Ինչո՞ւ. երեք պատմութիւն, մէկ Հարց
Պարսելոնա, 2001, Հոկտեմբեր 1 Հրաւիրուած էինք մասնակցելու Պարսէլոնայի Euro Art միջազգային ցուցահանդէսին, որ տեղի կ’ունենար «Ռամպլա» նշանաւոր պողոտայի վերջաւորութեան, ծովափնեայ հնատիպ շէնքի մը մէջ: Երբ կը պատրաստուէին պաշտօնական բացումը կատարել, յանկարծ ամբոխ մը ներս խուժեց գոռում գոչումներով… նախ փորձեցին ներկաները դուրս հրաւիրել ցոյցի,






