Ինչպես գիտենք, օգոստոսի 4-ին Բեյրութի նավահանգստում տեղի ունեցավ հզոր պայթյուն, որի հետևանքով մեծապես տուժեց Հայկական Բուրջ Համուտ թաղամասը և Բեյրութում գործող հայկական կարևորագույն օազիսի՝ Հայկազյան համալսարանի շենքը: Համալսարանի վերամուտի, ինչպես և հայագիտական կարևորագույն պարբերական «Հայկազեան հայագիտական հանդէս» տարեգրքի հետագա գործունեության մասին Ardi.am-ը զրուցել է Հայկազյան համալսարանի Սփյուռքի ուսումնասիրության կենտրոնի տնօրեն, «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի պատասխանատու խմբագիր Անդրանիկ Դաքեսյանի հետ:
— Դոկտո՛ր Դաքեսյան, Հայկազյան համալսարանը փորձում է շտկել մեջքը և տոնել իր վերամուտը աղետալի պայթյունից հետո: Որքանո՞վ են հաղթահարված աղետի հետևանքները:
— Շնորհակալութիւն ընծայուած այս առիթին համար: Մենք դասաւանդութիւնները սկսանք Սեպտեմբեր 7ին: Ծանօթ է արդէն, որ համալսարանը եւս վնասներու ենթարկուեցաւ պայթումին պատճառով: Համալսարանին կրած վնասներուն անմիջականօրէն երեւելի մասերը գրեթէ նորոգուած են: Նկատի պէտք է առնել որ դասաւանդութիւնները առցանց դրութեամբ կը կատարուին ներկայիս, հետեւաբար փոքրաթիւ ուսանողներ միայն կու գան համալսարան: Իդէպ, այս օրերուն անցեալ տարեշրջանի շրջանաւարտութեան «հանդէսները» կը կատարուին:
Տրամադրութիւնները, ամէնուրեք, խառն են եւ անկայուն. վերիվայրումներ կ’արձանագրեն: Ընդհանուր վիճակն այնպէս է որ երիտասարդները դասաւանդութեանց վերսկսելով անուղղակիօրէն կ’ուզեն հաւատալ որ իրենց կեանքը կրնայ վերստին բնականոն վիճակի վերադառնալ: Միաժամանակ, համալսարանը, դասաւանդութիւնները զիրենք վերստին հաղորդակցութեան մէջ կը դնեն իրենց դասընկերներուն հետ, վերջին շրջանին իրենց կղզիացած եւ լուսանցքայնացած վիճակէն դարձեալ հաղորդակցութեան մէջ կը մտնեն այս անգամ համակարգի մը մէջ որ իրենց բարօր ապագային համար կարեւոր նպաստ կրնայ բերել:
— Բեյրութը, մասնավորապես բեյրութահայությունը վտանգավոր անցուդարձերի հաճախ է բախվել իր վերջին տասնամյակների կենսագրության ընթացքում: Ինչպե՞ս կարողացաք դիմակայել այս հերթական աղետին, ի՞նչ տրամադրություններ կային սովորական քաղաքացիների շրջանում:
— Պէտք է ըսել, թէ 1975էն իվեր – եւ եթէ կ’ուզէք գրեթէ իր անկախութենէն իվեր – Լիբանանը եւ ինչու չէ ամբողջ շրջանը խաղաղութիւն չէ տեսած. միշտ ալ շրջանի երկիրներէն մէկուն մէջ, թէ միջպետական առումով պատերազմներ, յեղափոխութիւն, պետական հարուած անպակաս եղած են: Հետեւաբար լիբանանցին ու լիբանահայը վարժ է անկայունութեան:
Դժբախտաբար, այս պայթումը, կարծէք 1975-90 երկարող պատերազմին միագումար ազդեցութիւնը ունեցաւ: Այս էր ցնցիչը. պատերազմի տարիներուն մենք դառնն ու լեղին ումպ առ ումպ խմեցինք, իսկ այս անգամ այդ դառնն ու լեղին մեծ ջրամանով պարտադրուեցաւ: Չմոռնանք, որ արդէն երկրին մէջ կը տիրէին տնտեսական-ընկերային-առողջապահական-քաղաքական-պետական կառոյցի այլեւայլ, կուտակուած ու անլոյծ տագնապներ, որոնց եկան աւելնալու այս պայթումին հետեւանքները:
Լիբանանցին ճկուն է: Շատ լաւ կը գիտակցի որ իր շահերը կը պահանջեն որ ինք ըլլայ եւ մնայ լաւատես ու միշտ կառուցողական՝ հակառակ խորապէս ճգնաժամային գործօններու առատութեան: Տասնամեակներու ընթացքին լիբանանցին կարծէք այդպէս թրծուած է, այդ կերպարն ու խառնուածքը եւ ճարտարութիւնը իւրացուցած:
— Գիտական լուրջ գործունեության համար ենթադրվում են խաղաղ, անցնցում պայմաններ, մի բան, որ ներկայում բացառված է Բեյրութում: Հաջողվո՞ւմ է այս ընթացքում ծավալել համալսարանական գործունեություն, կրթել ուսանողներ, կատարել գիտական հետազոտություններ:
— Մենք դասաւանդութիւնները սկսանք առցանց եղանակով եւ կը ձգտինք լաւատես ու կառչած մնալ դրակական գործօններու եւ յարատեւօրէն վերակերտել մեր կեանքը Լիբանանի մէջ: Պէտք է ըսել, թէ պայմանները այնքան ալ չեն օգներ, բայց կրնամ հաստատել թէ միայն վերջին տասնամեակին տասնեակներով շրջանաւարտներ իրենց ուսումը շարունակեցին ու կը շարունակեն մագիստրական եւ դոկտորական ուղղութեամբ:
Հասկնալի է անշուշտ, որ անկայունութիւնը, անապահովութիւնը, ապագայի հանդէպ անորոշութիւնը իրենց ժխտական ազդեցութիւնը կ’ունենան, բոլորին վրայ, բայց ինչպէս ըսի՝ քաղաքացիին եւ անհատին պարտքն է որ ի՛ր իսկ անձնական շահուն համար՝ ոտքի մնայ, չընկճուի եւ չեղած պայմաններէն իսկ կարելիութիւններ ստեղծէ ու կենսագործէ: Չմոռնանք որ լիբնահայուն համար Սփիւռքի, Հայաստանի եւ Արցախի աջակցութիւնները բարոյական սպեղանիի իրենց դերը ունեցան մեր բոլորին վրայ: Կարծէք պահ մը մեր բեռը, կամ ծանր, անկրելի բեռի զգացումը թեթեւցաւ:
Համեստաբար ըսեմ, որ քորոնայի այս ամիսները ժամանակ ընծայեցին որ աշխատիմ, ամբողջացնեմ ու հրատարակեմ «ՀԲԸՄի Հաճընի Որբանոցը 1919-1920» ալպոմ-հատորը, մամուլի տակ է Ալիս Քիփ Քլարքի «Նամակներ Կիլիկիայէն» թարգմանածս օրագրութիւնը, տպագրութեան յանձնած եմ Լիբանանի երկրորդ մեծագոյն քաղաք Թրիփոլիի հայօճախին նուիրուած ծաւալուն ուսումնասիրութիւնս եւ կ’աշխատիմ Կիլիկիոյ վերաբերող 1914ի տեղեկագրի մը վրայ ու կը պատրաստեմ ՀԲԸՄ Մերսինի որբանոոցին ալպոմ-հատորը:
— Ի՞նչ ընթացքի մեջ են «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի աշխատանքները: Թողարկվելիք համարը պատրաստ կլինի՞ ճիշտ ժամանակին, թե՞ հնարավոր են դրա հետաձգումը կամ չեղարկումը:
— Համասլարանի գիտական գլխաւոր հրատարակութիւն Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսը պատկան մարմիններու վճռակամ որոշումով կը շարունակուի ու պիտի շարունակէ հրատարակուիլ: Խորքին մէջ երբեք ալ հարց չբարձրացաւ դադրեցնելու կամ առկախելու կամ յետաձգելու Հանդէսի պարբերական հրատարակութիւնը: Ըսեմ, որ 1990էն իվեր Հանդէսը միշտ ալ, առանց բացառութեան, յարգած է իր ամէնամեայ ժամադրութիւնը: Ներկայիս ոչ թէ 40րդ հատորին խմբագրական աշխատանքներուն մէջ ենք, այլ կը սպասենք 928 էջ հաշուող այս հատորին տպարանէն լոյս ընծայուելուն, որ պիտի պատահի Սեպտեմբերի աւարտէն առաջ:
Եւ քանի որ Հանդէսի 50ամեակն է ու 40րդ հատորը եւ մանաւանդ Հայկազեան Համալսարանի հիմնադրութեան 65ամեակը, Հանդէսի խմբագրութիւնը, համալսարանի նախագահութեան հետ համախորհուրդ, որոշեց յոբելեանական հատոր մը լոյս ընծայել՝ ընթացիկ հատորէն անջատ: Ծրագրային այս հատորը պիտի ընդգրկէ նախորդ 40 հատորներուն մատենագիտութիւնը եւ գնահատական պիտի տայ Հանդէսի լեզուաբանական, գրականագիտական, պատմագիտական, արուեստագիտական ուսումնասիրութիւններուն մասին: Հատորը պիտի արտացոլէ նաեւ Հայկազեան Համալսարանի հայագիտական երեսակը, առանձին յօդուածներով անդրադառնալով Հայագիտական գրադարանին, Հայագիտական ամբիոնին, Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին, համալսարանի հրատարակչատան, հայագիտական հանրային գործունէութեան պատմութեան:
Կը խուսափիմ որեւէ գնահատական կատարելէ Հանդէսին խնդրով: Միայն կը փափաքիմ ըսել, թէ համալսարանի պատկան մարմինները, Հանդէսի խմբագրակազմը եւ բոլոր աշխատակիցները հպարտ են եւ գիտակից իրենց կատարած յատուկ առաքելութեամբ:
Ըսեմ որ լիբանահայ մամուլը կը շարունակէ հրատարակուիլ, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մատենաշարները կը շարունակեն հրատարակել, հաստատութեանականացած մշակութային կեանքի որոշակի դրսեւորումներ կը բանին, թէեւ ոչ նախկին թափով:
— Հայկական համայնքը Բեյրութի կարևոր գործոններից մեկն է, այստեղ մեծ թվով հայ գործարարներ կան, մտավորականներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ: Ի՞նչ տրամադրություններ են նրանց շրջանում. մտածում են վերականգնե՞լ իրենց գործն ու դիրքը աղետյալ Բեյրութում, թե՞ փոխել բնակության վայրը:
— Պէյրութը ամբողջ Լիբանանը չէ: Ճիշտ է, երկրին սիրտն է եւ մեծագոյն շուկան, բայց ոչ անպայման երկրին տնտեսական միակ շուկան եւ մանաւանդ ոչ անպայման երկրին ճարտարարուեստական գօտին: Հետեւաբար, Պէյրութի պայթումէն շուկան վնասուեցաւ, բայց նոյն տարողութեամբ չվնասուեցաւ տնտեսական-գործարանային գօտին:
Պատմականօրէն, լիբանահայ տնտեսական օղակը ծաւալեցաւ եւ վերափոխուեցաւ 1950ականներուն, նահանջեց ու կծկուեցաւ քաղաքացիական պատերազմին տարիներուն, իսկ 1990ականներուն ջանաց վերականգնիլ եւ արձանագրեց որոշ յաջողութիւն, դարձեալ վերափոխուելով ու վերաձեւուելով: Պէտք է ըսել, որ լիբանահայ տնտեսական օղակը չունի Լիբանանի տնտեսական բնագաւառի նախկին չափը, ոչ ալ բնոյթը, չկան հայ գործարանատէրերու եւ գորածտէրերու նախկին թիւերը: Սակայն, հայը Լիբանանի մէջ ճանչցուած էր իբրեւ աշխատասէր, աշխուժ, գործունեայ, ստեղծող, ճարտար, արդար, ատակ անհատ: Այս իմէճը պահպանուած է եւ պատճառ կը դառնայ որ ինք միշտ փնտռուած ըլլայ բոլոր այն գործատէրերուն կողմէ որոնք կը ջանան իրենց գործերը ծաւալել:
Ինչ կը վերաբերի տեղաշարժերուն եւ լիբանահայութեան տրամադրութիւններուն, պէտք է ըսել որ ներկայիս լիբանանցին խուճապային տրամադրութեան մէջ է: Ներկայ անորոշութիւնը մղած է որ այսօրուան դրութեամբ — ըստ որոշ տուեալներու — աւելի քան 350,000 լիբանանցիներ արտագաղթի դիմումնագրեր լեցնեն: Թերեւս «բարեբախտութիւն» պէտք է նկատել քովիտ 19ի համաշխարհային առկայութիւնը, որ կը սանձէ եւ չի թողուր որ արագ եւ վճռական քայլեր առնէ այդ զանգուածը: Սակայն, նկատի առնելով նիւթատնտեսական իրավիճակը, այդ զանգուածին առաւել շարժունակ հատուածը՝ երիտասարդութիւնը, նուազ կաշկանդուածութեամբ կ’արտագաղթէ, ինչ որ կը ծերացնէ նաեւ Լիբանանի հայօճախը, ու կը նուազեցնէ անոր ուժականութիւնը:
Զրույցը՝ Կարինե Ռաֆայելյանի
No Comments