Երեւան, Մաշտոցի Պողոտայ, 1973, Աշուն
Նոր հրատարակուած էր, եղբօրս՝ Պետիկ Հերկելեանի առաջին գրքոյկը՝ «Պատուհանէն Դուրս»ը, որմէ տրցակ մը տարած էի հետս Երեւան, բաժնելու համար ազգականներու, ընկերներու եւ որոշ գրողներու: Որովհետեւ Պետիկը նամակ մըն ալ գրած էր Յովհաննէս Շիրազին, որոշեցի առաջինը՝ այցելել անոր, որուն միաժամանակ ցանկութիւն ունէի ծանօթանալու: Այն ատեն Շիրազը կ’ապրէր Լենինի (Այժմ՝ Մաշտոցի) անուան պողոտայի վրայ: Բարձրացայ երկրորդ յարկ եւ առաջին հայեացքէն յուսախաբ եղայ: Սահմանափակ ու հնամաշ կահոյք, մեծ սեղան մը՝ որուն վրայ ամէն ինչ կարելի էր տեսնել, սկսեալ գրիչներէն, թանագամաններէն ու գիրքերէն, մինչեւ իսկ հացի փշրանքներ ու աղամաններ: Բառին բուն իամաստով թափթփած ու «փնթի» բնակարան մը, որուն մէկ անկիւնը իրարու վրայ դիզուած թուղթեր (ձեռագիրներ) կային: Աղախինի տեսքով յղի կին մը ներս մտաւ, սկսաւ գետինը ցրուած պարապ շիշեր, դասագիրքեր, ճմռթկուած թուղթեր, տետրեր, խաղալիքներ, գուլպաներ, ու այլ իրեր հաւաքել, քիթին տակէն բաներ մը մրթմրթալով, որոնք թէեւ դժգոհանքի արտայայտութիւններ էին, սակայն Շիրազը վարժուած կը թուէր ըլլալ անոնց…: Ան անգիտանալով կնոջ ներկայութիւնը նամակը ընդունեց, սեղանին դրաւ ու ոտքի վրայ ըսաւ.
— Դուն ո՞վ ես, ինչո՞ւ եկար, կ’ուզե՞ս նստիլ:
Թէեւ հեռաձայնած էի, բացատրած՝ այցելութեան նպատակն ու ո՞վ ըլլալս, սակայն ան հարցերն ու հրաւէրը կ’արտասանէր այնպիսի առոգանութեամբ, կարծես թէ ըսել կ’ուզէր «ընդունեցի նուէրներդ, հիմա կրնաս երթալ…»: Մինչ ես շուարած էի ու կը մտածէի դուրս ելլել, յանկարծ երիտասարդ մը ներս մտաւ: Շիրազի մռայլ դէմքը պայծառացաւ ու ծանօթացուց.
-Տղաս է, աւագը՝ Արան…
Արայիկը կացութիւնը փրկեց: Նախ հասկցուց որ հայրը «խանգարուած» է, ապա առաջ անցաւ, գրկեց հօրը, նստեցուց բազկաթոռին ու առաջարկեց.
-Լաւ կը լինի որ հիմի գնանք եւ աւելի յարմար մի օր գանք…:
Իջանք փողոց, նախ բացատրեց.
-Հայրս ոչ թէ հարբեցող է, ինչպէս շատերը կարծում են, այլ մի քիչ խմելուց «Խանգարւում» է, որի հիմնական պատճառը չգնահատուած ու հալածուած լինելու զգացողութիւնն է:
Ապա զրուցելով բարձրացանք օփերային կից գտնուող «Կազիրոք» սրճարանը, ուր մէկ անկիւնը տեղաւորուելէ ետք, առանց կարծիքս առնելու պաղպաղակ եւ սուրճ պատուիրեց: Բացատրելէ ետք թէ ինչո՞ւ իր հօր՝ Շիրազի երկրորդ կնոջ գլխաւոր պարտականութիւնը երեխաներ ծնիլ է, տուաւ առաջին հարցը.
-«Նագուլ»ին ճանաչո՞ւմ ես:
-Իհարկէ, ազգագանս է, այստեղ է սովորել, չէ՞…:
Պարզուեցաւ որ Տք. Յարութիւն Նագուլեանի մտերիմներէն է: Մեր զրոյցը թէեւ առաւելաբար ծանօթացման բնոյթ ունէր, սակայն հետաքրքրուեցաւ նաեւ Պետիկի գրքոյկով: Ըսի.
-Եղբայրս ղրկած է զանոնք բաժնելու համար, յատկապէս գրողներու, կ’ուզենայի օրինակ մըն ալ տալ մօրդ՝ Սիլվա Կապուտիկեանին:
Ան առաւ ու խոստացաւ յանձնել զայն մօրը:
Ժամանակ մը ետք, պատահաբար հանդիպեցանք «Դրամատիկական Թատրոնի» դիմաց: Կապուտիկեանի հեռախօսի թիւը գրել տուաւ ինծի ու ըսաւ.
-Մայրս ուզում է հանդիպել քեզ հետ…:
Նոյն օրն իսկ հեռաձայնեցի…:
Երեւան, Տէրեան փողոց, 1973, Ձմեռ
Գացի: Փողոցը ծանօթ էր ինծի, որովհետեւ այդ շրջանին Կապուտիկեանի հարեւանութեամբ կ’ապրէին այլ գրողներ ու մտաւորականներ եւս, ինչպէս. Սերօ Խանզադեան, Մարօ Մարգարեան, Արտեմ Յարութիւնեան, Հրանդ Թամրազեան եւ այլն…: Կապուտիկեանը ընդունեց զիս հին ծանօթի նման, եւ ինչպէս Արայիկը՝ ինք եւս առաջին հերթին հարցուց Յարութիւն Նագուլեանի եւ իր տիկնոջ՝ էմմայի մասին: Հոս ամէն ինչ հակապատկերն էր Շիրազի բնակարանին: Սեղանին կար գեղեցիկ մրգաման մը, որուն նուռերն ու խաղողը այնքան գեղեցիկ ձեւով շարուած էին, դժուար թէ մէկը համարձակէր դպնալ անոնց: Կարծես արուեստի գործ ըլլար: Մինչ ես հիացած էի «մրգամանով» (Մանաւանդ որ նուռ շատ կը սիրեմ), Կապուտիկեանը թէյը բերաւ ու սեղանին շարեց քանի մը տեսակ հատապտուղով «մուրապաներ» ու հարցուց.
-Արայիկը ասեց որ Պետիկ Հերկելեանը եղբարդ է, սակայն չիմացայ թէ քանի՞ տարեկան է եւ կամ ի՞նչ կրթութիւն ունի:
-Փոքր եղբայրս է, նոր է աւարտել Այնճարի երկրորդական վարժարանը:
-Ինչու եմ հարցնում, բանաստեղծութիւններ կան, որոնք սկսնակի թոթովանքներ են, իսկ ուրիշներ՝ հասուն բանաստեղծի տպաւորութիւն են թողնում:
-Այո, բայց նկատի առէք որ բանաստեղծութիւնների մեծ մասը նա գրել է 14-15 տարեկան հասակում:
-Իսկ ես կարծում էի որ նա քո մեծ եղբայրը պիտի որ լինէր… զգում ես որ նա գրելու շնորհ ունի ու խառնուածքով «Արթիսթ» է:
Այնուհետեւ մեր խօսակցութիւնը աւելի «հարցաքննութեան» բնոյթ ստացաւ քան՝ «բարեկամական զրոյցի»: Ամէն ինչ կ’ուզեր իմանալ: Երբ նկատեց թէ իմ պատասխանները քիչ մը զուսպ են ու ոչ ամբողջական, ըսաւ.
-Իմ հայրս էլ Վանում եղել է դաշնակցական ազգային գործիչ, կարող ես վստահել ինձ:
Յետագային երբ իր մասին հարցուցի Վազգէն Մանուկեանին, ըսաւ.
-Տիկին Սիլվայի հետ ծանօթացել եմ իմ ուսանողական տարիներին Մոսկուայում Համօ Ակիմիչի (Համազասպ Հովակիմի Յարութիւնեան) տանը, նրա միջոցով: Մենք մինչեւ հիմա համագործակցում ենք…: Այո, կարողես վստահել նրան:
Նախ պէտք նշեմ որ Խորհրդային տարիներուն Հայաստանի մէջ «Պարոն» կամ «Տիկին» արտայայտութիւնները գոյութիւն չունէին, բոլորը «ընկեր» էին իրարու, բայց մենք Կապուտիկեանին կը դիմէինք «Տիկին Սիլվա»յով, առ ի յարգանս իրեն: Իսկ Համազասպ Յարութիւնեանը այն անձնաւորութիւնն է, որ մեծ հեղինակութիւն ունէր խորհրդային քաղաքական բարձրագոյն շրջանակներէ ներս, եւ միաժամանակ Մոսկուայի մէջ կը հովանաւորէր Վազգէն Մանուկեանի ղեկավարած ուսանողական շարժումը:
Երեւան, Տէրեան փողոց, 1974, Գարուն
Այս անգամ Լութվիկ Խաչատրեանի միջոցով լուր ստացայ, որ Տիկ. Սիլվան Լիբանան մեկնելէս առաջ կ’ուզէ զիս տեսնել: Գացի, հետս առի նաեւ «Բագին» ամսագրի հերթական մէկ համարը: Մինչեւ որ ես իրեն բացատրեմ թէ կարդալէ ետք, ի՞նչպէս պիտի փոխանցէ ուրիշի մը, խօսքս կտրեց ու ըսաւ.
Մովսէս ջան՝ ես «…Մշակութային Կապերի Կոմիտէյում» հնարաւորութիւն ունեմ «Բագին» ընթերցելու, լաւ կը լինի որ մի այլ մտաւորականի տաս որ տարածուի…
Այդ օրերուն նոր հրատարկուած էր իր «Քարաւանները դեռ քայլում են» խնդրայարոյց հատորը, որ ոչ միայն լայն տարածում գտած էր, ըլլայ հայրենիքի թէ Սփիւռքի մտաւորական շրջանակներէ ներս, այլ նաեւ «աղմուկ» ստեղծած: Օրինակ մը երկարեց ինծի ու ըսաւ.
-Քանի որ Պէյրութ ես գնում, խնդրում եմ այս մէկը տանես եւ յանձնես «Ձերոնց»:
Թէեւ անուն չտուաւ, ես տարի եւ «Ազդակ Շաբաթօրեակ»ի խմբագիր Սարգիս Զէյթլեանի թելադրութեամբ, յանձնեցի «Բագին»ի խմբագրութեան:
Զրոյցի ընթացքին պարզուեցաւ որ ան բաւականին տեղեկութիւներ ստացած էր Վազգէնէն (Մանուկեան) եւ Լութվիկէն (Խաչատրեան), իմ եւ նոյնիսկ «իմ առաքելութեան» մասին, որմէ ետք մեր հանդիպումները առաւելաբար տեղի կ’ունենային «Թարգմանչաց Տօներու» ընթացքին, միշտ ջերմ ու բարեկամական մթնոլորտի մէջ:
Հարակաւոր է քանի մը խօսք ըսել «Թարգմանչաց Տօներու» միջոցառումներու մասին, նախ անոր համար որ Տիկ. Սիլվան նուիրումով կը գործակցեր Վազգէնի եւ անոր ընկերներուն հետ, եւ ապա իր կենսագիրները գրեթէ կ’անգիտանան այս իրողութիւնը:
Ծաղկաձոր, Մերկելեանի Անուան «Պանսիոնադ», 1979, Աշուն
«Թարգմանչաց Տօներու» միջոցառումները տեղի կ’ունենային ամէն տարի աշնան, կազմակերպութեամբ Վազգէն Մանուկեանի եւ ընկերներուն, որոնց նպատակը նախ՝ համախմբել էր հայրենի մտաւորականութեան վերնախաւը, եւ ապա քննարկել ազգային գաղափարական հարցեր, պաշտպանելու եւ պահպանելու համար Հայ ազգային ոգեղէն արժէքները Խորհրդային պայմաններու տակ: Նկատի առէք որ առանց նախապէս ծրագրուած ըլլալու, բաւականին համարձակ թեմաներ կը քննարկուէին, այո՛ նոյնիսկ կը խօսուէր անկախութեան մասին… Այդ տարի խօսքը հայրենասիրութեան գործնական արտայայտութիւններու մասին էր: Զրոյցները տեղի կ’ունենային կերուխումի սեղաններու շուրջ, միշտ երկու սեղանապետներու՝ Սերօ Խանզադեանի եւ Սիլվա Կապուտիկեանի ղեկավարութեամբ: Իրարայաջորդ երեք օրերու ընթացքին, քննարկուեցաւ խորհրդային պայմաններու տակ գործող՝ «Հայրենասիրութեան» թեման շինարարներու, գիտնականներու եւ մշակոյթի գործիչներու տեսանկիւնէն դիտուած: Ճարտարապետներ՝ Արթուր Թարխանեան, Արմէն Զարեան (Կոստան Զարեանի ուստրը), Ճիմ Թորոսեան եւ ուրիշներ կը պնդէին թէ հնարաւորին չափ շատ եւ մեծ կառոյցներ հարկաւոր է իրագործել համախորհրդային դրամագլուխով, այն իմաստով որ Հայաստանի անկախացումէն ետք այդ կառոյցները պիտի մնային հայութեան: Օրինակ կը բերէին այն շինութիւնները որոնք Հայաստանի ուժերով միայն կարիլի չէր իրագործել: Ինչպէս. «Հրազդան» Ֆուտպոլի դաշտը, ընդյատակեայ գնացքը (Մեթրոն), «Արփա Սեւան» փապուղին, եւ այլն: Ծիծեռնակաբերդի Մարզահամալիրը, որուն իրագործումը նոր սկսած էր:
Երկրորդ օրը խօսք առին գիտնականներ, Սերկէյ Մերկելեանը, Անտոն Եոսիֆեանը, Գր. Գուրզադեանը եւ որիշներ: Այդ տարիներուն յիշեալ երեք ականաւոր գիտնականներուն զուգահեռ ունէինք նաեւ՝ համամիութենական արժէք ներկայացնող այլ գիտնականներ, որոնք բոլորն ալ մասնագիտացած էին Ռուսաստանի մէջ, սակայն իրենց անձնական ջանքերով գիտահետազօտական կեդրոնները կառուցած էին Հայաստանի մէջ: Ինչպէս Հեռունիի «Ալեհաւաք Հայելին» Արագածի բարձունքներուն, Վիքթոր Համբարձումեանի այն ժամանակներու աշխարհի մեծագոյն «Աստղադիտարանը» Բիւրականի մէջ, Սերկէյ Մերկելեանի Խորհրդային Միութեան մեծագոյն համակարգչային կեդրոնը՝ «Կիբերնեդիկայի Բարձրագոյն Հիմնարկը», Երեւանի մէջ, Անտոն (Անդրանիկ) Եոսիֆեանի հիմնած «Ֆիզիքայի Գիտահետազօտական Բարձրագոյն Հիմնարկը» Զանգուի ափին, Գր. Գուրզադեանի հիմնած եւ ղեկավարած Տիեզերագնացներու Գիտահետազօտական Կեդրոնը Գառնիի մօտ, եւ այլն: Այս բոլոր գիտնականները թէեւ կը ծառայէին Խորհրդային Միութեան ընդհանրապէս, սակայն թէ Հայաստանը կը շէնացնէին եւ թէ ինչ որ չափով ռուսերուն կախեալ կը պահէին մեզմէ:
Երրորդ օրը՝ երեկոյեան, նախքան ընթրիքը, որու ընթացքին տեղի պիտի ունենար «Հայ Մշակոյթին» նուիրուած զրոյցը, հանգստատան նախասրահի մէկ անկիւնը նստած էինք Սերկէյ Մերկելեանի, Գր. Գուրզադեանի, Արմէն Զարեանի եւ Ար. Թարխանեանի հետ, որոնք հետաքրքրուած էին Լիբանանահայութեամբ եւ ի՞նչ որ չափով նաեւ Հ.Յ.Դ.ի ունեցած հեղինակութեամբ Լիբանանի եւ առհասարակ Սփիւռքի տարածքին: Յանկարծ դիմացէն մօտեցաւ Սիլվա Կապուտիկեանը: Բնազդաբար բոլորս ողջունեցինք զինք սիրալիր, որմէ ետք ան տեղ գրաւեց մեր մէջ: Ես կը կարծէի թէ ինք եւս հարցեր պիտի ուղղէր ինծի: Այդպէս չեղաւ: Ան Խօսքը ուղղելով միւսներուն ըսաւ.
-Դուք գիտութիւն էք զարգացնում եւ երկիր էք կառուցում, ճիշդ էք անում, դա էլ հարենասիրութիւն է եւ կարեւոր, սակայն եթէ մենք չկարողանանք Յանձնառու Քաղաքացի ձեւաւորել եւ այն էլ Հայ Ազգային Քաղաքացի, ապա Հայաստանը կը մնայ իբրեւ Ռուսաստանի մի նահանգը… առանց հայու: Իսկ Հայ Ազգային Քաղաքացի կերտելու միակ միջոցը մնում է Հայ Մշակոյթի խթանումն ու տարածումը, ընդ որում առաջին հերթին գրականութեան զարգացումն ու լեզուի մաքրագործումը…:
Տրուած ըլլալով որ ներկաներուն մէջ մշակոյթի ամենամօտիկը Գուրզադեանն էր (ան գրող եւ գեղանկարիչ էր միաժամանակ), պատասխանեց.
-Ես ձեզ հասկանում եմ, առանց մշակոյթի ԱԶԳ գոյութիւն չի կարող ունենալ: Բայց դուք ձեր գործը պիտի անէք, մենք՝ մերը, որոնք զիրար չեն խաչաձեւում, այլ պարզապէս ամբողջացնում են:
Եւ այդպէս ալ եղաւ: Այդ գիշեր Տիկ.Սիլվայի հետ Խօսք առին նաեւ՝ Ռաֆայէլ Իշխանեանը,Սերօ Խանզադեանը, Մուշեղ Գալշոյեանը, Աննա Պետրոսեանը, Հենրիկ Իգիթեանը եւ ուրիշներ…: Ի դէպ, այս ոչ պաշտօնական բնոյթ ունեցող զրոյցները այնքան ալ հեզասահ չէին ընթանար: Ներկաներէն, յատկապէս անոնք որոնք Ռուսական կրթութիւն ստացած էին, (ոմանք նոյնի՛սկ ռուսերէնով կ’արտայատուէին), կը զարմանային թէ ինչո՞ւ կ’առաջարկէին Ռուսական դպրոցները վերածել «Ռուսական թեքումով» դպրոցներու: Իսկ Սերօ Խանզադեանի եւ կամ Սիլվա Կապուտիկեանի նմանները, ինչքան որ տուրք տային Խոհրդայիններուն, նոյն ուժգնութեամբ ալ քննադատելու իրաւունք ձեռք կը բերէին, ու կը խօսէին ի նպաստ Հայ ազգային շահերուն: Այդ օր տիկ. Սիլվայի ելոյթը այնքան թելադրական էր ու ազգային գետնի վրայ՝ շահեկան, որ առաջարկուեցաւ սոյն թեմայով հանդէս գալ նաեւ՝ պաշտօնական ամպիոններէն: Հոս հաrկաւոր է նշել, որ Կապուտիկեանը եւ ներկաներէն շատեր, թէեւ Ռուսաստանը կը համարէին դաշնակից, սակայն միաժամանակ կ’ուզէին անջատուիլ Խորհրդային Միութենէն ու անկախանալ:
Յետագային, 1981-ի Մայիսին տեղի ունեցած Հայաստանի Գրողներու Միութեան ութերորդ համագումարի ընթացքին, Կապուտիկեանը, ի նպաստ Հայոց լեզուի եւ հայապահպանութեան բացառիկ ճառ մը արտասանեց, որ ոչ միայն ցնցիչ տպաւորութիւն ձգած էր ներկաներուն վրայ, այլ իր խիստ խնդրայարոյց բնոյթին հետեւանքով քննադատուեցաւ ու չհրատարակուեցաւ Հայրենիքի մէջ: Սակայն կարճ ժամանակ մը ետք հասաւ Լիբանան ու Սարգիս Զէյթլեանի թելադրանքով հրատարակուեցաւ անստորագիր, ու տարածուեցաւ Սփիւռքի այլ գաղութներէ ներս եւս:
Պէյրութ, 1996, «Նոազ Արք» Ցուցասրահ, Աշուն
Կապուտիկեանը երկրորդ անգամ ըլլալով կ’այցելէր Լիբանան: Թէեւ հրաւիրողը անհատ մըն էր, գրող, հրապարակախօս եւ խմբագիր՝ Սամ Ռագուպեանը, սակայն գրկաբաց ընդունուեցաւ ու մեծարուեցաւ համագաղութային տարողութեամբ: Շատեր նոյնի՛սկ «Ամենայն Հայոց Բանաստեղծուհի» տիտղոսը շնորհեցին իրեն, որ այն ատէն քիչ մը շատ թուեցաւ ինծի: Կ’ընդունուէր բոլորին կողմէ:
Այդ օրերուն, «Նոազ Արք» ցուցասրահի բացումը երեւոյթ էր Լիբանանի մէջ, որովհետեւ ցուցադրութեան դրուած էին, քսանէ աւելի Ռուս եւ Հայ «Անհեթեթ Գերիրապաշտ» (Absurd Surrealist) գեղանկարիչներու արուեստի գործերը, որոնք նորութիւն էին առհասարակ արուեստի պատմութեան մէջ: Իսկ ես, այդ շրջանին բազմազբաղ էի բառին բուն իմաստով: Իր հետ կայացած հանդիպումներէն միայն մէկուն կրցած էի ներկայ գտնուիլ, եւ այն ալ առանց զինք կարենալ տեսած ըլլալու: Երբ իր մեկնելու օրերը մօտեցած էին, եւ ես կը մտածէի ինչպէս հանդիպիմ անոր, յանկարծ տք. Յարութիւն Նագուլեանը հեռաձայնեց, ու տեղեկացուց որ յաջորդ օրը Կապուտիկեանին քովս պիտի բերէ…: Եկան, իրենց հետ էր նաեւ տիկին մը, որուն անունը վրիպած է յիշողութենէս: Տիկ. Սիլվան ուշի ուշով ցուցահանդէսը դիտելէ եւ իմ բացատրութիւնները լսելէ ետք, ըսաւ.
-Այս ցուցահանդէսից մի քանիսին միայն գիտեմ (Վրոյրը, Հենրիկ Էլիբեկեանն ու Վաղարշակ Արամեանը), միւսների գործերը նոր եմ տեսնում: Յարութ ջան, զարմանում եմ: Ուրեմն Պէյրո՞ւթ պէտք է որ գանք Մովսէսի մօտ, որպէսզի հայրենի ժամանակակից արուեստին ծանօթանանք: Այդ ի՞նչպէս է եղել Մովսէս ջան:
-Իրականութեան մէջ, այս ձեռնարկի նախաձեռնողը եղել է Իգիթեանը, իրենց նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ մեզ օգնել են նաեւ երկու արուեստասէր ընկերներ. Ռուբէն Աւագեանն ու Մհեր Սահակեանը:
-Ա՜յ քեզ բան, Հայաստանում այդպիսի արուեստասէր մեկենասներ կան, եւ մենք լուր չունենք:
Նագուլեանը իր իւրայատուկ հիւմորով պատասխանեց.
-Սիլվա ջան, Հայաստանում դեր ինչե՜ր կան, որոնցրից դու «խապար» չես: Մովսէսի մօտ գալով թէ Հայաստանի ժամանակակից արուեստին ծանօթացար, եւ թէ նոր մեկենասներ գտար…:
-Դու գիտես, որ անկախ ամէն ինչից, ես Մովսէսին ուզում էի տեսնել… ու առանձին զրուցել հետը:
-Ոչինչ, Շաբաթ օր մեզ մօտ կը հաւաքուենք եւ այնտեղ կը խօսէք:
Շաբաթ օր Նագուլեաններու բնակարանն էինք: Յարութի կողակիցը՝ Էմման եւ Սեդա Կանաչեանը զբաղուած էին սեղանը պատրաստելով: Բացի ինձմէ եւ էլոյէն, Ներկայ էին նաեւ՝ Սամ Ռագուպեանը, Ռաֆֆի Սիսլեանը, Պարոյր Աղպաշեանն ու Ժիրայր Դանիէլեանը, բոլորն ալ իրենց տիկիններով: Սեղանի շուրջ մեր զրոյցը կ’ընթանար ջերմ ու բարեկամական մթնոլորտի մէջ: Ընթացքին Կապուտիկեանը դառնալով ինծի ըսաւ.
—Վաղը մեկնում եմ Այնճար, գալո՞ւ ես…
-Ի հարկէ, Այնճարում եթէ ես չլինեմ քո կողքին, ո՞վ է լինելու…:
-Շատ լաւ, յիշիր մի հարց կայ քո հետ, այնտեղ կը խօսենք:
Դարձեալ Նագուլեանը սրամտեց.
-Երեւի քո եւ Մովսէսի միջեւ, ինչ որ բան կայ, որ մենք չգիտենք: Տես, Այնճարցիք տարբեր հայեր են, յանկարծ նոյն ճառերը չարտասանես: Նրանք չեն ների քեզ:
Մեր մէջ, Իբրեւ Սիլվայի եւ Արայիկի հին մտերիմներէն մէկը՝ Յարութիւն Նագուլեանը միակն էր, որուն կը թոյլատրուէրԿապուտիկեանի հետ նման կատակներ ընելու…: Ան յաջորդ օրը Այնճար մեկնեցաւ Երուանդ Փամպուքեանի ուղեկցութեամբ: Թէ Այնճարցիները գոհ մնացած էին իր արտասանած ճառէն եւ թէ ինք անոնցմէ: Հակառակ անոր, որ իսկապէս կ’ուզէի մեկնիլ Այնճար, սակայն հարկադրաբար մնացի Պէյրութ, ու ոչ իր ներկայութիւնը վայելեցի եւ ոչ ալ գիտցայ ինչի՞ մասին պիտի խօսէր հետս:
Յարգելի եւ Միաժամանակ Սիրելի տիկ. Սիլվա՝
Այս յուշագրութիւնը ստորագրելէ առաջ, որոշ ճշդումներ կատարելու համար, գրող՝ հրապարակախօս ու հմուտ խմբագիր Լուսիա Մեհրապեանի հետ, այցելեցի Սիլվա Կապուտիկեանի Տուն Թանգարանը, ուր ծանօթացայ երկու վաստակաշատ մտաւորական տիկիններու: Թանգարանի տնօրէնուհի՝ Արմենուհի Դէմիրճեանին ու գիտաշխատող՝ Սեյրանուհի Գեղամեանին: Հոն շատ բան իմացայ քո մասին, սակայն յատուկ հետաքրքրական էր ինծի համար հօրդ պարագան, ուր ցաւալի էր իմանալ անոր կանխահաս մահն ու անոր ձեռագիրներու հրդեհումի պատմութիւնը… քու սեփական ձեռքերովդ: Միւս կողմէ սակայն «Էջեր Փակ Կզրոցից» գիրքին մէջ, հպարտութեամբ կը մէջբերէիր այն կարծիքներն ու տպաւորութիւնները, որոնք պատմած էին քեզի հօրդ ընկերներն ու ծանօթները,Վանի մէջ կատարած իր ազգային յեղափոխական գործունէութեան մասին, սակայն անոնց մէջ չհանդիպեցայ Արամ Մանուկեանի վկայութեան: Ստորեւ կը հրատարակեմ Արամ Մանուկեանի վկայութիւնը հօրդ եւ հօրեղբորդ (Բարունակ եւ Մանվել Կապուտիկեաններու) մասին, քաղելով զայն իր յուշերէն.
«Ուշադրութիւնս գրավեց մի փափլիկ, քոթոթ, սիրասուն պատանի, որը կազմել էր հարցերի մի մեծ ցանկ. հարցնում էր եւ պատասխանները գրում: Բերել էր եւրոպական բառերի շարան. երեւի Դրօշակից, կովկասահայ թերթերից եւ գրքերից էր հանել. այնքա՜ն հարցեր ու բառեր հարցրեց այդ պատանին, որ ես սկսայ կասկածիլ, որ չլինի թէ սա ինձ փորձութեան եւ քննութեան է ենթարկում: Այնուհետեւ ամէն հանդիպումին նույն պատանին հանում էր գրպանի տետրը, նոր հարց ու բառերով ինձ ռմբակոծում կամ բառակոծում էր: Նա մեր ապագայ Բարունակն էր, Մանվելի փոքր եղբայրը – Բարունակ Կապուտիկեանը: 10-12 տարի է անցել. ուսուցիչ դարձավ. այժմ էլ գրող եւ դիրք ունեցող հասարակական գործիչ է:
«Մանվելը նույնպես եռանդով վարեց գործը մինչեւ Հուրիեթ, երբ ինչպես ասացի, գնացել էր Պոլիս ուսանելու. չիմացայ ի՞նչ դիրք էր բռնել, բայց հիասթափուած ձեւ ունէր: Այժմ հանգուցեալ. մեռաւ խոլերայից Երեւանի մեջ, 1918ի օգոստոս 18ին: Իր կյանքի վերջին վարեց «Աշխատանքի»ի խմբագրի պաշտօնը»:
Եւ այսպէս, կը պարզուի որ Հօրեղբայրդ ալ եղած է արժանաւոր ազգային գործիչ եւ աւելի հասկնալի կը դառնայ մեզի համար, թէ ինչո’ւ դուն մինչեւ վերջ հաւատարիմ մնացիր քու մարդկային ու ազգային սկզբունքներուդ… կենսական համարելով ձեւաւորել «Հայ Ազգային Յանձնառու Քաղաքացի», որուն պակասէն կը տառապի այսօր Հայ Ազգը, ըլլայ հայրենիքի թէ Սփիւռքի ողջ տառածքին…:
Մովսէս Ծիրանի
(Անճար, 2023, Օգոստոս)
No Comments