Կերպարվեստ Մովսէս Ծիրանի

Մկրտիչ Մազմանեան/ Նրա տաղանդը արժանի է նման զոհողութեան…

01.08.2024

Երեւան, «Սիլաչի», 1974, Ձմեռ

Սիրելի ընթերցող

Այդ օր համատարած ձիւն էր ու ցուրտ: Իմ լաւ  ընկերներէս՝ քանդակագործ Ֆերտինանտ Առաքելեանի հետ կ’երթայինք դէպի «Սիլաչի», ուր կը գտնուէր իր եւ իր գործընկերոջ՝ Մկրտիչ Մազմանեանի համատեղ արուեստանոցը: Ճանապարհին, զրոյցի ընթացքին ըսաւ.

-Մկոն մեզ է սպասում, նա փայլուն անձնաւորութիւն է ու հաւատարիմ ընկեր: Մենք միասին ենք ստեղծագործում եւ իրար լաւ ենք հասկանում: Կը ծանօթանաք ու ինձ թւում է, որ դուք լաւ ընկերներ կը լինեք…

Ներս մտանք, թիթեղաշէն արուեստանոցը ընդարձակածաւալ էր ու առաստաղը՝ համեմատաբար բարձր: Մկոն, բարձրաքանդակ մը կը ծեփակերտէր… մտքով ու հոգիով այնքան կլանուած էր իր ստեղծագործութեամբ… կարծես թէ չնկատեց մեզ: Առաջին անգամն էր, որ  քանդակագործի մը ստեղծագործական գործընթացին ներկայ կ’ըլլայի: Հետաքրքրութենէ մղուած՝ բնազդաբար ձեռքով նշան ըրի Ֆերտոյին, որպէսզի լռէ ու սպասէ: Մօտեցայ… առաջին հայեացքէն իսկ անոր աշխատանքը տպաւորիչ էր ու թելադրական: Յղացքը մանրակերտ ըլլալով հանդերձ, կոթողային բնոյթ ունէր… կերպարները վեհ էին ու հերոսական:Մինչ ֆերտոն կրակարանին մէջ նոր փայտի կտորներ կ’աւելցնէր, Մկոն կաւեղէն խմբաքանդակը ցնցուղով մը թրջելէ ետք, ձեռքերը լուաց,մօտեցաւ ինծի ու ըսաւ.

-Ես Մկոն եմ, Ֆերտոն խօսել է քո մասին, ուրախ եմ, որ հանդիպեցինք…

-Ես էլ եմ ուրախ, չէի ուզում քեզ խանգարել… մտքով անջատուած աշխատում էիր…

-Այո, սա պետական պատուէր է, յուշարձան է լինելու, Հայրենական պատերազմում նահատակուած հերոսների յիշատակին, բայց ես կերտում եմ հայ ֆիտայիների կերպարները… ապագային, երբ խորհրդայինները չեն լինի, սա կը մնայ իբրեւ առհասարակ Հայ հերոսներին նուիրուած յուշակոթող:

Եւ բնաւ պատահական չէր, որ 1991-ին Շէնգաւիթի մէջ զետեղուած «Յուշարձան հերոսներին» յուշակոթողն ու Մովսէս Գորգիսեանի, եւ կամ քառասունչորսօրեայ պատերազմի կամաւոր նահատակներէն՝ Ալէն Մարգարեանի եւ շարք մը այլ հերոսական դէմքերու յուշարձաններու կերտումը վստահուեցաւ իրեն:

Երբ հազիւ տեղաւորուած էինք վառարանին շուրջը, յանկարծ անակնկալօրէն ներս մտաւ պաշտօնական հագած անձնաւորութիւն մը: Ֆերտոն ընկերական ջերմութեամբ ընդունեց, տարաւ զինք բարձրաքանդակի դիմաց ու սկսաւ բացատրութիւններ տալ անոր…: Իսկ Մկոն, առանց իմ հարցումին սպասելու, ըսաւ.

-Արթուր Թարխանեանն է, ճանաչո՞ւմ ես… եկել է բարձրաքանդակը ուսումնասիրելու, որպէսզի համապատասխան պատուանդան պատրաստի… 

-«Թարխանեան» անունը ծանօթ է հնչում… բայց չգիտեմ… չեմ հանդիպել…

-Ծիծեռնակաբերդի Եղեռնի համալիրի գլխաւոր հեղինակն է, մեր լաւագոյն ճարտարապետը:

Այդ օր, ես բախտը ունեցայ ծանօթանալու երկու հրաշալի անձնաւորութիւններու, որոնց հետ լաւ ընկերներ եղանք… յետագային:

Ամիսներ անց, երբ առիթ եղաւ Արթուրին հետ առանձին հանդիպելու, եւ խօսք բացուեցաւ երկու քանդակագործ ընկերներու մասին, ըսաւ.

-Երկուսն էլ մեր լաւագոյն քանդակագործներից են: Կասկած չկայ, որ երկուսն էլ տաղանդաւոր են ու կայացած արուեստագէտներ, սակայն Մկոն երգիչ է նաեւ: Նա հուժկու եւ հրաշալի ձայն ունի, շատեր նրան խրախուսում են, որ նա ամբողջութեամբ նուիրուի օփերային…  չպէտք է թոյլ տալ, որովհետեւ Հայաստանը նրա նման երգիչներ շատ ունի, իսկ նրա նման ճարտար ձեռքեր ունեցող, արագ ու ինքնատիպ քանդակագործ գրեթէ չունենք: Մենք կորցրեցինք Արթօ Չաքմաքճեանին (նա դառնացած մեկնեց Գանատա), չպէտք է կորցնենք նաեւ իր արժանաւոր աշակերտին՝ Մկրտիչ Մազմանեանին…

Մնաց Մազմանեանը, եւ մշակոյթի բազմաթիւ կայացած ու նշանաւոր դէմքերու դիմաքանդակ-կոթողներ պարգեւեց Հայրենիքին: Ինչպէս դերասան եւ քաղաքական գործիչ՝  Սօս Սարգսեան, ճարտարապետ՝ Արթուր Թարխանեան, դերասանուհի՝ Վարդուհի Վարդերեսեան, գրող հրապարակախօս՝ Ռուբէն Յովսէփեան, օփերայի երգչուհի՝ Նոնա Մանոյան, Շարլ Ազնաւուր, եւայլն, եւայլն:

Այս յղացքներու արտայայտչաձեւերը մնալով հանդերձ Մազմանեանի «ձեռագրական» ծիրի վրայ, անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի տարբեր եւ ինքնատիպ գեղարուեստական յօրինում եւ գեղագիտական հմայք:

Պէյրութ, 1992, «Noah’s Ark» Ցուցասրահ, Ուշ Աշուն

Իմ արդարամիտ ընթերցող

Այս բաժինը ես արդէն իսկ նկարագրած ու հրատարակած եմ Ղասսան Թուէյնիի յուշագրութեան մէջ, սակայն անհրաժեշտաբար հարկ  է  որ հոս եւս պատմեմ:

Հեռաձայնը հնչեց. 

-Մովսէս, Ղասսան Թուէյնիի տիկինը՝ Շատիա Նինին կ’ուզէ քեզ տեսնել, կարեւոր հարցով մը, հիմա կարելի՞ է:

«Sursock» թանգարանի տնօրէն Սիլվա Աճէմեանն էր: Տիկ. Շատիան չուշացաւ… ժամանակին եկաւ ու ներկայացաւ իբրեւ անոր երկրորդ կողակիցը: Սուրճը առանց շաքարի պատուիրելէ ետք, ժպտաց ու հին ծանօթի նման սկսաւ մտերմաբար խօսիլ. 

-Քանի մը օր առաջՂասսանը «Sursock» թանգարանին մէջ ցուցադրուած, Caricaturist Stavro-ի դիմաքանդակի դիմաց երկարօրէն կեցաւ ու հիացած դիտեց: Գիտես, շատ դժուարահաճ է, դիւրութեամբ բան չի հաւնիր, սակայն այս մէկը սիրեց ու հետաքրքրուեցաւ հեղինակով: Սիլվան ամէն ինչ ըսաւ քու մասին ու բացատրեց  թէ դուն ո՞վ ես, ի՞նչ կ’ընես եւ դո’ւն ես Մազմանեանի կապը:

-Լաւ, յետո՞յ.

-Ըսաւ նաեւ, որ դուն ես զինք հրաւիրողը, իբրեւ Հայաստանի լաւագոյն քանդակագործը ու կը գործակցիս հետը. ճի՞շդ է: 

-Գործակցիլը ճիշդ է: Ճիշդ է նաեւ որ իմ ճանչցածներուն մէջ, Հայաստանի երիտասարդ  քանդակագործներէն լաւագոյնն է, սակայն պաշտօնապէս զինք հրաւիրողը «Համազգայինի» Կրթամշակութային միութիւնն է:

-Լաւ, ի՞նչ կը կարծես, Մազմանեանը կը համաձայնի՞ գալ մեզ մօտ ու քանդակել զինք: 

-Կը կարծեմ, թէ կը համաձայնի, սակայն առանց իր կարծիքին չեմ կրնար վերջնական պատասխան տալ:

Երբ բացատրեցի Մազմանեանին, թէ ինչի մասին է խօսքը, ըսաւ.

Սկզբունքով համաձայն եմ, սակայն պէտք է որ ճանաչեմ մարդուն:

-Կը ճանաչես անշուշտ, կը գնանք ու կը ծանօթանանք…

-Լաւ, բայց մի քիչ խօսա իր մասին: Հետաքրքիր եւ արտայայտիչ դէմք ունի՞:

-Մկօ ջան, այդ մէկը դու պիտի որոշես, սակայն նկատի առ, որ Ղասսան Թուէյնին, Լիբանանի այն բացառիկ լրագրող եւ մշակութասէր մտաւորականներից է, որ յարգուած ու գնահատուած է նաեւ իբրեւ քաղաքական գործիչ:

-Որ էդպէս է, հարց չկայ… գնում ենք…

Լեռնալիբանան, Այն Սաատէ, «Maison de Poet»

Որոշուած օրն ու որոշուած ժամուն գացինք Ղասսան Թուէյնիի առանձնատունը (Maison de Poet): Ան առաջին հերթին պտտցուց մեզ իր ապարանքին կարգ մը սենեակներն ու յատկապէս գլխաւոր հիւրասրահը, որ իր շքեղութեամբն ու տարբեր տեսակի արուեստի գործերու հաւաքածոներով, թանգարանի տպաւորութիւն կը ձգէր: Ապա առաջնորդեց իր գրադարանը, աւելի ճիշդը՝ մատենադարանը, ուր հիւրասիրուեցանք. ու երբ նստանք զրոյցի, ան սկսաւ «հարցաքննել» Մազմանեանին: Ընթացքին սակայն, Մկոն իր հերթին սկսաւ հարցեր տալ Թուէյնիին, կ’ուսումնասիրէր դիմագծերն ու կը փորձէր ճանչնալ զայն էապէս: Ապա զրոյցը սկսաւ մասնագիտական հունով ընթանալ ու այնքան երկար տեւեց, որ Թուէյնին ճաշ պատուիրեց… առանց մեր կարծիքը առնելու…: Իսկ վեջաւորութեան ան եզրակացուց.

-Լիբանանի մէջ դիմաքանդակի վարպետները քիչ չեն: Շատեր ուզած են քանդակել զիս, չեմ համաձայնած, որովհետեւ անոնք աւելի ուժ կու տան արտաքին նմանութեան, քան բնորդի ներաշխարհի բացայայտման…: Stavro-ն բարեկամս է, ան երգիծանկարիչ է, սակայն մարդոց թերութիւններու վրայ չի ծիծաղիր, այլ պարզապէս կը ժպտի, բայց «ցաւով» կը ժպտի: Դուն կրցած ես  նկատել ու բռնել անոր «ցաւոտ ժպիտը» ու դրսեւորել: Հո՛ս է որ ի յայտ կու գայ քու վարպետութիւնը ու կը հետաքրքրես զիս:

Ես զարմացած էի, իսկ Մկոն նոյնի՛սկ խանդավառուած էր… Թուէյնիի կերպարով:

Շաբաթ մը ետք, նոյն վայրը

Թուէյնիին ապարանքին արեւոտ սենեակներէն մէկը վերածուած էր արուեստանոցի: Երբ Մկոն սկսաւ ծեփակերտել անոր կիսանդրին, նախ թարգմանիչի դեր կատարեցի եւ ապա սկսայ խօսեցնել զինք, որովհետեւ Մազմանեանը կ’ուզէր շարժման մէջ դնել անոր ներաշխարհը, կարենալ որսալու համար բնորդի խառնուածքին ու անհատկանութեանը բնորոշ դիմագիծերը: Ընթացքին ես համարձակեցայ հարցնել նոյնիսկ իր առաջին կնոջ մահուան պարագաներու մասին: Պարզուեցաւ, որ ան իր կողակիցն ու, պատերազմի ընթացքին մահացած երկու երեխաները (աղջիկն ու տղան) իր առանձնատան բակը թաղած է: Իսկ առաւել զարմանալին այն էր, որ ան առանց յուզումի կը խօսէր անոնց մասին, ուր ի յայտ կու գար, հաւատքի ուժով ամրապնդուած ու հաւասարակշռուած անձնաւորութիւն մը ըլլալու փաստը: Իրականութեան մէջ, համապատասխան տաղանդ պէտք էր կարենալ բացայայտելու եւ կերտելու համար Թուէյնիի նման բարդ ու հզօր անհատականութեան տէր կերպար մը… 

Թուէյնիի դիմաքանդակի ծեփակերտումը երկար չտեւեց: Քանի մը օր ետք, երբ աւարտած կը թուէր ըլլալ դիմաքանդակը, յանկարծ  Մկոն որոշեց քանդել զայն ու սկիզբէն սկսիլ: Ես ծանօթ էի Մկոյի այդ բնաւորութեանը, սակայն տիկ. Շատիան ափսոսանք յայտնեց, որ արուեստագէտի երկար ժամերու աշխատանքը պարապի գնաց, իսկ ինքը՝ Թուէյնին նրբօրէն սաստելէ ետք կնոջը ըսաւ.

-Նախ՝ Մազմանեանի աշխատանքը ոչ միայն պարապի չգնաց, այլ՝ ծեփակերտելու ընթացքին անոր յոյզերը թրծուեցան ու ամբողջացան, իսկ «form»երը աւելի բիւրեղացան իր մէջ: Հիմա ան  գիտէ թէ «ի՞նչը-ի՞նչպէս» պիտի արտայայտէ: Յետոյ՝ արուեստագէտի գործին չեն խառնուիր… Ռոտէնը երբեք չէր խնայեր իր աշխատանքը… ան յաճախ մէկէ աւելի անգամներ կը քանդէր իր ծեփակերտածը ու սկիզբէն կը սկսէր… կաշխատէր մինչեւ որ հասնէր իր ցանկացած արդիւնքին:

Թուէյնին, համբերութեամբ շարունակեց կեցուածք ընդունիլ: Իսկ երբ քանդակը արդէն ստորագրուած էր ու պատրաստ ձուլման, թէ նմանութիւնը ամբողջական էր, թէ ներքին կերտուածքը ամուր, եւ թէ կերպարի արտայայտչականութիւնը կենսունակ ու հաղորդական: Այս պրոնզաձոյլ դիմաքանդակը, իր կատարողական բարձր մակարդակով, եւ ուրոյն յղացքով լայն ընդունելութիւն գտաւ Լիբանանի մէջ, որուն պատճառով շատեր սկսան այցելել Թուէյնիին պարզապէս անոր դիմաքանդակը դիտելու: Բնաւ պատահական չէ, որ անկէ ետք Մազմանեանը, շուրջ երկու տասնեակ դիմաքանդակներ ու յուշարձաններ կերտեց… Լիբանանի մէջ: Ինչպէս Ժպրան Խալիլ Ժպրան, Ռիատ Շարարա, Սոնիա Նիկոլեան, Ռէմոն Էտտէ, Ռաֆիք Հարիրի, Գարեգին Բ. Վեհափառ, Մար Շարպէլ, Սֆէյր Պատրիարք, Սրբուհի Հռիփսիմէ, եւայլն…

Մովսէս եւ Մկրտիչ. Նոազ Արք ցուցասրահէն ներս 1977-ին

Այնճար, 1996, Սեպտ.

Իմ իրատէս ընթերցող

Մեր տան պարտէզը սեղան նստած էինք Մկոյի եւ իր տիկնոջ՝ Նոնա Մանոյանի հետ: Ներկայ էին նաեւ մեր ծանօթ բարեկամներէն՝ Վահէ Աշգարեանը, Մովսէս Թ. Հերկելեանը, Յակոբ Փամպուքեանն ու տիկինը՝ Մարին, Զարուկ Պօշնակեանը եւ ուրիշներ: Զով ու հաճելի երեկոյ էր: Երբ գլուխներս սկսաւ տաքնալ քիչ մը, համաձայն մուսալեռցիներու սովորութեան սկսանք յեղափոխական երգեր երգել: Ապա ես ներկայացուցի Մկոյին ու Նոնային: Վահէն (որ դասական երաժշտութեան սիրահար մըն էր), երբ իմացաւ որ Մկոյի կինը արդէն իսկ կայացած օփերային երգչուհի է ու Վերտիի «Տրավիատայի» մէջ Վիոլէթայի, Չայքովսքիի «Եոլանթայի» մէջ Եոլանթայի, Շտրաուսի «Սալոմէի» մէջ Սալոմէի եւ նմանօրինակ այլ գլխաւոր դերեր մարմնաւորած ու երգած է, Նոնայէն  խնդրեց, որ երգ մը երգէ մեզի համար: Ես գիտէի, որ Նոնան նման առիթներով չէր երգեր: Երբ ան կտրականապէս մերժեց, ես Մկոյին առաջարկեցի, որ ինք ծաղկեցնէ սեղանը: Ան խանդավառուած սկսաւ իտալական «արիաներէն» ու հասաւ մինչե՜ւ Կոմիտասի «Հայաստանը»: Յաջորդ օրը պարզուեցաւ, որ թաղեցիները կարծեր են որ Հերկելեանները յատուկ երգիչ հրաւիրած են ու բարձրախօս դրած: Ոմանք նոյնի՛սկ տանիքները բարձրացած էին ունկնդրելու համար: Իսկապէս Մկոն նման հզօր ու հմայիչ ձայն ունէր: Առաւօտեան փոքր ժամերուն երբ ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ սեղանի շուրջը, Վահէն առիթը գտաւ հարց տալու.

-Տիկ. Մազմանեան, չէ՞ք կարծեր, որ Լիբանանը ձեզ նման երգչուհիի մը համար շատ նեղ տարածք է: Մովսէսը կըսէր որ Պետական երաժշտանոցը կը դասաւանդէք եւ նոյնի՛սկ Ֆէյրուզի եւ կամ Մաժտա Ռումիի նման երգչուհիներու ձայնամարզութեան դասեր կու տաք: Այսքանը կը բաւարարէ՞ ձեզ… ո՞ւր կը մնայ ձեր ասպարէզը: Չէ՞ք կարծեր, որ արդար չէ ասիկա…

-Ես չեմ եկել այստեղ ուրիշներին երգել սովորեցնելու (դա իր հերթին), այլ եկել եմ որպէսզի Մազմանեանին նեցուկ լինեմ եւ նա առիթ ունենայ լիարժէք կերպով ստեղծագործելու: Նրա տաղանդը արժանի է նման զոհողութեան:

-Կը հասկնամ սէրը ամէն տեսակ զոհողութեան կրնայ տանիլ…

-Դա էլ ճիշդ չէ, որովհետեւ, երբ ես տեսայ Մազմանեանի կերտած «Մօրը կիսանդրին», նախ՝ «սիրահարուեցի» իր տաղանդին եւ ապա միայն համակերպուեցի ամուսնանալու գաղափարի հետ…

Մոնթրէալ, 2007, Փետրուար

Արթօ Չաքմաքճեանի մօտ էի, շրջապատուած իր ստեղծագործութիւններով, կը զրուցէինք իր անցեալի ու ներկայի ստեղծագործական ծրագիրներու մասին: Յանկարծ բոլորովին անսպասելիօրէն ընդմիջեց զիս ու ըսաւ.

-Մովսէս ջան, Հայաստանում ես մի չափազանց ընդունակ ուսանող ունէի, Մկրտիչ Մազմանեան: Իմացել եմ, որ նա Պէյրութում է եւ իր սեփական ձուլարանը ունի: Ճանաչո՞ւմ ես:

-Ճանաչում եմ, Արթօ ջան, լաւ եմ ճանաչում: Նա կայացած քանդակագործ է արդէն, ու այնքան շատ պատուէրներ է ստանում, որ հարկադրաբար իր սեփական ձուլարանը ստեղծեց:

-Նա ծնուել էր արուեստագէտ, սուր միտք ունէր ու ստեղծագործելու ներքին կիրք: Նրա հետ մեծ յոյսեր էի կապել…

-Չես սխալուեր, Մազմանեանը արդէն իսկ իր ստեղծագործական ուղին ճշդած՝փնտռուած քանդակագործ է նոյնիսկ՝ Լիբանանից ու Հայաստանից դուրս: 

Ժամանակի ընթացքին, ուրոյն ու արտակարգ բիւրեղացման հասաւ Մազմանեանի արուեստը: Սկսելով իրապաշտութեամբ ու անցնելէ ետք արտայայտչապաշտական ու գերիրապաշտական արուեստի սահմանները, հասաւ մինչեւ «անհեթեթ» ու նոյնիսկ վերացական ոլորտներ, ուր ան բնազդաբար կը զգայ ու կ’արտայայտէ լոյսի եւ ստուերի, եւ կամ ծաւալի եւ միջոցի փոխյարաբերութիւնները, որոնք ներդաշնակօրէն կը դրսեւորուին յղացքի մը մէջ, որուն առանցքը թէեւ գլխագիր Մարդն է, սակայն մեծամասամբ ի յայտ կու գայ  Կին կերպարի միջոցով: Մազմանեանի համար կինը պաշտամունքի արժանի այն էակն է, զոր ոչ միայն կը պայմանաւորէ ու կ’իմաստաւորէ կեանքը, այլեւ կը գեղեցկացնէ միջավայրն ու կը լիացնէ տղամարդու առօրեան: Հակառակ անոր, որ կենսունակ են, կրքոտ ու հմայիչ Մազմանեանի էգ կերպարները… այնուամենայնիւ անոնք կը մնան իբրեւ վեհանձնութեան ու համեստութեան մարմնացում… եւ մանաւա՛նդ իբրեւ մայրանալու ընդունակ կին: 

Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ Մազմանեանը կը տարբերուի միւսներէն ու կը շարունակէ մնալ փնտռուած անուն մը…

Մովսէս Ծիրանի
(Մոնթրէալ, 2024)

Գլխավոր լուսանկարում՝ Մկրտիչ Մազմանյան և Մովսէս Ծիրանի, Լենինի Բ. հանրակացարան, 1977