A work of art is above all an adventure of the mind
Eugene Ionesco
Մայիս, 2000թ., Ֆլորանս:
Առաւօտուն, երբ կը պատրաստուէի դուրս գալ Brunelleschi-ի անուան հիւրանոցի նախասրահէն, յանկարծ ներկայանալի կին մը կեցուց զիս ու ըսաւ.
— Մոյսէյը դո՞ւք էք:
— Այո, ես եմ, իսկ դո՞ւք …:
— Ես Սիլիան եմ, Ռոպերթոյի կինը: Անգլերէն չիմանալու հետեւանքով իր փոխարէն ես եկայ որպէս զի ուղեկցիմ ձեզի…:
— Օ՜…, շատ շնորհակալ եմ, սակայն ինծի համար քիչ մը շատ չէ՞ ձեզի պէս բացառիկ գեղեցկուհի մը իբրեւ առաջնորդ ունենալը եւ այն ալ Ֆլորանսի մէջ:
Շրջանցելէ ետք իմ հաճոյախօսութիւնը, աւելի լրջանալով ըսաւ.
— Ձեր ընկերը՝ Փիերոն երէկ գիշեր Հռոմէն հեռաձայնեց ու խնդրեց որ օգնենք ձեզի:
— Այո… Փիերոն իմ հին ընկերներէս է: Մեծապէս շնորհակալ եմ…: Սուրճ մը չէ՞ք առներ:
— Ժամանակը կարճ է, իսկ մենք ահագին շատ տեղեր պիտի այցելենք: Ճանապարհին կը խօսինք, սուրճն ալ ընթացքին կ՚առնենք:
Ես շլացած էի ի տես անոր մարմնի բարեձեւութեան ու հմայիչ կանացիութեան: Ճանապարհին զգալով իր հանդէպ իմ ունեցած խանդավառութիւնն ու համապատասխան վերաբերմունքը,— ու կանխելու համար իմ կողմէ որեւէ տեսակի անախորժ առաջարկութիւն,— ի սկզբանէ տեղեկացուց.
— Մենք օրինաւոր ամուսիններ ենք: Արդէն իսկ փոքրիկ մանչ մը ունինք, իսկ երկրորդը՝ ճանապարհին է, յոյս ունինք որ աղջիկ կը ծնի:
Խնդակցութիւնս յայտնելէ եւ բարի ազատում մաղթելէ ետք, ըսի.
— Ես գիւղացի տղայ եմ, ընտանեկան սրբութիւնները կը յարգեմ ու կը գնահատեմ: Փիերոն համակրանքով ու բարձր գնահատանքով կը խօսի ձեր ամուսինի ու մանաւա՛նդ իր արուեստին մասին:
Մինչեւ որ հասնինք Delle Belle Arti հրապարակը, մենք առիթ ունեցանք զրուցելու: Պարզուեցաւ որ ինք նորաձեւութեան նախկին բնորդուհի է, իսկ ներկայիս, բացի Ռոպերթոյին «ծառայելէ», կ՚աշխատի նաեւ Ֆլորանսի գեղարուեստից ակադեմիային (Accademia di Belle Arti di Firenze) մէջ իբրեւ արհեստավարժ բնորդուհի:
Այդ օր հազիւ կրցանք այցելել, Pallazzo di Pitti, Cappella di Medici եւ Santa Maria del Fiore եկեղեցին: Ընթացքին, երբ կը ճաշէինք բացօթեայ ճաշարանի մը մէջ, ցանկութիւն յայտնեցի ներկայ գտնուիլ իր բնորդութեան պահերէն մէկուն: Ան քաղաքավարութեամբ բացատրեց.
— Սկզբունքով դէմ չեմ, սակայն այս կարճ ժամանակի մէջ նման բան մը հնարաւոր չէ, մանաւանդ որ ամուսինս ուրիշի մը ներկայութեան չի սիրեր ծեփակերտել:
— Ափսոս, կ՚ուզէի բան մը սորուիլ, այսինքն կ՚ուզէի համեմատել Երեւանի կամ Պէյրութի ու ձեր կեցուածք ընդունելու կերպերը:
— Կը հասկնամ, դուք արուեստաբան էք ու մասնագիտական աչքով կը նայիք, այդ պատճառով ալ մեր ակադեմիայէն ներս արուեստաբաններուն կը թոյլատրուի, սակայն յատուկ արտօնութիւն պէտք է…:
Անշո’ւշտ ես համակերպեցայ ու թէեւ մասնագիտական բաժինը զիս կը հետաքրքրէր, այնուամենայնիւ բուռն ցանկութիւն մը ունէի նաեւ անոր մերկութիւնը ըմբոշխնելու:
Երեկոյեան երկուքս ալ յոգնած էինք: Հանգստանալու իրաւունք չունէի: Ինք մեկնեցաւ, իսկ ես դուրս ելայ առանձինս քալելու…: Գիշերով տարբեր հմայք ունի Ֆլորանսը:
Յաջորդ առաւօտեան, հաւատարիմ ուղեկիցս հիւրանոցի շքամուտքին ինծի կը սպասէր: Առանց ժամանակ կորսնցնելու դիմեցինք ուղիղ Uffizzi-ի պատկերասրահը:
Իմ արուեստասէր ընթերցող, ես պիտի չխօսիմ այն տպաւորութիւններու մասին, որոնք զիս «շլացուցին» մինչեւ որ հասանք Լէոնարտօ Տա Վինչիի տաղաւարը, ուր ուզեցի քիչ մը հանգստանալ ու ամփոփուիլ, ոչ թէ անոր համար որ յոգնած էի. այլ կարճ ժամանակի մէջ այնքան շատ գլուխ-գործոցներ տեսնելէն էապէս լիացած էի ու միտքս սկսած էր ըմբոստանալ զգայարաններուս դէմ…: Չորս կողմս նայեցայ, նստելու յարմարութիւն չկար…: Յանկարծ լոյս մը ծագեցաւ մտքիս մէջ: Ուժ մը եկաւ վրաս եւ անդիմադրելի մղում մը ունեցայ շօշափելու Լէոնարտոյի «Աւետումը»… ստուգելու համար «sfumato»ի արհեստագիտութիւնը:
* * *
Հոս հարկադրաբար պէտք է որ փակագիծ մը բանամ, որպէսզի համբերատար ընթերցողս նախ՝ ըմբռնէ, թէ ինչո՞ւ նման անազնիւ ու վտանգաւոր քայլի մը ուզեցի դիմել եւ երկրորդ՝ ի՞նչ է «sfumato»ն:
Ուրեմն լաւ մտիկ ըրէք.
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի համեմատաբար հանգիստ օրերէն մէկն էր: Փօլ Կիրակոսեանը հեռաձայնեց, որպէս զի տանիմ զինք Պէյրութի Պետական համալսարանը, ուր կը դասաւանդէր: Նման պարագաներու ես հաճոյքով կ՚ընկերանայի իրեն, նախ անոր համար որ իր ներկայութիւնը ուսանելի էր ու հաճելի, ապա առիթ մըն էր նաեւ «մերկուհիներ» ճեպանկարելու…: Քաղաքացիական պատերազմի այդ աննպաստ պայմաններուն տակ, օրեր առաջ Կիրակոսեանը Լէոնատոյի մասին դասախօսութիւն մը տուած էր Իտալական Մշակոյթի Կեդրոնէն ներս: Ճանապարհին երբ խօսքը բացի, ան ափսոսանքով ըսաւ որ շատ դժբախտ կը զգայ ինքզինք, որ առիթ չէ ունեցած մատներով շօշափել Լէոնատոյի ստեղծագործութիւներէն մէկը: Աւելցնելով.
— Ինծի թոյլ չտուին անպիտանները: Սխալ ըրի, պէտք է որ գաղտնի շօշափէի…
— Իսկ ինչո՞ւ կ՚ուզէիր անպայման շօշափել, ինչքան գիտեմ խիստ արգիլուած է նման բան մը, կրնային բանտ տանիլ քեզ:
— Հոգս չէ, իտալացիները բարի են, շատ շատ քանի մը օր կամ քանի շաբաթ պիտի բանտարկէին…
— Լաւ, բայց պատճառը ի՞նչ էր:
— «Պարաքէ» կայ մէջը: Ինծի “inspire” կ՝ընէ:
Ըսել կ՚ուզէր «բախտաբեր» է, աւելի ճիշդը կ՚ուզէր հասկցնել որ Լէոնարտոն ներշնչում կը պարգեւէր իրեն:Ես շարունակեցի.
— Չեղաւ, համոզիչ չէ ըսածդ, ճի՛շդը պիտի ըսես:
— Դուն գիտես ի՞նչ է «sfumato»ն:
— Գիտեմ միայն, որ Լէոնարտոն ստեղծած ու այնքան կատալելագործած է զայն, որ գեղանկարչական արհեստագիտութեան մէջ տակաւին չէ գերազանցուած:
— «Sfumato» մուխ կը նշանակէ, ուր չկայ գիծ, չկայ լոյսի եւ մութի հակադրութիւն, սակայն կայ շուք, որուն լոյսի աղբիւրը անյայտ է եւ ոչ միայն կրնայ ծաւալի զգացողութիւնը փոխանցել այլեւ՝ տարածականութեան:
* * *
Լաւ, հիմա վերադառնանք Uffizzi-ի Լէոնարտոյի տաղաւարը: Երբ մտորումներու մէջ տակաւին կը յամենայի «Աւետումին» դիմաց, իմ համակրելի ուղեկիցս՝ Սիլիան մօտեցաւ, նախ զգաստութեան հրաւիրեց եւ ապա ըսաւ.
— Ըստ երեւոյթին շատ կը սիրես Լէոնարտոն… պէտք է որ աճապարենք, որովհետեւ տակաւին շատ բան կայ տեսնելու:
— Այո…, բայց բան մը պիտի խնդրեմ… կ՚ուզեմ որ օգնես ինծի:
— Եթէ որեւէ բացատրութեան պէտք ունիս, խնդրեմ ըսէ:
— Ըսելու բան չէ այլ ընելու,
— Ի՞նչ է, յոգնեցա՞ր, կ՚ուզե՞ս դուրս գանք տեղ մը նստինք: Նոյն տոմսերով կրնանք նորէն ներս մտնել:
— Ո’չ, շատ յարգելի տիկին: Նայիր այս «ոստիկանը», որ երկու սենեակներուն կը հսկէ:
— Կը տեսնեմ, յետոյ…
— Կ՚ուզեմ որ միւս սենեակը անցնի, որպէս զի առիթ ունենամ Լէոնարտոյի «Աւետումը» շօշափելու:
— Ի՞նչ, ես ճի՞շդ լսեցի:
— Այո’, եթէ միւս սենեակը անցնիս ու արհեստական վէճ մը ստեղծես մէկու մը հետ, ան ստիպուած հոն կու գայ, իսկ ես առիթ կ՚ունենամ…միա՜յն ակնթարթ մը… Լէոնարտոյի «Աւետումը» թեթե՜ւ մը պիտի շօշափեմ:
— Դուն խե՞նթ ես, ատիկա բացարձակօրէն արգիլուած է: Յանկարծ չփորձես…:
— Ինծի համար շատ կարեւոր է, պէտք է որ գիտնամ թէ «sfumato»-ն ի՞նչ է:
— Նայիր, քեզի բանտ կը տանին, հոս Լիբանան չէ:
— Հարց չէ… շատ շատ, քանի մը օր կամ քանի շաբաթ պիտի արգելափակեն: Կեանքիս մէջ բնաւ բանտ չեմ մտած, ի՞նչ կայ որ, փորձառութիւն մը կ՚ըլլայ: Յետոյ իտալացիները բարի մարդիկ են, լաւ կը նային ինծի:
— Օ՜, դուն իսկական խենթ ես…: Մենք՝ իտալացիներս արուեստի հանդէպ շատ զգայուն ենք: Չըլլայ որ նման բան մը ընես: Հասկցա՞ր, այլապէս կը ձգեմ կ՚ երթամ:
Իմ պարկեշտ ընթերցող, գիտեմ որ դուն ալ դէմ ես ինծի, գիտեմ նաեւ պիտի այպանես զիս, սակայն ես ուրիշ ճար չունէի: Առիթն էր ու պէտք է որ ստուգէյի «sfumato»ի յօրինուածքը (texture): Բաւականին վիճելէ ետք որոշեցինք որ ինք դուրսը պիտի սպասէ եւ եթէ շատ ուշանամ… պիտի երթայ:
Մնացի առանձին: Որպէսզի այցելուները չմօտենան նկարներուն, պատերու երկայնքին ոսկեգոյն շղթաներ երիզուած էին, որոնք սակայն ցած էին ու անցնիլը հեշտ: Քանի մը վայրկեան ետք բախտս բերաւ, ու պահակը միւս սենեակը մտաւ: Անմիջապէս շղթայէն ներս մտայ, թէեւ ահազանգը հնչեց, սակայն մինչեւ որ պահակը վերադառնայ ես կրցայ նկարը շօշափել: Երբ ներս մտաւ, ես տակաւին շղթային ու նկարին միջեւ էի: Ան գոռալով սկսաւ հասկցնել որ դուրս գամ, սակայն ես ձեռքերս վերցուցի ու մնացի անշարժ: Երբ համոզուցաւ որ «ապուշի» մը հետ գործ ունի, առանց քաշքշելու կամ կոպտելու, ձեռքէս բռնեց ու շղթայէն դուրս հանեց: Զանգը կեցաւ: Երկրորդ պահակ մըն ալ եկաւ անգլերենով եւ իտալերէնով սկսան բացատրել թէ արգիլուած է շղթայէն ներս մտնելը, եւայլն, եւայլն: Ես երկու բառ կ՚արտասանէի. sorry եւ ok, ու մեր Մուսա լերան բարբառովու ձեռքերուս շարժումներով կը բացատրէի թէ կ՚ուզէի մօտիկէն դիտել նկարը: Խորհրդակցելէ ետք իրարու հետ, առաջին պահակը թեւէս բռնեց ու ամենայն քաղաքավարութեամբ առաջնորդեց դէպի դուրս: Ընթացքին զգացի որ Սիլիան կը հետեւի ինծի: Ձայն չհանեցի: Երբ դուրս ելանք պահակը խստիւ պատուիրեց որ չվերադառնամ: Յանցաւոր էի. գլուխս կախ՝ ներողութիւն խնդրեցի պահակէն, որուն մեկնելէն ետք, Սիլիան յանդիմանական արտայայտութեամբ ըսաւ.
— Աժան ազատեցար, լաւ է որ մէկը չմատնեց քեզ:
— Մենք համաձայնեցանք, որ դուն դուրսը պիտի սպասէիր…
— Բայց ի՞նչպէս կրնայի քեզի պէս կատարեալ խենթ մը առանձին ձգել…
— Այո, իմ ըրածը խենթութիւն էր…: Ստիպուած էի: Անգամ մը եւս կը ներես: Ես չափազանց շնորհակալ եմ քու մարդկային վերաբերմունքին համար…:
— Այո, շնորհակալ ես եւ հաւանաբար նաեւ գոհ, իսկ ես սարսափահար կրակի վրայ կեցած, կը սպասէի թէ ի՞նչպէս պիտի ձերբակալեն քեզ:
Սիրելի ընթերցող, բնականաբար բան մը կոտրուած էր Սիլիայի մէջ ու զղջացած կը թուէր ըլլալ ուղեկցած ըլլալու ինծի: Ձեւականօրէն ցտեսութիւն ըսինք իրարու ու… բաժնուեցանք:
Հակառակ անոր որ Լէոնարտոյի վրձնահարուածներուն թրթիռները տակաւին կը յամենային մատներուս վրայ, խիղճս կը տանջէր զիս Սիլիային նման ազնիւ անձ մը վշտացուցած ըլլալուս համար…: Յոգնած ու անտրամադիր վերադարձայ հիւրանոց, ուր բնազդաբար այդ օր ձեռքերս… չլուացի: Ի վերջոյ Լէոնարտոյի «օրհնութիւն»ը ստացած էի:
Ի դէպ տարիներ ետք, երբ նորէն այցելեցի Uffizzi-ի պատկերասրահը տեսայ որ Լէոնարտոյի, Դիցիանի եւ այլ քանի մը այլ մեծերու ստեղծագործութիւնները դրուած էին վեցանկիւն տաղավարի մը մէջ, ուր մտնելը արգիլուած էր, իսկ գեղանկարները կարելի էր դիտել, յատուկ պատուհաններէ միայն: Արդեօ՞ք իմ «անկրթութիւնս» պատճառ հանդիսացած էր նման խիստ պաշտպանողական որոշումի մը…:
Շարունակելի
Մովսէս Ծիրանի
(Մոնթրէալ, մարտ 2021)
No Comments