Ներկայացում ենք հատված Զապէլ Եսայեանի «Աւերակներուն Մէջ» գրքից։ Հրատարակել է «Էդիթ Պրինտ» հրատարակչությունը «Սփյուռք» մատենաշարով։ Այս ուղեգրությունը նախաեղեռնյան ժամանակաշրջանի այն հազվագյուտ իրապատում ստեղծագործություններից է, որտեղ պատկերված է հայությանը սպասվող ապագա մղձավանջը՝ գեղարվեստական յուրօրինակ լեզվով և արտահայտչամիջոցներով՝ ավելի տեսանելի դարձնելով Ադանայի կոտորածների զարհուրելիությունը:
****
Դէպի Կիլիկիա
Շոգենաւը կը տանէր մեզ դէպի Կիլիկիոյ նաւահանգիստը, եւ այն վերջին գիշերը որ կ’անցընէինք Միջերկրականի մէջ, զիս արհաւիրքով, կանխակալ սարսափով կը լեցնէր: Հետզհետէ քանի կը մօտենայինք աղէտի սեմին, իրականութիւնը կը խուսափէր կարծես իմ հասկացողութենես ու չէին կարող անկեղծօրէն հաւատալ, թէ վաղն առաւօտ Մերսին պիտի հասնինք. Ատանա՞… Կիլիկիա՞…: Շաբաթներէ ի վեր այդ անունները կը կարդային մեր ուղեղին մէկ անկիւնը, հոն` արիւնոտ վէրք մը կար, որու դպչիլը ցաւագին սարսուռով մը կը ցնցէր էութիւնդ:
Գաղջ եւ հեշտաւէտ մթնոլորտ մը կը պարուրէր մեզ. աստղազարդ երկնքի տակ Միջերկրականը կը վէտվէտէր իր մութ կապոյտ ալիքներով՝ որոնք մեղմօրէն կ’օրօրէին շոգենաւն առանց զայն ցնցելու: Բնութեան պայծառ եւ անյեղլի գեղեցկութեան ու մեր միտքերը տանջող մտածումներուն մէջ այնպիսի հակասութիւն մը կար, որ տպաւորութիւններս կ’երթեւեկէին մէկէն միւսը` առանց պահ մը կանգ առնելու, եւ ասիկայ այնքան յոգնեցուցիչ կը դառնար, որ գրեթէ ֆիզիքական ցաւ կը պատճառէր:
Աղէտին կուրծքին մէջ իսկ մխրճուելու գաղափարը տխրագին անհամբերութիւն մը կը պատճառէր մեզի ու թէեւ լուռ, կը պտտէինք մինչեւ ուշ ատեն շոգենաւին կամրջակին վրայ` առանց իրարու մեր զգացումները հաղորդելու` համոզուած էի, որ նոյն տենդոտ հետաքրքրութիւնը գրաւած էր ամենուն միտքերը: Հոն կային Թուրքեր ու Հայեր. Պատրիարքական երկրորդ պատուիրակութիւնը եւ պատերազմական Բ. րդ Ատեանի անդամները կը ճամբորդէին նոյն շոգենաւով. կային նաեւ վնասուած վաճառականներ, արկածեալներու ազգականներ, որոնք աւերակներու վրայ կը փութային աչքովնին հաստատելու համեմատութիւնը:
Մինչեւ ուշ ատեն մնացինք կամրջակին վրայ: Կէսգիշերն անցած էր: Վարը` երրորդներու վրաններէն երբեմն կը լսուէին սրտագին հառաչանքներ, վերը շոգենաւին լուսաւորութեան ծառայող լապտերներու տժգոյն ցոլքին մէջ կը տեսնուէր երբեմն հայ կրօնաւորի մը սեւ գտակը. զինուորականներ խմբովին կը պտըտէին, ու երբ ինծի կը մօտիկնային` կցկտուր բառեր կը հասնէին ականջիս.
– Քանի Մերսինի կը մօտիկնանք, սիրտ կայրի անբացատրելի ցաւով մը:
Վարէն` ճամբորդի մը հառաչանքը կարծես կը պատասխանէր այս խորհրդածութեան:
Երբ առանձնացայ իմ խցիկիս մէջ, հետզհետէ աւելի ուժգնութեամբ վաղուան յայտնուելիք իրականութեան դողովը պաշարուեցայ: Կարծես մինչեւ այն ատեն ինծի անծանօթ լոյսով մը բոցավառուած էր իմ ներքին էութիւնս, որ փոխանակ պայծառութեամբ երեւան բերելու եւ ձեւակերպելու բոլոր մտածումներս, ընդհակառակը, միգապատ շփոթութեան մը մէջ կը խառնակէր զանոնք, ու բոլոր այս տենդագին տրտմութեան մէջ մէկ պատկեր մը թէեւ պատառոտուն` բայց յամառօրէն կը վերադառնար յիշողութեանս:
Երկու ամիս առաջ, Կարմիր Խաչի ընկերուհիներ եւ ընկերներ կը մեկնէին Կալաթաէն: Առաջիննե՛րը…: Յարատեւ անձրեւ մը կուլար քաղաքին վրայ: Սթամպօլ ծածկուած էր գորշագոյն եւ խոնաւ մէգի մը մէջ եւ անսահմանելի տխրութիւն մը կ’արտաշնչուէր ամէն բանէ. մեր ետեւը քարափի սրճարաններէն տարփաւէտ եւ մելամաղձոտ երգեր կերկերաձայն կը բարձրանային` ցաւի ուժգին եւ հեծեծող աղաղակներու պէս:
Ամենքս ալ տժգոյն էինք մեռելներու նման եւ իզուր կը ջանայինք ժպտիլ մեկնողներուն: Նաւակը կը բացուէր… մայր մը կար հոն, ճակատը կը ճերմկէր հետզհետէ հեռաւորութեան մէջ, ու մեր քով իր դեռատի աղջիկը ջղաձգօրէն կը ժպտէր` ուզելով ծածկել իր մատղաշ հոգիին բոլոր չարչարանքը: Այդ գորշագոյն մէգին մէջ ճերմկող եւ անհետացող մօր ճակատը, այդ քարափի սրճարաններէն դուրս խուժող հեծեծագին եղանակները, անձրեւին մրմունջն անգութ եւ հեշտաւէտ ոստանին վրայ, իրարու հետ խառնուած այնպիսի զգացումով մը կը վերացնէին հոգիս, որ գլխու պտոյտ կը պատճառէր ու ծունգերս կը կթոտէին:
Վերադարձին ամէնքս ալ մտամփոփ եւ տրտում էինք, ու ես կը տեսնէի կարմիր մղձաւանջի մը մէջ հրդեհուած քաղաքը, հեռաւոր փախստականները, սգաւոր եւ նախատուած աղջիկները, ու կախաղաններ, կախաղաննե՜ր…
Ու ինչ որ հեռաւոր մղձաւանջ մըն էր այն օրը, այսօր, քանի մը ժամ ետքը, իմ մթնոլորտս պիտի կազմէր…
Շոգենաւը կը կենար: Անմիջապէս բարձրացայ կամրջակին վրայ: Կը կարծէի, թէ առաջինը պիտի ըլլամ, բոլորն ալ հոն էին սակայն: Հիւանդագին տժգունութիւն մը կար ամենուն դէմքերուն վրայ ու քնատութենէ մարած աչքեր կը զգուշանային իրարու հանդիպելու: Զինուորականները խումբ մը կը կազմէին մէկ կողմ ու երկա՜ր, վհատած աչքերով կը նայէին Մերսինի վրայ: Պատուիրակութեան կրօնաւոր անդամներէն մէկը, իր սեւ թաւիշէ գտակին ներքեւ ճերմկած դէմքը կը դարձնէր Կիլիկիոյ, ու վշտագին ծամածռութիւնները կը խորշոմէին զինքը:
Նոյն միջոցին նաւեր կը փութային դէպ ի մեզ, զինուորականները կ’աճապարէին իջնալու. խուսափուկ նայուածքներով կ’անցնէին մեր դիմացէն ու տխրութեամբ, արագօրէն կը բարեւէին, քայլերնին անհաստատ էր ու կարծես շուարած, սուրերուն ձայնը կը քաշքշուէր գետնին վրայ: Այդ րոպէին դժուար էր որոշել որ մե՞նք թէ իրենք աւելի դժբաղտ կը զգայինք ինքզինքնիս:
Մերսին մեր դիմացն էր: Տափարակ եւ կապտորակ հողի տարածութիւնը կը հեռանար մինչեւ մշուշապատ լեռներու շղթան, արշալուսային գոյներու բազմազան երանգաւորում մը կը ծածանէր յոյլօրէն այդ գեղջկական պարզութեան վրայ: Անգամ մըն ալ աղէտին մղձաւանջը կը հեռանար իմ միտքէս եւ կ’ուզէի ժպտիլ այդ արեգնաւէտ երկնքին…: Բայց ահաւասիկ պատուիրակութիւնը պատրաստ կը սպասէր, եւ նաւերը կը մօտիկնային. անձկալի ու մռայլ դէմքեր կը նայէին մեզի, կ’որոնէին ու ամէն բան կը մթնէր իմ մէջս…:
Կրօնականները, հանդիսաւոր եւ ծանր երեւոյթով, կարծես յուղարկաւորութեան մը կը պատրաստուէին: Մեր ամենուս տժգունութիւնը կաւելնար, սիրտս բռնուած էր անսահման վշտի մը մէջ ու երակներս կը սառէին կարծես:
Եկեր էին մեզի դիմաւորելու անոնք, որ տեսած էին ամէն բան… հրդեհէ, սուրէ փախած էին ոմանք, իրենց աչքերուն մէջ բոցերուն ելեւէջը կը պարէր, ու յիշատակներու դառնութիւնը շփոթ արագութիւն մը կուտար իրենց խօսքերուն…: Այդ քանի մը վայրկեանին մէջ շատ բան պատմեցին ու շատ բան ըսին մեզի, ու հակառակ մեր անսահման յուսահատութեան` մեր խօսքերն անիմաստ լաւատեսութեամբ մը լեցուն կը թուէին իրենց: Գլուխնին կը շարժէին ու կ’ըսէին.
–Ի՞նչպէս յայտնի է, որ դեռ շոգենաւին վրայ կը գտնուիք:
Երբ Մերսին ոտք դրինք, տպաւորութիւնս շատ որոշ էր: Կարծես մեռելի մը տան սեմէն ներս կը մտնէինք, մարդիկ մեզ կընդունէին լռին տխրութիւնով մը. ձեռքերնիս կը սեղմէին ու կ’անցնէին, ու դեռ ո՞վ գիտէ ի՞նչ մը կար օտարոտի մեր վրայ, որ հաղորդակցութեան չէին մտնար ու ամրապնդուած իրենց վիշտին մէջ` մէկ կողմ կը կենային ու կը նայէին մեզի արցունքոտ աչքերով:
Պանդոկը, ուր իջեւանեցանք, լեցուն էր ամէն աստիճանէ փախստականներով. հոն գտանք նաեւ Վեհափառը, որուն ներկայացանք անմիջապէս: Ամբողջ օրը կարծես մղձաւանջային երազի մը մէջէն տեսայ անցուդարձը սեւազգեստ կիներու աոաջին զոհերէն մէկուն ընտանիքի անդամները ու լաց ու կոծը արկածեալներու, որբերու եւ այրիներու որոնց վիշտը կը հրահրուէր մեր երեւոյթէն:
Հետեւեալ օրը պիտի մեկնէինք Ատանա՜… պիտի ըլայինք աւերակներու մէջ. խելայեղօրէն կը մտածէի այդ բանին ու այն գիշերն ալ անքուն ու սրտատրոփ հսկեցի վիշտիս վրայ:
Գիշերը զով էր, ծովին լայն տարածութենէն խոնաւութիւնը կը բարձրանար, կը սաւառնէր քնած քաղաքին վրայ: Ալիքներուն մռնչիւնը կ’օրօրէր իմ մտահոգութիւնս, մինչ անընդհատ, ամրաքայլ ուղտերու կարաւաններ կ’անցնէին ճամբուն վրայէն` իրենց ելեւէջող շարժումները նշանակելով բոժոժներու հնչիւններով:
No Comments