ԳրաԴաշտ Մովսէս Ծիրանի

Արտաշէս Յունանեան․ «Սիրէք միմեանց…»

02.02.2022

Վա՜յ ազգիս, որ թփրտում է
Թակարդը ընկած թռչունի նման…
Ար. Յ.



Երեւան, 1980, Լենինի №2 հանրակացարան:

Յանկարծ,  բռունցքի ուժեղ հարուածներով դուռը զարնուեցաւ: Ջղագրգիռ զգուշութեամբ բացի… «Նինճայ»ի նման գլուխը փաթթած ու երկար վերարկու մը հագած մէկը, շփոթահար… փոթորիկի նման ներս խուժեց: Հազիւ ճանչցայ, Յունանեանն էր… աջ ձեռքով բերանը, իսկ ձախով՝ դուռը գոցելէ ետք, դրան քովը զետեղուած «ռատիօ ընդունիչ»ի թելը անջատեցի ու հասկցուցի, որ հանգիստ ու ցած ձայնով պէտք է որ խօսի…  Այլայլած էր, կը դողար ու կը հեւար… ջուր տուի… ումպ մը խմեց, խոր շունչ մը քաշեց ու ըսաւ.

-Մովսէս ջան… ինձ հետեւում են…

Ծոցէն հանեց «փաթեթ» մը ու շարունակեց. 

-Սա՛…, դու գիտես … մօտդ պահիր մինչեւ որ տեսնենք ի՞նչ ենք անելու, ես պէտք է որ գնամ… էդ անաստուածները հետեւում են… ինձ… միայն Գէորգը լուր ունի…

Ըսաւ ու ետ դարձաւ որ մեկնի, սակայն ես թեւէն բռնելով ըսի.

-Սպասի՛… մի րոպէ կանգ առ… այս ջուրը լրիւ խմէ… ա՜յ այդպէս… հիմա հանգիստ գնա… առանց աճապարելու… Երեսդ ալ լրիւ բաց, որ կասկած չյարուցես…

Երեխայի նման հնազանդեցաւ, քանի մը անգամ խոր շունչ քաշեց ու … խաչակնքելէ ետք… գնաց….: Ետեւէն իջայ մինչեւ փողոց, չորս կողմս լաւ մը ստուգեցի… հետեւող չկար… «հանգիստ» սրտով վերադարձայ սենեակ: 

Այդ օրերուն Յունանեանի մօտ սկսած էին հալածախտի նշաններ երեւիլ…:

Նստայ… սկսայ խնձոր մը կեղուել ու մտածել թէ ի՞նչ կրնամ ընել…: Որոշեցի ժամանակաւոր կերպով կարգ մը հնատիպ գիրքերու հետ, Չարպախ տանիլ այդ ձեռագիրը ազգականներուս՝ Հարգալեաններուն քով, ուր «Հերկելիկ Պապուկը» կար իբրեւ փորձառու ու վստահելի անձնաւորութիւն…:

Ուսապարկիս մէջ լեցնելէ ետք հնատիպ գիրքերն ու «Ձեռագիրը», երբ կը պատրաստուէի դուրս գալ, ընթացքին մէկը առանց դուռը թակելու, հրեց ու ներս մտաւ: Գէորգն էր: Առաջին խօսքը եղաւ այն որ.

— Հայրս չափազանցում է: Նա չգիտի որ մեզ աւելի են հետեւում, քան՝ իրեն: Մինչեւ այն ատեն որ «նրանք» այս գիրքից տեղեակ չեն, կարիք չկայ էդքան մտահոգուելու:«Նրանք» դժգոհ են մեր ելոյթներից, որովհետեւ մենք ժողովրդի մէջ…  տարածում ենք գաւառից հաւաքուած ազգային-յեղափոխական ու ինչպէս նաեւ՝ հոգեւոր երգեր, զորս աւելի վտանգաւոր են համարում… չգիտես ինչո՞ւ…

-Գէորգ ջան, հօրդ վիճակը բնական չէ: Նա էութեամբ հանգիստ մարդ է, դրա համար էլ մտահոգիչ է իր վիճակը: Նա ուղղակի խուճապի մէջ է… հարկաւոր է մի բան մտածել… 

-Այո, այսպէս չի կարելի շարունակել… տեսնենք…

Գէորգը «Ձեռագիրը» հետը տարաւ:

Մ. Հերկելեան եւ Ար. Յունանեան, Լենինի Բ. Հանրակացարան, 1978

………………………………………………………………………………………………………………..

Առանց ընթերցած ըլլալու տեղեակ էի գիրքի վտանգաւոր բնոյթին ու բովանդակութեան: Այդ պատճառով, տակաւին չաւարտուած՝ այս գիրքը կը պատճենահանուէր ու յաճախ տեղ կը փոխէր… նոյնի’սկ քանի մը անգամ գետնին տակ թաղուած էր: 

Ամենայն դէպս Յունանեանի «սարսափահար տագնապը» անտեղի չէր: Ան մաս կը կազմէր նաեւ այլախոհներու խմբակի մը, որոնք ճանչցուած էին իբրեւ «Մերժուածներու եօթնեակ»: Ասոնցմէ՝ ես շփման մէջ էի կայացած դերասան Զարեհ Տէր Կարապետեանին ու անզուգական դասախօս Լեւոն Ներսիսեանին հետ: Խոհեմաբար միւսներու մասին ոչ ես կը հարցնէի Յունանեանին եւ ոչ ալ ինք խօսքը կը բանար: Այս խմբակի մասին հարկաւոր է առանձին անդրադառնալ, յատկապէս ի նկատի ունենալով Զարեհի դստեր՝ դերասանուհի Յասմիկ Տէր Կարապետեանի յուշերը:

Հետապնդումներէ հեռու մնալու համար, ի վերջոյ Գէորգը որոշեց հօրը ինքնակամ «աքսորել» գաւառ՝ իր ծննդավայրը, իսկ ինք ելք կը փնտռէր դուրս գալու խորհրդային սահմաններէն…: Եւ իսկապէս յետագային Յունանեան մեկնեցաւ Սպիտակ, ուր նուազագոյն միջոցներով ստեղծեց կերպարուեստի ուսումնարան, իսկ Գէորգը երբ Ռոմէն Կոզմոյեանի ղեկավարութեամբ մեկնած էր հիւրախաղերու՝ ԱՄՆ, հոն  քաղաքացիական ապաստարան յայցեց…: Կոզմոյեանը խնայելու համար Յունանեանի տաղանդին ու անոր ընտանիքին, ձեւը կը գտնէ ու գաղտնի կը պահէ Գէորգի «փախուստը»…: Որպէսզի բացատրելի դառնայ թէ ինչո’ւ Կոզմոյեան կը դիմէ իրեն համար աննպաստ քայլի մը, բացատրեմ: Առաջին անգամ երբ քովը գացի իբրեւ «Մշակութային Կապի Կոմիտէ»ի նախագահի տեղակալ, ան նախքան  խնդրին մանրամասնութիւնները իմանալը, ըսաւ. «Ես գիտեմ դու ո՞վ ես եւ ի՞նչ շրջանակից ես գալիս, դու էլ գիտես որ ես ո՞վ եմ եւ ու՞ր եմ աշխատում… սակայն դա չի նշանակում որ մենք ազգային ընդհանուր շահեր չենք կարող ունենալ…»: Այնպէս որ ես չզարմացայ երբ տարիներ առաջ ան Գէորգի «փախուստի» դէպքը պատմեց ինծի… մեկնելով… ազգային ընդհանուր շահերէ…:

…………………………………………………………………………………………………………………

Աթիլիաս, 1989, Աշուն

Այդ օրերուն ես տնանկի կարգավիճակի մէջ՝ կաթողիկոսարան կ’ապրէի, ուր կը պաշտօնավարէի թէ «Մարտիկեան» վարժարանէն ներս եւ թէ դպրեվանքը: Գարեգին Բ. Վեհափառի հետ շաբաթը անգամ մը կը բարձրանայի Պիքֆայայի վանքը, ու ճանապարհին կը հաղորդակցէինք Սուետիոյ (Մուսալերան ու Քեսապի) մեր բարբառներով…: Պաշտօնականութենէ դուրս՝ Վեհափառը կենսալից ու կատակասէր բնաւորութեան տէր հաճելի զրուցակից էր: 

Երկրաշարժէն շուրջ տարի մը ետք, երբ նոր վերադարձած էր հայրենիքէն, լուր ղրկեց որ քովը հանդիպիմ: Երբ բարձրացայ վեհարան, տեսայ որ գրասեղանին առջեւ նստած, կլանուած՝ ձեռագիր մը կը թերթատէ…: Որովհետեւ մռայլ ու մտազբաղ տեսք ունէր, խուսափեցայ հարց տալէ ու… սպասեցի: …քիչ ետք գլուխը վերցուց սեղանին վրայէն… աչքերուս նայեցաւ նշանակալից…. ու առանց որեւէ յառաջաբանի գիրքը երկարելով ինծի, ըսաւ. 

Ծանօ՞թ ես այս ձեռագրին:

Ձեռքս առի ու սկսայ թերթատել: Մաքուր ու կոկիկ, խնամքով ձեւաւորուած «Պահպանակ»ի վերջին օրինակն էր…: Լռեցի… Վեհափառը շարունակեց.

-Այս երկտողն ալ քեզի ուղղուած է, կարդա’… 

Յունանեանը կը խնդրէր, որ ես խմբագրեմ ու հսկեմ գիրքի հրատարակման: Ինքզինքս հաւաքեցի ու ըսի.

Այս գիրքէն տեղեակ եմ, մեծ հաճոյքով պարտականութիւնս կ’ընեմ… Գիտէի որ Սպիտակ գացած է, սակայն լուր չունիմ իրմէ…ի՞նք….

-Այո’… կայ, սակայն վատառողջ է թէ ֆիզիքապէս եւ թէ հոգեպէս: Տարի մը առաջ երկրաշարժէն ետք, երբ քովս եկաւ թեւը կապած էր, ձեռքերը կը դողային եւ խօսածը դժուար կը հասկցուէր: Տակաւին նոյն կացութեան մէջ է, հարկաւոր է Ամերիկա ուղարկել… բուժման…

Ես դարձեալ լռեցի… ու սպասեցի…: Վեհափառ հայրապետը ինք եւս քանի մը րոպէ լռելէ ետք… գրասեղանին աջ կողմը դրուած տուփէն «սիկար» մը վերցուց, փորձեց վառել… չկրցաւ…«սիկար»ը ձեռքին ոտքի ելաւ… ու ճեմելով շարունակեց.

-Հետեւեալը պատմեցին ինծի: Երկրաշարժէն վայրկեաններ առաջ, յանկարծ նախազգացում մը կ’ունենայ որ աղէտ մը պիտի պատահի… անմիջապէս աշակերտներուն կը դիմէ, որպէսզի դուրս գան: Ինք ուսումնարանի մուտքին կը  հսկէ մինչեւ որ վերջին աշակերտը դուս ելլէ…: Բոլորը կը փրկուին, սակայն ինք՝ փլատակներուն տակ կը մնայ: Ժամեր ետք միայն օգնութեան կը հասնին…: Դուն գիտէի՞ր որ կանխազգալու նման յատկութիւններ ունի.. :

-Ուղղակիօրէն՝ ո’չ: Արտաքնապէս հանդարտ ու հանգիստ կը թուէր ըլլալ, սակայն իրականութեան մէջ գերզգայուն մարդ էր: Թէեւ յատուկ նախազգացումներու մասին  չէր խօսեր, սակայն ամէն տարի քսանըմէկ օր ծոմ կը պահէր ու այդ շրջանին է որ (իր խօսքերով ասած) ներաշխարհը կը մաքրագործուէր, հոգին կը բիւրեղանար, միտքը կը պայծառանար, կը սկսէր տեսիլքներ ունենալ ու… ստեղծագործել…:

…………………………………………………………………………………………………………………

Իմ հետաքրքրասէր ընթերցող 

Պատմութեան մէջ եղած են արտակարգ ընդունակութիւններու տէր իմաստուններ, չըսելու համար սուրբեր, որոնք իրենք զիրենք մօտիկ զգալով աստուածներուն արտայայտած են համարձակ ու յանդուգն մտքեր, ինչպէս  Գր. Նարեկացի, Տանդէ Ալիկէրի, Սուամի Վիվեկանանտա, Ժպրան Խալիլ Ժպրան… եւ այլն: Յունանեան եւս «Պահպանակ»ի մէջ (շատ հաւանաբար ակնարկելով իր քսանմէկօրեայ ծոմապահութեան) կը յայտարարէ. «Հրաշքով իմ մէջ Աստուած է բնակւում …» եւ կամ «Այլափոխուում եմ ինչ որ նոր նիւթի եւ իմ մէջ զգում Սրբազան ոգու Սուրբ գոյութիւնը»: Չէ՞ք կարծեր, որ երբ ենթական գերլարուած պահու մը, իր մէջ կը զգայ «Սրբազան ոգու Սուրբ գոյութիւնը» հաւանական է նաեւ, որ լուրջ նախազգացումներ ունենայ…: Նկատի առէք նաեւ, որ ան նման ոգեղինացած վիճակներու մէջ է, որ նկարազարդած ու իւրօրինակ նկարաշարքեր ստեղծած է, ինչպէս. Տանթէ Ալիկէրիի «Աստուածային Կատակերգութիւն»ը, Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածները», Գր. Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան»ը, «Հայաստան Դրախտավայր»ը, «Պատարագ»ը, եւայլն:

«Գր. Նարեկացի», յղացքը՝ Ար. Յունանեանի

……………………………………………………………………………………………………………….. 

«Պահպանակ»ը քրիստոնէական ոգիով ու «Նարեկեան» շունչով գրուած ըլլալով հանդերձ, պէտք եղած ընդունելութիւնը չգտաւ գրասէր հասարակութեան մօտ, ի մասնաւորի անոր համար որ նեղմտութեան սահմաններէն դուրս գալով, համակրօնական ու համամարդկային հաւատքի այնպիսի հարցեր կը շօշափէ, որոնք չեն բացառեր լուսապաշտական միւս կրօնքները, ինչպէս Պուտտիզմը, Հինտուիզմը, Միթրաիզմը, եւայլն:

Օրինակի համար ան կը խոստավանի որ «Սոգրատեսի, Պօղոս Առաքեալի, Գրիգոր Նարեկացու եւ Սուամի Վիվեկանանտայի Սուրբ հոգիների ներշնչմամբ, եւ նրանց օգնութեամբ էլ ահա արագութեամբ շարժւում եմ ԼՈՅՍԻ ԿՈՂՄԸ (ընդգծումը մեզմէ)»: Յունանեանին ճիշդ հասկնալու համար, հարկաւոր է նաեւ որ ընթերցողը գաղափար ունենայ նախնադարէն աւանդուած, տիեզերական ու համամարդկային ԼՈՅՍԻ պաշտամունքի մասին, որ իր բիւրեղ արտայայտութիւնը պիտի գտնէր Սուրբ Երրորդութեան (Հայր, Որդի եւ Ս. Հոգի) ի բնէ լուսեղէն ըլլալուՍուրբ Գրային ճշմարտութեան մէջ…: Ահաւասի՛կ թէ ինչու, ան ընդունելով հանդերձ լոսապաշտական միւս կրօնքներու դրական կողմերը, ամէն բանէ առաջ կը մնար բարեպաշտ քրիստոնեայ մը: Այնպէս որ, ճիշդ չէ զինք մեղադրելը անոր համար որ ինք հեթանոս Սոգրատեսն ու Հինտու Սուամի Վիվեկանանտան համահաւասար Սուրբեր կը համարէ Պօղոս Առաքեալին ու Գրիգոր Նարեկացիին…:

Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը, գիտնալով հանդերձ այս բոլորը, ամենայն լայնախոհութեամբ մօտեցաւ հարցին, ընդունեց, ըմբռնեց եւ գիրքը գնահատելէ ետք իր ամբողջութեանը մէջ՝ յանձնեց այն Հայ ընթերցողի դատաստանին: Հակառակ այս բոլորին, Յունանեան շատերու կողմէ կամ չհասկցուեցաւ եւ կամ ալ սխալ հասկցուեցաւ… ու թէեւ մեր մօտ մնաց լուսանցքի վրայ, սակայն օտարները (Շարլ Պէրնէ, Ալ. Կամենսկի, Ա. Չանձեւ, եւայլն) շատ աւելի  բարձր գնահատեցին ու արժեւորեցին անոր արուեստը, քան՝ մենք հայերս: 

…………………………………………………………………………………………………………..

«Գանձասար», Գեղանկարը՝ Ար. Յունանեանի

«Բաղրամեան» փողոց, 1978, Աշուն:

Այդ տարիներուն մենք՝ սփիւռքահայ ուսանողներս (Ժանօ, Մարտիկ, Պօղոս, Յովիկ, Յակոբ, եւ ուրիշներ…)  սովորութիւն ունէինք շաբաթը անգամ մը որսի երթալու, եւ առնուազն անգամ մըն ալ հաւաքներ կազմակերպելու Վարուժան  Խտըշեանի բնակարանը, ուր ներկայ կ’ըլլային նաեւ բազմաթիւ գրողներ, դերասան-դերասանուհիներ եւ այլ արուեստագէտներ ու մտաւորականներ: (Ինչպէս. Մուշեղ Գալշոյեան, Յակոբ Յակոբեան, Հրանդ Մաթեւոսեան, Լեւոն Ներսիսեան, Լեւոն Թուխիկեան, Լեւոն Չուքասըզեան, Պետրոս Ապաճեան, Ռազմիկ Դաւոյեան, Ռուբէն Հախվերտեան, Վովա Մսըրեան, Գուժ Մանուկեան, Աննա Պետրոսեան, Ալիք ու Անահիտ Թոփչեաններ, ինչպէս նաեւ, միւս Ալիքն ու Ալիսը, ու տակաւին դերասանուհիներ՝ Թամարը, Յասմիկը, Նարինէն, Մարինէն, Գոհարիկը…. : Այո՛, գիտեմ, սիրելի ընթերցող, թէեւ շարքը երկար եղաւ, սակայն կարելի է աւելի երկարել… : Շնորհիւ Սօս Սարգսեանի ու Վարուժան Խտըշեանի ունեցած լայն ժողովրդականութեան Վարուժի բնակարանը իբրեւ հաւաքավայր ակումբի բնոյթ ստացած էր, տեսակ մը «Վերնատուն»: Բայց նկատի առէք որ բոլորը չէ որ նոյն օրը ներկայ կ’ըլլային… :

Այդ օր ներկայ էին նաեւ հայր ու որդի Յունանեանները: Երբ կենացները կը  թէժանային մենք բնականաբար կը սկսէինք երգել նաեւ ազգային-յեղափոխական երգեր, սակայն Յունանեաններու ներկայութեան երեկոն տարբեր բնոյթ կը ստանար: Գեորգը թէ կ’երգէր եւ թէ իր անբաժանելի ջութակով կ’ընկերանար Արտաշէսի երգեցողութեան: Իսկ երբ հերթը կու գար արեւագալի շարականներուն, Արտաշէսը կ’այլափոխուէր, դէմքը կը պայծառանար, կը մանկանար  ու երանութեան անեղծ ժպիտ մը կը գծագրուէր անոր դէմքին… կարծէք թէ հաղորդակցութեան մէջ կը մտնէր «իր Սուրբերուն» հետ…: Անոր կուսական ու «հում» ձայնը «Սրբազան ոգու» խորքերէն կ’արձագանգէր կարծէք, ու իբրեւ  լուսեղէն թրթիռ, կը բաշխուէր մեր հոգեմտաւոր պրիսմակներուն վրայ, ու մենք կախարդուած՝ կը փոխադրուէինք այլ ոգեղէն ոլորտներ…: Նման հոգեպարար ու ծիսականացած պահու մը, Վարուժանը չդիմացաւ ու բացագանչեց.

-Աստու՜ած իմ… Կաթողիկոս ըլլալու մարդ է ասիկա…. հաւատացէք ինծի…

Իսկ միւս կողմէ Սօսը շարունակեց. 

-Ասում են թէ Սուրբեր չկան… չեն լինում…:

Այո՜, իմ հաւատացեալ ընթերցող,

Կարելի չէ կասկածի տակ առնել Յունանեանի «կայծակնամաքուր» (բառը Նարեկացիինն է) հաւատքն ու ազգի հանդէպ սէրը, որոնք կը տարածուին համամարդկային ու տիեզերական ոլորտներու վրայ…:

Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ անոր արուեստը ուրոյն է ու հզօր իր արտայայտչականութեամբ, եւ առինքնող ու հմայիչ իր խորութեամբ.. : 

Բարութեամբ համակուած այս իմաստասէրը, համոզուած էր որ չարութիւնն ու բռնութիւնը կը ծնին «աթէիզմ»-էն, ու յականէ անուանէ իբրեւ անհաւատ ու չարեաց արմատ, առաջին  հերթին կ’ամբաստանէր «հոգի կեղեքող բոլշեւիկները»: Բոլոր պարագաներուն սակայն, անյոռետես մը չէր, այլ կը հաւատար բարութեամբ համակուած՝ ԼՈՅՍի վերջնական յաղթանակին ու հաստատելէ ետք.

«Որ անտեղի են զէնքերը բոլոր…

«Եւ դաժան մարդկանց յաղթանակները՝ որպէս սին ցնորք…: 

Կը յորդորէ մեզ.

«Ո՜վ իմ տառապած եւ Սու՛րբ ժողովուրդ,

«ՍԻՐԷ՜Ք ՄԻՄԵԱՆՑ,

 Որ ԼՈՅՍը ծագի աշխարհի վրայ բոլոր կողմերից:

«ՍԻՐԷ՛Ք ՄԻՄԵԱՆՑ: Այսօր եւ վաղը:Միշտ եւ միշտ: Ամէ՜ն»:

Ամէ՜՜՜ն…

Մովսէս Ծիրանի 
(Երեւան, 2022, Յունուար) 
Գլխավոր լուսանկարը՝ Մ. Հերկելեան եւ Ար. Յունանեան, Լենինի Բ. Հանրակացարան, 1978                                                                                          

Յ.Գ.- Իմ գիտակից ընթերցող, Չե՞ս կարծեր որ այսօր եւս մենք ազգովին կը շարունակենք թփրտալ «Թակարդը Ընկած Թռչունի Նման»…
Եւ վա՜յ մեզի եթէ Չսիրենք Միմեանց Այսօր եւ վաղը: Միշտ եւ միշտ: Ամէ՜ն»:

No Comments

Leave a Reply