Երեւան, «Կազիրոք»,1979
Ընկերներով Ժամադրուած էինք Մարտիրոս Սարեանի անուան զբօսայգին, ուր հանդիպեցանք նաեւ Տիգրան Մանսուրեանին: Ան շատ քիչ առիթներով միայն հանրութեան մէջ կ’երեւէր: Այդ օր Եկած էր հոն, նախ՝ անոր համար որ առաջին անգամ ըլլալով գեղանկարչական բացօթեայ ցուցադրութիւն՝ (Վերնիսաժ) կազմակերպուած էր եւ ապա հանդիպելու Արտաշէս Յունանեանին, որուն արուեստն ու յատկապէս հաւաքած գաւառական երգերը կը հետաքրքրէին զինք: Դիտելէ ետք ցուցադրուած կտաւները, (որոնքիրենց ոճով եւ արտայայտչաձեւերով խայտաբղէտ պատկեր մը կը պարզէին), տեղաւորուեցանք օփերային մօտիկ՝ «Կազիրոք» (Գլխարկ) սրճարանը: Այն ատեն շրջանին մէջ կային եւս երկու սրճարաններ «Բավլավոք» (Առագաստ) եւ «Ըսկուազնիակ» (ՄԻջանցահովիկ), որոնք նոյնպէս «Կազիրոք»ի նման արուեստագէտներու եւ առհասարակ մտաւորականներու հաւաքավայր կը համարուէին:
Վերացապաշտ գեղանկարիչ՝ Սէյրան Խաթլամաճեանը, որ աւելի ըմբոստ ու համարձակ կը թուէր ըլլալ,նորարարներուն գնահատելէ եւ «Հին»երուն (որոնք կ’ենթարկուէին ու կը հետեւէին «Սոցիալիստական Ռիալիզմ»ի ուղղութեան) խստագոյնս քննադատելէ ետք, շարունակեց.
—Շատեր, ստեղծագործական դիւրին միջոցների են դիմում, յանուն փողի, պարզապէս իշխանութիւններին դուր գալուհամար: Դա արդէն արուեստագէտի գործ չի:
Ճիշդ հասկցուելու համար հարկաւոր է փակագիծ մը բանալեւ տեղեկացնել, որ այն ժամանակներուն, ինչպէս Մոսկուայի եւ խորհրդային այլ քաղաքներու պարագային, Երեւանի մէջ եւս կայինարուեստի նորարական անպաշտօն «խմբակցութիւններ», որոնք մերժելէ ետք «Սոց-Ռիալիզմ»ը, ազատօրէն ստեղծագործելու իրաւունքը կը պաշտպանէին: Երիտասարդ գրողներու առաջնորդ-գաղափարախօսը Ալեքսանդր Թոփճեանն էր, կերպարուեստագէտներունը՝ Հենրիկ Իգիթեանը, միւս արուեստի տեսակները թէեւ մասնաւոր առաջնորդ մը չունէին, սակայն բոլորը կը գործակցէին իրարու հետ: Այդ օր երբ Վիգէն Թադեւոսեաննու, յատկապէս՝ Արտաշես Հունանեանը սկսան դժգոհիլ ու բողոքել, որ իրենց արուեստը (առաջինը վերացապաշտ էր, իսկ երկրորդը՝ գերիրապաշտ) ոչ միան չի գնահատուիր խորհրդային իշխանութիւններու կողմէ, այլեւշատերու նման իրենք եւս հալածանքներու կ’ենթարկուին…: Տիգրան Մանսուրեանը, որ մինջչայդ լուռ էր, միջամտեց.
—Այո’, արուեստի նորարական շեղումները դուր չեն գալիս իշխանութիւններին, սակայն եթէ որակը բարձր լինի ու գնահատուի յատկապէս դրսի աշխարհի կողմից, ապա նրանք հանդուրժում են եղածը… հարկադրաբար: Իսկ բարձր որակ ստեղծելը այնքան էլ հեշտ չի, որովհետեւ «Իսկական Արուեստը ծնւում է տանջանքից»: Սակայն բոլոր պարագաներին մինչեւ այն ատեն որ ինձ չեն խանգարում ես հարց չունեմ «Նրանց» հետ..:
Տրուած ըլլալով, որ երաժշտութիւնը իր բնոյթով շատ աւելի վերացական է քան՝ միւս արուեստները, Խորհրդայինները դժուարութիւն կ’ունենային հսկողութիւն սահմանելու անոնց վրայ, այս պատճառով ալ անոնք հնարաւորութիւն ունէին համեմատաբար աւելի ազատ ու համարձակ ըլլալու…իրենց յօրինումներուն մէջ…
Ապա Արտաշէսը, որ գաղտնի պայմաններու տակ «Պահպանակը» կը գրէր այդ շրջանին ու ձեռագիրը տարբեր տեղեր կը պահէր, հաստատելէ ետք Տիգրանի բնութագրումը, թէ «Արուեստը ծնւում է տանջանքից», բազմաթիւ օրինակներ բերաւ, սկսեալ Փարաջանովէն ու Նարեկացիէն հասնելով մինչեւ, Վան-Կոկն ու Վիվեկանանտան:
Իսկ Հէնրիկ Էդոյեանը, որ Պէտ-Համալսարանի գեղագիտութեան ամպիոնի մեր դասախօսն էր, աւելցուց.
-Արուեստագէտը եթէ խուսափի դժուարութիւններից, թէկուզ՝ տառապանքից, ապա նա դատապարտուած է մնալու միջակ հարթակների վրայ: Ինչպէս կեանքում, այնպէս էլ արուեստում լաւագոյնին հասնելու համար, ճանապարհը միշտ էլ փշոտ է եղել…ու դաժան:
Առաջին հանդիպումէն ետք, տպաւորուած՝ «Իսկական Արուեստը ծնւում է տանջանքից» իր բնութագրումէն, սկսայ հետաքրքրուիլ Մանսուրեանի նորարարական (յատկապէս՝ ֆիլմարուեստի) յօրինումներով, որոնց կիզակէտը կը համարուէր Փարաջանովի «Նռան Գոյնը» ժապաւենի երաժշտութիւնը: Այդ օրերուն հայրենի մշակոյթը վերելքի մէջ էր: Հինի եւ նորի պայքարը թէեւ թէժ էր, սակայն միաժամանակ բեղմնաւոր էր ու արդիւնաւէտ: Մեր՝ խումբ մը ընկերներու խնդրանքով եւ Ալ. Թոփճեանի միջնորդութեամբ, կիսագաղտնի պայմաններու տակ, հնարաւորութիւն ունեցանք դիտելու «Նռան Գոյնը»ի ամբողջական տարբերակը, որուն երաժշտութիւնը իր նորարական բնոյթով, նոյնքան խնդրայարոյց էր ինչքան Փարաջանովի ֆիլմարուեստի յղացքը: Ի դէպ այդ օրերուն բազմավաստակ եւհմուտ գրականագէտ Ալ. Թոփճեանը ոչ միայն յառաջապահ գրողներու գաղափարախօս առաջնորդն էր, այլեւ հակամէտ էր պաշտպանելու նաեւ արուեստի միւս նորարարներուն, ըլլային անոնք կերպարուեստագէտներ, երաժիշտներ, թէ թատրոնի ու ֆիլմարուեստի գործիչներ: Եւ բնաւ պատահական չէր, որ ինք եւս Վիլէն Գալստեանի, ՀԵնրիկ Իգիթեանի, Արտաշէս Յունանեանի եւ ուրիշներու նման, իբրեւ դերակատար, իր մասնակցութիւնը բերած էր «Նռան Գոյնը» ժապաւէնի իրականացման մէջ:
Այո, բացայայտ էր որ Տիգրան Մանսուրեան եղած էր յառաջապահներէն մէկը խոհրդային նորարար երաժիշտներու, որոնք շրջանցելէ ետք «Սոց-Ռիալիզմ»ը, ստեղծագործական ազատութիւն ձեռք բերին ու իրենց հերթին դրական ազդեցութիւն ունեցան առհասարակ խորհրդային երաժշտական կեանքէն ներս:
Յաջորդ հանդիպումս Տիգրանին հետ դարձեալ պատահական էր: Ռազմիկի(Դաւոյեան) հետ գացած էինք բարեխօսելու Սահեանի մօտ, զինք եւ Հրանդ Մաթեւոսեանը հաշտեցնելու համար: Սահեանը նոր բաժնուած իր նախկին կնոջմէն, բնակարան ստացած էր «Տէրեան» փողոցին կից, «Աղայեան» փողոցի վրայ…հարեւանութեամբը Սիվա Կապուտիկեանի, Արա Շիրազի, Արտեմ Յարութիւնեանի, ինչպէս նաեւ՝ Տիգրան Մանսուրեանի, որ այդօր հոն կը գտնուէր: Ան մեր զրոյցներուն հարեւանցիօրէն միայնկը մասնակցէր, ու Ռազմիկի ու Սահեանի քիչ մը «վրան-բաց» սրամտութիւններուն գրեթէ չէր արձագանգէր: Միտքը ուրիշ տեղ էր կարծէք…:
Երբ Սահեանի բնակարանէն դուրս ելանք ու Ռազմիկի ուշադրութեան յանձնեցի Տիգրանի «անտրամաբանական» պահուածքը, ան ըսաւ.
-Տիգրանը թէեւ մարդկային է, համեստ ու ընկերասէր, սակայն իր չափազանց աշխատասիրութեան հետեւանքով մնում է ինքնամփոփ ու հանրութեանմէջ, նոյի’սկ մեր ընկերական շրջանակներում շատ քիչ է երեւում…: Շնորհիւ իր աշատասիրութեան ու բացառիկ տաղանդին, նա կարողացաւ բարձրորակ երաժշտութիւն ստեղծել ու կարճ ժամանակի ընթացքում, գնահատուել բոլորի, նոյնիսկ՝ իշխանութիւնների կողմից: Դրա համար էլ տրուած պատուերները չափազանց շատ են, յատկապէս՝ ֆիլմարուեստի բնագաւառում…
Ռազմիկը միակը չէր, ընդհակառակը՝ իմ շրջապատիս մէջ իր մասին բարձր կարծիք ունէին բոլորը, ինչպէս. Սօս Սագսեանի, Հրանդ Մաթեւոսեանի, Ար. Յունանեանի, Ալ. Թոփճեանի եւ կամ Մուշեղ Գալշոյեանի նման շատեր: Այդ պատճառով ալ ցանկութիւն ունէի անոր հետ վերստին հանդիպելու…: Չեղաւ… մինչեւ որ 2019-ին, Արամ Վեհափառի հրաւէրով ան Պէյրութ ժամանեց…:
Անթիլիասի Մայրավամք, 2019, Փետրուար 15
Սիրելի ընթերցող՝
Իմ լաւընկերներես՝ Ժիրայր Դանիէլեանը, որ այն ատեն տնօրէնն էրՄեծի Տանն Կիլիկիոյ Կրթական-Հայագիտական Բաժանմունքին, հեռաձայնեց ու առաջարկեց.
-Տիգրան Մանսուրեանը հանդիպում պիտի ունենայ ուսանողներու հետ, լաւ կ’ըլլայ ու դուն ներկայացնեսզինք.
Խոստացայ…
(Իմ ներողամիտ ընթերցող՝ այս առիթով չէմ կրնար գրիչս զսպել ու չյայտարարել որ վերջերս, յանձինս՝ Ժիրայրիմեծ կորուստ մը ունեցանք Հայ բանասիրական ու կրթական բնագաւառներէն ներս, որուն մասին հարկաւոր է անդրադառնալ համգամանօրէն):
Խոստացայ: Առաջին հերթին յիշողութիւնս թարմացնելու համար կենսագրութիւնը վերընթերցեցի: Պարզուեցաւ որ ան անկախութենէն ետք միջազգային շարք մըամպիոններէգնահատուած, ուարժանացած է ազգային ու միջազգայինբազմաթիւ մրցանաներու ու շքանշաններու: Անմիջապէս փնտռեցի ու գտայ այն լուսանկարի պատճէնը, որ ճիշդ քառասուն տարիներ առաջ ընկերներով նկարուած էինք Մ. Սարեանի անուան զբօսայգիին մէջ: Հանդիպումը կայացաւ «Կիլիկիա» թանգարանի այն սրահը, ուր հայագիտականի դասաւադութիւնները տեղի կ’ունենային: Յաւուր պատշաճի ներկայացնելէ ետք իր ստեղծագործական կեանքը, եզրակացուցի.
— Շնորհիւ Արամ Վեհափառի նախաձեռնութեան, մենք բոլոս բախտաւոր ենք որ այսօր առիթը ունինք հանդիպելու եւ զրուցելու, Տիգրան Մանսուրեանի նման բազմավաստակ ու համամարդկային արժէք ներկայացնող երգահանի մը հետ: Սակայն ես աստիճան մը աւելի ինքզինքս բախտաւոր կը համարեմ, որովհետեւ ան իմ վաղեմի ծանօթներէս մէկը եղած է…:
Տիգրանը շուր եկաւ դէպի ինծի. անոր հայեացքը պաղ էր ու անորոշ…: Սակայյն երբ մեր խմբային լուսանկարը ցոյց տուի անոր, քանի մը անգամ դէմքիս հետ համեմատելէ ետք,ուրախացած ոտքի ելաւ ու ըսաւ.
-Այո, ի հարկէ յիշում եմ, սա նուէ՞ր է ինձ…
-Ի հարկէ:
-Յիշատակներ…յիշատակներ…
Սիրելի ընկերասէր ընթերցող՝… մթնոլորտը ջերմացաւ ու ամէն ինչ փոխուեցաւ…: Ուսանողները խանդավառուած սկսան բազմաթիւ ու բազմակողմանի հարցեր տալ անոր: Կը պատասխանէր ամենայն համբերատարութեամբ ու թէեւ դանդաղ կը խօսէր, սակայն յստակօրէն կը բացատրէր ամէն ինչ: Երբ հարց տրուեցաւ անոր իր արուեստի հայկականութեան մասին,ըսաւ.
-Թէեւ ես որդեգրել եմ նաեւ Արեւմտեան նորարական արտայայտչաձեւեր, բայց երբեք չեմ կտրուել իմ ազգային արմատներից: Մարդ հարուստ կը լինիիր արմատներով:
Ապա ան հաստատեց որ ինք եւ քոյրը, Արաքս Մասուրեանը (օփերայի կայացած երգչուհի) ծնած են Պէյրութ, ու առաջին անգամ երաժշտութիւն լսած են նախ՝ իրենց տան մէջ (երբեմն իբրեւ աղօթք), ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի փողոցներուն…
Իր խօսքի ողջ ընթացքին ան շեշտը դրաւ յարատեւ ու տքնաջան աշվատանքի վրայ ու եզրակացուց.
-Առանց մոլեգնութեան ոչինչ չի ծնվում:
Իմաստային գետնի վրայ «Մոլեգին» բառի մէջ կայ թէ կրքոտութիւն, թէ մոլեռանդութիւն, թէ խենթութիւն եւթէ բացառիկ նուիրուածուաթիւն: Կ’ենթադրեմ որ Տիգրանը, նախ կը փորձէր «բառը» անջատել սեռային կրքոտութենէ, ու կապել զայն մայրանալուերկունքի հետ, եւ ապա կ’ուզէր շեշտել իր անմնացորդ նուիրումը արուեստին…
Իսկ երբ խօսք բացուեցաւ Հայաստանի քայլերգի մասին, ան պատասխանեց.
-Պետական Հիմնը, դրօշակի ու կերպի նման մեծ նշանակութիւն եւ իւրայատուկ տեղ ունի ազգային մշակոյթի մէջ: Հիմնը այնպիսի ոգեղէն արժէք է,որ մի կողմից պէտք է որ ազգային վարկը վառպահի օտարի մօտ, եւ միւս կողմից սերունդներ ոգեւորի ու դաստիարակի: Դրա համար պէտք է լինի ազգային ու շեշտը դրուի որակի վրայ: Այն ինչ որ կայ իր բովանդակութեամբ չի համապատասխանում մեր ազգային խառնուածքին, ու իր որակով զիջում է մեր բարձրորակ մշակոյթին: Առանց քաղաղականացնելու հարցը,հարկաւոր է մերժել նախկին երկու տաբերակներն էլու նորը ստեղծել: Բանաստեղծութիւնը կայ: Դա Չարենցի «Ես Իմ Անուշ Հայաստան»ն է:
-Իսկ երաժշտութիւննը՞…
-Կայ, ես եմ յօրինել եւ կարող էք լսել այն համացանցում…
Իմ երաժշտասէր ու արդարամիտ ընթերցող՝ ես ատակ չեմ գնահատելու Մանսուրեանի ոչ երաժշտական վաստակըեւ ոչ ալ անոր առանձին յղացքները: Ատիկա մասնագէտներու գործ է: Բայց դուք կրնաք լսել Մանսուրեանի յօրինումը, Չարենցի բառերով երգուած իբրեւ մեր ազգային օրհներգը,ու համաձայն ձերերաժշտական ճաշակին ու առողջ դատողութեանը՝եզրակացնել…:
Իսկ թէ ի՞նչ կը վերաբերի իր ազգային մշակութային արմատներուն, աւելի համոզիչ ըլլալու համար, այս մասին պիտի չվկայակոչեմ Հայ երաժիշտներուն կարծիքը, այլ պիտի մէջբերեմ “Los Angelos Times”-ի կածիքը, ուր կ’ըսուի. «Մանսուրեանի ոգեշնչող երաժշտութիւնը կ’արտացոլէ 20-րդ դարու Հայ ժողովուրդի կացութիւնն ու մշտակայուն մշակոյթը»:
Այնուամենայնիւ իր մասին ընդհանուր համոզումը այն է, որ մեկնելով իր ազգային «մշտակայուն մշակոյթի» արմատներէն, Մանսուրեանի արուեստը ունի համամարդկային բնոյթ եւ տարողութիւն….
Սակայն,
Որովհետեւ իրմէ առաջ ես ծանօթացած էի Տիգրանի քրոջ՝ Շուշան Պետրոսեանի մօրը՝ Արաքս Մասուրեանի հետ, որ կողակիցն էր գեղանկարիչ ընկերներէս՝ Սմմոյի (Սամուէլ Պէտրոսեանի), պարտք կըզգամ քանի մը խօսք արձանագրելու նաեւ Արաքսի մասին: Մեր կապըտր.Յարութիւն Նագուլեանի մօտիկ եւ իմ համեմատաբար հեռաւոր ազգականը Լուսին Այնթապլեանն էր: Լուսինը Թովմաս Այնթապլեանի ամենափոքր դուստրը, որ տիկինն էր Շուշանի հօրեղբօր՝ յայտնի բժիշկ Մելսի, որ իր հերթին մօտիկ յարաբերութեան մէջ էր Մուսալեռցի Այնթապլեաներու (Փայլակ, Պետրոս, Խաչիկ, Յովնաննէս, Մացակ եւայլն) հետ: Հեւաբար տարբեր առիթներով կը հրաւիրուէի Պետրոսեաններու մօտ, որոնք Երեւանի հայրենասէր արուեստագէտներու յայտնի գերդաստաններէն մէկը կը համարուէին: Անոնց գաղափարական անպաշտօն առաջնորդը կը թուէր ըլլալ Սըմմոյի քոյրը՝ Գրող եւ հրապարակախոս՝ Ալվարդ Պետրոսեանը, որ «Բագին» ընթերցելու առիթ կ’ունենանար, առանց իմանալու սակայն որ զայն բերողն ու տարածողը ես էի: Ան Հայաստանի անկախացումէն ետք միայն այլ առիթով մը իմացաւ ճշմարտութիւնը, Սըմմոյի տան մէջ, ուր այդ օր ներկայ էիննաեւ Ալվարդն ու իր կողակիցը Սունդուկեանի յայտնի դերասաններէն՝ Լորենց Արուշանեանը, բատաստեղծ եւ գեղանկարիչ Տք. Յարութիւն նագուլեանը իրտիկնոջ՝ Էմմային հետ. Գեղանկարիչներ՝ Էդ. Խարազեանը ու Ռ. Էլիբեկեանը,Քանդակագործ՝ Արա Շիրազը եւայլն: Մինչ այդ սակայն Պետրոսեաններու ծիրէն ներս ես առիթով մը, հանդիպած էի Արաքս Մանսուրեանին, երբ տակաւին անԵրաժշտանոցի ուսանողուհի էր: Թէեւ իր արտաքին տեսքով (ուղխինահոս երկար վարսեր ունէր) ու կանացի հմայքով տպաւորած էր զիս, սակայն իբրեւ երգչուհի տեղեկութիւն չունէի իր մասին: Այլ հաւաքի մը ընթացքին էր որԼորենցը բաժակաճառի մը սահմաններուն մէջներկայացուց զինք, ու բարձր գնահատեց անոր հմայիչ ձայնն ու կատարողական մակարդակը: Անուհետեւ թէեւ իրեն անձամբ չէի հանդիպած, սակայն քանի մը անգամներ առիթ ունեցած էի զինք լսելու բեմերէն ու հիացած իր դիւթիչ ձայնով: Այդ պատճառով ալ երբ իմ Հալէպի մշակութասէր ընկերներս 1990-ին,Դաշնակցութեան Հարիւր Ամեակին առիթով ցանկութիւն յայտնեցիներգչուհի մը հրաւիրելու, իմ ճանչցածներուն մէջ իբրեւ լաւագոյնը զինք առաջարկեցի: Անոնք հրաւիրած էին նաեւ Սօս Սարգսեանը, Հենրիկ Իգիթեանն ու Ռազմիկ Դաւոյեանը իբրեւ պատգամախօսներ, իսկ դերասան Անդրանիկ Յարութիւննեանը իբրեւ ասմունքող: Նոյն առիթով իբրեւ հրաւիրեալներու գաղափարակից գործընկերը հրաւիրած էին նաեւ զիս եւ տիկինս՝ Էլոն:
Հ.Յ.Դ.-իփառահեղ տօնակատարութենէն ետք Հալէպահայ մշակութային գործիչներէն՝ Գեղանկարչուհի՝ Սոնա Գաբրիէլեանին եւ կնոջս՝ էլոյի ընկերակցութեամբ ջերմ ու յիշատակելի հանդիպում մը ունեցանք Արաքսի հետ, որ չափազանց գոհ էր հալէպահայութեան ասպնջական ընդունելիութենէն, ու հպարտ էր որ քոյրն է երգահան Տիգրան եւ գեղանկարիչ՝ Մհեր Մասուրեաններուն ու մայրը՝ Շուշան Պետրոսեանի:
Մովսէս Ծիրանի
(Մոնթրէալ, 2022, Դետմբ.)
No Comments