1977, ամառ, Իսի-Լէ-Մուլինօ, Փարիզ:
Առաջին անգամը չէ որ թուղթին կը յանձնեմ այս պատմութիւնը, սակայն առաջին անգամն է որ կը ներկայացնեմ զայն աւելի մանրամասն եւ վերամշակուած կերպով, ընթացքին բացայայտելով նաեւ Ժանսեմի խառնուածքային կարգ մը յատկանիշները, որոնք կ’առնչուին իր ստեղծագործական կեանքին հետ:Նկատի առէք նաեւ, որ կարգ մը արտայայտութիւններ եւ ֆրանսերէնովօգտագործած որոշ բառեր, յստակացուցած եւ հայացուցած եմ, առանց իմաստային որեւէ փոփոխութեան:

«Բնորդուհիներ», Իւղ կատաւի վրայ, գործ՝ Ժանսեմի
1077-ն նոր ընդունուած էի Երեւանի «Գեղարուեստաթատերական Բարձրագոյն Հիմնարկէն» ներս, Իբրեւ արուեստաբանութեան ուսանող: Ղեկավարիս՝ փրոֆ. Վահան Յարութիւնեանի թելադրանքով նոյն տարուայ ամրան, Փարիզ մեկնեցայ ուսումնասիրելու համար հին եւ ժամանակակից արուեստը, որոնց շարքին նաեւ՝ ֆրանսահայ կերպարուեստը: Բնականաբար կարեւորներու շարքին պէտք է հանդիպէի նաեւ Ժանսեմին: «Maison Armenienne»ի տնօրէն Զաւէն Եկաւեանի միջնորդութեամբ, յաջորդ օրն իսկ մեկնեցայ «Իսի-Լէ-Մուլոյ»ի իր բնակարանը: Դուռը բացաւ խիստ հայեացքով խափշիկ աղախինը, ներս հրաւիրեց զիս եւ առանց առիթ տալու որ պատերէն կախուած նկարները դիտեմ, առաջնորդեց դէպի հանդիպակաց դուռը, եւ ինքզինքս գտայ գետնամերձ ծաղիկներու եւ այլ բուսականութեամբ հարուստ պարտէզի մը մէջ, որուն կից, համեմատաբար ընդարձակ արուեստանոցին դրան դիմաց կը սպասէր Ժանսեմ, որ ընդունեց զիս բարեհամբոյր ժպիտով մը` հարազատի նման: Ձեռքը ուսիս դնելով` առաջնորդեցդէպի սրահին խորքը, ուր զետեղուած էին բազմոց մը եւ քանի մը թիկնաթոռներ: Ընթացքին, երբ կը դիտէի ձախի պատին վրայ շարուած անոր դիմակներու հաւաքածոն, նշմարեցի, թէ նկարակալի կողքին կանգնած է մօրէ մերկ բնորդուհին` ձեռքին շղարշ մը, սպասման վիճակի մէջ: Ժանսեմ, ինչ որ բան շշնջաց անոր…: Մենք տեղաւորուեցանք բազմոցին, իսկ բնորդուհին նստաւ ճի՛շդ մեր դիմացը` գետին, ձեռքի շղարշը զիստերուն վրայ դնելէ ետք կտոր մը տուրմ հանեց (չգիտցայ ուրկէ եւ ինչպէս) ու սկսաւ ուտել` դանդաղ, սակայն կշռութաւոր: Մինչ կը փորձէի բնական կերպով ընդունիլ ստեղծուած իրավիճակը, եւ երբ իր արտօնութեամբ ձայնագրիչ մեքենան կը պատրաստէի…, Ժանսեմ նշմարեց, թէ հրապուրուած եմ բնորդուհիին մերկութեամբ, ու աչքի տակով հայեացքս անոր վրայ է, անմիջապէս դիտել տուաւ.
-Այս «Model»-ը ուսանողուհի է, այս գործը կ’ընէ պարզապէս ուսման վարձքն ու կեցութիւնը ապահովելու համար, ան կիրթ ու բարոյականի տէր աղջիկ է:
-Կը հասկնամ Պր. Ժանսեմ, արհեստավարժ, «professional» բնորդուհիներ շատ եղած են, որոնք անցած են պատմութեան: Ինչպէս. Ռոտէնի Կամիլան կամ Տալիի Կալան:
-Այո, եթէ ԴինաՎիէրնին չըլլար դժուար թէ Մայոլը այդ բարձունքներուն հասնէր: Ան ոչ միայն իր«Muse»ը(Մուսան) եղաւ այլ նաեւ՝ նոյնիսկ իր ոճը կը պարտի անոր մարմնային ներդաշնակութեան ու գեղեցկութեան::
Թէեւ կը զգայի եւ գիտէի այս բոլորը, սակայն երկու բան կը խանգարէր զիս, մէկը բնորդուհիի յաւելեալ գրաւչութիւնն էր (նկատի առէք, որ ես տակաւին երեսուն տարեկան չէի) իսկ միւսը այն հանգամանքը, որ բնորդուհիին կենսայորդ թարմութիւնը խոտոր կը համեմատէր, նկարակալին վրայ պատկերուած կերպարին, որ փաստօրէն կեանքէն զարնուած տագնապահար տառապեալ մըն էր: Հետեւաբար հարց տուի.
-Կրնա՞նք ըսել որ այս գեղեցկուհին ալ ձեր ներշնչման աղբիւրն է… եւ…:
Ժանսեմը զգաց թէ իմհարցը ո՞ւր կրնայ տանիլ… ընդմիջեց զիս ու ըսաւ.
— Այո, այն տարբերութեամբ որ անոնցմէ շատեր «Model»-ներու արտաքին գրաւչութենէն կը ներշնչուին աւելի քան՝ անոնց ներաշխարհի գեղեցկութենէն: Իսկ ես կը փորձեմ անոնց ներքին տագնապները որսալ ու դրսեւորել աւելի քան՝ անոնց արտաքին տեսքը:



— Իսկ առհասարակ ներշնչումի կը հաւատա՞ք:
— Եթէ ներշնչումը ստեղծագործելու ներքին մղումն է, այո: Իսկ Եթէ այդպէս է, կը նշանակէ թէ ես միշտ ներշնչման մէջ եմ, որովհետեւ երփնագրելու ցանկութիւնը միշտ կայ մէջս… Ժամանակն է որ կը պակսի… :
Թէեւ ես իմ չհարցուցած հարցիս պատասխանը եւս ստացած էի, այնուամենայնիւ կ’ուզէի աւելի զարգացնել այս թեման, սակայն ինք ուշադրութիւնս շեղեց եւ մեր խօսակցութիւնը կեդրոնացուց Հայաստանի վրայ: Ժանսեմ հետաքրքրուած էր հայրենի գեղարուեստական կեանքի վիճակով, իսկ ես կը խօսէի եւ բացատրութիւններ կու տայի արուեստագէտներու, ցուցահանդէսներու, նկարիչներու միութեան եւ ժամանակակից կերպարուեստի թանգարանին մասին: Իմ կամքէն անկախ սակայն նայուածքս յաճախ կ՛ուղղուէր դէպի բնորդուհին, որ կարծես թէ դժգոհ չէր իմ բացայայտ ակնարկներէն: Ընթացքին ան նոյնիսկ թեթեւ եւ «մերկ» ժպիտ մըն ալ շնորհեց ինծի…: Ժանսեմ նշմարեց այս բոլորը եւ այս անգամ քիչ մը խիստ, բայց համոզիչ ձայնով մը ըսաւ.
— Այս աղջիկը պոռնիկ չէ, քիչ յետոյ իր նշանածը պիտի գայ ու զինք համալսարան տանի…:
— Գիտեմ, Պր. Ժանսեմ, ես վարժ եմ բնորդուհիներու ներկայութեան: Ես ալ գեղանկարչական դասերու կը հետեւիմ Երեւանի Գեղարուեստա-թատերական Բարձրագոյն Հիմնարկին ներս, ուր գեղեցիկ եւ արհեստավարժ բնորդուհիներ կան, որոնց բարոյականութիւնը չես կրնար կասկածի տակ դնել, սակայն այս մէկը ուրիշ է շատ աւելի գեղեցիկ է, աւելի համեստ եւ զուսպ կը թուի ըլլալ: Այնուհետեւ զիս աւելի հետաքրքրողը այն է, թէ ինչո՞ւ այս երիտասարդ, կեանքով լի եւժպտերես պարմանուհին, իր էութեամբ խոտոր կը համեմատի նկարակալին վրայի այս կիսաւարտ կերպարին, որ ինքն է, բայց կեանքէն զարնուած ու տագնապահար տառապեալմը կը թուի ըլլալ…
— Տագնապն ու Տառապանքը իմ մէջն է, այդ ես եմոր կեանքէն զարնուած եմ եւ ոչ թէ ինք: Այս պարագային բնորդը միջոց է եւ ոչ թէ իր իսկական կերպարը բացայայտելու նպատակ: Եթէուզեմ մէկը պատկերել այնպէս ինչպէս կայ հարկաւոր է լաւ եւ էապէս ճանչնամ զինք: Իրականուփեան մէջ, ես կը փորձեմ բացայայտել բնորդին էութենական տարբեր երեսները, որոնք կրնան իմս,քուկդ եւ կամ ուրիշներունը ըլլալ միաժամանակ: Սակայն նկատի առէք որ երբ կեանքի տագնապն ու ցեղային վիրաւորանքը մնայուն կերպով բոյն դրած են մէջդ, չես կրնար ձերբազատուիլ անոնցմէ:
— Իսկ չէ՞ք կարծեր որ այս բոլորը կ’առնչուին Եղեռնի հետ:
— Անշո’ւշտ,ատիկա առարկութիւն չի վերցներ: Ես ծնած եմ Եղեռնի ընթացքին ու ճակատագրականօրէն կը կրեմ ցեղասպանութեան հետեւանքները, որոնք խոր են ու թէեւ ներանձնական, սակայն որովհետեւ անոնք համամարդկային բնոյթ ունին….ես մարդկօրէն կը պայքարիմ այդ անմարդկային չարիքի դէմ…:
— Փաստօրէն դուք Վիկթոր Հիւկոյի նման թշուառներու եւ անիրաւուածներու պաշտպանը կը հանդիսանաք:
— Այո, ես «Miserablist» եմ:
— Հիւկոյի «Les Miserables» եւ կամ այդ վէպի հետեւողութեամբ նկարահանուած շարժապատկերները, որեւէ ազդեցութիւն ունեցա՞ծ են ձեր ստեղծագործականկեանքին վրայ:
— Հիւկոն եւ ես նոյն աղբիւրներէն խմած ենք ջուրը, տարբերութիւնը այն է որ ինչ որ ինք գրականութեամբ ըրած է, նոյնը ես գեղանկարչութեամբ կ’ընեմ:
— Ըսել կ’ուզէք որ այդ «աղբիւրները» համամարդկային բնոյթ կը կրեն… նոյնիսկ «Եղեռն»ը:
Անկասկած, ի վերջոյ անխուսափելիօրէն մենք Մարդ ենք Ազգ ըլլալէ առաջ, իսկես նոյնքան ալ ֆրանսացի եմ Հայ ըլլալէ ետք:

«Անկենդան Բնութիւն Ծաղիկներով»
Եսբաւարարուածէիայսբացատրութեամբ: ՀանգստացաւնաեւԺանսեմ… իմ բաւարարուածութեամբ: ՄինչայդՀայաստանիմէջմեզմէ կը պահանջուէր, բնորդուհինպատկերել, այնպէս, ինչպէսորկայ: Ժանսեմին մեկնաբանութիւնն ու տուած բացատրութիւնները նորութիւն էին ինծի համար:
Յետագային, երբ աւելի լաւ ու մասնագիտականօրէն ուսումնասիրելու առիթը ունեցայ Ժանսեմի արուեստը, համոզուեցայ որ տառապանքի թեման անոր ուղեկցած է իր ողջ ստեղծագործական կեանքի ընթացքին: Պատահական չէ, որ ան յետագային Ծիծեռնակաբերդի Ցեղասպանութեան Թանգարանին ընծայեց«Եղեռն»ի թեմային նուիրուած նկարաշարք մը, որոնք սակայն էապէս կ’արտայայտենանիրաւուած Մարդ էակի եսի վիրաւորանքն ու, համամարդկային տուայտանքներն ու տառապանքները:,
Այս առումով, յատկանշական են նաեւ իր կին կերպարները, ըլլան անոնք լուացարարուհիներ, թափօրներու մասնակցող ուխտաւորուհիներ, պալէ պարուհիներ, թէ ընթացիկ բնորդուհիներ, բոլորն ալ թէեւ կը տագնապին, կը տառապին, սակայն ջրդեղուելէ ետք Ժանսեմի ստեղծագործական հոգեմտաւոր պրիսմակ վրայ, աւելի կը գեղեցկանան (բառին լայն իմաստով) ու աւելի արտայայտիչ կը դառնան: Անոր կենսալից ու ցանկայարոյց բնորդուհիները իսկ, կեանքէն տաղուած ըլլալու արայայտչականութիւն ոնենալովհանդերձ կը պահեն իրենց իգական հմայքն ու գրաւչութիւնը: Այս առումով անոր ստեղծագործութիւնները դուրս կու գան անձնական, ու նոյնիսկ ազգային սահմաններէն եւ կը վերածուին համամարդկային ոգեղէն արժէքներու:
Թէեւ գիծը գերիշխող է Ժանսեմի ստեղծագործութիւններուն մէջ, սակայն գոյնն ու յատկապէս լոյսը, իրենց կենսական նշանակութիւնը ունին. ու առանց անոնց, Ժանսեմի արուեստը պիտի մնար թերի ու անաւարտ: Եթէ Ժանսեմի ջերմ ինքնազգացողութիւնը կու գայ ազգային մշակոյթէ ու խառնուածքէ, ապա լոյսի զգացողութիւնը ցեղային բնոյթ ունի ու կը դրսեւորուի տարերայնօրէն, առանց որեւէ ճիգի, որովհետեւ հայը եղած է լուսապաշտ` արեւապաշտ ըլլալէ առաջ:
Այս տաղանդաւոր ստեղծագործողը, հասակ առած ու կազմաւորուած է Փարիզի նման հսկայ մշակութային կեդրոնի մը մէջ, ուր արուեստագէտը հնարաւորութիւն ունէր գտնելու իր էութիւնը, մեծ վարպետներու ներկայութեան: Եթէ իբրեւ արտայայտչապաշտ Ժանսեմ ինքզինք հոգեհարազատ կը զգար Սութինի եւ կամ Էնսըրի ստեղծագործական աշխարհներուն մէջ, ապա իր ներշնչման աղբիւրները կը մնան Պրուկէլն ու Ֆրանցիսքօ Կոյան, աւելի քան՝ միւսները:
Բայց ո՞վ էր Ժանսեմ:
Աւազանի անունով Ժան Սէմերճեան ծնած է 1920-ին Պուրսա: Երկու տարի ետք մորը հետ կը տեղափոխուի Սալոնիկ (Յունաստան), իսկ 1931-ին կոտրած ոտքը բուժելու նպատակով կը մեկնին Ֆրանսա ու բնակութիւն կը հաստատէն Փարիզի արուարձաններէն՝ «Իսի Լէ Մուլինոյի» մէջ: Ժանսեմ Փարիզի երեք գեղարուեստի ուսումնարաններ յաջողութեամբ աւարտելէ ետք 1944-ին առաջին անգամ ըլլալով կը ցուցադրուի «Անկախներու Սալոնին» մէջ: Անոր ստեղծագործութիւնները ցուցադրուած ու գնահատուած են աշխարհի տարբեր արուեստի կեդրոն քաղաքներու մէջ ու հանգրուանած բազմաթիւ միջազգային նշանակութիւն ունեցող՝ յատկապէս ֆրանսական եւ Ամերիկեան թանգարաններու մէջ: Մինչեւ իսկ Ճափոնի մէջ գոյութիւն ունին միայն իր ստեղծագործութիւններուն նուիրուած երկու առանձին թանգարաններ: Բնաւ պատահական չէ որ ան կ’արժանանայ բազմաթիւ համաֆրանսական եւ հմաշխարհային նշանակութիւն ունեցող մրցանակներու եւ շքանշաններու: Փարիզի մէջ Ժանսեմ ունեցած է իր սեփական ցուցասրահը, զոր կը շարունակէ գործել ցարդ:
Ան կը մահանայ 2013-ին Փարիզի արուարձաններէն՝ «Saint Eignien»-ի մէջ, 94 տարեկանին:
Այսօր Ժանսեմ իր ստեղծած ուրոյն արտայայտչաձեւերով ու պատկառելի ստեղծագործական աւանդով, արդարօրէն կը դասուի ոչ միայն Ֆրանսական, այլեւ աշխարհի «Miserablist»ներու կարկառուն դէմքերու շարքին:
Մովսէս Ծիրանի
(Մոնթրէալ, 2025, Մարտ)