Վահան Իշխանեան․ Ծայրայեղ կատարելապաշտը
Պոսթըն, 1979, Յունիսի վերջը: Ուսանողական տարիներուս, Պոսթընի մէջ հանդիպած էի մեր ընկերուհիներէն մէկուն՝ Մարալի հօրը, որ մասնագիտութեամբ հոգեբան էր (Ph.D), եւ որուն բնակարանը ամիսէ մը աւելի մնալու պատեհութիւնը ունեցանք: Ան եղած էր որբանոցային դասընկերը Այնճարի Յառաջ վարժարանի իմ մարմնակրթանքի ուսուցչիս՝ Անդրանիկ Քէնտիրճեանին (Ընկըլըզմանին):






