ԳրաԴաշտ Մովսէս Ծիրանի

Բաբգեն Չուգասզեան․  ՑԸ’ՏԵ՛ՍՈՒԹԻՒՆ՝ Եղբայր Բաբգեն…

03.01.2024

Երեւան, Աջափնեակ, 1971, Նոյեմբեր

Սիրելի ընթերցող

Ես չեմ ծանօթացած Լեւոնի (Չուգասզեան) հետ եւ ոչ ալ ուրիշ մը ծանօթացուցած է մեզ, այլ պատահաբար հանդիպեցանք պետհամալսարանի հին շէնքի միջանցքը ու սկսանք զրուցել հին եւ ծանօթ ընկերներու նման: Պարզուեցաւ, որ ինք որոշ տեղեկութիւններ ունի արդէն իմ մասին, ստացած՝ Սարգիս Տէր-Խաչատուրեանէն ու Յակոբ Չոլաքեանէն: Շատ չանցած օր մըն ալ  տուն հրաւիրեց: Գացի…: Հայրը՝ Բաբգէն Չուգասզեանը, բարձրահասակ ու ներկայանալի տեսքով անձնաւորութիւն մը, վերաբերմունքը թէեւ կիսապաշտօնական էր, սակայն ջերմ էր ու հաղորդական: Իսկ մայրը՝ տիկ. Ծովինարը (Վեներա Մանուկեան) գեղեցիկ ու բարեձեւ տեսքով տիկին մը, որ շատ նման չէր Հայաստանի մէջ իմ ճանչցած միւս տիկիններուն… ազնուական, տարբեր շունչ մը կար իր վրայ: Թէեւ ուժեղ անհատականութեան տէր կը թուէր ըլլալ, սակայն հարազատի մը հանդիպած ըլլալու տրամադրութեամբ ընդունեց զիս: Հոն էր նաեւ Լեւոնի փոքր եղբայրը՝ Գարեգինը, դեռեւս պատանի, սակայն ուշիմ արտայայտութեամբ ու մեծավարի շարժումներով: Երբ ճաշը պատրաստ էր, եւ Չուգասզեանը տանուտէրի հանգամանքով բազմած էր արդէն սեղանին գլուխը, տիկ. Ծովինարը գուրգուրալից առոգանութեամբ ըսաւ.

Ձախէն աջ՝ Տիկ. Ծովինար, Գարեգին, Լեւոն եւ Բաբգեն Չուգասզեաններ

-Մօտեցիր, տղա՛ս, գիտեմ դժուար է ուսանողական կեանքը… ընտանիքէ հեռու… հաւանաբար երկար ատեն է որ տնային ճաշ չես կերել… 

Որովհետեւ բազմաթիւ մուսալեռցիներ կային Երեւանի մէջ, Հայաստան հասած օրէն իսկ «տնային ճաշի» պակասը չէի զգացած, սակայն առաջին անգամն էր որ հայրենիքի մէջ, առաջին հանդիպումէն իսկ, տիկին մը մտերմաբար «տղաս» կ’անուանէր զիս: Լռեցի… յիշեցի ծնողքս, ծննդավայրս, ընտանիքս, ինչպէս նաեւ՝ մօրս պատրաստած աւանդական ճաշերը… ու  սառած հայեացքով… դանդաղ՝ սկսայ մօտենալ սեղանին…: Չեմ գիտեր միւսները նկատեցին թէ ոչ, սակայն տիկ. Ծովինարը շարունակեց.

Մօտեցիր, մօտեցիր, տղաս, մի’ քաշուիր…

Մինչ կը պատրաստուէի ինքզինքս հաւաքելու ու շնորհակալութիւն յայտնելու,տանուտէրը աւելցուց.

-Մովսէս ջան, ես բաւականին մուսալեռցիներ եմ ճանաչում, շնորհքով մարդիկ են, լաւ մտաւորականներ կան ձեր մէջ, մի մոռացիր, որ ես էլ, թէեւ Պարսկաստանից եմ ներգաղթել, բայց արմատներով սեբաստացի եմ… Մուրատի հայրենակիցը… դու այսօր մեր մօտ ես եկել իբրեւ Լեւոնի ընկերը, սրանից յետոյ այստեղ կը մտնես իբրեւ քո տունը…

Ըսաւ ու բաժակը բարձրացուց։

Այս արտայայտութիւնը պատճառ մը աւելի եղաւ յուզուելու, եւ որպէսզի աչքերուս խոնաւութիւնը չնշմարուի, պատրուակեցի որ ձեռքերս պէտք է որ լուամ ու մտայ բաղնիք…:

Երեւան, 1976, Աշուն

Նոր ընդունուած էի Երեւանի գեղարուեստաթատերական բարձրագոյն հիմնարկի «Ասպիրանտուրայի» բաժինը, իբրեւ արուեստագիտութեան թեկնածու: Ուսումնասիրութիւններս առաջ տանելու համար երկու խոհրդատու ղեկավար ունէի, գեղագիտութեան գծով՝ դոկտ-փրոֆ. Էդուարդ Ջրբաշեանը, իսկ արուեստի պատմութեան գծով՝ դոկտ-փրոֆ. Վահան Յարութիւնեանը: Իբրեւ առաջին քայլ պարտականութիւն ունէի թերթատելու հայ մամուլը, անկէ դուրս բերելու համար ամերիկահայ կերպարուեստագէտներու ցանկը, ու անոնց մասին գրուած թղթակցութիւններն ու առհասարակ՝ բոլոր տեսակի յօդուածները: Հակառակ անոր, որ աւարտաճառիս թեման Ամերիկահայ կերպարուեստի պատմութիւնն էր, սակայն Յարութիւնեանը թելադրեց, որ առիթէն օգտուելով հաւաքեմ այն բոլոր տեղեկութիւնները, որոնք կը վերաբերին առհասարակ Սփիւռքահայ կերպարուեստին, որովհետեւ թէ ինծի կրնային պէտք ըլլալ ապագային, եւ թէ ինք մօտեն հետաքրքրուած էր Սփիւռքահայ կերպարուեստով: Երբ այս մասին տեղեկացաւ Պօղոս Սնապեանը, ան ալ իր հերթին խնդրեց, որ ուր որ հանդիպիմ Մուսա Լերան եւ կամ ձիու, շան եւ արագիլի մասին որեւէ տեսակի գրութեան, արձանագրեմ… իրեն համար: Այդ շրջանին, անոր յանձնարարուած էր Մուսա Լերան Յուշամատեան պատրաստել, իսկ ինք ծրագրած էր ձիու, շան եւ արագիլի մասին առանձին գրքոյկներ հրատարակել:

Իմ աշխատասէր ու բծախնդիր ընթերցող, այս բոլորը պատմեցի, որպէսզի գիտնաս թէ բաւականին ծանր ու պատասխանատու աշխատանքի մասին է խօսքը, նամանաւա՛նդ այն ատեն, որ ոչ համացանց գոյութիւն ունէր եւ ոչ ալ պատճենահանելու այլ միջոց: Նկատի առ որ այս բոլորին վրայ կու գար աւելնալու չնախատեսուած դժուարութիւն մը: Որպէսզի ես իրաւունք ստանայի արգելեալ «Փակ Փոնտ»էն օգտուելու, իւրաքանչիւր թերթի կամ գիրքի համար առանձին արտօնագիր պէտք է որ ներկայացնէի: Իսկ արտօնագիր ստանալու համար հարկաւոր էր տարբեր հիմնարկներէ վեց «ստորագրութիւն» հաւաքել…: Առաջին փորձառութիւնն իսկ չափազանց տաղտկալի էր ու տհաճ: Թէ ժամանակի կորուստ էր եւ թէ ջիղերու վատնում: Ստիպուած սկսայ կողմնակի միջոցներու մասին մտածել: Երբ Ռաֆայել Իշխանեանին դիմեցի,  ըսաւ. «Մի ձեւ կայ…Մովսէս, հիմնարկի ներսի գիտաշխատողները կարող են իրենց անունով վերցնել ու դնել քու տրամադրութեան տակ…»: Այդպէս ալ ըրի:

Մաշտոցի անուան Մատենադարան, 1976, Ձմեռ

Բ. Չուգասզեան,1984-ին Երեւանի Մաշտոցի անուան մատենադարան

Մատենադարանի գիտաշխատողներէն էր իմ հեռաւոր ազգականներէն Փայլակ Այնթապլեանը…: Հոն էր նաեւ ընկերոջս՝ Լեւոնի հայրը՝ Բաբգէն Չուգասզեանը, որուն սակայն չէի կրնար դիմել երկու պատճառով: Նախ՝ անոր համար, որ Մատենադարանի փոխտնօրէնն էր, եւ ապա կարգապահ ու խստապահանջ մարդ էր…: Թաւրիզի մէջ եղած էր ՀՄԸՄ-ական ու սկաուտ, այդ պատճառով ալ իր նախաձեռնութեամբ, երբեմն կը ձեռնուէինք սկաուտի նման ու «Եղբայր» կ’անուանէինք զիրար, որովհետեւ ես ալ իմ հերթին ՀՄԸՄ-ական էի ու սկաուտ: Հեռաձայնեցի Փայլակին ու պայմանաւորուեցայ: Որոշուած օրը երբ կը բարձրանայի Մատենադարանի աստիճաններէն, Ս. Մեսրոպի յուշարձանի դիմաց հանդիպեցայ Մատենադարանի գիտաշխատողներէն միւս Լեւոնին (Տէր-Պետրոսեան), որուն ծանօթ էի, դարձեալ իբրեւ ազգականներէս մէկը: Երբ իմացաւ այցելութեանս նպատակը, ըսաւ.

-Դժուար թէ Փայլակը նման բան անի, սակայն ես պատրաստ եմ օգտակար լինել քեզ… այսօր իսկ կարող ենք սկսել… բայց երկու պայման կայ, առաջինը՝ բացի մեզանից ոչ ոք պէտք է իմանայ, իսկ երկրորդ՝ պէտք է որ յարմարուես իմ ժամանակացոյցին: Պամանաւորուեցանք…:

Քով քովի կը նստէինք: Ամէն անգամ ինծի պէտք եղած մամուլը (հիմնականը դաշնակցական մամուլի մասին է խօսքը), ինք իր անունով կը վերցնէր, պահեստէն կը բերէր դիմացս կը դնէր, ու ես կը յարմարուէի իրեն… իր հետ կուգայի եւ իր հետ կը մեկնէի: Բացարձակ գաղտնապահութիւն կը պահէինք: Վստահ էի, որ ոեւէ մէկը տեղեակ չի կրնար ըլլալ մեր «գործարքէն»… նոյնի՛սկ Փայլակը: Երբ օր մը Լեւոնը չեկաւ, նստած անգործ մնացի… ուշացաւ…: Յուսահատ սկսայ չորս կողմս նայիլ, ու երբ ոտքի ելայ մեկնելու… յանկարծ Չուգասզեանը տրցակ մը «Հայրենիք» շարեց դիմացս ու անմիջապէս վերադարձաւ… նոյնի՛սկ առիթ չտալով ինծի խօսելու…: Ստուգեցի… «Հայրենիք» ամսագիրի թիւերը կը սկսէին ճիշդ հոն, ուր օր մը առաջ վերջացուցած էի… թերթատել: Այդ օր շնորհիւ դոկտ. փրոֆ. Բաբգէն Չուգասզեանի բարեացակամութեան ու յանդգնութեան, թէ ժամանակս արժեւորուեցաւ եւ թէ ինք աւելի մեծցաւ աչքիս իբրեւ իրաւ,վստահելի ու յանձնառու հայ մտաւորական:

Երեւանի Մաշտոցի անուան Մատենադարան, 1981, Յունիս

Ոչ միայն Հայաստանէն, այլեւ առհասարակ Խորհրդային Միութենէն արտաքսուած էի իբրեւ անբաղձալի տարր (Persona non grata): Սկսած էի «Մնաք բարովի» այցելութիւններ տալ յատկապէս անոնց, որոնց վերջին տարիներուն չէի հանդիպած… նախազգուշութեան համար: Այդ օր Մատենադարան գացի «Մնաք բարով» ըսելու Փայլակ Այնթապլեանին ու Բաբգեն Ջուգասզեանին, որուն պատահաբար մուտքին հանդիպեցայ: Ան ճամբու կը դնէր իր հիւրերը, երբ զիս նշմարեց, առանց նախաբանի ցած ձայնով եւ մտերմաբար ըսաւ.

-Գործդ վերջացնելուց յետոյ, մօտս անցիր…

Փայլակին «մնաք բարով» ըսելէ եւ որոշ բացատրութիւններ տալէ ետք, թէ ինչու եւ ինչպէս անվերադարձ կը մեկնիմ, իր մօտ մտայ: Ջերմաբար ընդունեց…:

-Էս ո՞ւր ես կորել… երկար ատեն է որ քեզ չեմ տեսել… 

-Մատենադարան յաճախ եմ գալիս: Թէեւ ձեր դուռը առհասարակ բաց է լինում, սակայն կամ հիւրեր են լինում քո մօտ եւ կամ էլ կլանուած աշխատում ես: Չեմ ուզում ձեզ խանգարել, իսկ այժմ եկել եմ ձեզ եւ Փայլակին «մնաք բարով» ասելու, որովհետեւ գնում եմ… անվերադարձ…

-Անվերադա՞րձ… հը՜մ… հասկանալի է, Լեւոնը ասել է ինձ… ամէն ինչ պարզ է… սպասիր…

Ապա դարակին մէջէն հանեց գիրք մը, մակագրեց եւ ուղիղ աչքերուս մէջ նայելով ըսաւ. 

-Այս գիրքը նոր եմ հրատարակել… քեզ կը հետաքրքրի… մակագրութիւնը յետոյ կը կարդաս… ՑԸՏԵ’ՍՈՒԹԻՒՆ…Եղբայր Մովսէս…

Այդ թանկագին նուէրը «Դաւիթ Անհաղթ` Սահմանք Իմաստասիրութեան» հատորն էր: Չդիմացայ… միջանցքին մէջ մակագրութիւնը կարդալէ ետք հասկցայ, թէ ինչու  «երթաք բարով» ըսելու փոխարեն ՑՏԵՍՈՒԹԻՒՆ  բառի վանկերը հատիկ-հատիկ հնչեց։ Վերադարձայ ու ես եւս դռնէն, վանկերը իրեն պէս հնչելով՝ ըսի.

ՑԸ- ՏԵ’ՍՈՒԹԻՒՆ… եղբայր Բաբգէն…

Ձեռքով նշան ըրաւ… ու մենք զիրար շատ լաւ հասկցանք…:

Իմ հետաքրքրասէր եւ ուշիմ ընթերցող, յուսամ դուն ալ ճիշդ հասկցար մեզ…: Նկատի առ որ նախ՝ մակագրութիւնը պիտի չկրնամ մէջբերել նոյնութեամբ, անոր համար որ գիրքը քովս չէ հիմա, երկրորդ՝բովանդակութիւնը հրատարակելը եւս ճիշդ չեմ գտներ, որովհետեւ քիչ մը շատ ինքնագովութիւն պիտի ըլլար:

Գիտաժողովի Յայտարարութիւնը

Ծաղկունք, 2023, Ապրիլ

Կարիկը հեռաձայնեց.

-Մովսէս ջան, տես ի՞նչ եմ ասում, գալ շաբաթ օր Լեւոնի ծննդեան 70-ամեակի առիթով, Չուգասզեաններով հաւաքուելու ենք Ծաղկունք գիւղավանի «Հիւրատուն» ճաշարանը, քեզ էլ ենք հրաւիրում… կը գա՞ս…

— Կը գամ եւ հաճոյքով կը գամ, բայց ասում ես որ Չուգասզեաններով էք հաւաքուելու… դա նշանակում է որ միայն Չուգասզեաններ ներկայ պիտի լինեն…

-Ի՞նչ ես խօսում, Մովսէս ջան, մենք քեզ հրաւիրում ենք իբրեւ մեր ընտանիքի անդամ… եթէ դէմ չես, ապրիլի 9-ի առաւօտեան Սաթենիկը իր ամուսնու հետ կը գան ու քեզ կը վերցնեն:

Եկան ու գացինք: (Ի միջի այլոց Սաթենիկի ու հօրը՝ Լեւոնի հետ կապուած  հետաքրքրական ու գեղեցիկ յուշեր եւս ունիմ, զոր առիթով մը կարելի է պատմել… եթէ երբեւէ ենթակաները համաձայն ըլլան զայն հրապարակելու: Իսկ երբ «Ծաղկունք» գիւղավանի մասին խօսք բացուի, չեմ կրնար չյիշել Աղաճանեան եղբայրներուն (Արսէնին, Կարէնին, Հրաչեային եւ իրենց բազմաշնորհ մօրը՝ Լուսինէ Յակոբեանին, որովհետեւ Հայաստանի անկախութենէն ետք, իրենց նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ է որ«Ծաղկունք»ը իրապէս ծաղկեցաւ ու բարգաւաճեցաւ… բոլոր առումներով):

Առաջին անգամ չէր որ Ծաղկունքի «Հիւրատուն» ճաշարանը կ’այցելէի: Օդը մաքուր, բնաշխարհը հմայիչ ու միջավայրը՝ մտերմական: Երբ իր յայտնի «հացադուլէն» ետք Կարիկը կազդուրուելու եւ ուժերը վերականգնելու համար Ծաղկունքի «Հիւրատուն»ը նախընտրած էր, ես երկու անգամ (առաջինը՝ Նարինէ Թուխիկեանի, իսկ երկրորդը՝ Վահան Զանոյեանի ընկերակցութեամբ) այցելած էի զինք…:

Երբ հասանք, գրեթէ բոլորը հաւաքուած էին արդէն, եւ հակառակ անոր, որ ներկաներէն շատեր ծանօթ չէին ինծի, քառասունէ աւելի ազգականներու, թոռներու ու ծոռներու ներկայութեան, ինքզինքս հարազատ միջավայրի մէջ զգացի ու յիշեցի Չուգասզեաններու նահապետին՝ եղբայր Բաբգենին, մեր առաջին հանդիպման «ողջոյնի խօսքը»…: Առաջինը Կարիկը բաժակ վերցուց. 

-Թէեւ մենք հաւաքուել ենք եղբօրս՝ Լեւոնի ծննդեած 70-ամեակի առիթով, սակայն այս տարի նաեւ հօրս՝ Բաբգեն Չուգասզեանի ծննդեան 100-ամեակն է: Ծնողներս  ծնուել են Պարսկաստան, սակայն արմատներով նրանք արեւմտահայեր են: Հօրս կողմից սեբաստացի, իսկ մօրս՝ մշեցի: Դրա համար առաջին բաժակը հարկաւոր է բարձրացնել Չուգասզեան եւ Մանուկեան գերդաստանների յիշատակին…:  

Իմ աւանդապահ ու հետաքրքրասէր ընթերցող, թոյլ տուր շարունակութիւնը այլ առիթի վերապահել…: 

Այս բազմութեան մէջ ես միակն էի, որ արենակցական կապ չունէի Չուգասզեան  գերդաստանի հետ, սակայն միակն եմ, որ ի սկզբանէ զիս ընդուներ են իբրեւ իրենց ընտանիքի մէկ անդամը, որուն համար ոչ միայն շոյուած կը զգայի, այլ նաեւ՝  գնահատուած: Լեւոնն ու Գարեգինը,երկուքն ալ արժանաւոր ժառանգորդները եղան իրենց ծնողներուն…: Երկուքի մասին ալ ունիմ այնպիսի յուշեր, որոնք արժէ արձանագրել: 

Չուգասզեան տոհմի վաստակաշատ նահապետ՝սիրելի Եղբայր Բաբգեն…

Ոչ միայն կողքիդ ունեցար տիկ. Ծովինարի նման արժանաւոր կողակից մը, այլ նաեւ այսօր թոռներդ՝ Սաթենիկը, Էմման, Ծովինարն ու Բաբգենը, քեզ պարգեւած են եօթը ծոռներ, որոնք որոշած են տոկալ հայրենի ամենադաժան պայմաններու տակ իսկ ու պայքարիլ… մինչեւ որ, հին ու նոր ապիկար ու անպատասխանատու «վրէպները» չքանան հրապարակէն, ու Հայաստանը կրկին սկսի բարգաւաճիլ… ու իր խաղաղութիւնը որոնէ ու ապահովէ, ոչ թէ ապաւինելով օտարներու «քաղաքական ողորմութեան», այլ նախ՝ յենուելով ազգային համերաշխութեան եւ ապա սեփական ուժի վրայ…

Վազգէն Վեհափառի մօտ, Էջմիածին, 1970-ին

Իսկ հիմա, ազգային գիտակցութեան հետամուտ իմ համակրելի ընթերցող

Հակառակ անոր, որ միջազգային պատմաբանասիրական ընտանիքը (յատկապէս միջնադարեան մշակոյթի մասնագէտները) քաջածանօթ է Բաբգեն Չուգասզեանի, համամարդկային պատմամշակութային արժէք ներկայացնող իր պատկառելի վաստակին, տակաւին Բաբգեն Չուգասզեան անունը գրեթէ անծանօթ կը մնայ Սփիւռքի մէջ: Իրաւ հայրենասէր ու նախկին ՀՄԸՄ-ական ըլլալու հետեւանքով, հայրենիքի մէջ մինչեւ վերջ փորձեցին զինք ձգել լուսանցքի վրայ: Իսկ եթէ երբեւէ որոշ պաշտօններ վստահուեցաւ անոր, այդ մէկն ալ տեղի ունեցաւ շնորհիւ Հրաչեայ Աճառեանի նման ականաւոր գիտնականներու, որոնք գնահատելով իր տաղանդը, պարկեշտութիւնն ու աշխատասիրութիւնը, տէր եղան իրեն ու առաջ մղեցին զինք…: Եւ բնաւ պատահական չէր նաեւ, որ 1997-ին իր յուղարկաւորութեան պաշտօնապէս մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի փողերախումբն ու սկաուտական կազմը: Եւ ոչ ալ պատահական էր, որ անցնող նոյեմբերին, Երեւանի մէջ Հայկական Միջազգային գիտաժողով կազմակերպուեցաւ իր ծննդեան հարիւր ամեակին առիթով, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ տարբեր երկիրներէ ժամանած տասնեակէ մը աւելի ականաւոր գիտնականներ…

Մովսէս Ծիրանի

(Մոնթրէալ, 2023, Դեկտեմբեր)

No Comments

Leave a Reply