Միւս Պետիկը/ Ծննդեան 70-ամեակ Պետրոս Հերեանի
Այնճար, 1974, Փետրուար 15 Սիրելի ընթերցող Որպէսզի կարողանաս ճիշդ պատկերացնել թէ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս տեղի ունեցաւ Պետիկի ծնունդը, նախ պէտք է որ նկարագրեմ մեր բնակարանը: Երբ Այնճար գիւղավանը կառուցուեցաւ, իւրաքանչիւր ընտանիքի տրամադրուեցաւ չորս հարիւր քառակուսի մեթր հողի վրայ կառուցուած շուրջ քսան քառակուսի մեթր






