես եմ, առաջարկեց որ ցուցահանդէսն ետք հանդիպինք: Տարաւ զիս նոյն հրապարակին վրայ գտնուող ծովափնեայ ճաշարան մը: Կը կարծէի թէ խօսքը արուեստի վրայ պիտի դառնայ: Բայց ծանօթացման կարճ զրոյցէ մը ետք, ան ուղղակի նիւթին անցաւ.
—Ես Քաթալան activist ղեկավարներէն եմ: Դուք ինքնուրոյն ու բարձր մշակոյթի տէր ազգ էք: Մենք նոյնպէս, սակայն տարբերութիւնը այն է որ մենք գիտենք ձեր մասին, իսկ դուք ոչ: Վստահ եմ բոլորի նման դուք ալ կը կարծէք թէ, Փիքասսոն, Սալվատոր Տալին, Խուան Միրոն, Անթոնի Կաուտին եւ շատ շատեր սպանացիներ են: Մինչդեռ անոնք բոլորն ալ Քաթալաններ են: Իբրեւ նոյն ճակատագիրը կրող ազգ փորձած ենք գործակցիլ ձեր հետ, բայց ի զուր: Մենք գիտենք ձեր պատմութիւնը ու կը կիսենք ձեր ցաւը: Իմ եւ ընդհարապէս մեր առաջարկը այն է որ ստեղծենք Քաթալանահայկական մշակութային միութիւն մը, ու հետապնդենք մեր եւ ձեր ազգային իրաւունքները… միասնաբար: Այստեղի հայկական գաղութը նոր սկսած է կազմակերպուիլ: Մենք արէն իսկ սկսած ենք Պասքերու հետ կապ հաստատել ու գործակցիլ… ։ Եթէ կամեցողութիւն ըլլայ, կրնանք ուրիշներ եւս ներգրաւել շարժման մէջ: Դուք միջազգային մեծ փորձ ունիք: Ինչո՞ւ դուք մեզմով ու մեր նմաններով չէք հետաքրքրուած ու պատրաստ չէք գործակցելու… :
Ինչո՞ւ…
……………
Մոնաքօ,
2010, Մարտ-Ապրիլ
Առիթը դարձեալ կերպարուեստի միջազգային ցուցահանդէս մըն էր, որտեղի կ’ունենար Grimaldi Forum-ին մէջ: Իջեւանած էինք «Meridien Sur Mer» հիւրանոցը, որուն եւ ցուցահանդէսի սրահին միջեւ, մեր ամենօրեայ ճանապարհին վրայ կար ծովափնեայ ճաշարան մը, որմէ յաճախ կ’օգտուէինք: Առաջին օրն իսկ նշմարեցի թէ բազմաթիւ դրօշակներով զարդարուած էր ճաշարանի մուտքն ու ելքը, սակայն զարմանալիօրէն մեր «Եռագոյնը» կը բացակայէր: Քանի մը անգամ յաճախելէ ետք, երբ ծանօթութիւն ստեղծուեցաւ ճաշարանի տիրոջ հետ.Հարցուցի.
— Ինչո՞ւ Հայկական եռագոյնը կը պակսի դրօշակներուն մէջ:
— Այս բոլոր դրօշակները, տարբեր երկիրներէ այցելուներ բերած են, եթէ դուք ալ բերէք, ձեր «Եռագոյնն» ալ հաճոյքով կը կախեմ… :
Քաջալերուած այդ տարուայ յաջողութենէն, յաջորդ տարին մենք դարձեալ մասնակցեցանք Մոնաքոզի միջազգային ցուցահանդէսին: Ես չէի մոռցած հետս բերելու մեր դրօշակը: Որովհետեւ այդ օր տէրը հոն չէր յանձնեցի զայն տիկնոջը, խնդրելով որ հնարաւորին չափ հեռու դնէ զայն թրքական դրօշակէն: Օրեր ետք երբ երեկոյ մը դարձեալ հոն կը ճաշէինք, տէրը եկաւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Եռագոյնին» համար եւ իբրեւ յաւելեալ հիւրասիրութիւն pizza մը դրաւ սեղանին ու աւելցուց.
— Ասիկա «corsica» կը կոչուի, մեր speciality-ն է, անուշ առէք:
Ես իմ հերթին շնորհակալութիւն յայտնեցի, յատկապէս անոր համար որ մեր դրօշակը աչքառու լաւ տեղ մը դրած էր, իսկ թրքականը՝ հանած ու աննշան անկիւն մը զետեղած: Ապա հրաւիրեցի որ նստի… : Անմիջապէս հարցուցի.
— Եթէ այս pizza-ն ձեր specialite-ն է, ապա ինչո՞ւ «Գորսիկա» կը կոչուի:
— Ես գիտեմ որ դուք Հայերդ թուրքերուն չէք սիրեր եւ գիտեմ թէ ինչո՞ւ: իսկ դուք չէք գիտեր որ մենք ֆրասացիներուն շատ աւելի կ’ատենք քան՝ դուք Թուրքերուն…
— Ներողութիւն դուք Մոնոգէ՞ս (Monegasque) էք թէ Իտալացի…
—Ոչ մէկը եւ ոչ ալ միւսը…
— Այն ատեն ինչո՞ւ կ’ատէք Ֆրանսացիներուն:
— Որովհետեւ ես Գորսիգացի եմ: Կը տեսնէք դուք մեր մասին գաղափար իսկ չունիք: Ոչ ֆրանսացի ենք մենք եւ ոչ ալ Իտալացի: Մենք Գորսիկացի ենք, առանձին մշակոյթով ու իւրայատուկ լեզուով ազգ ենք: Ոչ միայն Մոնաքոն, այլեւ ողջ Coted’Azure-ը իտալական հողեր են: Ֆրանսացիները գրաւած են զանոնք, որոնց շարքին նաեւ Գորսիգան: Այս երաժշտութիւնը որ կը լսես Գորսիկական է, ոչ մէկ կապ ունի, ոչ իտալական, ոչ ֆրանսական եւ ոչ ալ որեւէ եւրոպական մշակոյթներու հետ: Ես երբ կը լսեմ ձեր հայերու կամ Պասքերու երաժշտութիւնը, հարազատութիւն մը կը զգամ անոնց հետ: Ասիկա Պասքզբօսաշրջիկ մը նշմարել տուաւինծի, որ ձեր պատմութիւնը շատ լաւ գիտէր: Անոր ցանկութիւնն էր որ այս երեք անիրաւուած ու ճնշուած ազգերը միանային ու միասնաբար իրենց ազատագրական պայքարը շարունակէին… : Ես կըզարմանամ որ ինչո՞ւ մենք ձեր մասին գիտենք ու կը հետաքրքրուինք ձեզմով, իսկ ոչ միայն դուք այլեւ ողջ աշխարհը մերազգի մասին գրեթէ գաղափար չունի: Փարիզ կ’երթան, կ’այցելեն Նափոլիոնի դամբարանը ու իբրեւ ֆրանսացի հերոս, կը խոնարհին նաեւ՝ անոր դիմաց: Հիմա կը հասկնա՞ս թէ ինչո’ւ մեր specialite-ին անունը «corsica» է եւ ոչ թէ Մոնաքօ կամ ուրիշ բան մը…: Մենք որոշ փորձեր ըրած ենք սակայն դուք մէկ ճամբայ բռնած էք ու կ’երթաք առանց չորս կողմ նայելու: Ինչո՞ւ…. :
․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․
Գահիրէ, 1988, Փետրուար
«Յուսաբեր» Ակումբին կողմէ հրաւիրուած էի շարք մը դասախօսութիւններ տալու: Պարտաւորութիւններս կատարելէ ետք ճանապարհ ինկայ դէպի հարաւ, հասնելու համար մինչեւ Ասուան ու Ապու Սիմպէլ: Ճանապարհին կարգ մը հնավայրեր (Ամարնա, Ապիտոս, Տէնտերա…) այցելելէ ետք, երրորդ օրը հասայ Լիւքսոր, ուր կը սպասէր ինծի հնագէտ-եգիպտաբան՝ դոկտ. Հուրիկ Սուրուզեանը: Հուրիկը չափազանց յարգուած մասնագէտ էր Եգիպտոսի մէջ, բոլոր արգիլուած դուռերը կը բացուէին իր առաջ: Նմանօրինակ մասնագէտ առաջնորդ մը ունենալը, մեծ բախտաւորութիւն էր ինծի համար, մանաւանդ որ գեղեցիկ էր ու համակրելի: Մինչ այդ բազմակողմանիօրէն օժտուած արուեստագիտուհի՝ Շաքէ Յովակիմեանը ծանօթացուցած էր մեզ ու մենք բաւական մտերմացած էինք: Օդակայանէն, ինք դիմաւորեց զիս, բոլոր դասախօսութիւններուս ներկայ եղաւ ու օրեր տրամադրեց այցելելու համար Գահիրէյի թանգարանը, որուն բազմալեզու պատկերագիրքի մասնագիտական բաժինը իրեն վստահուած էր: Լիւքսորի մէջ շաբաթ մը մնալէ եւ կարեւորագոյն հնավայրերը (Թագաւորներու Հովիտի, ինչպէս նաեւ Գառնաքի եւ Ռամսէս Բ.ի նման տաճարներ) այցելելէ ետք, յաջորդ օրը պէտք որ մեկնէի Ասուան, Էլեֆանթին կղզիի հնավայրերը ուսումնսիրելու համար: Ի դժբախտութիւն ինծի Հուրիկը տեղեկացուց որ պիտի չկրնայ հետս գալ, որովհետեւ Գերմանիայէն հնագէտներ պիտի գային ու ինք պարտաւոր էր ուղեկցիլ անոնց: Տրամադրութիւնս քանդուեցաւ անոր համար որ իրեն պէս նեկայանալի, ուշիմ ու հաղորդական առաջնորդէ մը կը զրկուէի: Այնուամենայնիւ ան որոշ գրականութիւն տրամադրեց ինծի, բացատրութիւններ տուաւ ու յատուկ պատուիրեց, որ զգոյշ ըլլամ որ չխաբեն զիս իբրեւ օտար, յատկապէս «Ֆալուգա» (նաւակ) վարձելու պարագային… :
Սիրելի ընթերցող, երբ Էլեֆանթին կղզիի հանդիպակաց կողմի գետափը հասայ, քանի մը նաւաստիներ մօտեցան ու անհամեմատ աւելի բարձր գիներ պահանջեցին: Առանձնացայ ու ժայռի վրայ նստայ: Երկու լուծում ունէի, կամ պահանջուած գինը պիտի վճարէի եւ հնարաւորութիւն պիտի ունենայի ուսումնասիրելու կղզիի յուշարձանները, կամ ալ պիտի միանայի զբօսաշրջիկներու խումբի մը եւյարեւանցիօրէն պիտի տեսնէի զանոնք: Ընթացքին թխամորթ երիտասարդ մը մօտեցաւ ու իր նաւակը հրաւիրեց, աւելցնելով.
— Ըստ երեւոյթին դուք առանձին էք: Ես ձեզ կ’առաջնորդեմ, ամէն տեղ կը տանիմ ու ամէն ինչ կը բացատրեմ… ես մասնագէտ եմ:
— Լաւ, բայց նկատի առէք որ կղզիի ամբողջ շրջանը պիտի ընենք ու որոշ տեղեր երկար պիտի մնանք: Ժամական ի՞նչքան կ’ուզէք…
— Կարեւոր չէ, եթէ կ’ուզէք բնաւ մի վճարէք..
— Չեմ հասկնար, ինչո՞ւ…
— Դուք Հայ էք չէ՞…
— Նախ ի՞նչէն գիտցաք որ Հայ եմ: Յետոյ իմ Հայ ըլլալը ի՞նչ նշանակութիւն ունի ձեզի համամար:
— «Ֆալուքա» ելէք, ճամբան կը բացատրեմ: Վստահեցէք ինծի, ես «ասոնցմէ» չեմ:
Յուզուեցայ, ենթադրելով որ Հապեշիստանի սեւամորթ Հայերէն է, որոնցմէ ոմանց ծանօթ էի Հայաստանի ուսանողական տարիներէն: Մտայ նաւակ ու հազիւ ուղղուեցանք դէպի կղզի ան ըսաւ.
— Նայիր վեր…
Նայեցայ… նաւակի կայմին ծայրը մեր Եռագոյնը կը ծածանէր: Ան բացատրեց.
— Գահիրէյէն Հայ պատանիներ եկած էին, անոնք նուիրեցին: Ես Նուպիացի եմ մեր Եռագոյնը հանեցի փոխարենը կախեցի ձեր դրօշակը:
Ես յուզուած էի… ան շարունակեց.
— Ես ձեր պատմութիւնը գիտեմ, գիտեմ որ թուքերը ձեզ կոտորած են եւ ուզած են ոչնչացնել… : Մենք ալ ձեզ նման մեր դատը ունինք: Ճիշդ է որմենք իսլամենք, սակայն արաբ չենք: Ինքնուրոյն ազգ ենք մենք ու մեր մշակոյթով բոլորովին կը տարբերուինք ուրիշներէ: Հարաւային Եգիպտոսը մեր Հայրենիքն է: Ժամանակին մենք ալ թագաորութիւն ունէինք: Ուզած ենք ազատ ու խաղաղ ապրիլ հոս՝ մեր սեփական հողերուն վրայ: Սակայն, բռնագրաւեցին մեր երկիրը, տեղահան ըրին, ու ցրուեցին մեզ… այնպէս ինչպէս ձեզ հետ վարուեցան… :
— Ի՞նչպէս…
— Երբ որ ռուսերը Ասուանի ամբարտակը կառուցեցին ութսունը մէկ Նուպիական գիւղեր ու գիւղաքաղաքներ ջուրին տակ թաղեցին: Իսկ պաշտօնապէս յայտարարեցին որ միայն չորս գիւղեր մնացած են ջուրերուն տակ: Մենք՝ Նուպիացիներս դէմ էինք եւ չէինք ուզեր լքել մեր պապենական հողերը: Նոյնիսկ շատեր իրենք զիրենք կապեցին իրենց տան սիւներուն, խեղդամահ եղան ու հոն մնացին, որոնց աճիւնները իբրեւ «վկաներ» մինչեւ հիմա ջուրերուն տակն են: Իշխանութիւնները կրնային փոխել ամբարտակին տեղն ու ձեւը եւ մեր հայրենիքը կը փրկուէր: Չըրին, որովհետեւ լաւ պատրուակ էր իրենց համար Նուպիական հարցը ընդմիշտ թաղելու… : Ճիշդ է որ շատերու տրամադրուեցան կացարաններ, ու որոշ գիւղեր պահեցին իբրեւ թանգարանային նմոյշ: Սակայն մենք իբրեւ ազգ ցրուած ու վտանգուած ենք, այնպէս ինչպէս դուք՝ հայերդ:
Ես լռեցի, ինք շարունակեց.
— Աշխարհը անտարբեր է մեր հանդեպ: Զբօսաշրջիկները կու գան, կ’այցելեն մեր գիւղերը, ոչ միայն կը հիանան այլեւ կապ մը կը տեսնեն մեր եւ Հին Եգիպտական մշակոյթներու միջեւ: Չեմ զարմացած թէ ինչո’ւ աշխարհը տեղեակ չէ մեր ողբերկագան վիճակէն, սակայն կը զարմանամ թէ ինչո՞ւ մեր եւ ձեզ նման տառապած ու անիրաւուած ժողովուրդները քովքովի չենք գար, չենք օգներ իրարուորպէս զի միասնաբար պայքարինք մեր ազգային ու համամարդկային իրաւունքներու ձեռքբերման համար: Ինչո՞ւ մեծապետական երկիրներուն վերապահուած պիտի ըլլայ համախմբուիլ ու որոշել երկրագունդի, ինչպէս նաեւ՝ մեր եւձեր նման ազգերու ճակատագիրը… Եւ այն ալ առանց մեր կարծիքը առնելու: Համամարդկային ո՞ր օրէնքը կը թոյլատրէ անոնց… : Ի վերջոյ ինչո՞ւ մենք բոլոր ճնշուած ու անիրաւուած ժողովուրդներս պիտի չկարողանանք համախմբուիլ, ու միասնական ու համակարգուած ուժերով, շարունակել պահանջատիրական մեր առաքելութիւնը: Ի վերջոյ ինչո՞ւ պիտի շարունակենք համակերպուիլ…երբ երկրի տէրերը կը խօսին մարդասիրական օրէնքներու ուժի մասին, սակայն կը գործեն անտառային ուժի օրէնքներով… : Ինչո՞ւ…
Յաջորդ օրը երբ վերադարձայ Լիւքսոր ու Հուրիկին պատմեցի այս բոլորը, ան պահ մը լռեց, ապա խոնաւ աչքերով , աչքերուս նայեցաւ, ու ըսաւ.
— Կը ճանչնամ այդ երիտասարդը: Մասնագիտութեամբ հնագէտ է: Հակառակ անոր որ փայլուն կերպով աւարտած է Գահիրէի համալսարանը, մինչեւ հիմա շնորհքով գործ մը չունի… ան նաեւ չէ ըսած քեզի թէ ամբարտակին տակը մնացածներէն մէկն ալ իր պապն է… : Քանի մը անգամ փորձած է կապ ստեղծել մեր գաղութին հետ… :
Սիրելի ընթերցող՝
Իբրեւ Հայ ազգի ներկայացուցիչ, երեք «Ինչո՞ւ»-ներուն դիմաց ես յանցաւորի նման գլուխս կախ՝ անճռկած մնացի… : Փաստօրէն ես չկրցայ պատասխանել… : Դուն կրնա՞ս… :
Մանաւա’նդ որ վերջերս, այս խիստ ստորացուցիչ պարտութենէն ետք,ոչ միայն անգամ մը եւս դաժանօրէն տրորեցին մեր ազգային ու մարդկային ինքնասիրութիւնը, այլեւ աներեսաբար կը շարունակեն խօսիլ մարդասիրական օրէնքներու ուժի մասին, սակայն կը գործեն անտառային ուժի օրէնքներու հիման վրայ… : Այո, ինչո՞ւ կարեկցանք մուրալ նմանօրինակ մեծապետական իշխանութիւններէն, երբ անոնցմէ իւրաքանչիւրը նախ եւ առաջկը պաշտպանէ պետական ի’ր շահերը…անշուշտ արդարօրէն: Նոյն տրամաբանութեամբ սակայն ինչո՞ւ չենք պաշտպանել մեր ազգային ու մարդկային շահերը, որ մեր անառարկելի իրաւունքն է: Թէ ի՞նչ ըրինք մինչեւ հիմա, ու՞ր հասած ենք ենք եւ կամ Ի՞նչ կ’ընենք, բացայայտ է ու մէկին… :
Այո’, Ինչո՞ւ…եւ անգամ մը եւս Ինչո՞ւ… ու բազմաթիւ Ինչո՞ւներ…, որոնք պատսախանի կե սպասեն:
Մովսէս Ծիրանի
No Comments