Աւետիք Իշխանեանի Պայծառ յիշատակին
Սիրելի Աւիկ՝
Ես ատակ չեմ դամբանականներ գրելու կամ արտասանելու, հարազատներու եւ կամ մօտիկ ընկերներու մահուան առիթներով: Սակայն քու մասին պիտի գրեմ, պարզապէս ցոյց տալու համար որ դուն այնպիսի «Արտասովոր Մարդ» մըն էիր որուն «Խօսք»ն ու «Գործ»ը օրինակ կրնանծառայել ոեւէ սովորական Հայու… :
Եթէ «Արտասովոր Մարդ» մը չըլլայիր, ապա ի՞նչու եւ ի՞նչպէս պիտի կամովին հրաժարէիր քու սիրած ու նախընտրած այնպիսի մասնագիտութենէ (Երկրաբանութենէ) մը, ուր ոչ միայն շօշափելի նուաճումներ արձանագրած էիր, այլ նաեւ հեզասահ վերելքի մէջ կը գտնուէիր: Առաւել արտասովորն ու զարմանալին այն էր, որ նախընտրեցիր տատասկներով ու եղինջներով առլի այնպիսի ճանապարհ մը, ուրմարդկային վրէպներն ուանմարդկայինթիւրիմացութիւնները, արդէն իսկ իրենք զիրենք հաստատած կը թուէին ըլլալ: Այս բոլորին դէմ պայքարելու համար, հիմնեցիր «Հայաստանի Հելսինքեան Կոմիտէ»ն ու մինչեւ մահ տոկացիր ու մնացիր ,մարդկային անիրաւութիւններու եւ անարդարութիւններու հետեւողական եւ բուռն Իրաւապաշտպանը: Ընդ որում, քու ազգային ոգեղէն ու մարդասիրական արժէքներու պաշտպանութիւնն ու ջինջ հայրենասիրութիւնը պայմանաւորուած էին Համամարդկային Իրաւունքներու, իրաւ ու անեղծ համոզումներու վրայ, եւ ոչ թէ ազգայնամոլական, ինչպէս որ շատեր կը փորձէին պիտակաւորել քեզ:
Իսկ դուն, ոչ թէ Սովորական Հայ մըն էիր, այլ եթէ իւրաքանչիւր «Սովորական Հայ» քեզի պէս շարունակէր իր պապենական աւանդոյթները, այսօր մեր ազգային ճակատագիրը տարբեր պիտի ըլլար: Օրինակի համար, երբ դուն եւ Վահանը դեռեւս պատանիներ էիք, հայրդ՝ Ռաֆայէլ Իշխանեանը (Իմ ամենասիրելի դասախօսներէն ու ամենավստահելի գործընկերներէն մէկը) գրեթէ ամէն տարի, Արամ Մանուկեանի ծննդեան օրը մարտի 19-ին ուխտի կը տանէր ձեզ (որուն ականատէս վկան եմ…), միաժամանակ բացատրելով թէ ի՞նչու Արամ Մանուկեանը համահայկական հերոսներու հերոսն է եւ ոչ թէ շարքային Ֆէտայի մը…: Դուն գրեթէ ամէն տարի նոյնը կ’ընէիր քու ուստրերուն՝ Ռաֆայէլին եւՀրաչիկին, Երբեմն նաեւ՝ եղբօրդ՝ Վահանի տղուն Յովհաննէսին, ուխտի տանելով զանոնք «Հերոսներու Հերոս»ի շիրիմին… իր ծննդեան օրը… եւ ոչ թէ ուրիշներու նման Մայիս 28-ն:
Կը յիշես չէ՞…
Երբ դուն վշտացած ու հեռացած էիր քու ամենամօտիկ գործընկերներէն իսկ, Վահանի (Զանոյեան) հետ մենք երեքով մնացինք լաւ ու հաւատարիմ ընկերներ: Մեր Եռեակի հանդիպումները, որոնք տեղի կ’ունենային մեծամասամբ «Հիւսիսային Պողոտայի» վրայ, միշտ եղած են հոգեպէս կազդուրիչ ու գօտեպնդող, թէ ազգային եւ թէ համամարդկային հողի վրայ…: Թէեւ յուսախաբ էինք, բայց երբեք յուսահատ չէինք: Մեր՝ երեքիս մտահոգութիւններն ու տուայտանքները, (ըլլան անոնք ազգային-քաղաքական, կրթական-կրօնական, ընկերային-տնտեսական թէ մշակութային բնագաւառներէ ներս) գրեթէ նոյնն էին: Սակայն գործելակերպի տեսակէտէն մեր տարակարծութիւնները քիչ չէին, որոնք մէկ կողմէ երբեմն նոյնիսկ կրնային վերածուիլ բեւեռացումներու, բայց միւս կողմէ մեր զրոյցները կը մնային կիրթ ու մտերմիկ խօսոյթի սահմաններուն մէջ, առանց վէճի կամ վիճաբանութեան…: Այո, հակառակ մեր մասնագիտական ու մտածելակերպի տարբերութիւններուն, մենք դիւրին կը հասկնայինք զիրար, ու լաւապէս կ’ըմբռնէինք թէ ի՞նչ կրնայ կամ պէտք է ըլլայ, մեզմէ իւրաքանչիւրին դերն ու նշանակութիւնը մեր հանրային ու քաղաքական կեանքէն ներս…:
Մեր հաւատարիմ ընկեր՝
Քիչ առաջ կապի մէջ էի Վահանին (Զանոյեան) հետ…: Քու ուղարկած հիւանդութեանդ տեղեկանքը, վեց մասնագէտ բժիշկներու (ինք չորս ես երկու) հետ խորհրդակցելէ ետք, երբ կը փորձէինք ըմբռնել ու «արդարացնել» արհեստական սննդառութենէ կամովին հրաժարումդ, ես դիտել տուի որ իսկապէս վիճակդ անյոյս էր, որովհետեւայդ նոյն հիւանդութենէն կը տառապէր նաեւ՝ աշխարհի մեծագոյն գիտնականներէն՝ Ստեփան Հոկինքը (Stephan Howking), որուն ամբողջ աշխարհը չկրցաւ փրկել: Ի դէպ, Վահանը իր հերթին տեղեկացուց որ Հոկինքը, (որուն անձամբ հանդիպելու եւ անոր հետ երկու ժամ զրուցելու առիթ ունեցած է), ոչ միայն հայասէրէր այլ նաեւ պարբերաբար արտայայտուած է ի նպաստ հայկական դատին: Ընթացքին յիշեցինք նաեւ՝ Վարդահովիտի՝ իր առանձնատան մէջ անցուցած մեր օրերն ու կազդուրիչ, գօտեպնդող եւ շինիչ խօսոյթները…
Աւիկ ջան՝… արդէն չեմ կրնար շարունակել… կորուստդ ահաւոր է ու բացակայութիւնդ մեծ բաց մը կը ձգէ իր ետին… ստիպուած ինքզինքս պիտի ընդմիջեմ, շարունակութիւնը վերապահելով այլ առիթի…:
Բայց,
Միաժամանակ չեմ կրնար չնշել որդուն… Այո’ չեմ վարանիր ըսելու որ դուն, իբրեւ Համամարդկային Իրաւունքներու Իրաւապաշտպան, համամարդկային արժէք մըն էիր, ազգային արժէք ըլլալէ առաջ, սակայն շատեր կը փորձէին քեզ լուսանցքի վրայ մղել…: Չեն յաջողիր ու քու մահէն ետքն իսկ չեն կրնարյաջողիլ, որովհետեւ դուն ոչ միայն Ռաֆայէլին, Հրաչիկին նման ու Յովհաննէսին նման հարազատներ ունիս կողքիդ, այլ բազում ու բազմահազար երիտասարդներ ունինք, որոնք կը շարունակեն եւ պիտի շարունակեն քո ազգային ու համամարդկային նուիրական գործը…: Եւ որպէսզի մեր ընթերցողները իմանան թէ ո՞վ ես դուն, եւ ինչո՞ւ այսքան բարձր կը գնահատեմ քու խօսքն ու գործը, ստորեւ կու տամ հիւանդութեանդ շրջանին հրատարակած երկու գիրքերուն յառաջաբանները, (որոնց առաջինը վստահեցար Մովսէս Ծիրանիին, իսկ երկրորդինը՝ Վահան Զանոյեանին): Ստորեւ կու տամ նաեւ՝ վերջին օրերուն «ե-նամակով» մեր միջեւ փոխանակուած զրոյցէն բաժին մը, թէեւ խմբագրուած, սակայն առանց իմաստային որեւէ փոփոխութեան կամ մեկնաբանման…:
Մովսէս Ս. Հերկելեա
(Մոնթրէալ, 2025, Փետրուար)
Աւետիք Իշխանեան
«Մենք ու Աշխարհը»,
Աւետիք Իշխանեանի յօդուածներու երկրորդ հաւաքածուն, մեծաւմասամբ արտացոլումն է ժամանակակից Հայաստանը եւ ընդհարապէս հայ ժողովուրդը յուզող հրատապ հարցերուն-ընդ որում՝ Արցախի կորուստը, միջազգային հասարակութեան անտարբերութիւնը Արցախի էթնիկ զտման հանդէպ, Հայաստանի անկախութենէն ի վեր մսխուած առիթները պետականութիւնը ուժեղ հիմերու վրայ դնելու, 2020-ի պատերազմէն ի վեր վատնուած հնարաւորութիւնները ազգը միաւորելու եւ ոգեւորելու, ազգային նպատակի եւ գաղափարախօսութեան մահացու բացակայութիւնը, ընդհանրացած նիւթամօլութիւնը թէ՛ հասարակութեան եւ թէ՛ տարբեր իշխանութիւններու մէջ, պետական մտածելակերպի բացակայութիւնը, մարդու իրաւունքներու հետ կապուած բազմաթիւ բացթողումները, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը ռուսամէտ կամ արեւմտամէտ ուղղութեամբ վարելու անհեթեթ հանրային բանավէճը, եւ այլ ազգային եւ պետական հարցեր։
Հաւաքածուն կը պարունակէ նաեւ հետաքրքրական յուշագրութիւններ, հեղինակին պատանեկութեան ժամանակ հօր հետ ունեցած արշաւներուն մասին Հայաստանի եւ Արցախի տեսարժան վայրերուն, ինչպէս նաեւ իր համալսարանական տարիներէն։
Նկատի առած գլխաւոր թեմաներուն վիճելի եւ խնդրայարոյց բնոյթը եւ Հայ հասարակութեան ծայրայեղ եւ պառակտուած դիրքորոշումները քննարկուած հարցերուն շուրջ, բնականաբար ընթերցողներէն շատերուն համար անկարելի պիտի ըլլայ համաձայն ըլլալ Աւետիքի բոլոր ախտորոշումներուն, եզրակացութիւններուն եւ դիտարկումներուն հետ։ Բայց որեւէ գրագէտ հանրային քաղաքական խօսոյթ պէտք է կարենայ լսել եւ նկատի առնել տարբեր եւ նոյնիսկ հակասական կարծիքներ։ Ուրեմն թերեւս պատահական չէ որ ժողովածուին առաջին յօդուածը ճիշդ այդ նիւթը կ՚արծարծէ-այսինքն՝ տարբեր կարծիք չհանդուրժելու եւ սխալը չընդունելու մեր ազգային միտումը։
Աւետիքի կարգ մը եզրակացութիւններուն հետ տարակարծիք ըլլալով հանդերձ՝ բացարձակ համոզումով կարելի է ընել հետեւեալ դիտարկումները։
-Կարելի չէ կասկածի տակ դնել Աւետիքի հայրենասիրութիւնը։ Իր հայրենասիրութիւնը խորքային է եւ արմատացած։ Աւանդական ազգային արժէքներուն եւ պատմական իրաւունքներուն գերակայութեանը գիտակցելէն անդին կ՚անցնի, եւ կը դպչի նոյնիսկ անկարեւոր թուացող հասարակական կենցաղային սովորութիւններու ինչպէս օրինակ հայերէն լեզուի աղաւաղումը, տեղանուններու օտարացումը, օտարը գերադասելու միտումը, եւայլն։
-Կարելի չէ չզգալ իր խոր ցաւը հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքին կրած կորուստներուն համար, եւ ընդհանրապէս Հայ իրականութեան անմխիթար իրավիճակին նկատմամբ, ոչ ալ կարելի է այդ ցաւին անկեղծութիւնը որեւէ ձեւով հարցականի տակ դնել։ Այդ ցաւը, յաճախ միախառնուած խոր ափսոսանքի զգացումի հետ, ակնյայտ է իր բոլոր յօդուածներուն մէջ։
Վահան Զանոյեան
Յուլիս, 2024
Երեւան
Աւետիք Իշխանեան
Նախ Քան Ընթերցելը…
Խօսքը կը վերաբերի այս հատորի բովանդակութեանը, որուն հեղինակէն առաջ ճանչցած եմ իր հօրը՝ Ռաֆայէլ իշխանեանը, նախ՝ իբրեւ սիրուած ու գնահատուած դասախօս եւ ապա նաեւ իբրեւ իրաւ մարդ, նուիրեալ Հայ ու վստահելի գործընկեր: Ան՝ առաջին հերթին ուսանողներուն մէջ կը գնահատէր ու զարգացնէր անոնց անհատականութիւնը, ու կը սորվեցնէր մեզի ինքնուրոյն մտածել ու գործել, յատկապէս «դիմադրելու» համար խորհրդային կաղապարուած գաղափարախօսութեանն ու անոնց ռուսականացման քարոզարշաւին: Աւետիքը հասակ առաւ ու դաստիարակուեցաւ Ռաֆայէլ իշխանեանի եւ նոյնքան նուիրեալ Հայ ու իրաւ մարդ իր մօրը՝ Բիւրակն Չերազի շունչին տակ… միաժամանակ ժառանգելով անոնց իրաւութիւնն ու ազգային ու մարդկային արժէքները, գնահատելու ու պաշտպանելու վճռականութիւնը եւս…
Այս բոլորով հանդերձ Աւետիքը ոչ միայն բոլորովին անկախ ու ինքնուրոյն մտածելակերպ ունեցող, ամուր անհատականութեան տէր մտաւորական է, այլ նաեւ ի հարկին, ան չի խնայեր ոչ ընկերներուն, ոչ իր գործակիցներուն եւ ոչ ալ նոյնի’սկ մտերիմներուն…:
Ան, իբրեւ հանրային եւ քաղաքական գործիչ ու հրապարակախօս, յայտնի է նաեւ իր սուր ու դիպուկ յօդուածներով, որոնց կարեւորագոյնները հնարաւորութիւն ունիք ընթերցելու ներկայ հատորէն ներս, որոնց մէջ արտայայտուած համարձակ մտքերը, դիպուկ նշումներն ու ազգային ու համամարդկային գաղափարները սակայն, կրնաք ընդունիլ կամ մերժել, համաձայն անոնց հանդէպ ձեր ունեցած կեցուածքներուն: Երբ հեղինակը յանո’ւն ճշմարտութեան, կրնայ «կտրուիլ» բայց չի «ճկիր», շատ բնական է որ վիճայարոյց արտայայտութիւններ ըլլան իր յօդուածներուն մէջ…: Յատկապէս, ի նկատի առած, մեր ժամանակներու խայտաբղէտ քաղաքական հոսանքներն ու, մարդկային ու ազգային արժէքները գնահատելու տարբեր մօտեցումները, ուրիշ կերպ չէր կրնար ըլլալ…:
Աւետիքին երբ առաջին անգամ հանդիպեցայ 1972-ին, ինք տակաւին պատանի էր, իսկ ես հասուն երիտասարդ: Սակայն ժամանակի ընթացքին տարիքային տարբերութիւնը հետզհետէ վերացաւ, ու մենք դարձանք լաւ ընկերներ, իսկ հետագային նաեւ մտերիմներ: Թէեւ մեր համամարդկային արժէքներու գնահատումն ու, ազգային գաղափարական ըմբռնումները, շատ տարբեր չեն եղած իրարմէ, այնուամենայնիւ մենք եւս որոշ հարցերու շուրջ եղած ենք տարակարծիք…:
Դուք եւս հնարաւոր է որ ըլլաք տարակարծիք, հակափաստարկներ առաջ քաշել, հակադրուիլ անոր ու նոյնիսկ՝ մեղադրել զինք…
Սակայն,
Դուք չէք կրնար կասկածի տակ դնել անոր իրաւութիւնն ու անկեղծութիւնը, որոնք կը բխին նախ՝ իր մարդասիրական ու ազգասիրական ըմբռնումներէն, եւ ապա նաեւ՝ իր լեզուամտածողութեան մէջ առհաւականօրէն ամրագրուած ջինջ համոզումներէն…
Աւետիք Իշխանեանը «իրաւապաշտպան» է բառին ամենալայն ու ամբողջական իմաստով (Attorney of Human Rights): Իր յօդուածներու հենքը նախ եւ առաջ մարդու «Մարդկային Իրաւունքներու» անշահախնդիր եւ յարատեւ պաշտպանութիւնն է, որոնք արդարօրէն կը տարածուին նաեւ՝ ազգային անսակարկելի արժէքներու վրայ:
Մովսէս Ծիրանի
(Երեւան, 2023, Մարտ)
Ա. Իշխանեանէն մինջեւ Յ. Թումանեան
Աւետիք Իշխանեանը իր կեանքի վերջին օրերուն «Է» նամակագրական կապի մէջ եղած է իր ընկերներէն Վահան Զանոյեանի եւ Մովսէս Հերկելեանի հետ: Ստորեւ կուտանք Մ. Հերկելեանի հետ կայացած «Զրոյց»էն բաժին մը Հերկելեանի կողմէ խմբագրուած, բայց առանց իմաստային ոչ մէկ փոփոխութեան:
Ա. Իշխանեան -Մովսէս ջան, արդեն իմ վիճակն անյուսալի է, դեռ մի ամիս առաջ բժիշկները բուժումը փոխեցին խնամքով, այսինքն ՝անյոյս: Իմ վիճակը աննկարագրելի է, արդեն շուրջ 1 ամիս է, որ նոյնիսկ չեմ կարողանում ուտել։ Մնաք բարով․․
Մ. Հերկելեան- Ինչ որ Վահանը գրել է քեզ նոյնը ես պիտի ասէի, սակայն շարունակում եմ հրաշքների հաւատալ… ։ Մի խնդրանք. Եթէ տակաւին քո գրքերիցդ մնացել են մօտդ՝ լաւ կը լինի որ ամէն մէկից 5 կամ 6 հատ Վազգէնի (Մանուկեանի) մօտ թողնես։ Պէտք ունեմ, կարեւոր մարդկանց տալու համար
Ա.Ի. — Մովսէս ջա,։ Երբ գաք Երևան զանգէք տղայիս Ռաֆայէլին գրքերը կբերի, հիմա ինձ է խնամում: Իսկ ես անյոյս վիճակում եմ, աներեւակայելի տառապանքներով և մահն ինձ համար փրկութիւն է։ Ամեն օր երազում եմ մահուան մասին
Մ.Հ.- Չգիտեմ, չեմ հասկանում… Ցաւում եմ… շա՜տ եմ ցաւում։ Չգիտեմ ի՞նչ ասեմ…
Ա.Ի.- փիլիսոփայօրեն մօտեցիր։ Մահը մերն է, մենք մահինը։ Մահն իմ անմարդկային — Ասել եմ—տառապանքներին վերջ կտա։ ՅՈՅՍՈՎ ԵՄ․․․
Մ.Հ.- Իսկ ես էլ ՅՈՅՍՈՎ ԵՄ որյանկարծ հրաշք կը պատահի եւ կ’առողջանաս: — փորձում եմ հասկանալ, բայց չեմ հասկանում
Ա.Ի.- Մի ինքնախոստովանութիւն անեմ․ Արցախի կորստից յետոյ մտքովս անցաւ ինքնասպան լինել։ Ահաւոր ջղային վիճակի մէջ էի։ Իմ կարծիքով հենց ջղային վիճակը հիւանդացրեց ինձ։ Հիմա էլ երբ կարդում եմ գարշապետի խօսքերը՝ յաջորդը Սիւնիքն է։ Այնպէս որ մօտալուտ մահը ինձ չի անհանգստացնում, այլ միայն ցաւն ու տառապանքները, իսկ մահը փրկութիւն կլինի․․․
Մ.Հ.- Ավիկ ջան՝ արդէն իսկ երկու անգամ ինքնասպանութիւն փորձել էիր, սակայն տիկինդ՝ Նունէն եւ ուստրդ՝ Ռաֆայէլը փրկել էին քեզ… իսկ վերջերս էլ գրեցիր որ այնքան տկարացել էիր որ ուժերդ չէին հերիքում անձնասպան լինելու: Փաստօրէն քու յուսահատութիւնդ սկսեց այդ դաժան հիւանդութիւնից ետքը միայն: Ես ոչ մոլեռանդ եւ ոչ ալ կոյր հաւատացեալ եմ։ Սակայն հաւատում եմ Աստուծոյ գոյութեանը եւ աղօթում՝… քեզ համար…
Ա.Ի.- Իսկ ես ոչ աթէիստ-անհաւատ եմ, ոչ էլ մոլեռանդ-կրօնական հաւատացեալ։ Սակայն Սրտիս մօտ է Յովհաննէս Թումանեանի այս քառյակը․
«Աստծու բանտն են տաճարները — աշխարհքներում բովանդակ.
Իբր էնտեղ է ապրում Տէրը, պաշտողների փակի տակ:
Հարկավ` ազատ նա ժպտում է ամենուրեք ամէնքին,
Բայց դու նայիր խեղճ ու կրակ մարդու գործին ու խելքին»:
-Թումանեանը ճիշդ է գրել…
-Իմ կարծիքով Թումանեանը մեր հանճարեղ գրողն է և ինչ գրել է, ճիշտ ու հանճարեղ է գրել՝ պոէմներ, բանաստեղծութիւններ, քառեակներ, պատմուածքներ…
-Թումանեանին ես յայտնաբերել եմ Հրանդ Մաթեւոսեանի միջոցով եւ խորացել՝ նրա գրականութեան մէջ Նարինէ Թուխիկեանի միջոցով։ Նա ոչ միայն հանճարեղ գրող է այլ նաեւ քաղաքական գործիչ ու մեկնաբան: Նա լաւ է ճանաչում՝ մեր ազգին…
-Միանգամայն համաձայն եմ; Թումանեանը յատկապէս իր յօդուածներով ցաւով բացայայտում է մեր արատներն ու հայոց ճակատագիրը: Տղային՝ Արտաւազդին տուել է, որպէս կամաւոր Անդրանիկին ու Վանի մոդ Արտաւազդը զոհուել է; Կարդացե՞լ ես Թումանեանի նամակը Իսահակեանին։
-Չեմ կարդացել
-(Ուղարկում եմ) Յովհաննէս Թումանեանի նամակը Աւետիք Իսահակեանին։
«Ես չեմ ուզում եւ չեմ կարող երկար ու բարակ գրել մեր երկրից, թէեւ դու հարցնում ես։ Կարճ ասեմ. մենք թէ՛ դրսից, եւ թէ՛ ներսից քանդեցինք մեր երկիրը։ Գլխաւորապէս մենք։ Մենք եմ ասում, եւ սրա մէջն է ճշմարտութիւնը։ Մի մասը խաչագող սրիկաներ, մի մասը գողեր ու աւազակներ, մի մասը ապիկար թշուառականներ, եւ չերեւաց մի բազմութիւն, գոնէ մի խմբակ, որ վերածնուող երկրի շունչը ու բարոյական կարողութիւնը յայտնաբերեր։ Էսքան աղէտների ու պարտութիւնների մէջ ո՛չ մի մեղաւոր չերեւաց, ո՛չ ոք ոչ պատասխանի կանչուեց, ոչ պատասխան տուեց։ Եւ շարունակւում է. այժմ էլ նոյն մարդիկը, նոյն ճանապարհներով… Եւ ոչ անձնասպան չեղաւ, որ ապացուցաներ, թէգոնէամօթ ու խղճմտանք կայ էս մարդկանց մէջ կամ էս ժողովրդի մէջ։ Բայց ես ինչ եմ ասում չկարողացանգոնէ վշտանալ կամ վշտացած երեւալ» ։ (09.12.1921 Կ.Պոլիս-Վենետիկ)
Մ.Հ.- Թէեւ սա Թումանեանի աւելի քան հարիւր տարի առաջուայ կարծիքն է, սակայն մեզանից իւրաքանչիւրին մտածել է տալիս… մենք՝ ո՞վ ենք, Ի՞նչ առեցինք, որ չպէտք անէինք եւ ի՞նչ չառեցինք որ պէտք է անէինք… :
Ավիկ ջան՝ մինչեւ որ իմ այս մտքի պատասխանը ստանամ քեզանից, ես Նարինէից իմացայ որ դուն արդէն իսկ մեկնել ես… ու պատասխանել… քո յաւիտենական, բայց իմաստալից լռութեամբ…: Ասում եմ իմաստալից, որովհետեւ քո յօդուածներն ու յուշագրութիւնները, ապագային կը յիշուեն այնպէս ինչպէս դու յիշեցիր մեծն Թումանեանին:
Մովսէս Ս. Հերակլեան
(Մոնթրէալ, 2025, Փետրուարի16)
Ո՞վ է ԱւետիքԻշխանեանը
Ծնած է 1955-ին Երևան։ Հայրը՝ տաղանդաւոր ու վաստակաշատ լեզուաբան եւ գրականագէտ Ռաֆայել Իշխանյանն է, իսկ մայրը՝ Վահան Չէրազի դուստրը՝ յայտնիլեզուաբան եւ Շէյքսփիրագէտ՝ Բիւրակն Չերազը։ Աւետիք Իշխանեանը 1972 թուականինկ’ աւարտէ Կրուպսկաիայի անվան թիւ 19-ը (այժմ՝ Նիկոլ Աղբալեանի անվան թիւ 19) միջնակարգ դպրոցը։ 1972-1977 թուականներուն կ’ուսանի եւ կ’աւարտէ Երևանի Պետ. Համալսարանի երկրաբանական ֆակուլտետի Ճէոֆիզիկայի բաժինը։
1977-1984 թուականներուն կ’աշխատի Երևանի «Հայգունմետգիտնախագիծ» գիտահետազոտական բարձրագոյն հիմնարկի երկրաբանական բաժինը, նախ՝ իբրեւ ճարտարագէտ, ապա՝ որպէս աւագ գիտաշխատող, իսկ յետոյ կը նշանակուի «Պետրոֆիզիկայի» ենթաբաժնի վարիչ։
1984-1987 թուականներուն մասնագիտութիւնը կը շարունակէ Լենինգրադի (Սանկտ Պետերբուրգ) Համամիութենական երկրաբանական գիտահետազօտական բարձրագոյն հիմնարկէն (ՎՍԵԳԵԻ) ներս իբրեւ դոկտորայի (Ph.D) թեկնածու, իսկ1987 թուականինկը պաշտպանէ ու կը ստանայ երկրաբանա-հանքաբանական համապատասխան գիտական աստիճան։
Հայաստան վերադառնալէ ետք 1987 թուականինկարգ մը ընկերներու հետ կը հիմնէ ու կը ղեկավարէ կրթական «Մաշտոց» միաւորումը։
1988 թուականի օգոստոսէն սկսեալ ԱւետիքԻշխանեանը կ’ըլլայ նաեւ՝ Ղարաբաղ Կոմիտէիանդամ։
1996 թուականին կարգ մը համախոհներու հետ կը հիմնէ ու մինչեւ իր կեանքի աւարտը կը ղեկավարէ «Հայաստանի Հելսինքեան Կոմիտէ»ի Իրաւապաշտպան Հասարակական Կազմակերպութիւնը։ Ան բազմաթիւ գիտական աշխատանքներու, հրապարակախօսական յօդուածներու եւ գիրքերու հեղինակ է նաեւ։
Երկարատեւ հիւանդութենէ ետք, կը մահանայ 2025-ի Փետրուարի16-ին Երեւան:
Լուսանկարի աղբյուրը՝ armenianweekly.com