Մովսէս Ծիրանի

Բարութեամբ, վայրագութեամբ, թէ՞ մասամբ Նորին…

Բարութեամբ, վայրագութեամբ, թէ՞ մասամբ Նորին…

Իմ իրատես եւ արդարամիտ ընթերցող

Ամանորի առիթով յաճախ մտորումներ կ’ունենանք: Իմ համեստ կարողականութեամբ (հիմնուած կեանքի այն փորձառութիւններու եւ փորձութիւններու վրայ, որոնք ոչ միայն դրոշմուած են յիշողութեանս մէջ, այլեւ հետք ձգած կեանքիս վրայ) պիտի փորձեմ նժարի վրայ դնել անցեալն ու ներկան, եզրահանգումներն ու ապագան վստահելով ձեր բանիմաց ու խելամիտ դատողութեան…

Որովհետեւ կրնամ սխալիլ, յաճախ խուսափած եմ եւ այսօր ալ կը խուսափիմ կարծիք յայտնելէ, ըլլայ ազգային թէ առհասարակ միջազգային քաղաքական հարցերու շուրջ: Կրնամ սխալիլ, որովհետեւ չեմ հետեւիր եւ չեմ վստահիր լրատուամիջոցներու հաղորդած տեղեկութիւններուն: Կասկածելի կը գտնեմ նոյնիսկ այն բոլոր տեսակի լուրերը, որոնք թէեւ ճշմարտանման կը հնչեն, սակայն ճշմարիտ ըլլալու եւ համոզելու բաւարար ապացոյցներ չեն պարունակեր իրենց մէջ:  Սկսած եմ լսածներուս չհաւատալ… մինչեւ այն պարագային, որ չիրագործուին ու շօշափելի իրականութիւն չդառնան անոնք: Ըլլան ծանօթներս թէ ընկերներս ընդհանրապէս կողմնորոշուած կ’ըլլան կամ «Աջ» կամ «Ձախ» եւ կամ ալ «Աջ»ի եւ «Ձախ»ի միջեւ կը տուայտին, իսկ ես լսածներուս հանդէպ վերապահութիւններ ունիմ, որոնք արդիւնքն են կէսդարեայ ականատեսի փորձառութեանս, որու ընթացքին ոչ միայն կրած եմ  բազում ու բազմատեսակ խժդժութիւններու հետեւանքները, այլ նաեւ՝ ցմրուր ապրած՝ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի տագնապն ու անդոհանքը… ինչպէս լիբանանահայ իմ ողջ սերունդը: Նոյնի՛սկ անգամ մը եղբօրս՝ Պետիկի եւ այլ քանի մը ընկերներու հետ առեւանգուեցանք Տահր էլ Պայտարի, «Սոհա»յի բարձունքներուն վրայ, ուր մեր կեանքը մազէ կախեալ էր եւ բախտով միայն փրկուեցանք: Այլ առիթով մըն ալ, երբ Հրաչ Տասնապետեանի եւ Նշան Փալանճեան Ճեմարանի այլ պաշտօնեաներու հետ սահմանը (Խութութ էլ Թամաս) կը կտրէինք, Արեւմտեան Պէյրութ մտնելու համար, մեր «վէն»ին վրայ կրակ բացուեցաւ ու ես ձախ աչքս կորսնցուցի… առ յաւէտ: Նմանօրինակ փորձութիւնները մեր առօրեային մաս կազմող սովորական երեւոյթներ էին այդ օրերուն: Շատեր մօտիկ հարազատներու մահը տեսան, իսկ ուրիշներ՝ նոյնիսկ իրենց կեանքը տուին: Մարդկային մտածուած դաժանութիւնը իր բնազդային վայրագութեամբ կը գերազանցէր գիշատիչ ու գիշակեր անասուններն անգամ: Խաղաղութեան կոչերը ու զինադադարները պարզապէս առիթներ էին նախապատրաստուելու յաջորդ աւելի վայրագ կռիւներու: Շատ տարբեր է, երբ պատմութեան մէջ եղած խժդժութիւններու եւ անմարդկային վայրագութիւններու մասին կը կարդաս կամ կը լսես, եւ բոլորովին ուրիշ ազդեցութիւն կը գործեն վրադ, երբ աչքովդ կը տեսնես այս բոլորը եւ կամ մանաւա՛նդ երբ մորթիդ վրայ կը զգաս զանոնք: 

Սակայն այս բոլորէն վեր, շատ աւելի վատ ազդեցութիւն գործեց ոչ միայն իմ՝ այլ առհասարակ լիբանանցիներուն վրայ, նորընտիր նախագահ՝ Պէշիր Ժէմայելի քստմնելի սպանութիւնը: Ան Լիբանանի նախագահ ընտրուելէն ճիշդ երեք շաբաթ ետք, իր երեսունէ աւելի ամենահաւատարիմ գործընկերներուն հետ միասին, բոլորին սպանեցին ականահարելով այն ակումբը, ուր հաւաքուած էին ժողովի: Պէշիրը իր որդեգրած հայրենասիրական քաղաքական առողջ կեցուածքին հետեւանքով, սիրուած ու գնահատուած էր Լիբանանի բոլոր իրարամերժ քաղաքական հոսանքներու ու յարանուանութիւններու կողմէ: Իր միակ «յանցանքը» ա՛յս էր: Երբ տանջահար եղած ժողովուրդը երկար տարիներու պատերազմներէն յոգնած ու բառացիօրէն հոգեպէս լլկուած, մեծ յոյսեր կը կապէր ղեկավարի մը հետ, յանկարծ կ’ոչնչացնէին զինք ու իր գործընկերները, ի դերեւ հանելով լիբանանցիներու վերջին «Յոյս»ն անգամ: Յուսախաբութիւնը մեծ էր եւ յուսահատութիւնը սահմռկեցուցիչ, յատկապէս անոր համար, որ ըստ ժողովրդական «եզրակացութեան», կոտորածը կազմակերպողներու առաջին կասկածեալներէն մէկը իր հարազատ եղբայրն էր, Էմին Ժէմայելը, որը յաջորդեց իրեն, ու թէեւ խոստացաւ շարունակել անոր քաղաքական ուղղութիւնը, սակայն յետագային հակառակ ուղղութեամբ գործեց:  Ո՞վքեր կամ ի՞նչու սպաննեցին Պէշիրին: Այս կամ նմանօրինակ բազում ու բազմատեսակ հարցեր ցարդ անպատասխան կը մնան: Այս դէպքը տեղի կ’ունենար երկրի մը մէջ, որ թէեւ փոքր ու տկար, սակայն կարծէք թէ գործնապէս կը շարունակէ միջազգային քաղաքականութեան կիզակէտն ու «փորձադաշտը»  ըլլալ: Մինչեւ հիմա իր երկրի քաղաքացիական պատերազմի մէջ ապրած լիբանանցին ճշմարտութեան հաղորդ չէ:

Եւ այսպէս,

Լիբանանեան փորձառութիւններն ու փորձութիւնները այնքան վատ տպաւորութիւն ձգած էին վրաս, որ ես որոշեցի հրաժարիլ քաղաքականութենէ եւ կեանքս արժեւորել ու իմաստաւորել մշակոյթով:

Սակայն, ի հեճուկս իմ հապճեպ, բայց վճռական որոշումին, այս անգամ կեանքի յետագայ ընթացքը ցոյց տուաւ, որ կարելի չէ ձերբազատուիլ քաղաքականութենէն, որովհետեւ իր դիւանագիտական յայտնի եւ անյայտ լծակներով ու ծալքերով ամենուրեք եւ ամէն տեղ է… «Ամենազօր Քաղաքականութիւնը»: Իսկ ես կամայ-ակամայ եկայ այն եզրակացութեան, որ եթէ կ’ուզենք միջազգային գետնի վրայ մրցունակ դառնալ եւ նուաճումներ ձեռք բերել, հարկաւոր է Հայ Մշակոյթը քաղաքականացնել եւ քաղաքականութիւնը մշակոյթականացնել… մշակոյթ բառի ամենալայն տարողութեամբ, իր մէջ ներառնելով տնտեսութիւնը, գիտութիւնը, կրթութիւնն ու մասամբ նորին… 

Սակայն այս բոլորը կարելի է իրականացնել մարդասիրական խելամիտ քաղաքականութեան ընձեռած խաղաղ պայմաններու տակ եւ որոշ մակարդակ ունեցող ժողովուրդներու մէջ… միայն: Իսկ պատմութեան համեմատաբար խաղաղ ժամանակաշրջանները նախ՝ պարտադրուած կը թուին ըլլալ ուժով, աւելի ճիշդը բռնատիրութեամբ (ոչ թէ փոխադարձ հասկացողութեան վրայ հիմնուած) եւ ապա յարմարաւէտ առիթներ եղած են պատերազմի պատրաստուելու: Կարծես թէ մարդ կ’ապրի կամ պատերազմի եւ կամ ալ լաւագոյն պարագային պատերազմի պատրաստուելու ընթացքի մէջ: Փաստօրէն մարդկութիւնը այսօր եւս ահազանգային վիճակի մէջ է, եւ տեւական պատերազմական մթնոլորտի մէջ կը գտնուինք մենք բոլորս… ըլլայ Հայրենիքի թէ Սփիւռքի տարածքին: Մերօրեայ գերզարգացած Արհեստական Բանականութիւնն իսկ, իր ընդհանուրին մէջ չ’երաշխաւորեր աշխարհի խաղաղութիւնը, եւ ոչ ալ կը պայքարի այդ ուղղութեամբ: Այլ իր ներուժը ի սպաս կը դնէ գերարդիական զէնքեր արտադրելու, եւ միաժամանակ այդ զէնքերը վաճառելու համար, իր ընձեռած լայն քարոզչութեամբ պետութիւնները կը մղուին նախապատրաստուելու պատերազմներու… եւ ոչ թէ խաղաղութեան: Լաւագոյն պարագային Արհեստական Բանականութիւնը կ’օգտագործուի տնտեսութեան մէջ, որ իր հերթին եւս ուղղակիօրէն կ’առնչուի պատերազմի հետ: 

Այնուամենայնիւ սակայն, իմ բանիմաց ու լաւատես ընթերցող, գոյապայքարը կը շարունակուի…

Խառնուածքով ես ոչ քաղաքական մարդ ըլլալու ատակ եմ, եւ ոչ ալ  քաղաքականութեամբ զբաղուելու յաւակնութիւն ունիմ. եւ սակայն տարերայնօրէն իմ մէջ կազմաւորուած են համոզումներ, որոնց ճշմարտացիութիւնը հաստատելու համար, թէեւ շօշափելի ապացոյցներ չունիմ, սակայն առնուազն մտածել կու տան, թէ ինչո՞ւ պատերազմները կը շարունակուին: Ինչո՞ւ մարդկային իրաւունքները կ’ոտնահարուին, ինչո՞ւ
Մարդու մարդկայնական ուսմունքներն ու վարդապետութիւնները անգործնական են ու սնանկ… գործնապէս: Ինչու Արհեստական Բանականութիւնը ի սպաս չի դրուիր յանուն խաղաղութեան ու յանուն բարօր կեանքի:

Եւ կամ առհասարակ ինչո՞ւ նոյնինքն այդ կրթուած  ու գերզարգացած գլխագիր Մարդը, տակաւին կը մնայ անասնական բնազդներով զինուած ընչաքաղց ու վայրագ արարած մը: Վերջապէս ինչո՞ւ Բարին միշտ  տկար է,  իսկ Չարը՝ զօրաւոր. եւ կամ ինչո՞ւ Մարդ երբ տկար է, բարի է ու հեզ եւ այդ նոյն բարի ու հեզ մարդը երբ զօրանայ, յանկարծ կը չարանայ ու կը դառնայ գազան ու լկտի: Այո, ինչո՞ւ Իրաւունքը Զօրաւորինն է եւ ոչ Արդարին: Եւ վերջապէս ինչո՞ւ «Աստուածները Ուժեղներուն կը սիրեն», ինչպէս մեծն Հոմերոս կը «գուժէր» Քրիստոսէ հինգ դարեր առաջ:

Իմ կիրթ, վեհանձն ու ազնիւ ընթերցող

Նախ՝ նկատի առ, որ հիմնականին մէջ խօսքը Մեծն Քաղաքականութեան կը վերաբերի, եւ ոչ թէ առհասարակ կեանքի բոլոր երեսներուն: Եւ ապա, ստորեւ արձանագրելէ ետք համոզումներուս կարեւորները, եզրակացութիւնը կը վերապահեմ արդարամիտ դատողութեանդ:

Ա․Կը թուի, թէ գոյութիւն ունին մէկէ աւելի մեծապետական «խորհրդաւոր» ուժեր, որոնք յաւակնութիւն ունին մէկ կողմէ միջազգային տնտեսական աղբիւրները իրենց իշխանութեան տակ առնելու, եւ միւս կողմէ առհասարակ աշխարհը կառավարելու… համաձայն իրենց ներքին ու արտաքին պահանջներուն: 

Բ․ Այն բոլոր անտրամաբանական ու անհեթեթ երեւոյթներն ու գործողութիւնները, որոնք տեղի կ’ունենան բացայայտօրէն մեր աչքի առաջ, այդ բոլորին տակը գոյութիւն ունին տրամաբանական պատճառներ, որոնք հասու չեն մեզի… «հասարակ մահկանացուներուս»:

Գ․ Մարդը կառավարելու Մաքիավելիի սահմանած տեսութիւնները քննադատուած, բռնադատուած ու մերժուած են բոլորին կողմէ… աներկբայօրէն, սակայն ոչ միայն լռելեայն կ’ընդունուին մեծապետական ու «խորհրդաւոր» ուժերու կողմէ, այլ նաեւ կը գործադրուին… բացայայտօրէն:

Դ․ Քաղաքականութեան ու դիւանագիտութեան համար, բոլոր վարդապետութիւններն ու արդարութեան եւ ազատութեան վրայ հիմնուած՝ խաղաղասիրական ու գեղեցիկ բոլոր գաղափարախօսութիւնները (կրօնք, ժողովրդավարութիւն, ընկերվարութիւն, համայնավարութիւն, մարդկային իրաւունքներ, կնոջական իրաւունք, համաշխարհայնացում)  գործնականին մէջ կը վերածուին Միջոցի, փոխան՝ Նպատակի: Ինչո՞ւ…

Ե․ Անցնող դարուն, այս ենթադրեալ մեծապետական ու «խորհրդաւոր» ուժերը, իրենց հակակշռին տակ կը պահէին Արհեստական Բանականութիւնը, ու կ’օգտագործէին զայն ի հաշիւ իրենց նպատակներուն, մարդկութիւնը փրկելու եւ աշխարհին խաղաղութիւն պարգեւելու խոստումով: Իսկ վերջին տասնամեակներուն, այդ նոյն մեծապետական ու «խորհրդաւոր» ուժերը, սկսած են իրենք կախեալ ըլլալ Արհեստական Բանականութեան գործօններէն, որոնք իրենց հերթին յաւակնութիւն ունին մարդկութիւնը փրկելու եւ աշխարհին խաղաղութիւն պարգեւելու… սակայն այս անգամ Ուժով եւ ոչ թէ գեղեցիկ ու մարդասիրական գաղափարներով:

Զ․ Այն բոլոր ժողովուրդները, որոնք խուսափած են եւ կամ կը խուսափին պատերազմելէ, դատապարտուած են մոռացման եւ ենթակայ եղած են ոչնչացման: Ինչո՞ւ…

Է․ Մարդկային հազարամեայ պատմութիւնը ցոյց կու տայ, միշտ չէ, որ «Չարը» կարելի չէ զսպել Բարութեամբ, ինչպէս որոշ կրօնքներ կը թելադրէն մեզի: Այլ վայրագութիւնը կարելի է վերացնել աւելի զօրաւոր վայրագութեամբ… դժբախտաբար: Ինչո՞ւ: Դեռեւս Քրիստոսէ քսանմէկ դար առաջ Շումերական բեւեռագիր արձանագրութիւններէն կ’իմանանք, որ Ուռ-Նամմու արքան կը յայտարարէր, որ «Պիտի ոչնչացնեմ Ատելութիւնը, Վայրագութիւնն ու Արդարութեան ճիչերը»: Խօսքը «Արդարութեան ճիչեր»ն իսկ բռնութեամբ ոչնչացնելու մասին է եւ ոչ թէ բարութեամբ: Իսկ Քրիստոսէ 1754 տարիներ առաջ, Բաբելոնի տիրակալը՝ Աքքատացի Համուրապին ժայռի վրայ ամրագրած է ամենադաժան ու ամենավայրագ, սակայն պատմականօրէն ընդունուած ու գործնապէս ամենատարածուած «օրէնքը»՝ «Աչքի դէմ Աչք, Ոսկորի դէմ Ոսկոր», այս սկզբունքը վերածուած է «Աչքի դէմ Աչք, Ատամի դէմ Ատամ»ի եւ մինչեւ օրս ի զօրու կը մնայ յատկապէս պատերազմներու ընթացքին: 

Այնուամենայնիւ, սակայն, առանց վայրագութեան, բարութեամբ միայն մղուող պայքարները եւս երբեմն կրցած են յաջողիլ ու նոյնիսկ փոխել կեանքի ընթացքը: Քրիստոնէութիւնը իր բարի ու խիստ մարդկային գաղափարախօսութեամբ, «բանիւ եւ գործով» կրցաւ տապալել Հռոմի նման հսկայ կայսրութիւն մը: Մահադմա Կանտին առանց վայրագութեան կրցաւ Հնդկաստանէն դուրս մղել կայսերապաշտ անգլիացիները: Անոնց հետեւորդներէն Նիլսըն Մանտելան կամ Լութէր Մարթէն Քինկը եւս առանց վայրագութեան պայքարողներ էին, սակայն թէեւ առաջինը քսանեօթ տարի բանտարկուեցաւ, իսկ երկրորդը սպաննուեցաւ, անոնց պայքարը ապարդիւն չանցաւ:

Մեր խօսքը կը վերաբերի մերօրեայ ընչաքաղց ու աթոռամոլ մարդուն, որ պատասխանատուն է քաղաքական եւ պատերազմական անցուդարձերուն:

Ը․ Կ’ըսեն, թէ քաղաքականութեան մէջ Բարեկամ եւ Թշնամի չկայ… տեսականօրէն, մինչդեռ թէ թշնամի կայ եւ թէ բարեկամ… գործնականօրէն: Երբ զօրաւոր ես, բարեկամներդ շատ են, իսկ երբ տկարանաս, կը սկսին պակսիլ անոնք ու փոխարէնը թշնամիներդ կ’աւելնան: Փաստօրէն տկարները տեղ չեն ունեցած եւ այսօր ալ տեղ չունին քաղաքական որոշումներու մէջ, եւ իրենց ճակատագիրը կախեալ է զօրաւորներու քմայքէն:

Թ․ Եթէ պիտի ուզենք Մարդուն ձերբազատել իր անասնական բնազդներէն ու ընչաքաղց մոլուցքներէն, ապա միայն մշակոյթով (եւ այն ալ բարձրորակ արուեստով) կարելի է Մարդուն դաստիարակել ու Մարդկայնացնել:

Ժ․ Ի վերջոյ, մարդկութեան ողջ պատմութիւնը կը վկայէ, որ ոչ միայն Խաղաղութիւնը կը պարտադրուի ուժով, այլ նաեւ՝ «Միայն Ուժով կայ մարդու եւ առհասարակ աշխարհի փրկութիւն»… հարկադրաբար եւ… դժբախտաբար:

Իմ բանիմաց ու արդարասէր ընթերցող

Երբ այս տեսութիւններս ու համոզումներս ընկերներուս կը փոխանցեմ, անոնք ինձմէ իրեղէն ապացոյցներ կը պահանջեն… արդարօրէն: Եւ որովհետեւ ներկայացուցած ապացոյցներս ամբողջական չեն, յաւակնութիւն չունիմ պնդելու, թէ ըսածներս անպայման ճիշդ են եւ վաւերական: Այս պատճառով ալ՝ թէեւ կրնաս վերոնշեալ իմ համոզումները համարել «միամիտի մը արկածները», սակայն չես կրնար անտեսել զանոնք, որովհետեւ նախ մարդկային բնազդն ու նախազգացումները իրենց դերն ու նշանակութիւնը ունին կեանքին մէջ. եւ յետոյ անոնք կը բխին քու հետդ անկեղծօրէն խօսոյթ-ի բռնուած մէկէ մը, որ իրապէս մտահոգ է, ըլլայ Միջին Արեւելքի, Կովկասի,  թէ առհասարակ մարդկութեան ճակատագրով, ուրկէ կախեալ են նաեւ մեր՝ երկուքիս ազգային ինքնութեան պահպանումը, գոյատեւումն ու սեփական հայրենիքի ապագան: 

Եթէ թերթատենք Հայկական Բարձրաւանդակի պատմութիւնը, պիտի  նշմարենք, որ հազարամեակներու ընթացքին, Պրոնզէ Դարէն ետք, անվերջանալի կռիւներու մէջ եղած է տարածաշրջանը: Ու թէեւ մենք կրցած ենք խուսանաւել պատմութեան քառուղիներու բաւիղներէն ներս ու հասնիլ մինչեւ մեր օրերը, սակայն ժամանակի ընթացքին, մեր հայրենիքը երթալով փոքրացած է ու բնակչութեան թուաքանակը՝ պակսած: Այսօր տեղ մը հասած ենք, որ  յաւելեալ փոքրանալու եւ նսեմանալու ոչ տեղ ունինք այլեւս եւ ոչ ալ… իրաւունք: Վերջին տարիներուն, տարբեր ձեւերով ու տարողութեամբ բազմիցս  փորձեցինք հայրենիքի փոքրացման եւ ազգի նսեմացման գործընթացքը  կասեցնել եւ պատմութեան անիւը շրջել ի նպաստ մեզ, սակայն չկրցանք յաջողիլ: Եւ եթէ այսպէս շարունակուի, «Շակրէնի» կաշիին նման Հայաստանը պիտի վերջանայ ու ջնջուի քարտէսին վրայէն, ու լաւագոյն պարագային կը վերածուինք անմշակոյթ թափառական ու լքուած ցեղի մը: Ի վերջոյ, ինչո՞ւ չենք կրնար միասնական ըլլալ, ինչո՞ւ չենք կրնար ստեղծել մեր ազգային սեփական ուժը: Ինչո՞ւ մեր սեփական հայրենիքի մէջ իսկ հնարաւորութիւն չունինք մեր ազգային մշակոյթը զարգացնելու եւ տարածելու, երբ խորհրդային բռնատիրութեան տակ իսկ կրնայինք ընել: Ինչո՞ւ մենք մեր ձեռքով կ’ընենք այն… ներսէն, ինչ որ թշնամին կը ցանկայ, բայց չի կրնար ընել… դուրսէն: Ինչո՞ւ ստիպուած ենք բանակցութեան սեղան նստելու մեր թշնամիներու հետ, իսկ մեր թշնամիները ստիպուած չեն: Գուցէ ատա՞կ չենք մենք մեր անկախ հայրենիքը ունենալու եւ կամ արդեօ՞ք դատապարտուած ենք անընդհատ, օտարներուն յաւելեալ արիւն եւ ստեղծագործ միտք տրամադրելու, եւ կամովին ցիրուցան ըլլալու մեծապետական երկիրներու տիրապետութիւններու տակ: Եթէ այո, ապա ո՞ւրկէ կու գայ  այս ամուլ ստրկամտութիւնն ու ինքնավստահութենէ զուրկ «ինքնավստահութունը»: 

Հազարամեակներու ընթացքին մեր թշնամիները չեն կրցած մեզ ոչնչացնել, հիմա ալ պիտի չկրնան: Չեն կրնար, որովհետեւ մենք շատ աւելի մեծ, վտանգաւոր ու ճակատագրական ժամանակաշրջաններ կրցած ենք շրջանցել եւ պահպանել մեր ազգային ինքնութիւնն ու շարունակել գոյատեւումը: Ճիշդ է, որ ունինք ազգային լեզու, կրօնք, պատմութիւն, բարձրորակ մշակոյթ ու հողատարածք, սակայն մենք միակը չենք, որ ունեցած ենք այդ բոլորը: Բազմաթիւ ազգեր ու պետութիւններ, որոնք օժտուած էին նմանօրինակ աւելի բարձր ու աւելի զօրաւոր յատկութիւններով այսօր անցած են… պատմութեան: Այսօր, շնորհիւ Արհեստական Բանականութեան եւ մանաւանդ DNA-ի գիւտին, գիտնականներու եւ պատմաբաններու եւ այլ գիտնականներու մեծամասնութիւնը եկած են այն եզրակացութեան, որ Հայերը միակ ազգն են, որ կը շարունակեն իրենց մէջ կրել Հայկական Բարաւանդակին վրայ ապրած հնագոյն ցեղերու ժառանգականութիւնը (DNA), բնիկ են եւ ո՛չ դուրսէն եկուոր: 

Այո՛, Հայը հնագոյն ազգը ըլալով հանդերձ, ինչպէ՞ս դիմացած է պատմութեան գլաններու տակ ու չէ ճզմուած: Թերթատեցէք մեր պատմութիւնը ու պիտի զարմանաք:

Որովհետեւ

Հայը ունի այնպիսի ոգեղէն ազգային ներուժ մը, զոր կարելի չէ զայն խլել եւ նոյնի՛սկ հպիլ անոր: Ատիկա մեր լուսեղէն Էութիւնն իսկ է, մեր գլխագիր «Է»-ն, մեր ազգային ինքնութիւնը, մեր Աստուածը եթէ կ’ուզէք, ինչպէս կը վկայեն հայ մեծագոյն հոգեւորականներէն շատեր, սկսեալ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիէն մինչեւ Վազգէն Վեհափառը: 

Այո՛, մեր մեծ ու փոքր բոլոր թշնամիները, գրաւը իրենց ուժային առաւելութիւններուն վրայ չդնեն. որովհետեւ ինչպէս որ մեր հնագոյն հզօր ու աշխարհակալ հարեւանները չկան այսօր, վաղը միւս օր իրենք  եւս  ոչնչանալու վտանգի ենթակայ պիտի ըլլան, աւելի քան մենք…

Այո՛, ես յուսախափ եմ, բայց յուսահատ չեմ: 

Իսկ այն բոլոր առաջնորդներն ու ղեկավարները (ըլլան անոնք ազգային, տարածաշրջանային թէ միջազգային), որոնք սուտ կը խօսին, կը խաբեն ու կը դրժեն իրենց խոստումները, չեն կրնար յարգանքի արժանանալ նոյն ինքն ժողովուրդին կողմէ… օրը կու գայ, անոնք եւս հաշուետուութեան կը կանչուին նոյն այդ ժողովուրդին կողմէ… Դուք կրնաք ըսել Աստուծոյ դատաստանին դիմաց:

Իսկ ելքը՞…. «Ի՞նչ»  ընելը որոշելէ առաջ եւ յետոյ, Ելքը «Ի՞նչ»ը «Ի՞նչպէս» իրագործելուն մէջն է, զոր հարկաւոր է քննարկել հանգամանօրէն, մասնագիտական լրջութեամբ ու համամարդկային տարողութեամբ:

                                                                                                    Մովսէս Ծիրանի

                                                                                         (Երեւան, 2025, Դեկտեմբեր)

Նախորդ գրառումը