Կերպարվեստ Մովսէս Ծիրանի

Տիգրան Տատրեան. «Կատակե՞լ, թէ Չկատակել»․ այս է Խնդիրը

04.03.2023
Նմոյշ մը Տ. Ս. Տատրեանի ստեղծագործութիւններէն

Փարիզ, 1977, Յուլիս, «Յառաջ»ի խմբագրատուն

Այդ տարին նոր ընդունուած էի իբրեւ արուեստաբանութեան ուսանող: Եւ որովհետեւ միջազգային կերպարուեստի մասին գիտցածս թէ քիչ էր եւ թէ տեսական, որոշեցի մեկնիլ Փարիզ, ուր  հնարաւորութիւն կ’ունենայի աչքովս տեսնելու եւ ուսումնասիրելու արուեստի բոլոր շերտերը: Տեղաւորուելէ ետք մորաքրօջս տղուն՝ Քրիստափորի (Պուրսալեան) բնակարանը (Saint-Denise), յաջորդ օրը գացի եւ այցելեցի «Cité universitaire»ի Հայկական մասնաշէնքը (Մէզոն Արմէնիէն), ուր ծանօթ դասընկեր ունէի: Շէնքի տնօրէնը՝ Զաւէն Եկաւեանը, շատ բարեացակամ գտնուելով թէ՛ ժամանակաւոր կացարան ապահովեց ինծի շէնքին մէջ, եւ թէ ընթացքին սկսաւ  ծանօթացնել Հայ կերպարուեստագէտներու եւ գրողներու, որոնց շարքին նաեւ (իմ ցանկութեամբս) բանաստեղծ Զուզալ Գազանճեանին: Զուլալը մուսալեռցի էր եւ հեռաւոր ազգականս: Ան յաջորդ օրն իսկ տարաւ զիս «Յառաջ»ի  խմբագրատունը ու ծանօթացուց խմբագիրին՝ Արփի Միսաքեանին, որ ջերմօրէն ընդունեց մեզ: «Յառաջ»ը մեզ մուսալեռցիներուս համար յատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ Արփիին հայրը՝ «Յառաջ»ի հիմնադիրն ու նախկին խմբագիրը՝ Շաւարշ Միսաքեանը, մեծապէս նպաստած ըլլալով Այնճարի առաջին նախակրթարանի հիմնադրութեան, իր սեփական թերթի «Յառաջ»ի անունով մկրտուած է Այնճարի Յառաջ Վարժարանը, ուր ստացած եմ իմ նախակրթութիւնս: Յանկարծ բոլորովին պատահաբար Տիգրան Տատրեանը ներս մտաւ ու այս անգամ Արփին ծանօթացուց մեզ իրարու: Տիգրանը նախ տարաւ զիս իր բնակարանը, ուր տիկին Ֆրանսուազը հիւրասիրեց մեզի «սթէյք» ձիու միս եւ ապա ֆրանսական պանիրներու տեսականի: Առաջին հարցը.

-Կարմի՞ր, թէ ճերմակ գինի:

-Ինծի պիտի ներէք, պարոն Տատրեան, ես գինի չեմ կրնար խմել:

-Լաւ, ուիսկի կ’ըլլա՞յ, գոնիաք եւ կամ օղի՞…

-Նայիր, պարոն Տատրեան, խնդիրը խմիչքի տեսակի մէջ չէ, այլ ընդհանրապէս ալքոհոլ չեմ կրնար խմել: 

-Ի՞նչ է, ապաշխարա՞ծ ես…

-Ոչ, պարզապէս խմիչք չեմ կրնար խմել. պէտք է բացատրեմ…

-Ի՞նչ պիտի բացատրես «պապամ», գինին ի՞նչ է, որ չես կրնար խմել, ես Զահլէէն եմ, գիտեմ որ այնճարցիները խմող կ’ըլլան: Զահլէի օղի ալ ունիմ…կ’ուզե՞ս…

-Այո, ճիշդ ես, պարոն Տատրեան, բայց ես ոչ թէ չեմ ուզեր խմել, այլ չե՛մ կրնար խմել… «միկրեն» ունիմ:

-Նոյնն է, առանց խմելու ի՞նչ արուեստ,  ի՞նչ արուեստաբան, ի՜նչ այնճարցի, չեղա՛ւ, այս մէկը չեղաւ… 

Առանց կարծիքս առնելու, լեցուց գաւաթս ու ըսաւ.

-Ասիկա խմէ եւ գլխացաւդ կ’անցնի: Յետոյ «վազ»անցիր պարոնէն ու Տատրեանէն, ես քեզմէ աւելի երիտասարդ եմ, Տիգրանը կը բաւէ…

Հասկցայ որ խօսք չհասկցող՝տարօրինակ արուեստագէտի մը հետ է գործս, որուն հարկաւոր է յարմարուիլ: Հարկադրաբար սկսայ քիչ-քիչ խմել: Թէեւ տիկ. Ֆրանսուազը գլխացաւու դեղ մըն ալ տուաւ ինծի, այնուամենայնիւ «միկրեն»ս սկսաւ, ես ձայն չհանեցի ու շարունակեցինք զրուցել… Ծրագիրներուս տեղեկանալէ ետք խոստացաւ օգնել, սակայն մերժեց «Լուվրի» թանգարանը տանիլ, պատճառաբանելով.

-Այդ թանգարանները գերեզմանոցներ են, զիս չեն հետաքրքրեր:

-Բայց պարոն Տատրեան…

-Տիգրան…

-Լաւ,  Տիգրան ջան, բայց նկատի առ, որ ես եկած եմ յատկապէս արուեստի պատմութիւնը  ուսումնասիրելու… առանց «Louvre»ի չ’ըլլար, «Musée d’Orsay»ն ալ անհրաժեշտութիւն է, չե՞ս կարծեր…

-Հոս նայիր, դուն եկել ես արուեստը ուսումնասիրելու, եւ ոչ թէ գերեզմանոցներ այցելելու, ի՞նչ գործ ունիս  ժամանակավրէպ ու մեռած արուեստի հետ: Վաղը քեզի Փոմփիտուի կեդրոնը (Centre Beaubourg) կը տանիմ, ու կը տեսնես, թէ ի՞նչ կ’անցնի կը դառնայ Փարիզի, աւելի ճիշդը աշխարհի մէջ:

Վ. Հիւկոյի թանգարանի կից գտնուող սրճարանը, ուր Տատրեանը դարձեալ Irish Cofe կը խմէ

Փարիզ, 1977, Յուլիս, Սէնթըր Պոպուր

Թէեւ ամենէն առաջ կ’ուզէի Լուվրը այցելել ու անհամբեր էի, սակայն իր պնդումին հիման վրայ յաջորդ օրն իսկ  գացինք «Սէնթըր Պոպուր», որուն  բացումը տարի մը առաջ տեղի ունեցած էր ու բաւականին վէճ յարուցած՝ թէ իբր կառոյց եւ թէ իբր բովանդակութիւն: Շէնքը որ չորսյարկանի էր, աւելի գործարանի կը նմանէր, քան՝ թանգարանի: Թէեւ շատեր կը մերժէին անոր արտակեդրոն տեսքը, սակայն «Հիբբիական» շարժման օրեր էին ու անոր տարօրինակութիւնը ինքնին հետաքրքրութիւն կը ստեղծէր, յատկապէս՝ երիտասարդներու մօտ, որովհետեւ հոն կարելի էր տեսնել այդ օրերու արուեստի ամենավերջին արտայայտութիւններն իսկ:

Տատրեանի հետ նախ բարձրացանք երրորդ յարկը, ուր ցուցադրուած էին Տատաիզմէն ետք գոյացած գերիրապաշտ եւ վերացապաշտ արուեստի բացառիկ նմոյշներ, որոնց շարքին կային երեք հայեր. Արշիլ Կորքի, Եակուլով եւ Եր. Քոչար: Տիգրանը հպարտութեամբ մէկ մէկ ցոյց տուաւ զանոնք ու աւելցուց.

— Այս «Սէնթըր»ը աշխարհի ամենամեծ Contemporain արուեստի կեդրոնն է հիմայ: Մենք ուրիշ արժանաւոր արուեստագէտներ ալ ունինք, սակայն հոս մտնելը այնքան ալ դիւրին չէ…

Իմ արուեստասէր ընթերցող, հետագայի ժամանակները ցոյց տուին, որ Տիգրանը իրաւունք ունէր: Անկէ ետք միայն Փոլ Կիրակոսեանն է, որ արժանացած է այդ պատուին: 

Իւրաքանչիւր տաղաւարի մէջ տարբեր տեսակի անակնկալներ կը դիմաւորէի… Կարծէք թէ Տիգրանը գոհ էր, որ ես շշմած ու շուարած էի ի տես արտառոց արուեստի գործերու: Մտայղացքային (Conceptual) արուեստի ամենազարտուղի նմոյշներն իսկ ցուցադրուած էին հոս: Կային զետեղումներ (Installation), որոնք այդ օրերուն շատերու համար կրնային նոյնիսկ «այլանդակ» թուիլ: Օրինակի համար, պատէն կախուած էր պարապ ու հնամաշ տոպրակ (չուալ) մը, իսկ անոր տակը դրուած էր ինքնաշարժի դատարկ ու անգործածելի մարտկոց (batterie) մը: Ձայնս չհանեցի… Սակայն աւելի զարմանալին այն էր, որ անոր դիմաց նստած էր թափթփած ու կիսամերկ պարմանուհի մը ու սիկարեթ կը ծխէր: Յոյժ հետաքրքրութենէ մղուած կ’ուզէի գիտնալ, թէ ի՞նչ իմաստ կամ գեղարուեստական ի՞նչ արժէք կը ներկայացնէին այդ «լքուած առարկաները» այս «լքուած ու անտէր» աղջկան համար, սակայն Տատրեանը զիս կանխած էր ու ըսած.

-Արուեստը բացատրութեան պէտք չունի, արուեստի գործը ինքը պիտի խօսի, դիտողը ոչ թէ պիտի հասկնայ ու մեկնաբանէ գեղանկարը, այլ պիտի դիտէ, ընկալէ ու վայելէ զայն, դասական երաժշտութեան նման…

Օրեր ետք, երբ աւելի ծանօթացայ Տատրեանին եւ իր ստեղծագործութիւններուն, հասկցայ, որ խօսքը կը վերաբերի վերացականութեան, որուն իւրատեսակ ներկայացուցիչներէն մէկն էր ինք: Ու պարզուեցաւ, որ ան կեանքին մէջ ալ կ’ապրի վերացական աշխարհի մը մէջ, այնպէս ինչպէս Սալվատոր Տալին կ’ապրէր գերիրապաշտ ոլորտներու մէջ: 

Ուստի, լրջօրէն մտածելով հանդերձ անոր արտակեդրոն կարծիքներու մասին, ի հեճուկս իր պնդումներուն, ես սկսայ ացելելել Լուվր, ուր յաճախեցի շաբաթէ մը աւելի: Ամէն առտու թանգարանին դուռը հազիւ բացուած հոն էի: Դուրս կուգայի անկէ երեկոյեան դարպասները փակուելէ առաջ միայն: Լուվրէն ետք, տարբեր նպատակներով, տարբեր ընկերներու հետ քանի մը անգամ այցելեցի Փոմփիտուի կեդրոնը, ուր օր մըն ալ անգամ մը եւս հանդիպեցայ նոյն աղջկան, որ նստած էր նոյն յղացքի դիմաց ու սիկարէթ կը ծխէր: (Այն օրերուն հանրային վայրերու մէջ սիկարեթ ծխելը տակաւին արգիլուած չէր): Իմ ֆրանսերէն չգիտնալու հետեւանքով, ընկերոջս Վարդանի (Չոլաքեան) միջոցով հարց տուի աղջկան, թէ «Ի՞նչ իմաստ ունէին եւ կամ գեղարուեստական ի՞նչ արժէք կը ներկայացնէին իրեն համար այդ «պարապ ու լքուած առարկաները»»: Ամենայն լրջութեամբ պատասխանեց.

-Իմ կեանքս նման է այս պարապ Fardeau-ին ու դատարկ Batterie-ին: Ասոնք իմ հարազատներն են….կը կարօտնամ զիրենք…. քովերնին կուգամ ու ինքզինքս լաւ կը զգամ…

(Ի դէպ, Fardeau-ին իմաստը ես աւելի լաւ հասկցայ, քան Վարդանը, որովհետեւ Այնճարի մէջ այդ տեսակ տոպրակներուն, որոնք մէջտեղը կարմիր երիզ մը կ’ունենային ու գետնախնձոր, կորեկ կամ սոխ կը լեցնէին մէջը, «Ֆարտու» կ’ըսէինք): Այդ պատճառով ալ անմիջապէս ըսի.

— Fardeau-ին եւ Batterie-ին  իմաստը շատ լաւ կը հասկնամ, սակայն չեմ հասկնար, թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ ասոնք քու հարազատները պիտի ըլլան ու կարօտնաս զիրենք:

-Հայրս մեծահարուստ է ու ես ամէն ինչ ունիմ, ուսում ալ ունիմ, բայց հեռանկար  չունիմ.. շուարած եմ… ես չեմ գիտեր, թէ ի՞նչ իմաստ ունի կեանքը կամ ի՞նչպէս պիտի իմաստաւորեմ զայն… կը տագնապիմ, որովհետեւ ներաշխարհս դատարկ է այս պարապ ու լքուած առարկաներուն պէս:

Իմ իմաստուն ընթերցող՝ այս աղջիկը մեծահարուստ հիփփիներու նման «Կշտացածութեան բարդոյթէ կը տառապէր…»:

Տիգրանը անպաշտօն առաջնորդս եղաւ Փարիզի մէջ ու օր մըն ալ տարաւ զիս իր արուեստանոցը, ուր միաժամանակ աշակերտներ կ’ընդունէր: Գեղանկարները ցուցադրելու ընթացքին բացատրութիւններ չէր տար: Միայն ըսաւ.

-Շատեր զիս  Pointillist կը համարեն, իսկ ուրիշներ՝ Tachist: Իրականութեան մէջ ես ձեւով միայն կը յիշեցնեմ զանոնք: Եթէ կ’ուզէք անպայման տեղաւորել իմ արուեստը ինչ որ ism-ի մը մէջ, ապա ինքզինքս Lyric Abstractionism կը համարեմ:

-Բայց դուն կեանքին մէջ այնքան ալ քնարական խառնուածքի տէր զգացական մէկը չես երեւիր:

-Էութեամբ այդպէս եմ, կը կատակեմ պարզապէս հեռանալու համար դաժան ճշմարտութենէն, որ բարդ է եւ տխուր…

— Իսկ արուեստի պարագայի՞ն…

-Արուեստը կատակ չէ: Երբ ես եւ Toile-ը առանձնանանք ու վրձինը ձեռքս առնեմ, կը մտնեմ ներաշխարհիս մէջ ու կ’անջատուիմ շրջապատէս: Ստեղծագործելու ընթացքին չեմ կրնար կատակել: Կեանքին մէջ կը կատակեմ՝ հեռանալու համար տաղտկալի առօրեայէն, որ ծանր է, բարդ ու ճնշիչ…

-Բայց դուն կենսասէր մարդ ես ու հայրենասէր…

— Սպասէ: Գիտեմ ու՞ր պիտի հասնինք: Այնպէս որ իմ գործերուս մէջ հայկականութիւն մի փնտռեր: Ամէն ինչ վերացական է քովս… ու զգացական…

-Սակայն հաւանական է, որ ենթագիտակցաբար ինչ-որ գուներանգ կամ արտայայտչաձեւ դրսեւորուած ըլլայ կտաւներուդ մէջ: 

-Ի՞նչ ի նկատի ունիս:

-Այս գործերուդ մէջ գորգարուեստի գոյներ ու ծաւալային բաժանումներ կը նշմարուին:

-Եթէ նման բաներ կան, ապա ես գիտակցաբար չեմ նկարած…

-Բայց բնաւ մտքովդ չէ՞ անցած, որ օր մը հայկական թեմաներով ինչ-որ բան երփնագրես:

-Մէկ վայրկեան սպասէ:

Տիգրանը արուեստանոցի անկիւններէն հանեց քանի մը նկարներ, դիմացս շարեց ու ըսաւ.

— Տե՛ս, ասոնք մեր դրօշակներն են՝  Եռագոյնը եւ Երկագոյնը: Ասոնք նկարած ու Lithography-ով բազմացուցած եմ, որովհետեւ լաւ նուէր կ’ըլլան: Կը նայիմ, թէ հիւրերս քաղաքական ի՞նչ ուղղութեան կը պատկանին, ատոր համապատասխան ալ այս Lithography-ներէն կը նուիրեմ անոնց:

Ընթացքին ան վիմատիպ «Եռագոյն» մը զատեց, մակագրեց ու նուիրեց ինծի…

Իրականութեան մէջ Տատրեանը թէեւ իր ստեղծագործական ասպարէզը Կէտապաշտութեամբ (Pointllism) սկսած է ու Հպապաշտութեամբ (Tachisme) շարունակած, այնուամենայնիւ դուրս գալով անոնց սահմաններէն ան ստեղծած է իր սեփական գունաշխարհը, պարուրուած՝ իւրայատուկ գունաբծերով ու երփներանգ քնարականութեամբ: Տատրեանի ժանանակ Pointllism-ը իր դարը ապրած արուեստի ուղղութիւն կը համարուէր: Իսկ Tachisme-ը ծնունդ առաւ Փարիզի մէջ, 1940-50-ական թուականներուն իբրեւ ֆրանսական վերացապաշտութիւն: Այո, Տատրեանը կը տարբերուի Tachisme-ի (Հպապաշտութեան) միւս ներկայացուցիչներէն եւս, թէ իր քնարական ուրոյն խառնուածքով եւ թէ գունաբծերու հարուստ ներդաշնակութեամբ: Ան թէեւ մինչեւ հիմա գնահատուած չէ նաեւ իբրեւ այդպիսին, սակայն օրը կուգայ ու իր արուեստը եւս կը դրուի մեծերու կողքին, արժանաւոր պատուանդանի վրայ:

Եւ այսպէս, Տատրեանի հետ իմ կապս շարունակուեցաւ, եղանք ընկերներ ու հետագային կրնամ ըսել նոյնիսկ՝ մտերիմներ: Երբ Պէյրութ գար անպայման կը հանդիպէինք իր Փարիզեան ընկերներով ( Զ. Խտշեան, Գր. Նորիկեան, Կիւվտէր, Յ. Թորոսեան, եւայլն): Նոյնիսկ պատահեցաւ ցուցահանդես կազմակերպեցինք իրեն «Նոազ Արք»էն ներս: Գործիս բերումով երբ Փարիզ այցելէի անպայման կը տեսնուէինք…

Եւ այսպէս. ինչպէս որ արուեստի պարագային Տիգրանը չէր կրնար կատակել, այնպէս ալ կեանքին մէջ չէր կրնար չկատակել:

Փարիզ, 2011, Հոկտ.

Քանի մը անգամ Տիգրանին հեռաձայնելէ ետք, ի վերջոյ ընկալուչը վերցուց.

Մովսէսն է… Տիգրան…

-Օ՜, ո՞ւր ես, ու՞ր տեղեն կը խօսիս․․․

-Նայիր, Տիգրան, հոս ենք, Փարիզ, էլոյին հետն եմ, այս անգամ կ’ուզենք տունդ գալ…եւ…

-Տո՞ւնս… ի՞նչ գործ ունիք տունս, դուն ըսէ ու՞ր էք, ես կուգամ կը գտնեմ ձեզ:

-Տիգրան, օփերայի դիմացի նոյն «Օփերա» հիւրանոցը իջեւանած ենք, այս անգամ կ’ուզենք տունդ գալ եւ պաշտօնապէս ցաւակցութիւն յայտնել քեզի… կնոջդ մահուան առիթով:

-Ի՞նչ է, դուն ալ Զաւէնին կամ Նորիկին պէս կը կարծես, թէ ես տխուր եմ… Նայիր, հոս գալու պէտք չկայ, ես ուրախ եմ, որ կինս մահացաւ, հիմա կու գամ եւ կը տօնենք… ցաւակցութիւնը ո՞րն է: 

-Տիգրա՛ն, ինչե՜ր կը խօսիս: Քիչ մը լրջացիր: Խմա՞ծ ես:

-Ի՞նչ խմած, ի՞նչ բան, ես ազատ եմ հիմա, արդէն նոր ընկերուհի ունիմ: Կատաղի էգ մըն է,  եւ տզրուկի պէս սիրահարուած է ինծի: Ի՞նչ ցաւակցութի՜ւն, ի՞նչ բան, հիմա կուգամ եւ միասին լա՜ւ մը կը խմենք… 

Թէեւ իմ չկարենալ խմելն ու Տիգրանի խմելու յարատեւ պահանջը խոտոր կը համեմատէին իրարու… այնուամենայնիւ լաւ կը հասկնայինք զիրար: Երբ եկաւ ձախ ձեռքը կապած ուսէն կախ վզնոցով մը, այնքան ալ գինով ըլլալու տեսք չունէր: Երբ դիտել տուի.

-Տիգրան, այդ ի՞նչ է ձեռքդ կապած, կինդ ալ չկայ որ ծեծած ըլլար քեզ:

-Հեչ մի ըսէր, երեկ գիշեր նոր ընկերուհիս, անկողնէս հրեց ձգես զիս: Ահա ձեռքս ջարդուած է: Այդ կատաղի էգը կարծես թէ կ’ուզէր սպաննել զիս:

— Ինչո՞ւ:

— Կ’ուզէ մեռցնել զիս, որպէսզի նկարներս միլիոններով ծախէ… 

Տիգրանը այնքան բնական ու առանց ժպիտի կը խօսէր, որ դժուար էր կռահել, թէ կը կատակէ՞, թէ լուրջ կը խօսի: Համենայն դէպս առաջքը առնելու համար որեւէ անախորժ կացութեան ըսի.

-Անօթի՞ ես:

-Առայժմ ոչ, բայց խմիչք մը կ’առնեմ:

-Լաւ, եկուր խմիչքը վերապահենք ճաշին հետ, թէյ կամ սուրճ մը չե՞ս առներ հիմա:

-Այդ պարագային սուրճ մը:

Եւ անմիջապէս մատուցողին կանչեց եւ «Irish coffee» մը պատուիրեց: Թէեւ զարդարուած հսկայ գաւաթով մը եկաւ սուրճը, այնուամենայնիւ միտքս հանգիստ էր, որ եղածը սուրճ է ի վերջոյ, որ հնարաւոր է որ հանդարտեցնէ զինք: Մինչեւ որ մենք պահ մը լրջանանք ու ցաւակցութիւն յայտնենք, ինք հարցերու տարափ մը տեղացուց մեզ վրայ: Հարցուց Զաւենին (Խտըշեան), Նորիկին (Գր. Նորիկեան), Սոնիային (Նիկոլեան) եւ ապա անցաւ մեզի ու սկսաւ: Ինչո՞ւ եկած ենք, ի՞նչ կ’ընենք, ու՞ր կ’ուզենք այցելել, որու՞ն կ’ուզենք տեսնել, ի՞նչպէս կրնայ օգտակար ըլլալ, եւայլն, եւայլն…: Ի վերջոյ մոռցնել տուաւ կնոջ մահը, ու մենք չգիտցանք, թէ իսկապէ՞ս ուրախ էր իր կնոջը մահուան առիթով՝ թէ պարզապէս կը կատակէր: Տեղեկացուցինք, որ հրաւիրուած ենք մասնակցելու նոյն ինքն Լուվրի մէջ կազմակերպուած,’’Carrousel du Louvre” միջազգային ցուցահանդէսին, որուն բացումը տեղի պիտի ունենայ երկու օր ետք: Իսկ այսօր որոշած էինք այցելել քեզ…

— Վերջապէս Լուվրի տնօրէնութեան խելքը գլուխը եկաւ ու տարիներ առաջ ստեղծեցին ’’Carrousel du Louvre” ամենամեայ ցուցահանդէսը, ուր ոեւէ «Աճպարար» չի կրնար մասնակցիլ: ’’Carrousel du Louvre”ը վերակենդանացուց այս «գերեզմանոցը»…

-Բայց մենք պիտի ուզէինք նաեւ քու վերջին գործերը տեսնել:

Վերջին գործերս կը ցուցադրուին «Centre Pompidou»ի մօտիկ կալըրիի մը մէջ: Այսօր կրնանք երկուքն ալ այցելել: 

-Շատ լաւ, բայց նայիր, Տիգրան, վերջերս լսեցի, որ Ժան Գազանճեանը սեփական ցուցասրահ բացեր է, ծանօ՞թ է քեզի, տեղը գիտե՞ս:

-Կալըրիներու թաղի մը մէջ է, (Place des Vosges), նոյն հրապարակին անկիւնը Վիքթոր Հիւկոյի թանգարանն ալ կայ, բայց քիչ մը հեռու է «Centre Beaubourg»էն: Եթէ կ’ուզէք ուրիշ օր մը երթանք:

Centre Beaubourg»ին համար առնուազն լրիւ օր մը պէտք է, եկուր այս օր քեզի եւ Ժանին միայն յատկացնենք:

Ձախէն աջ՝ Մ.հերկելեան Քրիսթին Արժիլէ-Գազանճիան, Է հերկելեան եւ Տ. Սատրեան, «Ժան Գազանճեան» ցուցասրահին մէջ, 2011

Այդպէս ալ ըրինք: Ծանօթացանք նաեւ Ժանին կնոջ՝ Քրիսդինին եւ տղուն հետ: Պարզուեցաւ, որ Ժան Գազանճեանին արուեստը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է իր շուրջ Փարիզի մէջ, որովհետեւ բոլորովին նոր կերպարուեստի տեսակ մը յղացած էր, որուն մասին հարկաւոր է առանձին անդրադառնալ, կարենալ բացատրելու համար անոր բնոյթն ու ցոյց տալ գեղարուեստական արժէքը: Հիւկոյի տուն թանգարանը նաեւ զիս կը հետաքրքրէր, յատկապէս անոր համար, որ կ’ուզէի Ռոտէնի ծեփակերտած իր դիմաքանդակը եւս տեսնել: Տիգրանը մերժեց ներս մտնել ու ըսաւ.

-Մինչեւ որ դուք վերջացնէք Հիւկոյի «դամբարանը» դիտել, ես դուրսը այս սրճարանը կը սպասեմ ձեզի:

Երբ դուրս ելանք Հիւկոյի տուն թանգարանէն, տեսանք որ նստած դարձեալ «Irish coffee» կը խմէ նմանօրինակ մեծ գաւաթով մը: Մենք ալ նստանք եւ ես ալ նոյն «սուրճ»էն պատուիրեցի: Սակայն մատուցողի հարցերը չհասկանալով Էլոն թարգմանեց.

-Կ’ուզէ գիտնալ թէ ինչքան եւ ո՞ր մէկ տեսակ ուիսկին կ’ուզես մէջը դրուի…

Զարմացած Տիգրանին դառնալով ըսի.

— Ուրեմն դուն մինչեւ հիմա ուիսկի՞ կը խմէիր……

-Չէ, «ճանըմ», առիւծի կաթ է ասիկա, նայիր…

Պարզուեցաւ, որ «Irish coffee» կոչուածը տեսակ մը «Ուիսկի» է, որուն բովանդակութիւնն  ու քանակը դուն կ’որոշես:

Սիրելի ընթերցող, կարիք կա՞յ պատմութիւնը շարունակելու: Այսպէս էր Տիգրանը, ինչքան ալ հետը ընկերութիւն ընէիր ու զինք ճանչնայիր, յանկարծ կրնար նոր անակնկալներու դիմաց դնել քեզ, բայց լաւը այն էր, որ շատ դանդաղ կը խմէր, առողջութիւնը լաւն էր ու հարբած ըլլալու տպաւորութիւն չէր ձգեր:

Վերջին անգամ լուր առի իրմէ նախանցեալ տարի, երբ Սոնիա Նիկոլեանի յուղարկաւորութեան առիթով հանդիպեցայ Նորիկին: Ափսոսանքով յիշեցինք, որ վերջին տարիներուն յաջորդաբար մեզմէ հեռացան արուեստագէտ մեր լաւագոյն ընկերներէն շատերը (Պէրճ Ֆազլեան, Զաւէն Խտըշեան, Կիւտէր, Յարութիւն Թորոսեան….), որովհետեւ Տատրեանը իննսունն անց էր արդէն, ընթացքին հարցուցի անոր մասին, Նորիկը ըսաւ.

-Այո՜, դեռ ողջ է, յարմարաւէտ հանգստավայրի մը մէջ կ’ապրի, երջանիկ է եւ ուրախ, որովհետեւ վերջերս նոր սիրահարուած է եղեր: Եօթանասունհինգ տարեկան երիտասարդ ընկերուհի մը ունի, որուն ձեռքը բռնած կը պտտի եղեր…ծովափին:

Իսկ հիմա, ի՞նչ կը կարծես, իմ իմաստուն ընթերցող՝ «Կատակե՞լ, թէ չկատակել»․ այս չէ՞ խնդիրը…

Մովսէս Ծիրանի
(Երեւան, 2023, Փետր.)

                                                                                                                          

No Comments

Leave a Reply