ՄշակութաԳիծ ԳիտաՆյութ Մովսէս Ծիրանի

Հմայքը, Արուեստը, Միջակութիւնն ու Մենք

21.11.2020

Շատ հաւանաբար, շատեր պիտի ըսեն թէ «Ի՞նչ կապ կրնայ ունենալ այս թեման, մեր օրերու ողբերգութեան հետ: Ժամանա՞կն է նման հարցեր արծարծելու»: Այո, ճի’շդ ժամանակն է: Եթէ ընթերցումը շարունակէք մինչեւ վերջ, հարցը կը յստականայ:

Կ’ըսեն թէ «կնոջ գեղեցկութեան երեք քառորդը հմայքն է»: Ճի’շդ է, իգական սեռի գրաւչութիւնը պայմանաւորուած է նախ եւ առաջ իր ներքին հմայքով, եւ ոչ թէ արտաքին ցուցափեղկային սիրունութեամբ: Սակայն մեր խօսքը այս մասին չէ, այլ այն «Քարիզմա»ի (Charisma), որուն կենսական դեր ու նշանակութիւն վերապահուած է ժողովրդականութիւն ձեռք բերելու եւ կամ յաջողութեան հասնելու համար՝ մարդկային փոխյարաբերութիւններու ընթացքին:

Այս հարցին հանգամանօրէն կ’անդրադառնանք, անոր համար որ մեր ժամանակի այս տարաբնոյթ ու թէժ օրերուն, արժէչափերը փոխուած են, ապագայի անորոշութիւններու եւ գոյատեւման բազմապատկուած դժուարութիւններու դէմ յանդիման մարդը սկսած է անճրկիլ, մարդկայնական ու հոգեւոր արժէքները սկսած են նահանջել, իրենց տեղը զիջելով վայրագ ու անասնական բնազդներու: Այս ճգնաժամային եռեւեփումներու ընթացքին, եթէ Հմայքը կիրարուի ճիշդ տեղին, ժամանակին ու միջավայրին համապատասխան, կրնայ հրաշքներ գործել, որովհետեւ Հմայքը  ոգեղէն մեծ ուժ է, շնորհուած՝ Աստուծոյ  (դուք կրնաք ըսել բնութեան) կողմէ, որմէ շատ բան կախեալ է, ըլլայ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, հոգեւոր թէ առհասարակ բոլոր տեսակի ընկերային բնագաւառներէն ներս, թէ ժխտական և թէ դրական առումներով:

 Բառը՝ Խարիզմ, հին յունարէն է, որ կը նշանակէ, աստուածային շնորհք, երանութիւն, բախտաւորութիւն …: Հմայքը մարդոց եւ ընդհանրապէս հասարակութեան վրայ տարերայնօրէն ներազդելու կարողութիւն մըն է, զոր կարելի չէ ո’չ ուսուցանել եւ ոչ ալ որեւէ ձեւով ձեռք բերել:

Հինէն ի վեր մարդկութիւնը կառավարուած է տարբեր  միջոցներով՝ Ինչպէս. հաւատք, բռնութիւն, կախեալականութիւն… : Առաջինը թէեւ մեր օրերուն իր ազդեցութիւնը կորսնցուցած կը թուի ըլլալ (յատկապէս արեւմտեան կողմն աշխարհի), այնուամենայնիւ սակայն շարք մը երկիրներու (ի մասնաւորի Արեւելեան) պարագային, կրօնական թապուներն ու օրէնքները տակաւին ի զօրու են գործնապէս եւ մասամբ նորին…: Բռնապետական կացութաձեւերը միահամուռ կերպով եւ խստօրէն քննադատուած ու մերժուած ըլլալով հանդերձ, բռնատիրութիւնը (թէկուզ նոյնինքն Մաքիավելիի սկզբունքներով) դեռեւս կը շարունակէ գործել երկրագունդի տարածքին, իր տարատեսակներով, տարբեր ուժգնութեամբ ու մասամբ նորին…: Իսկ կախեալականութեան գործօնները մեծապետական եւ քաղաքակիրթ համարուող երկիրներու մէջ ի’սկ ըլլայ թաքուն թէ բացայայտօրէն կը բանին ու մասամբ նորին…: Բոլոր պարագաներուն, սակայն ամէն տեսակի ղեկավարները իրենց իշխանութիւնը ամրապնդելու եւ կամ դաւանած գաղափարախօսութիւնը տարածելու համար, կրօնական թապուներէն, բռնատիրական կացութաձեւերէն ու կախեալականութեան կերպերէն առաջ ու աւելի,անհրաժեշտաբար պէտք ունին հմայքի ներգործօն ուժականութեան, որ տարբեր տարողութեամբ եւ ձեւերով կրնայ ազդել եւ հետք ձգել կեանքի բազմակողմանի երեսներու վրայ:

 Պատմութիւն կերտած՝ բացառիկ հմայքի տէր անհատականութիւններէն շատեր եղած են դաժան ու սարսափազդու ղեկավարներ: Ինչպէս. Ճէնկիզ խան, Սուլթան Սելիմ Բ., Իվան Ահեղ, Օրանկզէպ, Հիթլեր, Ստալին, եւայլն: Այս վերջինի մասին կը պատմուի, թէ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի աւարտին, երբ աշխարհի մեծամեծները կը հաւաքուէին բանակցութեան սեղանի շուրջ, Ստալինը  կ’ուշանար եւ երբ ներս մտնէր միւսները  ոտքի կ’ելլէին: Ուինսթըն Չըրչիլ կը նշմարէ այս երեւոյթը եւ կ’որոշէ յաջորդ հանդիպման ոտքի չելլել: Սակայն երբ Ստալինը կը մտնէ ան բնազդաբար դարձեալ ոտքի կ’ելլէ …: Նոյի’սկ եթէ յօրինուած է այս դրուագը, ապա անվերապահօրէն Ստալինի ուժեղ հմայքի մասին կը խօսի: Պատմութեան մէջ եղած են նաեւ բազմաթիւ դէմքեր, որոնք շնորհիւ իրենց  ներազդեցիկ հմայքին, կրցած են այս անգամ «օրինակելի» հետք ձգել պատմութեան մէջ: Ինչպէս. Մեծն Աղեքսանդր, Մեծն Տիգրան, Մեծն Պետրոս, Հաննիպաալ, Պատըր Կամալ, Մահաթմա Կանտի, Լենին, Մարթէն Լուտէր Քինկ, Ուինսթըն Չըրչիլ,Նժդեհ, Արամ Մանուկեան, Նուպար Փաշա, Աբրահամ Լինքըլն, Շարլ Տը Կոլ, Չէ Կիվարա, Փիէր Թրուտօ, Կամալ Ապտըլ Նասըր, Պէշիր Ժէմայել… եւ շատ շատեր: Իսկ ի’նչ կը վերաբերի իգական սեռին, անոնց մէջ եւս եղած են ուժեղ անհատականութեան տէր կիներ, որոնք նոյնի’սկ կրցած են փոխել պատմութեան ընթացքը: Ինչպէս. Հին Եգիպտացիներէն Հաչեփսութը, Նեֆերթիթին ու Կղէոպատրան, Սուրիայէն՝ Զէյնուպիան, մեր Փառանձեմը, հնդիկներուն Մումթազ Մահալը, Ռուսերուն Կատարինէն, Ֆրանսացիներուն Ժաննա Տ’արքը, Իտալացիներուն Փուլին Պորկէզ Պոնափարդը, եւայլն: Ի դէպ, կը կարծուէր թէ Կղէոպատրայի հմայքը առաւելաբար իր կանացի գեղեցկութեան մէջ էր, մինչդեռ նորագոյն ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան որ ան եղած է կարճահասակ, ինչ որ չափով գէր և նոյնի’սկ տգեղ: Թէեւ զարգացած ու խելացի (բազմաթիւ լեզուներու կը տիրապետէր) կին մըն էր, սակայն նկարագրով եղած է դաժան, ոճրագործ ու նոյնիսկ՝ եղբայրասպան: Այսուհանդերձ, այս կատաղի ու վաւաշոտ էգը, իր ուժեղ անհատականութեամբ ու ներքին հմայքով է որ կրցած է տպաւորել ու գերել Յուլիոս Կեսարի եւ կամ Մարկոս Անտոնիոսի նման հզօր տիրակալներ:

Արուեստի աշխարհէն ներս թէեւ տաղանդն է մնայուն արժէք ստեղծելու հիմնական խթանիչ ուժն ու գրաւականը, այնուամենայնիւ հոս եւս ստեղծագործողի հմայքը վճռորոշ դեր կրնայ կատարել, յատկապէս՝ բեմական արուեստի (Show Business-ի) ասպարէզէն ներս: Իսկ  դերասանուհիներու պարագային, անոնց արտաքին տեսքն ու տաղանդը բաւարար չեն բարձունքներ նուաճելու եւ մնայուն արժէքներ կերտելու ու միահամուռ գնահատանքի արժանանալու համար: Կանացի գրաւչութեան  զուգահեռ եւ տաղանդին համապատասխան, ի բնէ ներազդեցիկ հմայքով օժտուած պէտք է որ ըլլան անոնք: Էտիթ Փիաֆ արտաքին կանացի գրաւչութիւն չունէր, սակայն ունէր հմայքի ներքին բացառիկ ուժականութիւն:

Սխալ չհասկնանք, խօսքը հռչակաւոր դառնալու մասին չէ: Եղած են ու այսօր ալ կան ձեռներեց ու խորամանկ միջակ կարողութեան տէր մարդիկ, որոնք հռչակի տիրանալու ձեւերը հանգամանօրէն կը սերտեն ու հմայքի ուժով յաճախ կը յաջողին արուեստագէտի անուն ձեռք բերել, առանց սակայն կարենալ մնայուն արուեստ ստեղծելու: Ոեւէ «հովանաւոր» նիւթականի եւ կամ տարբեր լծակներու միջոցով կրնայ միջակութիւն մը առաջ մղել ու նշանաւոր դարձնել: Սակայն հմայք ունենալով հանդերձ այդ միջակութիւնները, եթէ  համապատասխան տաղանդ չունենան, անոնց հռչակը ժամանակին հետ կը խամրի ու կ’անհետի: Ստալինը ունեցած է բազմաթիւ մենաշնորհեալ սիրուհիներ, որոնք իրենց ժամանակին տիրացած են բարձրագոյն շքանշաններու ու լայն ժողովրդականութեան, բայց անոնցմէ գրեթէ բոլորն ալ իբրեւ անուն չեն կրցած դիմանալ ժամանակի մաշումին ու մղուած են լուսանցքի վրայ:

Առ այդ, ակամայ կը յիշեմ յատկանշական եւ ուսանելի դէպք մը պատահած Անահիտ Թոփճեանի հետ, որ հետեւեալն է. Անահիտը երբ դերասանական կեանք նոր կը մտնէ, հեղինակութեան ու բարձր դիրքի տիրացած թատերական գործիչ մը, նշմարելով անոր ցանկայարոյց ու արտակարգ գեղեցկութիւնը, իր հետ հանդիպելու յատուկ առիթ մը կը ստեղծէ ու կ’ըսէ. «Եթէ իմ «ցանկութիւնները» բաւարարես, ես կարող եմ միջազգային դէմք դարձնել  քեզ»: Անահիտի պատասխանը կ’ըլլայ հետեւեալը. «Եթէ ես տաղանդ չուեմ դուք չէք կարող ինձ միջազգային դէմք դարձնել, իսկ եթէ ունեմ՝ առանց ձեզ էլ կը դառնամ»: Թէ թատերական գործիչի ակնարկութիւնը եւ թէ Անահիտի պատասխանը յստակ են ու մէկին: Բայց աւելի իմաստալից ու կարեւոր է, այս անձնաւորութեան յետագայ խոստովանութիւնը: Ան իր կեանքի մայրամուտին քովը հրաւիրելով Անահիտին կ’ըսէ. «Դու յաղթեցիր, ինչքան էլ փորձեցի քո վերելքը խոչընդոտել չստացուեց: Դու կարողացար նուաճել բեմն ու թատերասրահը միաժամանակ: Քո մասին հասարակական այնքան բարձր կարծիք կայ, որի դէմ ես անզօր եմ»: Անշո’ւշտ յաղթողը ոչ միայն Անահիտի անձն էր, այլ նաեւ անոր տաղանդն ու բեմական բացառիկ հմայքը, ընդելուզուած ներքին ու արտաքին գեղեցկութեան հետ:

Կերպարուեստի պարագային, հարցը որոշ չափով կը տարբերի: Արտաքին հմայք չունեցող, բայց տաղանդաւոր ստեղծագործողը, նոյնի’սկ եթէ իր կեանքի ընթացքին չկարողանայ հռչակ ձեռք բերել,Թէև ի վերջոյ անոր արուեստը ապագային կ’արժեւորուի ու կը գնահատուի, սակայն իր ողջութեանը դժուար թէ առիթ ունենայ հռչակաւոր դառնալու ու մեծարուելու: Օրինակի համար. Գարավաչոյի, Վերմէրի, Կոկէնի եւ կամ Վան Կոկի նմանները, հանճարներ ըլլալով հանդերձ իրենց մահէն ետք՝ շատ ուշ միայն արժեւորուեցան ու գնահատուեցան, առանց կարենալ ըմբոշխնելու  իրենց տաղանդի արգասիքը: Իսկ Ռաֆայէլի, Դիցեանի, Վան Տայքի եւ կամ Սալվատոր Տալիի նմաները, իրենց  ներքին ու արտաքին հմայքի շնորհիւ է որ ողջութեանը կրցան բարձր ու նպաստաւոր կապեր հաստատել ու գնահատուիլ իրենց արուեստի մեծութեանը համապատասխան: Մեր պարագային այս առումով բախտաւոր եղած են Յ. Այվազովսկիի, Մ.Սարեանի, Գառզուի, Ժանսեմի, Փոլ Կիրակոսեանի եւ կամ Եուրոզի նմանները: Իսկ ուրիշներ՝ երկար ատեն մնացած են լուսանցքի վրայ: Ինչպէս. Արշիլ Կորքի, Լեւոն Թիւթիւնճեան, Երուանդ Քոչար, Բաժբէուք Մելիքեան, Կալենց եւ շատ շատեր: Կան նաեւ շատեր, որոնք տակաւին կը մնան շուքի մէջ: Ինչպէս. Արշակ Ֆէթվաճեան, Գր. Չիլթեան, Ժան Իհմալեան, Տիգրան Դաւթեան, Արման Պզպզեան, Վրոյր, Ժան Դարբինեան,Գեղամ Թազեան, Պերժ Չաքէճեան, Էդիկ Բերդեան, Արա Ազատ, եւայլն, եւայլն:

 Որովհետեւ արուեստագէտի յաջողութեան մէջ ճակատագրական դեր կը կատարէ հմայքը, զօրաւոր հմայքի տէր միջակութիւնները, վարպետութեամբ կ’օգտագործեն ի վերուստ իրենց պարգեւուած այդ շնորհքը ու իրենց ի վերուստ զլացուած տաղանդի բացը գոցելու համար, ուժ կու տան ճարտար խօսքի, ուռճացուած ծանուցումներու, ինչպէս նաեւ երբեմն նոյնի’սկ կեղծիքի ու դաւադրութիւններու: Եթէ անոնք բաւարարուին արհեստականօրէն ձեռք բերուած ժամանակաւոր հռչակով, նիւթական որոշ շահերով, ու «փորձանք» չդառնան հանրութեան ու բեռ՝ մշակութային կառոյցներու վրայ, ապա երեւոյթը մտահոգիչ պիտի չըլլար: Խնդիրը այն է, որ այս տեսակները, իրենց ապագայ մրցակիցները ի սկզբանէ ոչնչացնելու համար, (յաճախ քաջալերելու պիտակին տակ) ջանք չեն խնայեր խանգարելու եւ սանձելու արժանաւոր սկսնակներու ստեղծագործական վերելքը: Սալիէրիի եւ Մոցարդի. եւ կամ Իվ Տաննէրի ու Այվազովսկիի օրինակները ծանօթ են շատերու:

 Դժբախտաբար նմանօրինակ միջակութիւններու քանակը քիչ չէ եղած եւ այսօր ալ քիչ չէ, ըլլայ մեր հանրային, քաղաքական, մշակութային թէ հոգեւոր կեանքի բնագաւառներէն ներս:

Այս դժնդակ ու ճակատագրական ժամանակահատուածին, անհրաժեշտաբար ազգը պէտք ունի առողջ ու որակեալ մտաւորականութեան, որուն բացակայութեան ու առհասարակ չգոյութեան գլխաւոր պատասխանատուն միջակութիւններն են:

Կը թուի, թէ մեր օրերու աշխարհաքաղաքական հունն ու ընթացքը ուղղորդող, «Գեր Ուժերու» նախընտրած ղեկավարները եւս միջակութիւններն են: Ըլլայ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ միջակ կարողութեան՝ բայց միջակէն վեր հմայքի տէր ղեկավարներէն շատ շատեր, յաճախ  իրենց հմայքը ի գործ կը դնեն ի նպաստ իրենց անհատական ու հատուածական շահերուն, բայց ի հաշիւ ազգին ու հարենիքին: Այսպիսով, ինչպէս որ «ոճիրը ոճիր կը ծնի» այնպէս ալ սխալը սխալին կը յաջորդէ, ու ակամայ անդառնալի կորուստներու ու փորձանքներու կ’ենթարկուինք ազգովին ու … մասամբ նորին: Ճիշդը եթէ կ’ուզէք կուռ ու ամբողջական միասնականութիւն չկարենալ գոյացնելու գլխաւոր պատճառնրէն մէկը եւս միջակութիւններն  են: Այնպէս որ, այս հարցի քննարկումն ու վերլուծումը լուրջ խնդիր է ու մեր ուժերէն վեր: Ամենայնդէպս, լաւ կ’ըլլայ որ հարցերը իրարու չխառնենք, կանգ առնենք հոս ու քաղաքականութեան ճամբով մարդու հեզասահ կեանքի ընթացքը խանգարող, տնտեսական եւ քաղաքական տագնապներ ստեղծող, ու երկիրներ աւերող միջակութիւններու հարցի քննարկումը, վստահինք քաղաքականութեան մէջ թրծուած իրաւ եւ որակեալ մասնագէտներու…: Սակայն, մեր առաջնային ու հիմնական մտահոգութիւնը կայ ու կը մնայ Մշակոյթի ոլորտը: Մեր կսկծալի անմիջական պարտութենէն ետք, հայկական մշակութային կոթողները գրեթէ լքուած կը մնան Արցախի մէջ, յատկապէս՝ թշնամիին կողմէ բրնագրաւուած տարածքներէն ներս, ուր ադէն իսկ ոչնչացման ու կործանման աշխատանքները սկսած են: Ի տես այս բացայայտ վանտալիզմին, մեր իրաւ ու անշահախնդիր կղերականներէն ու մտաւորականերէն ոմանք, տագնապահար վիճակի մէջ կը փորձեն ինչ որ տեղ, ինչ որ բան փրկել: Մինչ, Հայ միջակութիւններէն շատեր իրենց հանգիստը չխանգարելու համար կոյր ու խուլ կը ձեւանան, մնացածները՝ ազգային մշակոյթը պաշտպանելու պիտակին տակ սանձարձակօրէն կ’օգտագործեն առիթը, ի նպաստ իրենց անձնական ու հատուածական շահերուն:

Հոս կրնայ հարց ծագիլ, թէ «Ո՞ւր են համապատասխան պետական կառոյցներն ու իշխանութիւնները»: Նախորդները, մշակութային գետնի վրայ յումպէտս կը շահարկէին մշակոյթը ու աւելի կը խօսէին քան՝ կը գործէին: Այս վերջինները գրեթէ չէին խօսեր, ու իբրեւ թէ տնտեսական մտահոգութիւններով կը գործէին ընդդէմ Հայ մշակոյթին ու ազգային արժէքներուն: Ասոնք կամ մշակութապէս տեղեկացուած ու զարգացած չէին եւ կամ ալ պարզապէս ապիկարներ էին: Ազգային ոգեղէն արժէքներու գնահատումն ու պահպանումը, ոչ միայն չի խանգարեր համամարդկային ու մարդասիրական արժէքներու արժեւորումն ու տարածումը, այլ ընհակառակը՝ միայն ու միայն կրնայ նպաստել անոնց: Մանաւ’անդ որ, ինչքան որ մենք պէտք ունինք համամարդկային արեւմտեան արժէքներու որդեգրման ու գործադրման, նոյնքան եւ աւելի անոնք պէտք ունին մեր ազգային արժէքներու պահպանման ու գնահատման: Որովհետեւ, անմարդկային վերաբերումներէ ու անասնական վայրագութիւններէ զերծ մեր մշակոյթը, ամենամարդկայինը կոչուելու բոլոր տուեալները կը պարունակէ իր մէջ:  Համեմատեցէք Սասունցի Դաւիթը աշխարհի ամենայայտնի(նաեւ արեւմտեան աշխարհի) դիւցազնավէպերու հետ. ու պիտի համոզուիք: Իսկ  այդ քաղաքակիրթ կարծուած միջակութիւնները «համակրելի» մակաբոյծներու նման, մէկ կողմէ վարպետօրէն կը շարունակեն օգտուիլ իրենց վստահուած «դիրքերէն» եւ միւս կողմէ կը շարունակեն   խոչընդոտել  Հայ մշակոյթի պահպանումը, զարգացումն ու տարածումը:

Վերջացնելէ առաջ, մէկ հարց միայն: Հայաստանի իշխանութիւնները իրենց երեսնամեայ բանակցութիւններու ընթացքին, մշակութային որեւէ տեսակի հարց բարձրացուցա՞ծ են: Կամ՝ այս տխրահրչակ «փաստաթուղթը» որեւէ կէտ կը պարունակէ՞ Հայ մշակութային կոթողներու պահպանութեան կամ պաշտպանութեան գծով թէ ոչ: Պատասխանը դուք տուէք ու ըստ այնմ եզրակացուցէք ու դատեցէք:

Հին թէ նոր բոլոր տեսակի միջակութիւնները մշակոյթի ճամբով ձախողած կը թուին ըլլալ: Եթէ անկեղծ,արդար ու հաշուետու պիտի ըլլանք մենք մեր խղճի ու ինքնութեան հետ, ապա ժողովուրդի ու հայրենիքի շահերը կը պահանջեն, որ ձախողած հիները մէկ կողմ քաշուին ու լռեն: Ձախողած նորերը ինքնակամ կերպով հրաժարին ու մշակոյթի մարզը վստահին գիտակից ու իրաւ փորձագէտներու… եթէ երբեք անոնք կան ու պատրաստ են այս աննպաստ կացութեան մէջ հրապարակ նետուած ձեռնոցը վերցնելու…:
Մովսէս Ծիրանի  (Բէյ­րութ)

                                                                                                      

No Comments

Leave a Reply